Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք»

«Հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք»

«Ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք» (Ա. ՊԵՏ. 2։10

1, 2. ա) Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին ի՞նչ փոփոխութիւն մը եղաւ։ բ) Որո՞նք Եհովայի նոր ժողովուրդին անդամներ եղան (տե՛ս բացման պատկերը)։

Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէն անկիւնադարձ մը եղաւ Եհովայի ժողովուրդին պատմութեան մէջ։ Այդ օրը արմատական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ, քանի որ Եհովան իր հոգիին միջոցով նոր ազգ մը յառաջ բերաւ,– հոգեւոր իսրայէլը, «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղ. 6։16)։ Աբրահամի օրերէն ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդը կը զանազանուէր արուներու մարմնի թլփատութեամբ. սակայն առաջին անգամ ըլլալով պարագան փոխուեցաւ։ Նոր ազգին իւրաքանչիւր անդամին առնչութեամբ, Պօղոս գրեց. «Իսկական թլփատութիւնը՝ սրտին թլփատութիւնն է հոգիով» (Հռով. 2։29

2 Աստուծոյ նոր ազգին առաջին անդամները եղան առաքեալները եւ Քրիստոսի աւելի քան հարիւր աշակերտներ, որոնք Երուսաղէմի վերնատան մը մէջ մէկտեղ հաւաքուած էին (Գործք 1։12-15)։ Անոնց վրայ սուրբ հոգին թափուելով, անոնք Աստուծոյ հոգիէն–ծնած որդիները դարձան (Հռով. 8։15, 16. Բ. Կոր. 1։21)։ Այս դէպքը փաստեց, որ Քրիստոսի միջնորդութեամբ եղած եւ անոր արիւնով վաւերացուած նոր ուխտը ի զօրու դարձած էր (Ղուկ. 22։20. կարդա՛ Եբրայեցիս 9։15)։ Արդ, այս աշակերտները Եհովայի նոր ազգին կամ նոր ժողովուրդին անդամներ եղան։ Սուրբ հոգին անոնց կարողութիւն տուաւ տարբեր լեզուներով քարոզելու,– լեզուներ, որոնցմով կը խօսէին այն հրեաներն ու նորահաւատները, որոնք Շաբաթներու տօնին կամ Պէնտէկոստէին առթիւ ամբողջ հռոմէական կայսրութենէն Երուսաղէմ եկած էին։ Անոնք իրենց լեզուով լսեցին ու հասկցան հոգիէն–ծնած քրիստոնեաներուն քարոզած «Աստուծոյ մեծամեծ բաները» (Գործք 2։1-11

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

3-5. ա) Պէնտէկոստէին, Պետրոս հրեաներուն ի՞նչ ըսաւ։ բ) Նոր ազգը ինչպէ՞ս բարգաւաճեցաւ իր առաջին տարիներուն։

3 Եհովան Պետրոս առաքեալը գործածեց հրեաներն ու նորահաւատները հրաւիրելու որ այս նորածնունդ ազգին՝ քրիստոնէական ժողովքին անդամներ դառնան։ Պէնտէկոստէին, Պետրոս անվախօրէն հրեաներուն ըսաւ, որ պէտք էր իրենց՝ ‘փայտի վրայ գամած’ Յիսուսը ընդունէին, որովհետեւ «Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ»։ Երբ բազմութիւնը հարցուց թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր, Պետրոս պատասխանեց. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք» (Գործք 2։22, 23, 36-38)։ Այդ օրը, նոր ազգին՝ հոգեւոր իսրայէլին վրայ շուրջ 3000 հոգի աւելցաւ (Գործք 2։41)։ Անկէ ետք, առաքեալները շարունակեցին նախանձախնդրաբար քարոզել եւ շատեր ճշմարտութիւնը ընդունեցին (Գործք 6։7)։ Նոր ազգին պատկանողներուն թիւը կ’աւելնար։

4 Յետագային, Յիսուսի աշակերտները սկսան սամարացիներուն քարոզել եւ յաջողութիւն գտան։ Փիլիպպոս աւետարանիչը անոնցմէ շատերը մկրտեց, բայց անոնք իսկոյն սուրբ հոգին չստացան։ Երուսաղէմի մէջ, կառավարիչ մարմինը Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները այդ նորադարձ սամարացիներուն ղրկեց, եւ առաքեալները «ձեռքերնին դրին անոնց վրայ, որ Սուրբ Հոգին առնեն» (Գործք 8։5, 6, 14-17)։ Այսպիսով, այս սամարացիներն ալ հոգեւոր իսրայէլին հոգիով–օծուած անդամներ եղան։

Պետրոս Կոռնելիոսին եւ անոր ազգականներուն ու բարեկամներուն քարոզեց (տե՛ս պարբերութիւն 5)

5 Ք.Ե. 36–ին, Աստուած անգամ մը եւս Պետրոսը գործածեց որպէսզի ուրիշ խումբ մը հրաւիրէր նոր ազգին՝ հոգեւոր իսրայէլին մաս կազմելու։ Ասիկա եղաւ, երբ Պետրոս քարոզեց հռոմայեցի հարիւրապետ Կոռնելիոսին եւ անոր ազգականներուն ու բարեկամներուն (Գործք 10։22, 24, 34, 35)։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Երբ Պետրոս. . . կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ ամենուն [ոչ–հրեաներուն] վրայ, որոնք խօսքը կը լսէին։ Թլփատուածներէն եղող հաւատացեալները, որոնք Պետրոսին հետ եկած էին, զարմացան որ հեթանոսներուն վրայ ալ Սուրբ Հոգիին պարգեւը կը լեցուէր» (Գործք 10։44, 45)։ Այդ օրուընէ սկսեալ, անթլփատ եւ ոչ–հրեայ հաւատացեալներն ալ առիթը ունեցան նոր ազգին՝ հոգեւոր իսրայէլին միանալու։

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ. . . ԻՐ ԱՆՈՒԱՆԸ ՀԱՄԱՐ»

6, 7. Եհովայի անուանը համար ժողովուրդ մը ըլլալով, նոր ազգին անդամները ի՞նչ ըրին եւ ո՞ր տարողութեամբ։

6 Ք.Ե. 49–ին, առաջին դարու քրիստոնեաներու կառավարիչ մարմինին մէկ ժողովին, Յակոբոս աշակերտ ըսաւ. «Շմաւոն [Պետրոս] պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար» (Գործք 15։14)։ Եհովայի անունը կրող այս նոր ժողովուրդին մէջ կային թէ՛ հրեայ եւ թէ ոչ–հրեայ հաւատացեալներ (Հռով. 11։25, 26ա)։ Յետագային, Պետրոս գրեց. «Ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք»։ Պետրոս այս նոր ազգին առաքելութիւնը բացատրեց, ըսելով. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա. Պետ. 2։9, 10)։ Անոնք Աստուած կը ներկայացնէին եւ պէտք էր գովաբանէին զինք եւ հանրապէս իր անունը փառաւորէին։ Անոնք տիեզերքի Գերիշխանին՝ Եհովային, քաջասիրտ վկաները պէտք էր ըլլային։

7 Եհովան այժմ նոր ազգը՝ հոգեւոր իսրայէլը կը գործածէր եւ կրնար անոր մասին ըսել. «Ես այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն» (Եսա. 43։21)։ Այդ ժամանակուան բոլոր չաստուածները քօղազերծելով, նախկին քրիստոնեաները քաջաբար ծանուցանեցին, թէ միակ ճշմարիտ Աստուածը Եհովան է (Ա. Թես. 1։9)։ Անոնք Եհովայի եւ Յիսուսի մասին վկայութիւն տուին «Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8. Կող. 1։23

8. Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ բանէ զգուշացուց։

8 Պօղոս առաքեալ Եհովայի անուանը համար եղած ժողովուրդին անվախ մէկ անդամն էր։ Ան հեթանոս փիլիսոփաներու առջեւ քաջաբար պաշտպանեց Եհովայի գերիշխանութիւնը, այն Աստուածը որ «աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները, անիկա երկնքի ու երկրի Տէրն [է]» (Գործք 17։18, 23-25)։ Իր երրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան վերջաւորութեան, Պօղոս Աստուծոյ անունը կրող ժողովուրդին անդամները զգուշացուց. «Գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար» (Գործք 20։29, 30)։ Արդարեւ, առաջին դարու վերջաւորութեան, արդէն շատ մը հաւատուրացներ կային (Ա. Յովհ. 2։18, 19

9. Առաքեալներու մահէն ետք, Աստուծոյ ժողովուրդին ի՞նչ պատահեցաւ։

9 Առաքեալներու մահէն ետք, հաւատուրացութիւնը տարածուեցաւ ժողովքներուն մէջ եւ քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիները յառաջ եկան։ Փոխանակ ‘[Եհովայի] անուանը համար ժողովուրդ մը’ ըլլալու, հաւատուրաց քրիստոնեաները մինչեւ իսկ Աստուծոյ անունը ջնջած են Աստուածաշունչի իրենց շատ մը թարգմանութիւններուն մէջ։ Անոնք հեթանոսական ծէսեր որդեգրած են եւ Աստուած անպատուած են՝ իրենց անաստուածաշնչական վարդապետութիւններով, «սուրբ պատերազմներ»ով եւ անբարոյ վարքով։ Ուստի դարեր շարունակ, Եհովան երկրի վրայ միայն քանի մը հաւատարիմ երկրպագուներ ունէր, որոնք կազմակերպուած չէին որպէս «ժողովուրդ մը. . . իր անուանը համար»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՆԻ

10, 11. ա) Որոմի առակին մէջ, Յիսուս ի՞նչ մարգարէացաւ։ բ) 1914–էն ետք Յիսուսի առակը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ եւ ի՞նչ արդիւնքով։

10 Որոմին առակը գործածելով, Յիսուս մարգարէացաւ թէ հաւատուրացութիւնը հոգեւոր գիշեր մը պիտի բերէր։ Ան ըսաւ որ «երբ մարդիկ կը քնանային», Սատանան որոմ պիտի ցանէր այն դաշտին մէջ, ուր Որդին մարդոյ ցորեն ցանած էր։ Երկուքն ալ մէկտեղ պիտի աճէին մինչեւ «աշխարհիս վերջը»։ Յիսուս բացատրեց թէ «բարի սերմը» կը պատկերացնէ «թագաւորութեան որդիները», իսկ «որոմը»՝ «չարին որդիները»։ Վերջին ժամանակին, Որդին մարդոյ իր «հնձողները»՝ հրեշտակները պիտի ղրկէր ցորենը որոմէն զատելու։ Թագաւորութեան որդիները պիտի ժողվուէին (Մատ. 13։24-30, 36-43)։ Ասիկա ինչպէ՞ս եղաւ եւ ինչպէ՞ս կարելի դարձուց, որ Աստուած երկրի վրայ դարձեալ կազմակերպուած ժողովուրդ մը ունենայ։

11 «Աշխարհիս վերջը» 1914–ին սկսաւ։ Այդ տարին ծագած պատերազմին ընթացքին, «թագաւորութեան որդիները»՝ օծեալ քրիստոնեաները քանի մը հազար հոգի էին եւ հոգեւորապէս տակաւին Մեծ Բաբելոնի գերութեան տակ էին։ Բայց 1919–ին, Եհովան ազատագրեց զանոնք, ճշմարիտ քրիստոնեաներուն եւ կեղծ քրիստոնեաներուն միջեւ յստակ տարբերութիւն մը դնելով։ Ան «թագաւորութեան որդիները» մէկտեղ հաւաքելով ժողովուրդ մը կազմակերպեց, ինչպէս որ Եսային մարգարէացած էր. «Միթէ երկիր մէկ օրուան մէ՞ջ կը ծնի, կամ ազգ մը մէկ անգամէ՞ն ծնաւ։ Քանզի Սիօն հազիւ երկունք քաշեց երբ իր տղաքները ծնաւ» (Եսա. 66։8)։ Սիօնը՝ հոգեղէն արարածներէ բաղկացած Եհովայի կազմակերպութիւնը, իր հոգիով–օծուած որդիները ծնաւ եւ զանոնք որպէս ազգ կազմակերպեց։

12. Օծեալները ինչպէ՞ս «ժողովուրդ մը» եղած են Եհովայի անուանը համար։

12 Նախկին քրիստոնեաներուն նման, «թագաւորութեան [օծեալ] որդիներն» ալ վկաներ պիտի ըլլային Եհովային (կարդա՛ Եսայի 43։1, 10, 11)։ Անոնք պիտի զատորոշուէին իրենց քրիստոնէական վարքով եւ «Արքայութեան այս աւետարան»ին քարոզչութեամբ՝ «բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14. Փլպ. 2։15)։ Այսպիսով անոնք շատերու, մինչեւ իսկ միլիոնաւորներու, օգնած են՝ Եհովայի առջեւ արդար կեցուածք ունենալու (կարդա՛ Դանիէլ 12։3

«ՁԵԶԻ ՀԵՏ ԵՐԹԱՆՔ»

13, 14. ա) Հոգեւոր իսրայէլէն չեղողները ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի ընդունելի կերպով պաշտեն եւ ծառայեն Եհովային։ բ) Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ մարգարէութիւններ կան ասոր շուրջ։

13 Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, թէ վաղեմի Իսրայէլի մէջ օտարականները կրնային Եհովան ընդունելի կերպով պաշտել, պայմանաւ որ Եհովայի ուխտեալ ժողովուրդին հետ ընկերակցէին (Գ. Թագ. 8։41-43)։ Նմանապէս այսօր, անոնք որոնք հոգեւոր իսրայէլացի չեն, պէ՛տք է ընկերակցին Եհովայի ժողովուրդին՝ «թագաւորութեան որդիներ»ուն, այսինքն՝ Եհովայի օծեալ վկաներուն հետ։

14 Երկու մարգարէներ մարգարէացած էին, թէ այս վերջին ժամանակին, շատեր պիտի հաւաքուէին Եհովան պաշտելու իր ժողովուրդին հետ։ Եսային մարգարէացաւ. «Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք’։ Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի ելլէ» (Եսա. 2։2, 3)։ Նմանապէս, Զաքարիա մարգարէն նախագուշակեց, թէ «շատ ժողովուրդներ եւ զօրաւոր ազգեր Երուսաղէմի մէջ զօրքերու Տէրը փնտռելու ու Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու պիտի գան»։ Ան զանոնք նկարագրեց որպէս «ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ», որոնք՝ այլաբանօրէն խօսելով՝ հոգեւոր իսրայէլին քղանցքը պիտի բռնէին եւ ըսէին. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է» (Զաք. 8։20-23

15. «Ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ բան ընելով հոգեւոր իսրայէլացիներուն ‘հետ կ’երթան’։

15 «Ուրիշ ոչխարներ»ը հոգեւոր իսրայէլացիներուն ‘հետ կ’երթան’՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով (Մար. 13։10)։ Անոնք Աստուծոյ ժողովուրդին մէկ մասը կը դառնան, օծեալներուն հետ մէկտեղ «մէկ հօտ» կազմելով, «բարի հովիւ»ին՝ Քրիստոս Յիսուսին առաջնորդութեան ներքեւ (կարդա՛ Յովհաննէս 10։14-16

ԵՀՈՎԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԷ

16. Եհովան ինչպէ՞ս ճամբան պիտի հարթէ «մեծ նեղութեան» վերջին հանգրուանին։

16 Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ետք, Եհովայի ժողովուրդին վրայ ամբողջական յարձակում մը պիտի ըլլայ, որուն ընթացքին Եհովայի հայթայթելիք պաշտպանութեան պիտի կարօտինք։ Աստուած իր ընտրած ժամանակին՝ երկրի վրայ հարցերը այնպէս մը պիտի ուղղէ, որ իր ժողովուրդին վրայ այս յարձակումը ըլլայ, որ կայծ պիտի տայ «մեծ նեղութեան» վերջին հանգրուանին՝ Արմագեդոնին (Մատ. 24։21. Եզեկ. 38։2-4)։ Այդ ժամանակ, Գոգ պիտի յարձակի ‘ազգերէն հաւաքուած ժողովուրդին’՝ Եհովայի ժողովուրդին վրայ (Եզեկ. 38։10-12)։ Երբ յարձակումը ըլլայ, Եհովան անմիջապէս պիտի միջամտէ եւ Գոգին ու անոր զօրքերուն դէմ իր դատաստանները պիտի գործադրէ։ Ան իր գերիշխանութիւնը պիտի մեծարէ եւ իր անունը սրբացնէ, քանի որ կ’ըսէ. «Շատ ազգերու առջեւ պիտի. . . ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը» (Եզեկ. 38։18-23

«Մեծ նեղութեան» ընթացքին, պէտք է շարունակենք մեր տեղական ժողովքին հետ մօտէն ընկերակցիլ (տե՛ս պարբերութիւն 16-18)

17, 18. ա) Երբ Գոգ Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակի, անոնք ի՞նչ ուղղութիւններ պիտի ստանան։ բ) Եթէ կ’ուզենք որ Եհովան մեզ պաշտպանէ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

17 Երբ Գոգ սկսի յարձակիլ, Եհովան իր ծառաներուն պիտի ըսէ. «Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի» (Եսա. 26։20)։ Այդ վճռական ժամանակին, Եհովան մեզի փրկարար ուղղութիւններ պիտի տայ. եւ կրնայ ըլլալ որ «սենեակները» մեր տեղական ժողովքներուն հետ կապ ունենան։

18 Ուստի եթէ կ’ուզենք մեծ նեղութեան ընթացքին պաշտպանուիլ, հարկ է որ գիտակցինք, թէ Եհովան երկրի վրայ ունի ժողովուրդ մը, որ որպէս ժողովքներ կազմակերպուած է։ Պէտք է շարունակենք Աստուծոյ ժողովուրդին կողմը դիրք բռնել եւ մեր տեղական ժողովքին հետ մօտէն ընկերակցիլ։ Սաղմոսերգուին նման, ամբողջ սրտով բացագանչենք. «Փրկութիւնը Տէրոջն է։ Քու օրհնութիւնդ քու ժողովուրդիդ վրայ է» (Սաղ. 3։8