Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Այն ժողովուրդը, որուն Աստուածը Եհովան է»

«Այն ժողովուրդը, որուն Աստուածը Եհովան է»

«Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է» (ՍԱՂ. 144։15

1. Աստուած երկրի վրայ ժողովուրդ մը ունենալու գաղափարին մասին, ոմանք ի՞նչ կը խորհին։

ՇԱՏԵՐ կ’ըսեն, որ աշխարհի գլխաւոր կրօնքները մարդկութեան չնչին օգուտ կը բերեն։ Ոմանք կը խորհին, որ այդպիսի կրօնքներ Աստուծոյ հաճութիւնը չեն կրնար ունենալ, քանի որ սխալ կերպով կը ներկայացնեն Աստուած՝ իրենց ուսուցումներով եւ վարքով։ Սակայն անոնք կը հաւատան որ բոլոր կրօնքներուն մէջ կա՛ն բարեսիրտ մարդիկ, որոնց Աստուած կը նշմարէ եւ կ’ընդունի որպէս իր երկրային երկրպագուները։ Անոնք հարկ չեն տեսներ որ այդպիսիներ սուտ կրօնքէ հրաժարին, որպէսզի Աստուած պաշտեն իբրեւ անջատուած ժողովուրդ։ Բայց այս մտածելակերպը ներդաշնա՞կ է Աստուծոյ մտածելակերպին հետ։ Պատասխանը գտնենք, Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուներուն սուրբ գրային պատմութիւնը վերաքաղ ընելով։

ՈՒԽՏԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ

2. ա) Ժամանակի ընթացքին, որո՞նք Եհովայի յատուկ ժողովուրդը դարձան։ բ) Ի՞նչ բան զիրենք միւս ժողովուրդներէն զատորոշեց (տե՛ս բացման պատկերը)։

2 Ք.Ա. 20–րդ դարո՛ւն իսկ, Եհովան երկրի վրայ յատուկ ժողովուրդ մը ունէր։ Աբրահամ, որ ‘բոլոր հաւատացողներուն հայր’ կոչուած է, կ’առաջնորդէր մեծ ընտանիք մը, որ հարիւրաւոր ծառաներ ունէր (Հռով. 4։11. Ծն. 14։14)։ Քանանի կառավարիչները զինք «իշխան» համարեցին եւ իրեն հետ յարգանքով վարուեցան (Ծն. 21։22. 23։6)։ Եհովան Աբրահամին եւ անոր սերունդին հետ ուխտ մը ըրաւ (Ծն. 17։1, 2, 19)։ Ան Աբրահամին ըսաւ. «Այս է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ քեզմէ ետքը քու սերունդիդ մէջտեղ եղած իմ ուխտս՝ որ պիտի պահէք. ձեզմէ ամէն արուն պէտք է թլփատուի. . . ու ասիկա իմ ու ձեր մէջտեղ եղած ուխտին նշանը թող ըլլայ» (Ծն. 17։10, 11)։ Հետեւաբար, Աբրահամ եւ իր տան բոլոր արուները թլփատուեցան (Ծն. 17։24-27)։ Թլփատութիւնը նշան էր, որ Աբրահամին սերունդը միակ ժողովուրդն էր որ Եհովայի հետ ուխտեալ յարաբերութիւն ունէր։

3. Աբրահամի սերունդը ինչպէ՞ս ժողովուրդի մը վերածուեցաւ։

3 Աբրահամի թոռնիկը՝ Յակոբ, կամ Իսրայէլ, 12 որդի ունեցաւ (Ծն. 35։10, 22բ-26)։ Ժամանակի ընթացքին, ասոնք իսրայէլի 12 ցեղերուն նահապետները պիտի ըլլային (Գործք 7։8)։ Սովի պատճառով, Յակոբ եւ իր տունը ապաստանեցան Եգիպտոս, ուր իր որդիներէն մէկը՝ Յովսէփ, փարաւոնին աջ բազուկը եւ սննդամթերքի պատասխանատուն եղած էր (Ծն. 41։39-41. 42։6)։ Յակոբի սերունդը բազմապատկուեցաւ եւ մեծ «ժողովուրդ» դարձաւ (Ծն. 48։4. կարդա՛ Գործք 7։17

ՓՐԿՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ

4. Սկիզբը ի՞նչ վիճակ կը տիրէր եգիպտացիներուն եւ Յակոբի սերունդին միջեւ։

4 Յակոբի սերունդը երկու դարէ քիչ մը աւելի Եգիպտոս մնաց, Նեղոսի տելթայի Գեսեմ անունով շրջանին մէջ (Ծն. 45։9, 10)։ Այնպէս կը թուի, թէ մինչեւ այդ ժամանակամիջոցին կէսերը, անոնք եգիպտացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ էին, գիւղերու մէջ բնակելով եւ իրենց հօտերը արածելով։ Անոնք ջերմ ընդունելութիւն ստացած էին Յովսէփը ճանչցող եւ գնահատող փարաւոնին կողմէ (Ծն. 47։1-6)։ Սակայն հովիւները ատելի էին եգիպտացիներուն աչքին (Ծն. 46։31-34)։ Այսուհանդերձ անոնք ստիպուած էին իսրայէլացիներուն ներկայութիւնը հանդուրժել։

5, 6. ա) Եգիպտոսի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին պարագան ինչպէ՞ս փոխուեցաւ։ բ) Մովսէսին կեանքը ինչպէ՞ս խնայուեցաւ։ գ) Եհովան ի՞նչ ըրաւ իր ամբողջ ժողովուրդին համար։

5 Բայց Աստուծոյ ժողովուրդին կացութիւնը 180 աստիճան պիտի փոխուէր։ «Եգիպտոսի վրայ նոր թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։ Անիկա ըսաւ իր ժողովուրդին. ‘Ահա Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդը մեզմէ շատ ու զօրաւոր են’»։ Ուստի, «բռնութեամբ կը ծառայեցնէին Իսրայէլի որդիները։ Անոնց կեանքը ծանր գործով՝ կաւով ու աղիւսներով եւ դաշտի ամէն տեսակ գործով կը դառնացնէին։ Ինչ ծառայութիւն որ անոնց ընել տային՝ բռնութեամբ կ’ընէին» (Ել. 1։8, 9, 13, 14

6 Փարաւոն նոյնիսկ վճիռ արձակեց, որ բոլոր եբրայեցի արու զաւակները իրենց ծնած ատեն սպաննուին (Ել. 1։15, 16)։ Այդ ժամանակ էր որ Մովսէս աշխարհ եկաւ։ Երբ ան երեք ամսու էր, մայրը՝ Յոքաբէդ, զինք Նեղոս գետի եղէգներուն մէջ պահեց։ Հոն, փարաւոնին աղջիկը գտաւ մանչուկը եւ յետագային զայն որդեգրեց։ Մովսէս իր առաջին տարիներուն՝ իր հաւատարիմ մօր խնամքն ու դաստիարակութիւնը ստացաւ, եւ Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը եղաւ (Ել. 2։1-10. Եբ. 11։23-25)։ Եհովան «գիտցաւ» իր ժողովուրդին տառապանքը եւ որոշեց Մովսէսի առաջնորդութեամբ զանոնք ազատագրել հարստահարողներուն ձեռքէն (Ել. 2։24, 25. 3։9, 10)։ Այսպիսով, Եհովան իսրայէլացիները ‘փրկեց’ (Ել. 15։13. կարդա՛ Բ. Օրինաց 15։15

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱԶԳԻ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ

7, 8. Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս սուրբ ազգ եղաւ։

7 Թէեւ Եհովան իսրայէլացիները տակաւին որպէս ազգ չէր կազմակերպած, սակայն զանոնք իր ժողովուրդը կը սեպէր։ Անոր համար ան Մովսէսին եւ Ահարոնին պատուիրեց որ փարաւոնին ըսեն. «Իսրայէլի Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իմ ժողովուրդիս թոյլատրէ, որպէս զի անապատին մէջ ինծի տօնախմբութիւն ընեն’» (Ել. 5։1

8 Տասը պատուհասներէն եւ Կարմիր ծովուն մէջ փարաւոնին եւ անոր զօրքերուն խորտակուելէն ետքն էր, որ իսրայէլացիները եգիպտացիներու հարստահարութենէն ազատուեցան (Ել. 15։1-4)։ Երեք ամիս չանցած, Եհովան Սինա լերան մօտ իսրայէլացիներուն հետ ուխտ մը ըրաւ եւ այս պատմական խոստումը տուաւ. «Եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. . . ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք» (Ել. 19։5, 6

9, 10. ա) Ըստ Բ. Օրինաց 4։5-8–ին, Օրէնքը ինչպէ՞ս իսրայէլացիները անջատեց միւս ազգերէն։ բ) Իսրայէլացիները ի՞նչ պէտք էր ընէին, որպէսզի ցոյց տային թէ ‘սուրբ ժողովուրդ մըն են Եհովային’։

9 Եգիպտոսի մէջ, առաջ որ ստրկանան, եբրայեցիները որպէս տոհմեր կազմակերպուած էին եւ իրենց վրայ ունէին ընտանիքի գլուխներ կամ նահապետներ, որոնք Եհովայի նախկին ծառաներուն պէս ունէին դեր մը,– վարուիլ որպէս կառավարիչ, դատաւոր եւ քահանայ գերդաստանին համար (Ծն. 8։20. 18։19. Յոբ 1։4, 5)։ Սակայն Եհովան Մովսէսին միջոցով տուաւ շարք մը օրէնքներ, որոնցմով իսրայէլացիները պիտի զանազանուէին միւս բոլոր ազգերէն (կարդա՛ Բ. Օրինաց 4։5-8. Սաղ. 147։19, 20)։ Օրէնքը քահանաներու անջատ խումբ մը հաստատեց, եւ նշեց որ իբրեւ դատաւորներ պիտի ծառայէին «ծերերը», որոնք իրենց գիտութեան եւ իմաստութեան համար յարգուած էին (Բ. Օր. 25։7, 8)։ Օրէնքը կրօնական եւ ընկերային մարզին մէջ ուղղութիւններ տուաւ նորակազմ ազգին։

10 Իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը չմտած, Եհովան իր օրէնքները անոնց կրկնեց եւ Մովսէս ժողովուրդին ըսաւ. «Տէրն ալ այսօր քեզի խօսք կու տայ, որ դուն իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս, ինչպէս քեզի խոստացած էր։ Եթէ անոր բոլոր պատուէրները պահես, ան ալ իր բոլոր ստեղծած ազգերէն գերազանց պիտի ընէ քեզ գովութիւնով, համբաւով ու փառքով, որպէս զի սուրբ ժողովուրդ մը ըլլաս քու Տէր Աստուծոյդ» (Բ. Օր. 26։18, 19

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ՊԱՆԴՈՒԽՏՆԵՐՈՒՆ

11-13. ա) Որո՞նք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին միացան։ բ) Իսրայէլացի չեղող անհատ մը եթէ ուզէր Եհովան պաշտել, ի՞նչ պէտք էր ընէր։

11 Երկրի վրայ ընտրեալ ազգ մը ունենալով հանդերձ, Եհովան արգելք չունէր որ իր ժողովուրդին մէջ ոչ–իսրայէլացիներ գտնուէին։ Ան արտօնեց որ իսրայէլացի չեղող «խառն բազմութիւն» մը, ներառեալ՝ եգիպտացիներ, իր ժողովուրդին միանան մինչ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն կ’ազատագրէր (Ել. 12։38)։ Եօթներորդ պատուհասի ատեն, «փարաւոնին ծառաներէն» ոմանք Եհովայի խօսքէն վախցան եւ անկասկած մաս կազմեցին այդ «խառն բազմութեան» (Ել. 9։20

12 Քանանի երկիրը ժառանգելու համար իսրայէլացիները Յորդանան գետը չկտրած, Մովսէս անոնց ըսաւ որ պէտք էր ‘պանդուխտը սիրէին’ (Բ. Օր. 10։17-19)։ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը պէտք էր ընդունէր ոեւէ օտարական, որ յօժար էր Մովսէսին միջոցով տրուած հիմնական օրէնքները պահել (Ղեւ. 24։22)։ Պանդուխտներէն ոմանք Եհովայի երկրպագուները դարձան, բաժնելով մովաբացի Հռութի զգացումները, որ իսրայէլացի Նոեմիին ըսաւ. «Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ» (Հռութ 1։16)։ Անոնք նորահաւատներ եղան եւ անոնց արուները թլփատուեցան (Ել. 12։48, 49)։ Եհովան ուրախութեամբ անոնց արտօնեց որ իր ընտրեալ ժողովուրդին մէկ մասը դառնան (Թուոց 15։14, 15

Իսրայէլացիները կը սիրէին պանդուխտները (տե՛ս պարբերութիւն 11-13)

13 Երբ Սողոմոնի տաճարը Եհովային կը նուիրուէր, իսրայէլացի չեղող երկրպագուներուն համար կարգադրութիւն մը եղաւ, ինչպէս որ կը տեսնենք Սողոմոնի այս աղօթքին մէջ. «Եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու մեծ անուանդ համար եւ զօրաւոր ձեռքիդ համար ու բարձր բազուկիդ համար եկող օտարականն ալ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ, դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրանքը կատարէ՛, որպէս զի երկրին բոլոր ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է» (Բ. Մն. 6։32, 33)։ Նոյնիսկ Յիսուսի օրերուն, իսրայէլացի չեղող ոեւէ անհատ որ կ’ուզէր Եհովան պաշտել, պէտք էր Իր ուխտեալ ժողովուրդին հետ ընկերակցէր (Յովհ. 12։20. Գործք 8։27

ՎԿԱՆԵՐՈՒ ԱԶԳ ՄԸ

14-16. ա) Իսրայէլացիները ի՞նչ կերպով վկաներու ազգ մը պիտի ըլլային Եհովա Աստուծոյ։ բ) Եհովան իր այժմու ժողովուրդէն կ’ակնկալէ որ ի՞նչ ընեն։

14 Իսրայէլացիները իրենց Աստուածը՝ Եհովան, կը պաշտէին, մինչ միւս ազգերը՝ իրենց չաստուածները։ Եսայի մարգարէին օրերուն, Եհովան աշխարհի կացութիւնը համեմատեց դատարանին մէջ դատ մը վարելու հետ։ Ան ազգերու չաստուածներուն մարտահրաւէր ուղղեց, որ վկաներ բերեն իրենց աստուածութիւնը հաստատելու համար, ըսելով. «Բոլոր ազգերը մէկտեղ թող հաւաքուին եւ ժողովուրդները թող հաւաքուին. անոնցմէ ո՞վ կրնայ ասիկա յայտնել ու սկիզբի բաները մեզի գիտցնել։ Իրենց վկաները թող բերեն որպէս զի արդարանան եւ մարդիկ լսեն ու ըսեն թէ՝ ‘Ասիկա ճշմարիտ է’» (Եսա. 43։9

15 Ազգերուն աստուածները չկրցան որեւէ կերպով իրենց աստուածութիւնը փաստել։ Անոնք պարզապէս անխօս կուռքեր էին եւ չէին կրնար իրենց տեղէն շարժիլ (Եսա. 46։5-7)։ Միւս կողմէ, Եհովան իր իսրայէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Իմ վկաներս դուք էք. . . նաեւ իմ ընտրած ծառաս. որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք եւ հասկնաք թէ ես եմ. ինձմէ առաջ Աստուած չեղաւ ու ինձմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։ Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ եւ ինձմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։ . . .Իմ վկաներս դո՛ւք էք. . . որ ե՛ս եմ Աստուած» (Եսա. 43։10-12

16 «Ո՞վ է մեծագոյն Աստուածը» տիեզերական հարցին մէջ, Եհովայի ընտրեալ ժողովուրդը բարձրաձայն եւ յստակօրէն պէտք էր վկայէր, որ Եհովա՛ն է միակ ճշմարիտ Աստուածը։ Ան իսրայէլացիներուն նկատմամբ ըսաւ. «Ես այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն» (Եսա. 43։21)։ Անոնք իր անունը կրող ժողովուրդն էին։ Իսկ զիրենք Եգիպտոսէն ազատագրած ըլլալով, Եհովան իրենցմէ կ’ակնկալէր որ կամովին իրեն հնազանդէին եւ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնէին։ Իրականութեան մէջ, անոնց կեցուածքը պէտք էր ըլլար Աստուծոյ այժմու ժողովուրդին կեցուածքին պէս, Միքիա մարգարէին այս խօսքերուն համաձայն. «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Միք. 4։5

ՈՒԽՏԱԴՐՈՒԺ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ

17. Իսրայէլ ինչպէ՞ս ‘այլասերած վայրենի որթատունկ մը’ եղաւ Եհովայի աչքին։

17 Ցաւօք սրտի, իսրայէլ Եհովա Աստուծոյ դաւաճանեց։ Անոնք սկսան տախտակէ եւ քարէ չաստուածներ պաշտող ազգերէն ազդուիլ։ Ք.Ա. 8–րդ դարուն, Ովսէէ մարգարէն գրեց. «Իսրայէլ լայնատարած [«այլասերած», ՆԱ] որթատունկ մըն է. . . սեղաններ շատցուց. . . Անոնց սիրտը փոփոխական է, հիմա յանցաւոր պիտի երեւին» (Ով. 10։1, 2)։ Շուրջ մէկուկէս դար ետք, Երեմիան անհաւատարիմ ժողովուրդին ուղղուած Եհովայի այս խօսքերը գրեց. «Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ ու բոլորովին մաքուր սերմ տնկեր էի եւ դուն ի՞նչպէս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար։ . . .Ո՞ւր են քու աստուածներդ, որոնք քեզի շինեցիր։ Եթէ քու ձախորդութեանդ ժամանակը քեզ կրնան ազատել, թող ելլեն»։ Ապա աւելցուց. «Իմ ժողովուրդս երկար օրեր զիս մոռցաւ» (Եր. 2։21, 28, 32

18, 19. ա) Եհովան ինչպէ՞ս մարգարէացաւ, թէ իր անուանը համար նոր ժողովուրդ մը պիտի ընտրէր։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

18 Իսրայէլացիները ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ յարատեւելու եւ Եհովայի հաւատարիմ վկաները մնալու տեղ, կռապաշտութեան անձնատուր եղան։ Ուրիշ խօսքով, բարի պտուղ բերելու տեղ՝ գէշ պտուղ բերին։ Ուստի Յիսուս կեղծաւոր հրեայ առաջնորդներուն ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ» (Մատ. 21։43)։ Այս նոր ազգը՝ հոգեւոր իսրայէլը՝ պիտի բաղկանար միայն այն անհատներէն, որոնք Երեմիայի միջոցով Եհովայի մարգարէացած «նոր ուխտ»ին մէջ պիտի մտնէին։ Եհովան այս հոգեւոր իսրայէլացիներուն մասին ըսած էր. «Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան» (Եր. 31։31-33

19 Երբ մարմնաւոր իսրայէլը անհաւատարիմ գտնուեցաւ, Եհովան առաջին դարուն հոգեւո՛ր իսրայէլը ընտրեց որպէս իր ժողովուրդը։ Իսկ ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը ո՞վ է։ Բարեսիրտ անհատներ ինչպէ՞ս կրնան գիտնալ, թէ որո՛նք են Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները։ Այս նիւթը պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։