Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Կը ձգտի՞ս’

‘Կը ձգտի՞ս’

ՖԵՐՆԱՆՏՕ * ջղագրգիռ էր։ Երկու երէցներ խնդրած էին որ իրեն հետ առանձնաբար խօսին։ Շրջանային տեսուչին այցելութիւններէն ետք, երէցները իրեն բացատրած էին թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր ժողովքին մէջ յաւելեալ առանձնաշնորհումներու համար որակեալ ըլլալու։ Մինչ ժամանակը կը սահէր, Ֆերնանտօ սկսած էր հարց տալ թէ արդեօք օրին մէկը որպէս երէց պիտի նշանակուէ՛ր։ Այժմ շրջանային տեսուչը անգամ մը եւս ժողովքին այցելած էր։ Երէցները այս անգամ ի՞նչ պիտի ըսէին։

Ֆերնանտօ մտիկ ըրաւ մինչ երէցներէն մէկը իրեն հետ կը խօսէր։ Եղբայրը Ա. Տիմոթէոս 3։1–ին ակնարկեց եւ ըսաւ որ ժողովքի երէցները տեղեկացան, թէ ան որպէս երէց նշանակուած է։ Աչքը բաց մնալով, Ֆերնանտօ ըսաւ. «Ի՞նչ»։ Եղբայրը իր խօսքը կրկնեց, եւ Ֆերնանտոյի դէմքին վրայ ժպիտ մը երեւցաւ։ Ետքը, երբ իր նշանակումը ժողովքին յայտարարուեցաւ, բոլոր ներկաները խանդավառուեցան։

Ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու ցանկալը սխա՞լ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Ա. Տիմոթէոս 3։1–ի համաձայն, «եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ [«տեսուչ ըլլալու կը ձգտի», ՆԱ], աղէկ գործի կը ցանկայ»։ Շատ մը քրիստոնեայ տղամարդիկ այդ քաջալերութեան կ’անսան եւ հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն, որպէսզի ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու որակեալ ըլլան։ Արդիւնքն այն է թէ Աստուծոյ ժողովուրդը տասնեակ հազարաւոր ատակ երէցներով եւ օգնական ծառաներով օրհնուած է։ Բայց քանի որ ժողովքներուն մէջ յաւելում կ’արձանագրուի, կարիք կայ որ ա՛լ աւելի եղբայրներ ձգտին։ Ասիկա ընելու պատշաճ կերպը ի՞նչ է։ Եւ անոնք որոնք կը փափաքին տեսուչ ըլլալ, պէ՞տք է մտահոգուին, ինչպէս Ֆերնանտոն միշտ կը մտածէր թէ ե՛րբ երէց պիտի ըլլար։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ‘ՁԳՏԻԼ’

‘Ձգտիլ’ թարգմանուած յունարէն բայը կը հաղորդէ երկարելու կամ լրջօրէն փափաքելու գաղափարը։ Այս խօսքէն մեկնած, թերեւս երեւակայես անձ մը, որ ծառէն կախուած համեղ պտուղի մը հասնելու համար իր ձեռքը կ’երկարէ։ Բայց ձգտիլը չի նշանակեր ագահօրէն ջանալ «տեսուչ ըլլալ»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անկեղծ ձգտողներուն նպատակակէտը պէտք է ըլլայ «աղէկ գործ» ընել, եւ ոչ թէ դիրքի մը տիրանալ։

Այս աղէկ գործին առնչութեամբ շատ մը պահանջներ նշուած են Ա. Տիմոթէոս 3։2-7 եւ Տիտոս 1։5-9–ի մէջ։ Այս բարձր չափանիշներուն նկատմամբ, Ռեմոնտ անունով երկարամեայ երէց մը կը բացատրէ. «Ինծի համար ամէնէն կարեւոր բանն է՝ մեր ի՛նչ ըլլալը։ Դասախօսելը եւ ուսուցանելը կարեւոր են, բայց չեն ջնջեր անպարսաւելի, սովորութիւններու մէջ չափաւոր, ողջամիտ, կարգապահ, հիւրասէր եւ խոհեմ ըլլալու կարիքը»։

‘Ձգտէ’, ժողովքային գործունէութիւններուն մէջ բաժին բերելով

Իսկապէս ձգտող եղբայրը ցոյց կու տայ թէ անպարսաւելի է, ամէն տեսակ անպարկեշտութիւն եւ անմաքրութիւն մերժելով։ Ան ողջամիտ, կարգապահ, խոհեմ եւ սովորութիւններու մէջ չափաւոր է. հետեւաբար իր հաւատակիցները իրեն կը վստահին որ առաջնորդութիւն առնէ եւ իրենց խնդիրներուն մէջ իրենց օգնէ։ Հիւրասէր ըլլալով, ան պատանիներուն եւ նորեկներուն քաջալերութեան աղբիւր է։ Ան հիւանդներն ու տարեցները կը հանգստացնէ եւ անոնց կ’աջակցի, քանի որ բարութիւնը կը սիրէ։ Ան այս յատկութիւնները կը մշակէ՝ ուրիշներուն օգտակար դառնալու համար, եւ ոչ թէ նշանակուելու հաւանականութիւնը աւելցնելու սիրոյն *։

Երէցներու մարմինը ուրախութեամբ կը խրատէ եւ կը քաջալերէ, բայց աստուածաշնչական պահանջներուն գոհացում տալը գլխաւորաբար կ’իյնայ ձգտող անհատին վրայ։ Հենրի, փորձառու տեսուչ մը, կ’ըսէ. «Եթէ կը ձգտիս, ծանր աշխատէ ապացուցանելու թէ որակեալ ես»։ Ժողովող 9։10–ին ակնարկելով, ան կը բացատրէ. «‘Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ’։ Երէցները ի՛նչ նշանակում որ տան քեզի, լաւագոյնդ ըրէ։ Ժողովքին մէջ քեզի տրուած ամէն գործ սիրէ, ներառեալ՝ գետին աւլելը։ Ժամանակի ընթացքին, աշխատանքդ ու ջանքերդ պիտի նկատուին»։ Եթէ կը փափաքիս օր մը որպէս երէց ծառայել, սուրբ ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ ջանասէր եւ վստահելի եղիր։ Կեանքդ պէտք է յատկանշուի խոնարհութեամբ, եւ ոչ թէ փառասիրութեամբ (Մատ. 23։8-12

ՍԽԱԼ ՄՏԱԾՈՒՄՆ ՈՒ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ՄԵՐԺԷ՛

Ոմանք, որոնք ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու կը ցանկան, թերեւս մղուին անուղղակիօրէն հասկցնելու թէ կը փափաքին երէց ըլլալ, կամ թերեւս ջանան երէցներու մարմինին ազդել։ Ուրիշներ կը դժգոհին երբ երէցները զիրենք կը խրատեն։ Այսպիսիներ իրենք իրենց պէտք է հարց տան. «Անձնական շահերս կը փնտռե՞մ, թէ ոչ խոնարհօրէն կ’ուզեմ Եհովայի ոչխարները հոգալ»։

Ձգտողները պէտք չէ մոռնան սա պահանջն ալ՝ «հօտին օրինակ ըլլալ» (Ա. Պետ. 5։1-3)։ Ան որ կ’ուզէ ժողովքին օրինակ ըլլալ, զարտուղի մտածումէ եւ արարքներէ կը խուսափի։ Ան կը մշակէ համբերատարութիւն, ներկայիս նշանակուած ըլլայ կամ ոչ։ Երէց ըլլալը տղամարդը հրաշալիօրէն չի ձերբազատեր մարդկային թերութիւններէ (Թուոց 12։3. Սաղ. 106։32, 33)։ Նաեւ, եղբայր մը թերեւս ‘իր մասին ոչինչո՛վ գիտակից է’, մինչդեռ ուրիշներ որոշ պատճառով մը իրեն նկատմամբ ժխտական կարծիք ունին (Ա. Կոր. 4։4)։ Ուստի, երբ երէցները քեզի անկեղծ եւ աստուածաշնչական խրատ տան, առանց նեղանալու մտիկ ըրէ, եւ ապա ջանա՛ իրենց խրատը գործադրել։

ԵԹԷ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԷ Ի ՎԵՐ ԿԸ ՍՊԱՍԵՍ

Կարգ մը եղբայրներու կը թուի թէ երկար ժամանակ կը սպասեն նախքան նշանակուիլը։ Եթէ տարիներէ ի վեր ‘տեսուչ ըլլալու կը ձգտիս’, երբեմն անհամբեր կը դառնա՞ս։ Այս պարագային, նկատէ սա ներշնչեալ խօսքը. «Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ, բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է» (Առ. 13։12

Երբ անհատի մը նպատակակէտը անհասանելի թուի, ան կրնայ վհատիլ։ Աբրահամ այդպէս զգաց։ Եհովան իրեն խոստացաւ որդի մը տալ, բայց ինք ու Սառան երկար տարիներ անզաւակ մնացին (Ծն. 12։1-3, 7)։ Իր յառաջացած տարիքին, Աբրահամ աղերսեց. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ի՞նչ պիտի տաս, քանի որ առանց զաւակի կը մնամ. . . Ինծի սերունդ չտուիր»։ Եհովան զինք վստահեցուց որ որդի մը տալու Իր խոստումը պիտի իրականանայ։ Բայց առնուազն 14 տարի եւս անցաւ մինչեւ որ Աստուած իր խոստումը կատարեց (Ծն. 15։2-4. 16։16. 21։5

Մինչ կը սպասէր, Աբրահամ Եհովային ծառայելու իր ուրախութիւնը կորսնցո՞ւց։ Ո՛չ։ Ան բնա՛ւ Աստուծոյ խոստումին նկատմամբ չկասկածեցաւ։ Ան շարունակեց լաւ արդիւնքին սպասել։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աբրահամ համբերելով խոստումին հասաւ» (Եբ. 6։15)։ Ի վերջոյ, Ամենակալ Աստուած այդ հաւատարիմ մարդը օրհնեց անոր ակնկալածէն շատ աւելի։ Աբրահամէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

Եթէ կ’ուզես որպէս երէց ծառայել, բայց տակաւին տարիներէ ի վեր փափաքդ չէ իրականացած, շարունակէ Եհովային վստահիլ։ Իր ծառայութեան մէջ ուրախութիւնդ մի՛ կորսնցներ։ Ուորեն, որ շատ մը եղբայրներու օգնած է հոգեւորապէս յառաջդիմելու, կը բացատրէ պատճառը. «Ժամանակ կ’առնէ որ յայտնի ըլլայ թէ եղբայր մը նշանակուելու որակեալ է։ Ժամանակի ընթացքին եղբօր մը կարողութիւններն ու կեցուածքը աստիճանաբար յայտնի կ’ըլլան իր վարուելակերպէն եւ տրուած պարտականութիւնները կատարելու կերպէն։ Ոմանք կը խորհին թէ յաջող անձեր կ’ըլլան միայն երբ որոշ առանձնաշնորհում կամ նշանակում ձեռք ձգեն։ Այս մտածելակերպը սխալ է եւ կրնայ սեւեռամտութեան վերածուիլ։ Յաջող կը սեպուիս երբ հաւատարմօրէն Եհովային կը ծառայես, առանց նկատի առնելու թէ ո՛ւր ես կամ ի՛նչ կ’ընես»։

Եղբայր մը երէց ըլլալու համար աւելի քան տասը տարի սպասեց։ Եզեկիէլ գիրքին առաջին գլուխին մէջ հանրածանօթ նկարագրութեան մը ակնարկելով, ան կը նշէ իր սորված դասը. «Եհովան իր կառքը՝ իր կազմակերպութիւնը, իր ուզած արագութեամբ կը քշէ։ Մեր ժամանակը չէ կարեւորը, այլ՝ Եհովայինը։ Որպէս երէց ծառայել ուզելու նկատմամբ, կարեւոր չէ թէ ե՛ս ինչ կ’ուզեմ կամ ի՛նչ կը փափաքիմ ըլլալ։ Իմ ուզածս թերեւս չըլլայ Եհովային ինծի յարմար տեսածը»։

Եթէ կ’ուզես օրին մէկը տեսուչ ըլլալու աղէկ գործը կատարել, ձգտէ՛, ժողովքին ուրախութեան նպաստելով։ Եթէ թուի թէ ժամանակը դանդաղօրէն կ’անցնի, մտահոգութեան եւ անհամբերութեան դէմ պայքարէ՛։ Նախապէս նշուած Ռեմոնտ կ’ըսէ. «Փառասիրութիւնը գոհունակութեան թշնամին է։ Միշտ մտահոգ եղող անհատները Եհովայի ծառայելէն եկած ուրախութիւնը կը կորսնցնեն»։ Լիովին մշակէ Աստուծոյ հոգիին պտուղը, մանաւանդ երկայնմտութիւնը։ Ջանա՛ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցով հոգեւորութիւնդ բարելաւել։ Բարի լուրը քարոզելու եւ հետաքրքրուած անհատներու հետ Աստուածաշունչը սերտելու մէջ բաժին բերելդ աւելցո՛ւր։ Ընտանիքին հոգեւոր գործունէութիւններուն եւ ընտանեկան պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւնը առ։ Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ ըլլալու իւրաքանչիւր պատեհութեամբ ուրախ եղիր։ Մինչ դէպի նպատակակէտդ կը յառաջդիմես, Եհովային ծառայելէն հաճոյք պիտի առնես։

Ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ ձեռք ձգելու որակեալ ըլլալու համար ջանք թափելը, Եհովային կողմէ օրհնաբեր պատեհութիւն մըն է. ինք եւ իր կազմակերպութիւնը չեն փափաքիր որ ձգտողները իր ծառայութեան մէջ յուսախաբ եւ տխուր ըլլան։ Աստուած թիկունք կը կանգնի եւ կ’օրհնէ բոլոր անոնք, որոնք մաքուր շարժառիթներով իրեն կը ծառայեն։ Ան միշտ իր օրհնութեան հետ «տրտմութիւն չի խառներ» (Առ. 10։22

Նոյնիսկ եթէ երկար ատենէ ի վեր կը ձգտիս, տակաւին կրնաս հոգեւոր հոյակապ յառաջդիմութիւն արձանագրել։ Մինչ առանց ընտանիքդ անտեսելու կը ջանաս պէտք եղած յատկութիւնները մշակել եւ ժողովքին մէջ ժրասէր ըլլալ, ծառայութեան այնպիսի արձանագրութիւն մը պիտի ունենաս որ բնա՛ւ պիտի չմոռցուի։ Թող որ Եհովային ծառայելը քեզի համար միշտ հաճոյալի ըլլայ, ի՛նչ նշանակում ալ ստանաս։

^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջ անունները փոխուած են։

^ պարբ. 8 Այս յօդուածին մէջ նշուած սկզբունքները նաեւ կը կիրարկուին անոնց՝ որոնք կը փափաքին օգնական ծառայ ըլլալ։ Օգնական ծառաներու որակումները նշուած են Ա. Տիմոթէոս 3։8-10, 12, 13–ի մէջ։