Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ազգերը պատրաստել «Տէրոջը վարդապետութեան» համար

Ազգերը պատրաստել «Տէրոջը վարդապետութեան» համար

«Փոխանորդ բդեշխը. . . հաւատաց, մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ» (ԳՈՐԾՔ 13։12

1-3. Բարի լուրը «բոլոր ազգերուն» քարոզելը ինչո՞ւ դիւրին չէր Յիսուսի աշակերտներուն համար։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ իր հետեւորդներուն հսկայ գործ մը տուաւ, պատուիրելով. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»։ Անոնք պէտք էր «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ քարոզ[էին]՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14. 28։19

2 Աշակերտները կը սիրէին Յիսուսը եւ բարի լուրը։ Բայց թերեւս հարց տուին թէ այս պատուէրը ինչպէ՛ս կրնային կատարել։ Վերջ ի վերջոյ, անոնք քիչուոր էին։ Յիսուս, որուն Աստուծոյ Որդի ըլլալը կը հռչակէին, սպաննուած էր։ Անոնք «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» կը նկատուէին (Գործք 4։13)։ Եւ պիտի հաղորդէին պատգամ մը, որ հակասական էր հրեայ կրօնական առաջնորդներու վարդապետութիւններուն, որոնք դարաւոր աւանդութիւններ կը սորվէին կրօնական դպրոցներու մէջ։ Աշակերտները իրե՛նց հայրենիքին մէջ անարգուած ըլլալով, թերեւս հարց տուին թէ ո՛վ իրենց մտիկ պիտի ընէր փառաւոր Հռոմէական կայսրութեան մէջ։

3 Աւելին, Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուցած էր որ պիտի ատուէին, հալածուէին եւ ոմանք ալ պիտի սպաննուէին (Ղուկ. 21։16, 17)։ Անոնք պիտի մատնուէին ու պիտի դիմագրաւէին սուտ մարգարէներ եւ անօրէնութեան շատնալը (Մատ. 24։10-12)։ Նոյնիսկ եթէ ամէն տեղ մարդիկ իրենց պատգամին ընդառաջէին, անոնք ինչպէ՞ս պիտի կարենային զայն «մինչեւ երկրին ծայրերը» հասցնել (Գործք 1։8)։ Այս մարտահրաւէրները վհատեցուցիչ ըլլալու էին իրենց համար։

4. Առաջին դարու աշակերտներուն քարոզչութիւնը ի՞նչ արդիւնք տուաւ։

4 Այս դժուարութիւններով հանդերձ, աշակերտները գործի լծուեցան՝ բարի լուրը քարոզելով ոչ միայն Երուսաղէմի ու Սամարիայի մէջ, այլեւ՝ ուրիշ երկիրներու մէջ։ Գրեթէ 30 տարի ետք, արդէն իսկ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» կը քարոզուէր եւ ‘բոլոր աշխարհին մէջ պտղաբեր ըլլալով կ’աճէր’ (Կող. 1։6, 23)։ Օրինակի համար, երբ Պօղոս առաքեալ Կիպրոս կղզիին մէջ քարոզեց, հռոմայեցի փոխանորդ բդեշխը Սերգիոս Պօղոս «հաւատաց, մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ» (կարդա՛ Գործք 13։6-12

5. ա) Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ բան վստահեցուց։ բ) Առաջին դարու պայմանները նկատի առնելով, ոմանք ի՞նչ եզրակացութեան հասած են։

5 Յիսուսի աշակերտները գիտէին թէ քարոզչութիւնը իրենց ուժով պիտի չկրնային կատարել։ Յիսուս ըսած էր որ իրենց հետ պիտի ըլլար եւ սուրբ հոգին իրենց պիտի օգնէր (Մատ. 28։20)։ Առումով մը, այդ օրուան աշխարհի պայմանները թերեւս նպաստաւոր էին Թագաւորութեան քարոզչութեան համար։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Աշխարհի պատմութեան մէջ, հաւանաբար չկայ աւելի յարմար ժամանակաշրջան մը նորածին Եկեղեցին ընդունելու, քան՝ Ք.Ե. առաջին դարը. . . Երկրորդ դարուն, քրիստոնեաները. . . սկսան պատճառաբանել, որ աստուածային նախասահմանումն էր որ աշխարհը պատրաստեց քրիստոնէութեան գալուստին համար» (Evangelism in the Early Church

6. ա) Ի՞նչ պիտի քննարկենք այս յօդուածին մէջ։ բ) Ի՞նչ պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

6 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Աստուած ի՛նչ տարողութեամբ առաջին դարու իրադարձութիւնները ուղղեց, որպէսզի լայնատարած քարոզչութիւնը կարելի դառնայ։ Բայց մէկ բանէ վստահ ենք. Եհովան ուզեց որ բարի լուրը քարոզուէր, իսկ Սատանան չուզեց։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք կարգ մը ազդակներ, որոնք թերեւս թոյլ տուին որ քարոզչութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի դիւրասահ ընթանար առաջին դարուն։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք այժմու զարգացումներ, որոնք մեզի կ’օգնեն բարի լուրը մինչեւ երկրին ծայրերը հռչակելու։

ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

7. Հռոմէական խաղաղութիւնը ի՞նչ էր եւ ինչո՞ւ յատկանշական էր։

7 Առաջին դարու հռոմէական աշխարհը առումով մը օգուտներ բերաւ քրիստոնեաներուն։ Օրինակ, նկատի առ Հռոմէական խաղաղութիւնը։ Հսկայածաւալ Հռոմէական կայսրութիւնը իր ծիրին մէջ եղող ժողովուրդները կայուն վիճակի մէջ կը պահէր։ Երբեմն կային «պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր», ինչպէս որ Յիսուս կանխաւ նշեց (Մատ. 24։6)։ Ք.Ե. 70–ին, հռոմէական զօրքը կործանեց Երուսաղէմը, ինչպէս նաեւ կայսրութեան սահմաններուն վրայ թեթեւ բախումներ եղան։ Բայց Յիսուսի օրերէն մինչեւ 200 տարի, կայսրութիւնը համեմատաբար զերծ էր պայքարներէ։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Մարդկային պատմութեան մէջ բնաւ չէ պատահած ընդհանուր անդորրութեան այսքան երկար ժամանակամիջոց մը, եւ անգամ մըն ալ պիտի չպատահէր, որ շատ ժողովուրդներու մէջ ա՛յսքան կայունութեամբ խաղաղութիւն պահպանուի»։

8. Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՞ս օգտուեցան խաղաղ մթնոլորտէն։

8 Իր տեսակէտը արտայայտելով, երրորդ դարու աստուածաբան Որոգինէս գրեց. «Եթէ բազմաթիւ թագաւորութիւններ ըլլային, այս մէկը խոչընդոտ պիտի ներկայանար Յիսուսի ուսուցումները արար–աշխարհ տարածուելու առնչութեամբ. . . քանի որ ամէնուրեք տղամարդիկ պիտի հարկադրուէին զինուորական ծառայութիւն ընելու եւ իրե՛նց երկրի պաշտպանութեան համար կռուելու։ . . .Ուստի այս ուսուցումը, որ խաղաղութիւն կ’աւետէ եւ նոյնիսկ չ’արտօներ մարդոց որ իրենց ոսոխներէն վրէժ լուծեն, ինչպէ՞ս պիտի կարենար որեւէ յաջողութիւն գտնել, եթէ ամէնուր միջազգային կացութիւնը չփոխուէր եւ աւելի մեղմ ոգի մը չտիրէր Յիսուսի եկած ատեն»։ Ճիշդ է որ հռոմէական աշխարհին մէջ Թագաւորութիւնը ծանուցանողները հալածուեցան, սակայն անոնք խաղաղարար էին եւ ակներեւաբար օգտուեցան այդ օրերուն տիրող քիչ թէ շատ խաղաղ մթնոլորտէն (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։18-21

ՃԱՄԲՈՐԴԵԼԸ ԴԻՒՐԱՑԱՒ

9, 10. Հռոմէական կայսրութեան մէջ ճամբորդելը ինչո՞ւ դիւրին էր աշակերտներուն համար։

9 Քրիստոնեաները օգտագործեցին հռոմէական ճամբաները։ Իր հպատակները պաշտպանելու եւ ղեկավարելու համար, Հռոմ ունէր հզօր եւ լաւ մարզուած բանակ մը։ Զօրագունդերը արագօրէն փոխադրելու համար, լաւ ճամբաներու կարիք կար, եւ հռոմայեցիները հմուտ էին զանոնք կառուցանելուն մէջ։ Հռոմայեցի երկրաչափներ կառուցանեցին բազմաթիւ ճամբաներ, որոնց ընդհանուր երկարութիւնը աւելի քան 80,000 քմ. էր, գրեթէ բոլոր նահանգները իրարու կապելով։ Քրիստոնեաները զանոնք գործածելով կտրեցին անտառներ, անապատներ ու լեռներ։

10 Այս ճամբաներուն կողքին, հռոմայեցիները կ’օգտագործէին նաւարկելի գետեր ու ջրանցքներ, որոնք շուրջ 27,000 քմ. երկարութիւն ունէին։ Հռոմէական նաւերը կը գործածէին շուրջ 900 ծովային ճամբաներ, որոնք հարիւրաւոր նաւահանգիստներ իրարու կը կապէին։ Ուստի քրիստոնեաները կրնային ամբողջ հռոմէական աշխարհը շրջագայիլ։ Դժուարութիւններ կային, բայց Պօղոս առաքեալ եւ ուրիշներ կրնային առանց անցագիրի կամ այցեգիրի ճամբորդել։ Սահմանային անցակէտեր չկային։ Աւազակները հռոմէական պատիժէն կը վախնային, ուստի ճամբաները համեմատաբար ապահով էին։ Ծովով ճամբորդելն ալ ապահով էր, քանի որ Հռոմի նաւատորմները ծովային ճամբաները ծովահէնութենէ զերծ կը պահէին։ Թէեւ Պօղոս քանի մը անգամ նաւակոծութեան եւ որոշ վտանգներու հանդիպեցաւ, բայց Աստուածաշունչը յատկապէս չ’ըսեր թէ ծովահէններու դէմ յանդիման եկաւ (Բ. Կոր. 11։25, 26

ՅՈՒՆԱՐԷՆ ԼԵԶՈՒՆ

Ձեռագիր մատեան գործածելը շատ դիւրացուց համար մը գտնելը (տե՛ս պարբերութիւն 12)

11. Աշակերտները ինչո՞ւ յունարէն լեզուն օգտագործեցին։

11 Հասարակ յունարէն լեզուն (գօյնէ) օգնեց, որ քրիստոնէական ժողովքներուն մէջ լաւ հաղորդակցութիւն ու միութիւն ըլլայ։ Մեծն Աղեքսանդրի նուաճումներուն առ ի արդիւնք, յունարէն լեզուն տարածուած էր ժողովուրդներու մէջ։ Ուստի Աստուծոյ ծառաները կրնային բազմատեսակ մարդոց հետ հաղորդակցիլ, եւ ասիկա բարի լուրի տարածման նպաստեց։ Աւելին, Եգիպտոսի մէջ ապրող հրեաները Եբրայերէն Գրութիւնները յունարէնի թարգմանած էին։ Մարդիկ քաջածանօթ էին այս Եօթանասնից թարգմանութեան, եւ Քրիստոսի նախկին հետեւորդները յաճախ անկէ կը մէջբերէին։ Քրիստոնեաներն ալ յարմար գտան Աստուածաշունչի մնացեալ գիրքերը յունարէն լեզուով գրի առնել։ Յունարէնը ընդարձակ բառամթերք ունէր եւ հարուստ էր այնպիսի արտայայտութիւններով, որոնք գործնական էին հոգեւոր նիւթեր բացատրելու համար։

12. ա) Ձեռագիր մատեանը ի՞նչ է, եւ մագաղաթին հետ բաղդատած՝ ի՞նչ առաւելութիւններ ունէր։ բ) Քրիստոնեաներուն մեծ մասը ե՞րբ սկսաւ գործածել ձեռագիր մատեանը։

12 Առաջին դարու քրիստոնեաները ի՞նչ գործածեցին Աստուածաշունչը սորվեցնելու համար։ Մագաղաթներ գործածելը դժուար էր, քանի որ պէտք էր ոլորուելով բացուէին եւ ետ փաթթուէին, եւ գրութիւնը սովորաբար միայն մէկ երեսի վրայ էր։ Մատթէոսի Աւետարանը ինքնին մէկ մագաղաթ կ’ուզէր։ Բայց ետքը հնարուեցաւ ձեռագիր մատեանը,– գիրքի առաջին տեսակը։ Ատիկա իրարու միացած թուղթերու հաւաքածոյ մըն էր։ Ընթերցողը կրնար բանալ ձեռագիր մատեան մը եւ դիւրութեամբ համար մը գտնել։ Թէ քրիստոնեաները ճիշդ ե՛րբ սկսան ձեռագիր մատեանը գործածել, յայտնի չէ։ Բայց աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Երկրորդ դարուն ա՛յնքան սովորական էր քրիստոնեաներուն քով ձեռագիր մատեանի գործածութիւնը, որ անոր ներմուծումը Ք.Ե. 100 թուականէն շատ առաջ ըլլալու է»։

ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

13, 14. ա) Պօղոս իր հռոմէական քաղաքացիութիւնը ինչպէ՞ս օգտագործեց։ բ) Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս օգտուեցան հռոմէական օրէնքէն։

13 Հռոմէական օրէնքը ի զօրու էր ամբողջ կայսրութեան մէջ, եւ հռոմէական քաղաքացիութիւնը կարեւոր իրաւունքներ կը շնորհէր։ Պօղոս քանի մը անգամ օգտագործեց իր հռոմէական քաղաքացիութիւնը։ Երբ Երուսաղէմի մէջ պիտի ծեծուէր, առաքեալը հռոմայեցի հարիւրապետին հարցուց. «Օրինաւո՞ր է Հռովմայեցի ու չդատապարտուած մարդ մը ծեծելը»։ Օրինաւոր չէր։ Երբ Պօղոս ըսաւ թէ ի ծնէ հռոմէական քաղաքացիութիւն ունէր, «անոնք որ զինք պիտի հարցուփորձէին, շուտ մը հեռացան իրմէ եւ հազարապետն ալ վախցաւ, երբ իմացաւ թէ [Պօղոս] Հռովմայեցի է, որովհետեւ զանիկա կապեր էր» (Գործք 22։25-29

14 Հռոմէական օրէնքին ներքեւ Պօղոսի քաղաքացիութիւնը ազդեց այն վերաբերմունքին, որ իրեն հանդէպ ցուցաբերուեցաւ Փիլիպպէի մէջ (Գործք 16։35-40)։ Եփեսոսի մէջ, ատենադպիրը կատաղած ամբոխ մը հանդարտեցնելէ ետք, հռոմէական օրէնքին ակնարկութիւն ըրաւ (Գործք 19։35-40)։ Կեսարիոյ մէջ, Պօղոս օրէնքին տուած իրաւունքը գործածելով՝ պահանջեց կայսրին դիմել, եւ այսպէս անոր առջեւ բարի լուրը պաշտպանեց (Գործք 25։8-12)։ Արդ, քրիստոնեաները հռոմէական օրէնքը օգտագործեցին «բարի լուրը պաշտպանելու եւ օրինականապէս հաստատելու» համար (Փլպ. 1։7, ՆԱ

ՀՐԵԱՆԵՐՈՒ ՑՐՈՒՈՒՄԸ

15. Առաջին դարու հրեայ գաղութները որքա՞ն տարածուած էին։

15 Քրիստոնեաները առումով մը թերեւս դիւրին գտան աւետարանելը, քանի որ հրեայ գաղութներ տարածուած էին ամբողջ հռոմէական աշխարհին մէջ։ Դարեր առաջ, ասորեստանցիները եւ ապա բաբելոնացիները աքսորած էին հրեաները։ Ք.Ա. հինգերորդ դարուն, Պարսկական կայսրութեան 127 գաւառներուն մէջ արդէն իսկ հրեայ գաղութներ կային (Եսթ. 9։30)։ Յիսուսի օրերուն, հրեայ գաղութներ կային Եգիպտոսի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Յունաստանի, Փոքր Ասիոյ եւ Միջագետքի մէջ։ Կ’ենթադրուի թէ Հռոմէական կայսրութեան 60,000,000 բնակիչներուն մէջ, իւրաքանչիւր 14–էն 1–ը հրեայ էր։ Հրեաները ո՛ւր որ ալ գաղթէին, իրենց կրօնքը իրենց հետ կը տանէին (Մատ. 23։15

16, 17. ա) Հրեայ չեղողներէն շատեր ինչպէ՞ս օգտուեցան հրեաներուն ցրուումէն։ բ) Քրիստոնեաները հրէական ո՞ր սովորութիւնները որդեգրեցին։

16 Որովհետեւ հրեաները այսքան տարածուած էին, հրեայ չեղողներէն շատեր ծանօթացան Եբրայերէն Գրութիւններուն։ Անոնք գիտցան թէ միայն մէկ ճշմարիտ Աստուած կայ, եւ թէ իրեն ծառայողները բարոյական բարձր չափանիշներու պէտք է կառչին։ Աւելին, Եբրայերէն Գրութիւնները լեցուն էին Մեսիային վերաբերող մարգարէութիւններով (Ղուկ. 24։44)։ Թէ՛ հրեաները եւ թէ քրիստոնեաները կը հաւատային, որ Եբրայերէն Գրութիւնները Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն են, ինչ որ Պօղոս առաքեալին օգնեց որ հասարակաց գետին ստեղծէ արդարասէր մարդոց հետ։ Այս պատճառով, առաքեալը սովորաբար կը մտնէր ժողովարանները եւ ներկաներուն հետ Սուրբ Գրութիւններով կը պատճառաբանէր (կարդա՛ Գործք 17։1, 2

17 Հրեաները արդէն պաշտամունքի կերպ մը հաստատած էին։ Անոնք կանոնաւորաբար մէկտեղ կը հաւաքուէին ժողովարաններու մէջ կամ բացօթեայ հաւաքավայրեր։ Անոնք կ’երգէին, կ’աղօթէին եւ Սուրբ Գրութիւնները կը քննարկէին։ Յիսուսի աշակերտները իրենց օրինակին հետեւեցան, մենք ալ ներկայիս նոյնը կ’ընենք մեր քրիստոնէական ժողովքներուն մէջ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐԵՆՑ ՕԳՆԵՑ ՈՐ ՔԱՐՈԶԵՆ

18, 19. ա) Առաջին դարու պայմանները ի՞նչ բան կարելի դարձուցին։ բ) Այս յօդուածը քեզի ի՞նչ զգալ կու տայ Եհովայի մասին։

18 Այսպիսով, աչքառու պայմաններ թոյլատրեցին որ բարի լուրը յաջողապէս քարոզուէր։ Հռոմէական խաղաղութիւնը, ճամբորդելու դիւրութիւնը, միջազգային լեզուն, հռոմէական օրէնքը եւ հրեաներու ցրուումը Յիսուսի աշակերտներուն օգնեցին, որ իրենց աստուածատուր քարոզչութիւնը կատարեն։

19 Յիսուսի օրերէն չորս դար առաջ, յոյն փիլիսոփայ Պղատոն գրեց. «Դժուար է յայտնաբերել մեր տիեզերքին արարիչն ու հայրը, եւ նոյնիսկ եթէ զինք գտնենք, իր մասին ամէնուն խօսիլը անկարելի է»։ Սակայն Յիսուս ըսաւ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են» (Ղուկ. 18։27)։ Տիեզերքին Ստեղծիչը կ’ուզէ որ մարդիկ զինք գտնեն եւ ճանչնան։ Աւելին, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատ. 28։19)։ Եհովա Աստուծոյ օգնութեամբ, կարելի է այդ պատուէրը կատարել։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ, թէ այդ գործը ինչպէ՛ս կը կատարուի մեր օրերուն։