Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Սուրբ Ծնունդի շուրջ ի՞նչ իրողութիւններ կան

Սուրբ Ծնունդի շուրջ ի՞նչ իրողութիւններ կան

Համայն աշխարհի մէջ, միլիոնաւորներ Սուրբ Ծնունդը կը տօնեն զանազան պատճառներով։ Ոմանք կը զուարճանան, բարեկամներուն եւ ընտանիքին հետ խնճոյք ընելով։ Ուրիշներ Աստուծոյ մասին կը մտածեն կամ ժամանակ կը տրամադրեն՝ աղքատներուն օգնելու։ Ճիշդ է որ այս արարքները ինքնին բարի են, սակայն անոնք առնչուած են այս տօնին ժխտական երեսակներուն։

Առաջին, մասնակցողներէն շատեր կը հաւատան, որ Սուրբ Ծնունդը Յիսուսի ծննդեան տարեդարձին տօնակատարութիւնն է։ Սակայն շատ մը պատմաբաններ կը համաձայնին, որ Յիսուսի ծննդեան թուականը յայտնի չէ։ Գիրք մը կ’ըսէ, թէ «նախկին քրիստոնեաները չուզեցին Յիսուսի ծնունդը նշող թուական մը որոշել», քանի որ կ’ուզէին «հեթանոսական բոլոր սովորութիւններէն անջատուիլ» (The Christian Book of Why)։ Հետաքրքրական է որ Աստուածաշունչը տեղ մը չ’ըսեր որ Յիսուս իր կամ ուրիշ մէկու ծննդեան տարեդարձը տօնեց։ Ընդհակառակը, ան իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ իր մա՛հը յիշատակեն (Ղուկաս 22։19

Երկրորդ, բազմաթիւ ուսումնականներ կ’ընդունին, որ Սուրբ Ծնունդի աւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը ծագում առած է ոչ–քրիստոնէական եւ հեթանոսական սովորութիւններէ, ինչպէս՝ Կաղանդ պապուկը, ճագոմ եւ Կաղանդի ծառ գործածելը, նուէրներ փոխանակելը, վառող մոմերը, ծննդեան վառելափայտը, զարդարուած ծաղկեփունջեր կախելը եւ ծննդեան երգերը։ Այս սովորութիւններէն ոմանց առնչութեամբ, գիրք մը կ’ըսէ. «Երբ Կաղանդի նուէրներ կը փոխանակենք եւ մեր տուներուն ու եկեղեցիներուն մէջ կանանչ ծաղկեփունջեր կը կախենք, մեզմէ քանի՞ հոգի գիտէ, թէ հաւանաբար հեթանոսական սովորութիւններ կը պահենք» (The Externals of the Catholic Church

«Երբ Կաղանդի նուէրներ կը փոխանակենք եւ մեր տուներուն ու եկեղեցիներուն մէջ կանանչ ծաղկեփունջեր կը կախենք, մեզմէ քանի՞ հոգի գիտէ, թէ հաւանաբար հեթանոսական սովորութիւններ կը պահենք» (The Externals of the Catholic Church)

Բայց թերեւս հարց տաս թէ ի՛նչ սխալ բան կայ անմեղ թուող այս սովորութիւններուն հետեւելուն մէջ։ Պատասխանը կը կայանայ այս երրորդ կէտին մէջ։ Աստուած չի հաճիր, երբ մարդիկ ճշմարիտ պաշտամունքը եւ հեթանոսական սովորութիւնները իրարու կը խառնեն։ Ամովս մարգարէին միջոցով, Եհովա Աստուած վաղեմի Իսրայէլի մէջ Իր յամառ երկրպագուներուն ըսաւ. «Ձեր տօները կ’ատեմ ու կը մերժեմ. . . Քու երգերուդ ձայնը ինձմէ հեռացուր» (Ամովս 5։21, 23

Ինչո՞ւ այսքան խիստ խօսքեր։ Նկատէ թէ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան մէջ մարդիկ ի՛նչ կ’ընէին։ Իրենց առաջին թագաւորը՝ Յերոբովամ, Դան եւ Բեթէլ քաղաքներուն մէջ երկու ոսկիէ հորթ կանգնեցուց եւ ժողովուրդը մղեց որ զանո՛նք պաշտեն, փոխանակ Երուսաղէմի տաճարին մէջ Եհովա Աստուածը պաշտելու։ Ան նաեւ տօներ հաստատեց եւ քահանաներ նշանակեց, որպէսզի ժողովուրդին օգնեն այդ տօները պահելու (Գ. Թագաւորաց 12։26-33

Ըստ երեւոյթին, այդ իսրայէլացիները լաւ նպատակով այդ բաները ըրին։ Վերջ ի վերջոյ, անոնք այն ամէնքը կ’ընէին Աստուած պաշտելու եւ հաճեցնելու համար։ Սակայն Ամովսի եւ այլ մարգարէներու միջոցով տրուած Աստուծոյ ծանր խօսքերը յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ ան այդ սովորութիւնները ինչպէ՛ս կը նկատէր։ Ան կ’ըսէ. «Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր» (Մաղաքիա 3։6)։ Ասիկա ցոյց չի՞ տար իր տեսակէտը Սուրբ Ծնունդի շատ մը այժմու տօնակատարութիւններուն նկատմամբ։

Վերոնշեալ իրողութիւնները նկատի առնելէ ետք, միլիոնաւորներ որոշած են չտօնել Սուրբ Ծնունդը։ Փոխարէն, անոնք կ’ուրախանան եւ իսկապէս գոհունակ կը զգան, իրենց ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ ժամանակ անցընելով եւ աղքատներուն օգնելով, ամբողջ տարուան ընթացքին՝ ե՛րբոր ուզեն։