Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան կ’առաջնորդէ մեր սորվեցնելու համաշխարհային գործը

Եհովան կ’առաջնորդէ մեր սորվեցնելու համաշխարհային գործը

«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ» (ԵՍԱ. 48։17

1. Արդի ժամանակներուն, ի՞նչ բաներ դժուարացուցած են քրիստոնեաներուն քարոզչութիւնը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Աշակերտները * շատ մը խոչընդոտներ դիմագրաւեցին 19–րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20–րդ դարու սկիզբը։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն պէս, անոնք շատերու ականջին անախորժ պատգամ մը ծանուցանեցին. թիւով քիչ էին եւ ոմանց կարծիքով՝ բարձր ուսում չունէին։ Աւելին, անոնք Բանսարկու Սատանայի «սաստիկ զայրոյթը» պիտի դիմագրաւէին (Յայտ. 12։12, ԱԾ)։ Եւ անոնք պիտի քարոզէին «վերջին օրեր»ուն մէջ, ուր «չար ժամանակներ» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1

2. Եհովան ի՞նչ ըրած է, որպէսզի արդի քարոզչութիւնը յառաջ մղէ։

2 Ասով հանդերձ, Եհովայի նպատակն էր որ իր ծառաները աննախընթաց տարողութեամբ ծանուցանեն բարի լուրը արդի օրերուն, եւ ոչինչ կրնայ իր նպատակին իրագործման արգելք հանդիսանալ։ Ինչպէս անցեալին իսրայէլ ազգը Բաբելոնէն ազատագրեց, ներկայիս ալ Եհովան իր ծառաները փրկած է «մեծ Բաբելոն»էն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն (Յայտ. 18։1-4)։ Ան մեզի օգտակար եղածը սորվեցուցած է, օգնած է որ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրինք եւ մեզ մարզած է որ իր մասին ուրիշներուն սորվեցնենք (կարդա՛ Եսայի 48։16-18)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ Եհովա Աստուած ապագան կանխաւ տեսնելով՝ աշխարհի բոլոր իրադարձութիւնները այնպէս մը կը կարգաւորէ, որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը յառաջ ընթանայ։ Եղա՛ծ են պայմաններ, որոնք նպաստած են մեր վկայութեան գործին։ Միւս կողմէ, Եհովայի օգնութեամբ կրցած ենք որոշ պարագաներու ներքեւ տոկալ, ինչպէս՝ հալածանք եւ ա՛յլ խնդիրներ, որոնք մեր քարոզելու գործը կը դժուարացնեն այս աշխարհին մէջ, որ Սատանայի իշխանութեան տակ է (Եսա. 41։13. Ա. Յովհ. 5։19

3. «Ճշմարիտ գիտութիւնը» ինչպէ՞ս շատցած է։

3 Ներշնչման ներքեւ, Դանիէլ մարգարէացաւ թէ վերջին ժամանակին մէջ «ճշմարիտ գիտութիւնը» (ՆԱ) պիտի շատնար (կարդա՛ Դանիէլ 12։4)։ Աստուծոյ օգնութեամբ, Աստուածաշունչի Աշակերտները հասկցան սուրբ գրային հիմնական ճշմարտութիւններ, որոնք շատոնց աղաւաղուած էին քրիստոնէական աշխարհի վարդապետութիւններով։ Այժմ, Եհովան իր ծառաները կը գործածէ ճշմարիտ գիտութիւնը երկրի չորս ծագերը տարածելու։ Արդարեւ, Դանիէլի մարգարէութեան կատարումը կը տեսնենք։ Մօտաւորապէս 8,000,000 անհատներ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընդունած են եւ զայն կը ծանուցանեն համայն աշխարհի մէջ։ Այս համաշխարհային քարոզչութիւնը կարելի դարձնող ազդակներէն ոմանք ի՞նչ են։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

4. 1900 թուականին, Աստուածաշունչը արդէն քանի՞ լեզուով մատչելի էր։

4 Բարի լուրի տարածման նպաստող ազդակներէն մէկն այն է, որ Աստուածաշունչը շատերուն մատչելի է։ Քրիստոնէական աշխարհի կղերները դարեր շարունակ չուզեցին որ մարդիկ Աստուածաշունչը կարդան, նոյնիսկ կարդացողները հալածեցին եւ զայն թարգմանողներէն ոմանք սպաննեցին։ Սակայն 19–րդ դարուն, Սուրբ Գրոց ընկերութիւնները Աստուածաշունչը մասամբ կամ ամբողջութեամբ մատչելի դարձուցին շուրջ 400 լեզուներով։ 1900 թուականին, շատեր արդէն ձեռք ձգած էին Աստուածաշունչը, բայց եւ այնպէս ճշգրիտ գիտելիքներ չունէին Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մասին։

5. Եհովայի վկաները ի՞նչ աշխատանք տարած են Աստուածաշունչը թարգմանելու մարզին մէջ։

5 Աստուածաշունչի Աշակերտները գիտէին թէ պէտք էր քարոզէին, եւ անխոնջօրէն բացատրեցին ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ։ Աւելին, Եհովայի ծառաները Աստուածաշունչի զանազան թարգմանութիւններ գործածած են ու բաշխած են։ 1950–էն ի վեր, անոնք աւելի քան 120 լեզուներով, մասամբ կամ ամբողջութեամբ, Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հրատարակած են։ Իսկ անոր 2013–ի անգլերէն տարբերակը աւելի դիւրաւ ուրիշ լեզուներու պիտի թարգմանուի։ Իր կարգին, Աստուածաշունչի յստակ ու դիւրընթեռնլի թարգմանութիւն գործածելը կ’օգնէ մեր քարոզչութիւնը կատարելու։

ԽԱՂԱՂ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ

6, 7. ա) Վերջին 100 տարիները որքա՞ն պատերազմներ տեսած են։ բ) Որոշ երկիրներու վայելած խաղաղ ժամանակները ի՞նչ օգուտներ բերած են մեր քարոզչութեան։

6 Թերեւս հարց տաս թէ աշխարհին մէջ որքանո՛վ խաղաղութիւն եղած է։ Օրինակ, միլիոնաւորներ սպաննուեցան 20–րդ դարուն պատերազմներուն մէջ, մա՛նաւանդ երկու աշխարհամարտերուն ընթացքին։ Բայց մինչ Բ. Աշխարհամարտը կը բռնկէր, 1942–ին՝ համաժողովի մը ընթացքին, Եհովայի վկաներուն մէջ առաջնորդութիւն առնող Նաթան Նոր, հետեւեալ խորագրով դասախօսութիւն մը տուաւ. «Խաղաղութիւնը կրնա՞յ յարատեւել»։ Ան Յայտնութիւն 17–րդ գլուխին մարգարէութիւնը բացատրեց, փաստելով թէ պատերազմէն ետք տեղի պիտի ունենար ոչ թէ Արմագեդոնը, այլ խաղաղ ժամանակ մը (Յայտ. 17։3, 11

7 Բ. Աշխարհամարտին աւարտը լման խաղաղութիւն չբերաւ։ Տեղեկագրի մը համաձայն, 331 զինեալ բախումներ եղան 1946–ի եւ 2013–ի միջեւ։ Միլիոնաւորներ մահացան։ Բայց այդ տարիներուն ընթացքին, բազմաթիւ երկիրներ որոշ չափով խաղաղութիւն վայելեցին, եւ Եհովայի ծառաները այդ առիթէն օգտուեցան բարի լուրը ծանուցանելու համար։ Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ 1944–ին, համայն աշխարհին մէջ, Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը 110,000–էն պակաս էր։ Բայց այսօր, մօտաւորապէս 8,000,000 Եհովայի վկաներ կան (կարդա՛ Եսայի 60։22)։ Երախտապարտ չե՞նք զգար, երբ մեզի կարելի կը դառնայ որ բարի լուրը խաղաղ պայմաններու տակ քարոզենք։

ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄՆԵՐ

8, 9. Ճամբորդելը ինչպէ՞ս դիւրացած է եւ ասիկա մեր գործին ինչպէ՞ս կ’օգնէ։

8 Փոխադրամիջոցներու յառաջացումը դիւրացուցած է մեր քարոզելու գործը։ 1900 թուականին,– առաջին Դիտարան–ը լոյս տեսնելէն մօտ 21 տարի ետք,– ամբողջ Միացեալ Նահանգներուն մէջ միայն 8000 գրանցուած ինքնաշարժներ կային, եւ լաւ ճամբաներու ընդհանուր երկարութիւնը միայն քանի մը հարիւր քիլոմեթր էր։ Այժմ աշխարհի տարածքին, աւելի քան մէկուկէս միլիառ գրանցուած ինքնաշարժներ կան եւ միլիոնաւոր քիլոմեթրներ երկարութեամբ լաւ ճամբաներ կան։ Ինքնաշարժներու եւ ճամբաներու շնորհիւ, մեզմէ շատեր կրնան բարի լուրը հասցնել անոնց, որոնք հեռաւոր տեղեր կ’ապրին։ Սակայն նոյնիսկ եթէ յարմար փոխադրամիջոցներ չունինք եւ ստիպուած ենք հետիոտն երկար ճամբաներ կտրել, հարկ եղած ջանքը կը թափենք աշակերտելու (Մատ. 28։19, 20

9 Ուրիշ բազմատեսակ փոխադրամիջոցներ ալ կան, որոնք մեր գործի օգտին կը ծառայեն։ Բեռնակառքերու, նաւերու եւ շոգեկառքերու օգնութեամբ, կարելի է քանի մը շաբթուան մէջ սուրբ գրային հրատարակութիւններ փոխադրել շատ հեռու վայրեր։ Օդանաւերու միջոցաւ, շրջանային տեսուչներ, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներ, միսիոնարներ եւ ուրիշներ շուտով կը ճամբորդեն մարզային համաժողովներու ներկայ գտնուելու կամ աստուածպետական նշանակումներ կատարելու համար։ Աւելին, Կառավարիչ մարմինի անդամներ եւ գլխաւոր կեդրոնատեղիէն ուրիշ եղբայրներ օդանաւով կ’ուղղուին շատ մը երկիրներ՝ հաւատակիցները քաջալերելու եւ անոնց ցուցմունքներ տալու համար։ Այսպիսով, փոխադրամիջոցի յառաջացումը կ’օգնէ, որ Եհովայի ծառաներուն մէջ միաբանութիւն ըլլայ (Սաղ. 133։1-3

ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

10. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ անգլերէնը միջազգային լեզու է։

10 Առաջին դարուն, Հռոմէական կայսրութեան մէջ տարածուած էր հասարակ յունարէնը (գօյնէ)։ Կա՞յ այսօր լեզու մը, որ այդչափ գործածութիւն ունի։ Շատեր պիտի ըսեն՝ անգլերէնը։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Աշխարհի բնակչութեան գրեթէ քառորդը արդէն պլպուլի պէս անգլերէն կը խօսի» (English as a Global Language)։ Շատեր անգլերէն լեզուն կը սորվին, քանի որ ատիկա միջազգային գործածութիւն ունի առեւտուրի, քաղաքականութեան, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան մէջ։

11. Անգլերէն լեզուն ինչպէ՞ս օգնած է որ ճշմարտութիւնը տարածուի։

11 Անգլերէնի լայնատարած գործածութիւնը օգնած է որ ճշմարտութիւնը տարածուի։ Դիտարան–ը եւ սուրբ գրային ա՛յլ հրատարակութիւններ տարիներ շարունակ կը տպուէին նա՛խ անգլերէնով։ Եհովայի վկաներու գլխաւոր կեդրոնատեղիին պաշտօնական լեզուն անգլերէնն է եւ ընդհանրապէս այդ լեզուով է որ դասընթացքներ կը տրուին Դիտարանի կրթական կեդրոնին մէջ, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք (ԱՄՆ)։

12. Եհովայի ծառաները ո՞ր տարողութեամբ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ թարգմանած են, իսկ արհեստագիտութիւնը ինչպէ՞ս օգնած է։

12 Քանի որ առանձնաշնորհումը ունինք Թագաւորութեան բարի լուրը բոլոր ազգերէն մարդոց քարոզելու, մեր հրատարակութիւնները շուրջ 700 լեզուներու թարգմանած ենք։ Այս մեծ ձեռնարկին մէջ մեզի օգնած է համակարգիչի արհեստագիտութեան յառաջդիմութիւնը, ներառեալ՝ Բազմալեզու ելեկտրոնային հրատարակութեան դրութեան (ՄԵՓՍ) զարգացումը։ Այս ջանքերը նպաստած են Թագաւորութեան պատգամը տարածելու եւ աշխարհի տարածքին մեր մէջ միութիւն յառաջացնելու։ Բայց մենք յատկապէս միացած ենք, քանի որ կը խօսինք աւելի կարեւոր լեզու մը,– աստուածաշնչական ճշմարտութեան «մաքուր լեզուն» (ՆԱ) (կարդա՛ Սոփոնիա 3։9

ՕՐԷՆՔՆԵՐ ԵՒ ԴԱՏԱՎՃԻՌՆԵՐ

13, 14. Այժմու քրիստոնեաները ինչպէ՞ս օրէնքներէն ու դատավճիռներէն օգտուած են։

13 Նախորդ յօդուածը նշեց, թէ նախկին քրիստոնեաները օգտուեցան հռոմէական օրէնքէն, որ ամբողջ կայսրութեան մէջ ի զօրու էր։ Նմանապէս, այժմու քրիստոնեաները օրինական կարգադրութիւններէն կ’օգտուին։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր մեր գլխաւոր կեդրոնատեղին կը գտնուի, սահմանադրութիւնը կ’երաշխաւորէ դաւանանքի, խօսքի ու հաւաքի ազատութիւնը։ Ատոր շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներուն մէջ եղբայրները ազատօրէն ժողովքային հանդիպումներ կ’ունենան ու իրենց սորվածը ուրիշներու հետ կը բաժնեն։ Սակայն հարկ եղած է ատեաններու միջոցաւ հաստատել որոշ իրաւունքներ ի գործ դնելու ազատութիւնը (Փլպ. 1։7)։ Երբ Միացեալ Նահանգներուն մէջ Եհովայի ծառաներուն դէմ դատավճիռ արձակուած է, աւելի բարձր ատեաններու դիմելով՝ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ ըլլալու իրենց իրաւունքը կրկին անգամ պաշտպանած են։

14 Ուրիշ երկիրներու ատեաններն ալ պաշտպանած են պաշտամունքի մեր ազատութիւնը եւ հրապարակաւ քարոզելու իրաւունքը։ Կարգ մը երկիրներու մէջ երբ դատեր կորսնցուցած ենք, միջազգային ատեաններու դիմած ենք։ Օրինակ՝ մինչեւ 2014–ի յունիս ամիսը, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը մեզի ի նպաստ 57 դատավճիռ արձակած է, որոնք Եւրոխորհուրդի բոլոր երկիրներուն պարտադրելի են։ «Բոլոր ազգերուն ատելի» ըլլալով հանդերձ, բազմաթիւ երկիրներու ատեանները ընդունած են, թէ ճշմարիտ պաշտամունքը ի գործ դնելու իրաւունքը ունինք (Մատ. 24։9

ՊԻՏԱՆԻ ԳԻՒՏԵՐ

Համայն աշխարհի մէջ, աստուածաշնչական հրատարակութիւններ մարդոց մատչելի կը դարձնենք

15. Տպագրութեան մարզին մէջ ի՞նչ յառաջդիմութիւն եղած է, եւ մեզի ինչպէ՞ս օգնած է։

15 Տպագրութեան մարզին մէջ եղած յառաջդիմութիւնը նպաստած է բարի լուրի համաշխարհային քարոզչութեան։ Դարեր շարունակ, մարդիկ գործածեցին տպելու մեթոտ մը, որ շուրջ 1450–ին Եոհաննէս Կիւթենպերկ հնարած էր։ Բայց վերջին 200 տարիներուն, տպարանները մեծապէս բարեփոխուեցան։ Բազմատիպ տպագրութիւնը (օֆսեթ) հնարուեցաւ, որ տպելու գործողութիւնը արագացուց եւ որակը բարելաւեց։ Միեւնոյն ատեն, աւելի աժան դարձան թուղթ պատրաստելը եւ գիրք կազմելը։ Այս բոլորը ինչպէ՞ս մեր գործունէութեան ազդեցին։ Նկատի առ հետեւեալը. Դիտարան–ի առաջին թիւը (յուլիս 1879) լոյս տեսաւ միայն անգլերէնով, առանց պատկերներու եւ տպաքանակը 6000 օրինակ։ Այսօր, 136 տարի ետք, Դիտարան–ի իւրաքանչիւր թիւէն աւելի քան 50,000,000 օրինակ կը տպուի ու կը բաշխուի։ Անիկա գունաւոր պատկերներ կը բովանդակէ եւ աւելի քան 200 լեզուներով մատչելի է։

16. Համայն աշխարհի մէջ քարոզելու համար, ի՞նչ գիւտեր մեզի օգնած են (տե՛ս բացման պատկերը)։

16 Նկատի առ վերջին 200 տարուան կարգ մը գիւտերը, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը բարի լուրը քարոզելու համար գործածած է։ Նախապէս նշեցինք շոգեկառքը, ինքնաշարժը եւ օդանաւը, բայց հետեւեալներն ալ կային. հեծանիւը, գրամեքենան, պրայլ սարքը, հեռագիրը, հեռաձայնը, լուսանկարի մեքենան, ձայնագրիչը, տեսագրիչը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, շարժապատկերները, համակարգիչը եւ համացանցը։ Ատոնք զանազան կերպերով մեզի օգնած են աշակերտելու յանձնարարութիւնը կատարելու։ Առ ի կատարում այն մարգարէութեան, թէ Եհովայի ժողովուրդը ‘ազգերուն կաթը պիտի ծծէր’, ազգերուն միջոցները իմաստութեամբ գործածած ենք, ինչպէս՝ արդի արհեստագիտութիւնը, որպէսզի բազմաթիւ լեզուներով արտադրենք Աստուածաշունչը եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ (կարդա՛ Եսայի 60։16

17. ա) Ապացոյցները ի՞նչ բան կը մատնանշեն։ բ) Եհովան ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ ըլլանք իր «գործակից»ները։

17 Բացորոշ է որ Աստուծոյ օրհնութեան զօրաւոր ապացոյցներ ունինք։ Անշուշտ Եհովայի նպատակներուն իրագործումը մեր օգնութենէն կախեալ չէ։ Բայց եւ այնպէս, մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը թոյլ կու տայ որ իր «գործակից»ները ըլլանք, եւ այսպէս կրնանք իրեն ու մեր ընկերին հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ (Ա. Կոր. 3։9. Մար. 12։28-31)։ Թող որ մեր պատեհութիւնները օգտագործենք Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանելու,– երկրագունդին վրայ ամէնէն կարեւոր գործը։ Ամէն գնով, յայտնենք թէ որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովան մեր սորվեցնելու համաշխարհային գործը առաջնորդած ու օրհնած է։

^ պարբ. 1 Աստուածաշունչի Աշակերտները 1931–ին «Եհովայի վկաներ» անունը որդեգրեցին (Եսա. 43։10