Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Աստուծոյ ծառայութեան մէջ վարձահատոյց կեանք մը վայելել

Աստուծոյ ծառայութեան մէջ վարձահատոյց կեանք մը վայելել

Մատղաշ տարիքէս զիս անհանգիստ կը դարձնէին ցեղային խտրականութիւնը, ձախողելու վախը եւ բնոյթով ամչկոտ ըլլալս։ Յուսալով Աստուածաշունչէն մխիթարութիւն գտնել, տեղական կաթողիկէ եկեղեցին գացի, որպէսզի օգնութիւն ստանամ Աստուածաշունչը հասկնալու։ Բնաւ չօգտուելով, սկսայ մարզանքին վրայ կեդրոնանալ։

Շատ չանցած, մարմնամարզութեամբ եւ մարմնամշակումով զբաղեցայ։ Ի վերջոյ, ԱՄՆ–ի Քալիֆորնիոյ Սան Լիէնտրոյին մէջ բնաբուժութեան ակումբ բացի եւ մարմնամշակներու հետ աշխատեցայ, մէջը ըլլալով Ամերիկայի մէկ ախոյեանը։ Սակայն լաւ կազմուածք ունենալը ներքին պարապութիւնս չլեցուց։

ՓՆՏՌԵԼՍ ԱՐԴԻՒՆՔ ՏՈՒԱՒ

Հաստատութեանս մէջ բարեկամ մը՝ գիտնալով որ Աստուածաշունչը հասկնալու փափաք ունիմ, առաջարկեց ծանօթանալ անձի մը, որ ինք կը ճանչնար։ Յաջորդ առաւօտուն, Եհովայի վկայ մը տունս եկաւ։ Ան չորս ժամ ուղղակի Աստուածաշունչէն հարցումներուս պատասխանեց։ Իրմէ խնդրեցի որ նոյն իրիկունը վերադառնայ, եւ մինչեւ կէս գիշեր Աստուածաշունչը քննարկեցինք։ Սորված բաներովս ուրախացայ եւ հարցուցի եթէ կրնամ յաջորդ օրը իրեն հետ երթալ, տեսնելու համար թէ քարոզչութիւնը ինչպէ՛ս կը կատարուի։ Զմայլեցայ տեսնելով թէ ան ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը կը բանայ եւ կու տայ մարդոց հարցումներուն պատասխանները։ Որոշեցի թէ ուզածս ասիկա է։

Ուստի, գործս ձգեցի եւ օրերս ծառայութեան մէջ անցուցի այս ռահվիրային կամ լիաժամ ծառային հետ։ Մայիս 1948–ին, Քալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսգոյի Գաու Փէլէս Ըրինայի մէջ կայացուած համաժողովին մկրտուեցայ։ Ետքը, նոյն տարին, ռահվիրայութեան ձեռնարկեցի։

Մինչ այդ, Վկաներէն խնդրեցի որ մօրս այցելեն։ Ան ընդառաջեց եւ շուտով Եհովայի վկայ մը եղաւ։ Իր ընտանիքին կողմէ հակառակութիւն դիմագրաւելով հանդերձ, ան մինչեւ մահ Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց։ Մեր ընտանիքի անդամներէն ուրիշ ո՛չ մէկը Վկայ դարձաւ։

ԱՊԱԳԱՅ ԿՆՈՋՍ ԿԸ ԾԱՆՕԹԱՆԱՄ

1950–ին, փոխադրուեցայ Կրէնտ Ճընքշըն, Քոլորատօ, ուր Պիլլիին ծանօթացայ։ Ան ծնած է 1928–ին եւ մեծցած՝ Տնտեսական մեծ ձախորդութեան ընթացքին։ Իր մայրը՝ Միննի, ամէն գիշեր իրեն Սուրբ Գիրքը կը կարդար քարիւղի լապտերի մը պլպլացող լոյսով։ Չորս տարեկանին Պիլլի կրնար կարդալ եւ Աստուածաշունչի շատ մը պատմութիւններ գոց գիտէր։ 1940–ական թուականներու վերջաւորութեան, իր մայրը Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտելով գիտցաւ, թէ դժոխքը ոչ թէ չարչարանքի տեղ է, այլ՝ մարդկութեան հասարակաց գերեզմանը (Ժողովող 9։5, 10)։ Թէ՛ Միննի եւ թէ իր ամուսինը Վկաներ եղան։

1949–ին, Պոսթընի մէջ քոլեճը աւարտելէ ետք, Պիլլի տուն վերադարձաւ եւ սկսաւ լրջօրէն Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Փոխանակ ուսուցչութիւն ընելու, ան որոշեց իր կեանքը Աստուծոյ նուիրել։ 1950–ին, Նիւ Եորքի Եանգի Սթատիումին մէջ, Եհովայի վկաներուն միջազգային համաժողովին մկրտուեցաւ։ Ատկէ շատ չանցած ծանօթացանք, ամուսնացանք եւ միասնաբար լիաժամ ծառայութեան սկսանք։

Սկսանք ծառայել Եուճինի մէջ, Օրիկըն, եւ շատ մը կենսատեւ բարեկամութիւններ հաստատեցինք։ 1953–ին, փոխադրուեցանք Կրէնց Փէս, Օրիկըն, հոն գտնուող պզտիկ ժողովքին օգնելու համար։ Ետքը, այդ տարին, հրաւէր ստացանք մաս կազմելու Գաղաադի 23–րդ դասարանին,– միսիոնարներ մարզելու Վկաներուն դպրոցը,– որ կը գտնուէր Նիւ Եորքի Սաութ Լէնսինկի մօտ, Նիւ Եորք Սիթիէն շուրջ 400 քմ. հիւսիս–արեւմուտք։

ՊՐԱԶԻԼԻ ՄԷՋ ՄԻՍԻՈՆԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գաղաադի դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ հինգ ամիս ետք, 1954–ի դեկտեմբերին ես ու Պիլլին պզտիկ օդանաւով Պրազիլ ուղղուեցանք։ Թռիչքէն մէկ ժամ ետք, օդանաւին երկու շարժիչներէն մէկը աւրուեցաւ, բայց ապահովութեամբ Պերմուտա հասանք։ Քուպայի մէջ նաեւ ստիպողական վայրէջք կատարելէ եւ ընդամէնը 36 ժամ յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ ետք, Եհովայի վկաներու մասնաճիւղը հասանք Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ, Պրազիլ։

Պաուրուի մէջ առաջին Թագաւորութեան սրահը, 1955–ին. վարձուած վայր մը, իսկ գրութիւնը իմ ձեռքովս էր

Կարճ կեցութենէ մը ետք, ես ու Պիլլին ուրիշ երկու միսիոնարներու հետ ուղղուեցանք դէպի Պաուրու, Սան Փաուլօ, միսիոնարական նոր տուն մը հաստատելու համար։ Քաղաքը աւելի քան 50,000 բնակչութիւն ունէր, եւ մենք հոն առաջին Վկաներն էինք։

Սկսանք մարդոց քարոզել՝ իրենց տուները երթալով, բայց անմիջապէս տեղացի կաթողիկէ քահանան սկսաւ մեր գործունէութեան հակառակիլ։ Ան մեզ կը հետապնդէր եւ տանտէրերը կը զգուշացնէր որ մտիկ չընեն։ Այսուհանդերձ, մեծ ընտանիքի մը հետ Աստուածաշունչը սերտեցինք, եւ քանի մը շաբթուան մէջ ճշմարտութիւնը ընդունեցին եւ յետագային մկրտուեցան։ Շուտով ուրիշներ ալ սկսան սերտել։

Մկրտուած ընտանիքը ունէր ազգական մը, որ երեւելի ակումբի մը տնօրէնն էր։ Կարգադրութիւններ ըրի ակումբին դիւրութիւնները գործածելու համաժողով մը կայացնելու համար։ Երբ տեղացի քահանան պնդեց որ համաձայնութիւնը ջնջուի, տնօրէնը ակումբի անդամներուն հետ ժողով գումարեց եւ անոնց ըսաւ. «Եթէ զայն չեղեալ նկատէք, պաշտօնէս կը հրաժարիմ»։ Համաժողովին կայացման համար հաւանութիւն տրուեցաւ։

Յաջորդ տարին, 1956–ին, հրաւիրուեցանք նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուելու Սանթօսի մէջ, Սան Փաուլօ։ Մեր ժողովքէն գրեթէ 40 Վկաներ շոգեկառքով հոն ճամբորդեցին։ Երբ Պաուրու վերադարձանք, նամակատուփիս մէջ նամակ մը կար, որ կը նշէր թէ նշանակուեցայ որպէս շրջագայող տեսուչ, Եհովայի վկաներու ժողովքներուն այցելելու համար։ Այսպէս սկսաւ շուրջ 25 տարի տեւող ասպարէզ մը, Պրազիլին մեծ մասը շրջելով։

Մէկ տարուան մէջ, քարոզիչներու նախանձախնդիր խումբ մը ունեցանք Պաուրուի մէջ

ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԷՐ

Այդ օրերուն ճամբորդելը յոգնեցուցիչ էր։ Ժամանակի ընթացքին կրցանք գրեթէ ամբողջ երկիրը ծածկել գործածելով՝ հանրակառք, շոգեկառք, բեռնակառք եւ հեծանիւ, ինչպէս նաեւ մեր ոտքերը։ Մեր այցելած առաջին քաղաքներէն մէկն էր Ժաու, Սան Փաուլօ։ Հոն քահանան մեզի հակառակեցաւ։

Ան ըսաւ. «Չէք կրնար ‘իմ ոչխարներուս’ քարոզել»։

«Քու ոչխարներդ չեն», պատասխանեցինք։ «Անոնք Աստուծոյ կը պատկանին»։

Կարգադրութիւն ըրինք որ մեր համաշխարհային գործունէութեան մասին ֆիլմ մը ցուցադրենք՝ Նոր աշխարհի ընկերութիւնը գործի վրայ խորագրով, բայց քահանան խուժան մը կազմեց մեր վրայ յարձակելու համար։ Անմիջապէս ոստիկանութեան լուր տուինք։ Երբ քահանան ու իր ծուխին պատկանող խուժանը թատերասրահ հասան, բազմաթիւ զինեալ ոստիկաններու դէմ յանդիման եկան։ Ասիկա թոյլ տուաւ որ մեծ թիւով հանդիսատեսներ հաճոյքով ֆիլմը դիտեն։

Այդ ատեն, ամէն տեղ որ կը ծառայէինք, նոյն կրօնական ատելութիւնն ու հակառակութիւնը կը դիմագրաւէինք։ Օրինակ, Սանդա Գադարինայի Պլումէնէուին մօտ գտնուող Պրուսքի մէջ, ծանօթացանք երկու ռահվիրաներու, որոնք խիստ հակառակութեան ներքեւ կը ծառայէին։ Բայց իրենց համբերատարութիւնն ու յարատեւութիւնը մեծապէս վարձատրուեցան։ Այժմ, աւելի քան 50 տարի ետք, այդ շրջանին մէջ աւելի քան 60 ժողովք կայ, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ Համաժողովի սրահ մը, մօտակայ Իդաժաի քաղաքին մէջ։

Մեր շրջագայութեան գործին ուշագրաւ մէկ բանն էր՝ այն հաճոյալի ժամանակը որ անցուցինք հաւատակիցներուն հետ գործելով, մեծ համաժողովներու համար պատրաստութիւններ տեսնելու։ 1970–ական թուականներուն, առանձնաշնորհում ունեցայ ծառայելու որպէս համաժողովի տեսուչ Մօրումպի Սթատիումի մէջ։ Մօտակայ շրջաններու մէջ գտնուող շուրջ 100 ժողովքներէ խնդրուեցաւ, որ իւրաքանչիւրը 10 անհատ ուղարկէ, համաժողովի նախորդ գիշերը սթատիումը մաքրելու համար։

Մինչ ֆութպոլիստները այդ իրիկուն սթատիումէն կը հեռանային, ոմանք ծաղրաբար ըսին. «Տեսէ՛ք այս փոքր կիները իրենց աւելներով ու սրբիչներով, որոնք կը յուսան սթատիումը մաքրել»։ Սակայն կէս գիշերին, ամբողջ սթատիումը մաքրուած էր։ Անոր տնօրէնը բացագանչեց. «Գործաւորներուս հետ մէկ շաբաթ պիտի առնէր վերջացնելու համար այն գործը, որ դուք՝ Վկաներդ՝ միայն քանի մը ժամուան մէջ կատարեցիք»։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ

1980–ին հայրս մահացաւ, եւ անկէ ետք շուտով վերադարձանք Միացեալ Նահանգներ, Քալիֆորնիոյ Ֆրիմանդի մէջ մօրս հոգ տանելու համար։ Գործ մը գտանք՝ գիշերը շէնքերը մաքրել, եւ շարունակեցինք ռահվիրայութիւն ընել ու փորթուգալերէն խօսող մարդոց օգնել։ Յետագային, փոխադրուեցանք մօտակայ Սան Ուաքինի հովիտը, ուր փորթուգալերէն խօսողները փնտռեցինք հսկայ տարածութեան մէջ՝ Սաքրամենթոյէն մինչեւ Պեքըրզֆիլտ։ Այժմ, Քալիֆորնիոյ մէջ փորթուգալերէն խօսող շուրջ 10 ժողովքներ կան։

1995–ին մայրս մահացաւ։ Պիլլիին մայրը 1975–ին մահացած էր։ Ֆլորիտա փոխադրուեցանք եւ իր հօր հոգ տարինք մինչեւ մահանալը։ 2000–ին, փոխադրուեցանք Քոլորատոյի հարաւ–արեւմուտքը գտնուող անապատային շրջանը։ Հոն լիաժամ ծառայեցինք, քարոզելով բնիկ ամերիկացիներուն,– նավահոներու եւ եութերու։ Ցաւօք սրտի, փետրուար 2014–ին Պիլլին մահացաւ։

Որքա՜ն ուրախ եմ որ աւելի քան 65 տարի առաջ ծանօթացայ Եհովայի վկայի մը, որ իմ բազմաթիւ հարցումներուս պատասխանը ուղղակի Աստուածաշունչէն տուաւ։ Յատկապէս ուրախ եմ որ ստուգեցի, վստահ ըլլալու համար որ իր ըսածները իրապէս Աստուածաշունչին սորվեցուցածին հետ ներդաշնակ էին։ Ասիկա թոյլ տուաւ որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ վարձահատոյց կեանք մը վայելեմ։