Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ԾԽԵԼԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Երկրապարփակ համաճարակ

Երկրապարփակ համաճարակ

Ծխելը անգթօրէն կը սպաննէ։

  • Նախորդ դարուն 100,000,000 հոգի սպաննեց։

  • Այժմ ամէն տարի շուրջ 6,000,000 մարդու կեանքը կը խլէ։

  • Միջին հաշուով, ամէն վեց երկվայրկեան՝ մէկ անհատ կը սպաննէ։

Եւ ապացոյց չկայ թէ պարագան պիտի փոխուի։

Հեղինակութիւնները կ’ենթադրեն, թէ եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի, 2030–ին, ծխախոտի գործածութեան պատճառով տարեկան մահը աւելի քան 8,000,000 պիտի ըլլայ։ Եւ անոնք կը նախատեսեն թէ երբ 21–րդ դարը աւարտի, ծխելը 1,000,000,000 մարդոց կեանքը խլած պիտի ըլլայ։

Միայն ծխողները չեն որ ծխախոտին զոհը կ’երթան։ Զոհերը կը պարփակեն՝ ընտանիքի վերապրող անդամները, որոնք զգացականօրէն կ’ազդուին եւ դրամական կորուստ կ’ունենան, ինչպէս նաեւ 600,000 չծխողներ, որոնք ամէն տարի կը մահանան, անուղղակի ծխողներ ըլլալով։ Իսկ առողջապահական խնամքի ծախսերը աւելնալով, իւրաքանչիւր անհատ կը տուժէ։

Համաճարակներուն հակառակը, որոնք բժիշկները կը մղեն որ ջանան դարման մը գտնել, այս պատուհասը մեծապէս բուժելի է. լուծումը բացորոշ է։ Տոքթ. Մարկրէթ Չան՝ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնուհին, նշեց. «Ծխախոտի համաճարակը ամբողջովին մարդակերտ է, եւ անոր կրնայ վերջ դրուիլ կառավարութիւններու եւ ընկերութիւններու ներդաշնակ ջանքերով»։

Առողջապահութեան ազդող այս խնդրին դէմ պայքարելու համար, միջազգային գետնի վրայ աննախընթաց ջանքեր տարուած են։ Օգոստոս 2012–ին, շուրջ 175 երկիրներ համաձայնած էին ծխախոտի գործածութիւնը սանձելու համար քայլեր առնել *։ Սակայն, զօրաւոր ուժեր համաճարակին գոյատեւման կը նպաստեն։ Ամէն տարի, ծխախոտի ընկերութիւնները միլիառաւոր տոլարներ կը ծախսեն ծանուցումներուն վրայ, ջանալով հրապուրել նոր յաճախորդներ, մանաւանդ զարգացող երկիրներու մէջ ապրող կիներն ու երիտասարդները։ Ծխախոտը մոլութիւն պատճառելու յատկութիւնը ունենալով, կ’երաշխաւորէ թէ այժմու մէկ միլիառ ծխողներուն մէջ մեծ կորուստ պիտի ըլլայ։ Եթէ ընթացիկ ծխողները ծխելէ չդադրին, յաջորդ չորս տասնամեակներուն, մեռնողներուն թիւը մեծապէս պիտի բարձրանայ։

Գովազդը եւ մոլութիւնը պատճառ կ’ըլլան որ շատեր շարունակեն սովորութիւն մը, որմէ կ’ուզե՛ն ձերբազատուիլ։ Նաօքօ անունով կին մը այս փորձառութիւնը ունեցաւ։ Ան պատանեկութենէն սկսաւ ծխել։ Դերասաններու ծխելու կերպը ընդօրինակելով, հովեր կ’առնէր։ Թէեւ տեսաւ թէ ինչպէս իր հայրն ու մայրը թոքի քաղցկեղի պատճառաւ մեռան, բայց ան շարունակեց ծխել, նոյնիսկ մինչ իր երկու աղջիկները կը մեծցնէր։ «Վախ ունէի թէ արդեօք թոքի քաղցկեղ պիտի ունենա՛մ եւ աղջիկներուս առողջութեան նկատմամբ մտահոգ էի», կը խոստովանի ան, «բայց եւ այնպէս ձեռքս չէր. չէի կրնար ծխախոտի գործածութիւնը ձգել, եւ կը խորհէի թէ այդ օրը բնաւ պիտի չգայ»։

Բայց Նաօքոն ծխելէ դադրեցաւ։ Իրեն օգնեց աղբիւր մը, որ միլիոնաւորներու օգնած է ծխախոտէն հեռու մնալու։ Անոր մասին գիտնալու համար, հաճիս շարունակէ կարդալ։

^ պարբ. 11 Այս քայլերը կ’ընդգրկեն՝ ծխելու վտանգներուն մասին տեղեկութիւններ տարածել, ծխախոտի շուկան սահմանափակել, ծխախոտի տուրքերը աւելցնել եւ ծրագիրներ հաստատել, մարդոց օգնելու որ ծխելը լքեն։