Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աշխարհին վրայ իրապէս ո՞վ կ’իշխէ։

Եթէ Աստուած այս աշխարհին իշխանը ըլլար, այսքան տառապանք պիտի ըլլա՞ր

Շատեր կը կարծեն որ ճշմարիտ Աստուածը աշխարհին վրայ կ’իշխէ։ Բայց եթէ ասիկա ճիշդ ըլլար, երկիրը այսքան տառապանքով լեցուն պիտի ըլլա՞ր (Բ. Օրինաց 32։4, 5)։ Ըստ Սուրբ Գիրքին, աշխարհը Չարին իշխանութեան տակ է (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։19

Չար անձնաւորութիւն մը ինչպէ՞ս մարդկութիւնը իր հակակշռին տակ առաւ։ Մարդկութեան պատմութեան սկիզբը, հրեշտակ մը Աստուծոյ դէմ ըմբոստացաւ եւ առաջին տղամարդն ու կինը մղեց, որ իրենք ալ ըմբոստանան (Ծննդոց 3։1-6)։ Այս զոյգը որոշեց հնազանդիլ ըմբոստ հրեշտակին՝ Սատանային, զայն իրենց ղեկավարը դարձնելով։ Միակ արդարացի Ղեկավարը Ամենակալ Աստուա՛ծն է։ Բայց ան կ’ուզէ որ մարդիկ սէրէ՛ մղուած՝ իր իշխանութիւնը ընտրեն (Բ. Օրինաց 6։6. 30։16, 19)։ Ցաւօք սրտի, մարդկութեան մեծամասնութիւնը մոլորած ըլլալով՝ այդ զոյգին նոյն սխալ որոշումը կ’առնէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։9

Մարդոց խնդիրները ո՞վ պիտի լուծէ։

Աստուած Սատանային թոյլ պիտի տա՞յ, որ իր չար իշխանութիւնը շարունակէ։ Ո՛չ։ Ան Յիսուսի միջոցաւ Սատանային պատճառած ամբողջ չարիքը մէջտեղէն պիտի վերցնէ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։8

Աստուծմէ զօրութիւն ստացած՝ Յիսուս պիտի նուաճէ Սատանան (Հռովմայեցիս 16։20)։ Անկէ ետք, Աստուած մարդոց վրայ պիտի իշխէ եւ պիտի վերահաստատէ այն ուրախ ու խաղաղ կեանքը, որ սկիզբէն մտադրած էր մարդկութեան համար (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3-5