Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Արթուն» պիտի կենա՞ս

«Արթուն» պիտի կենա՞ս

«Արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը» (ՄԱՏ. 25։13

1, 2. ա) Յիսուս վերջին օրերուն մասին ի՞նչ յայտնեց։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

ՀԵՏԵՒԵԱԼ տեսարանը պատկերացուր։ Ձիթենեաց լերան վրայ, ուրկէ Երուսաղէմի տաճարը կը տեսնուի, Յիսուս իր ամէնէն հիասքանչ մարգարէութիւններէն մէկը կու տայ։ Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս ականջնին սրած իրեն մտիկ կ’ընեն, մինչ հեռաւո՜ր ապագային մասին կը խօսի։ Յիսուս բազմաթիւ բաներ կը նշէ այս չար աշխարհի վերջին օրերուն նկատմամբ, երբ պիտի թագաւորէր Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ։ Ան իր առաքեալներուն կ’ըսէ թէ այդ նշանակալից օրերուն, երկրի վրայ ներկայացուցիչ մը պիտի ունենար՝ իր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որ ատենին հոգեւոր կերակուր պիտի հայթայթէր Իր հետեւորդներուն (Մատ. 24։45-47

2 Ապա, նոյն մարգարէութեան մէջ, Յիսուս տասը կոյսերուն առակը կը պատմէ (կարդա՛ Մատթէոս 25։1-13)։ Նկատի առնենք երեք հարցումներ. 1) Տասը կոյսերուն առակին հիմնական պատգամը ի՞նչ է։ 2) Հաւատարիմ օծեալները ինչպէ՞ս կիրարկած են առակին խրատը եւ ի՞նչ արդիւնքով։ 3) Իւրաքանչիւրս ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ Յիսուսի առակէն։

ԱՌԱԿԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ Ի՞ՆՉ Է

3. Մեր հրատարակութիւնները անցեալին ի՞նչ մօտեցումով կը բացատրէին տասը կոյսերուն առակը, եւ ի՞նչ հաւանական արդիւնքով։

3 Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, թէ հաւատարիմ ծառան վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ճշդած է Աստուածաշունչի կարգ մը պատմութիւններ բացատրելու կերպը, աւելի կեդրոնանալով անոնց գործնական դասերուն վրայ, քան՝ հաւանական նախապատկերացումներուն վրայ։ Անցեալին, տասը կոյսերուն առակին առնչութեամբ, մեր հրատարակութիւնները երբեմն տուին մասնայատուկ այլաբանական իմաստ նոյնիսկ պզտիկ մանրամասնութիւններուն, ինչպէս՝ լապտերին, իւղին, ամանին, եւ այլն։ Սակայն կրնա՞յ ըլլալ որ թոյլ տուած ենք, որ ուշադրութիւնը առակին պարզ եւ հրատապ պատգամէն շեղի։ Պատասխանը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի։

4. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ առակին մէջ ա) ո՛վ է փեսան, բ) ո՛վ են կոյսերը։

4 Աչք մը նետենք այս առակին հիմնական պատգամին վրայ։ Նա՛խ նկատի առնենք գլխաւոր դերակատարները։ Ո՞վ է փեսան։ Յստակ է որ Յիսուս ինքն իր մասին կը խօսէր։ Ուրիշ առիթով ան նոյնիսկ ինքզինք փեսայ կոչեց (Ղուկ. 5։34, 35)։ Իսկ կոյսե՞րը։ Առակին մէջ, Յիսուս կ’ըսէ թէ կոյսերը պատասխանատուութիւնը ունին իրենց լապտերները վառած՝ պատրաստ ըլլալու, երբ փեսան գայ։ Յիսուս նոյնանման ուղղութիւն տուաւ «պզտիկ հօտ»ին, որոնք իր օծեալ հետեւորդներն են. «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։ Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն» (Ղուկ. 12։32, 35, 36)։ Ասկէ զատ, թէ՛ Պօղոս առաքեալ եւ թէ Յովհաննէս առաքեալ ներշնչման ներքեւ Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները մաքուր կոյսերու նմանցուցին (Բ. Կոր. 11։2. Յայտ. 14։4)։ Յստակ է ուրեմն, որ Յիսուս ի մտի ունէր իր օծեալ հետեւորդները խրատել եւ զգուշացնել այս առակով, որ արձանագրուած է Մատթէոս 25։1-13–ի մէջ։

5. Յիսուս ինչպէ՞ս յայտնեց իր առակին կիրարկուելուն ժամանակամիջոցը։

5 Ետքը, նկատի առնենք թէ Յիսուսի խրատը ո՛ր ժամանակամիջոցին կը կիրարկուի։ Կրնանք կծիկին ծայրը գտնել առակին վերջաւորութենէն, երբ Յիսուս ըսաւ թէ «փեսան եկաւ» (Մատ. 25։10)։ Ինչպէս որ այս պարբերաթերթի 15 յուլիս 2013 թիւին մէջ քննարկեցինք, Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած Յիսուսի մարգարէութիւնը ութ անգամ իր ‘գալուն’ կ’ակնարկէ։ Իւրաքանչիւր պարագային, Յիսուս կ’ակնարկէր այն ժամանակին, երբ մեծ նեղութիւնը սկսելէ ետք պիտի գայ դատելու եւ ապա այս չար աշխարհը կործանելու։ Ուստի ակնյայտ է որ այս առակը վերջին օրերուն կը կիրարկուի, բայց իր յանգումին կը հասնի մեծ նեղութեան ընթացքին։

6. Շուրջի համարներուն ի տես, առակին հիմնական պատգամը ի՞նչ է։

6 Առակին հիմնական պատգամը ի՞նչ է։ Շուրջի համարները ի մտի ունեցիր։ Յիսուս դեռ նոր խօսած էր իր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մասին։ Ծառան պիտի բաղկանար խումբ մը օծեալ տղամարդոցմէ, որոնք վերջին օրերուն առաջնորդութիւնը պիտի առնէին Քրիստոսի հետեւորդներուն մէջ։ Յիսուս այդ տղամարդիկը զգուշացուց որ հաւատարիմ մնան։ Ետքը, ան իր խօսքը ընդարձակեց եւ այս առակը տուաւ, որպէսզի վերջին օրերուն մէջ ապրող իր բոլոր օծեալ հետեւորդները յորդորէր, որ ‘արթուն կենան’ եւ իրենց թանկագին վարձատրութիւնը չկորսնցնեն (Մատ. 25։13)։ Այժմ քննարկենք այս առակը եւ տեսնենք թէ օծեալները ինչպէ՛ս կիրարկած են անոր խրատը։

ՕԾԵԱԼՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԻՐԱՐԿԱԾ ԵՆ ԱՌԱԿԻՆ ԽՐԱՏԸ

7, 8. ա) Իմաստուն կոյսերը ո՞ր երկու յատկութիւններուն շնորհիւ պատրաստ էին։ բ) Օծեալները ինչպէ՞ս նախապատրաստուած եղած են։

7 Յիսուսի առակը կը շեշտէ, թէ իմաստուն կոյսերը, ի տարբերութիւն յիմար կոյսերուն, պատրաստ էին երբ փեսան եկաւ։ Ինչո՞ւ։ Երկու յատկութիւններու շնորհիւ. պատրաստականութիւն եւ արթնութիւն։ Տասը կոյսերն ալ գիշերուան ընթացքին պէտք էր արթուն մնային եւ իրենց լապտերները վառած պահէին։ Ի տարբերութիւն յիմար կոյսերուն, հինգ իմաստուն կոյսերը ի՛րապէս նախապատրաստուած էին, իրենց լապտերներուն հետ մէկտեղ՝ յաւելեալ իւղ լեցնելով իրենց ամաններուն մէջ։ Հաւատարիմ օծեալները նմանապէս նախապատրաստուած եղա՞ծ են։

8 Անշո՜ւշտ։ Վերջին օրերու ընթացքին, օծեալ քրիստոնեաները այդ իմաստուն կոյսերուն պէս վարուած են, մինչեւ վերջ իրենց նշանակումը հաւատարմօրէն կատարելու համար պատրաստ ըլլալով։ Անոնք կ’անդրադառնան որ իրենց հաւատարիմ ծառայութիւնը պիտի նշանակէ հրաժարիլ Սատանայի աշխարհին հրամցուցած շատ մը նիւթական բարիքներէն։ Անոնք վճռած են Եհովային բացարձակ պաշտամունք մատուցանել ոչ թէ քանի որ որոշ ժամանակ մը կամ ժամկէտ մը ի մտի ունին, այլ՝ քանի որ կը սիրեն զինք ու իր Որդին։ Անոնք իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն, թոյլ չտալով որ աշխարհի նիւթապաշտական, անբարոյ եւ անձնասէր ոգին իրենց ազդէ։ Այսպէս, անոնք պատրաստ կը կենան, լուսաւորներու պէս հաստատօրէն փայլելով, եւ համբերութեամբ կը սպասեն Փեսային գալուստին, նոյնիսկ եթէ թուի թէ կ’ուշանայ (Փլպ. 2։15

9. ա) Յիսուս թմրելու բնական հակումին մասին ի՞նչ զգուշացում տուաւ։ բ) Օծեալները ինչպէ՞ս ընդառաջած են «Ահա փեսան կու գայ» աղաղակին (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

9 Երկրորդ յատկութիւնը, որ այդ կոյսերուն օգնեց պատրաստ մնալու, արթնութիւնն էր։ Բայց առակին մէջ, տասը կոյսերն ալ «թմրեցան ու քնացան», երբ փեսան ըստ երեւոյթին ուշացաւ։ Ուստի կրնա՞յ ըլլալ որ օծեալ քրիստոնեաները անհատապէս «քնանան», այսինքն Քրիստոսի գալուստին սպասելու ատեն մտացիր ըլլան։ Այո՛, կրնայ ըլլալ։ Յիսուս քաջատեղեակ էր, որ նոյնիսկ կամեցող, անձկալից անհատ մը կրնար մարմնի տկարութեան տեղի տալ։ Հաւատարիմ օծեալները առակին զգուշացումը լուրջի առած են եւ ա՛լ աւելի ջանք թափած են արթուն կենալու։ Ինչպէ՞ս։ Առակին մէջ, բոլոր կոյսերն ալ ընդառաջեցին կէս գիշերուան ձայնին. «Ահա փեսան կու գայ»։ Բայց միայն իմաստուն կոյսերը մինչեւ վերջ աչալուրջ մնացին (Մատ. 25։5, 6. 26։41)։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել այժմու հաւատարիմ օծեալներուն մասին։ Վերջին օրերու ընթացքին, անոնք ընդառաջած են զօրաւոր ապացոյցին, որ կ’աղաղակէ. «Ահա փեսան»,– որ գալու վրայ է։ Անոնք նաեւ աչալուրջ մնացած են, պատրաստ կերպով սպասելով Փեսային գալուն *։ Այժմ քննարկենք առակին վերջին մասը, որ կը կեդրոնանայ մասնայատուկ ժամանակամիջոցի մը վրայ։

ԻՄԱՍՏՈՒՆՆԵՐՈՒՆ՝ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆ, ԻՍԿ ՅԻՄԱՐՆԵՐՈՒՆ՝ ՊԱՏԻԺ

10. Կոյսերուն միջեւ եղած խօսակցութիւնը ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ։

10 Առակին ամէնէն շփոթեցուցիչ մասը թերեւս վերջին տեղն է, երբ յիմար եւ իմաստուն կոյսերուն միջեւ խօսակցութիւն կ’ըլլայ (կարդա՛ Մատթէոս 25։8, 9)։ Այդ խօսակցութենէն այս հարցումը կը ծագի. «Աստուծոյ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, ե՞րբ հաւատարիմ անհատներ պիտի մերժէին օգնութիւն խնդրողներուն օգնել»։ Այս հանելուկին պատասխանը դարձեալ կրնանք գտնել, նկատի առնելով առակին կիրարկման ժամանակամիջոցը։ Յիշէ մեր ճշդուած բացատրութիւնը, թէ Յիսուս՝Փեսան, մեծ նեղութեան վերջաւորութենէն քիչ առաջ կու գայ դատելու համար։ Ուստի հաւանական է, որ առակին այս մասը կը կեդրոնանայ թէ ի՛նչ պիտի պատահի այդ վճռական դատաստանը չսկսած, քանի որ այդ ատեն օծեալները արդէն ստացած են իրենց վերջնական կնքումը։

11. ա) Մեծ նեղութիւնը չսկսած, ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։ բ) Իմաստուն կոյսերը ի՞նչ ըսել ուզեցին երբ յիմար կոյսերուն ըսին որ իւղ ծախողներուն երթան։

11 Ուրեմն, մեծ նեղութիւնը չսկսած, երկրի վրայ բոլոր հաւատարիմ օծեալները իրենց վերջնական կնքումը ստացած պիտի ըլլան (Յայտ. 7։1-4)։ Այդ ժամանակէն սկսեալ, անոնց երկինք երթալը ստոյգ է։ Բայց պահ մը խորհէ մեծ նեղութեան նախորդող տարիներուն մասին։ Ի՞նչ կը պատահի այն օծեալներուն, որոնք արթուն չեն մնար եւ իրենց ուղղամտութիւնը կը բեկանեն։ Անոնք իրենց երկնային վարձատրութիւնը կը կորսնցնեն։ Բացայայտ է որ մեծ նեղութիւնը չսկսած, անոնք վերջնական կնքումը պիտի չստանան. արդէն իրենց տեղը ուրիշ հաւատարիմ քրիստոնեաներ օծուած են։ Երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, այդ յիմարները թերեւս ցնցուին Մեծ Բաբելոնին կործանումը տեսնելով։ Թերեւս միայն այդ ատեն է, որ անոնք պիտի անդրադառնան թէ պատրաստ չեն Փեսային գալուն։ Եթէ անոնք այդ ուշ ժամուն ճարահատօրէն օգնութիւն խնդրեն, ի՞նչ պիտի պատահի։ Յիսուսի առակը մեզի կը պատասխանէ։ Իմաստուն կոյսերը մերժեցին իրենց իւղը տալ յիմար կոյսերուն, եւ ըսին որ ծախողներուն երթան զայն գնելու համար։ Բայց մի՛ մոռնար որ «կէս գիշեր» էր։ Միթէ անոնք ոեւէ իւղավաճառ պիտի գտնէի՞ն այդ ժամուն։ Ո՛չ։ Արդէն շատ ուշ պիտի ըլլար։

12. ա) Մեծ նեղութեան ընթացքին, ի՞նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք ատեն մը օծեալ էին բայց ետքը անհաւատարիմ եղան վերջնական կնքումէն առաջ։ բ) Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վերջը, որոնք կը փաստեն թէ յիմար կոյսերուն պէս են։

12 Նմանապէս, մեծ նեղութեան ընթացքին, հաւատարիմ օծեալները չեն կրնար օգնել ոեւէ անհատի, որ անհաւատարիմ է։ Որեւէ մատչելի օգնութիւն պիտի չըլլայ։ Արդէն շատ ուշ պիտի ըլլայ։ Ուրեմն անոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Յիսուս կը բացատրէ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ, երբ յիմար կոյսերը ի զուր իւղ փնտռելու գացին. «Փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ»։ Երբ Քրիստոս մեծ նեղութեան վերջաւորութենէն քիչ առաջ իր փառքովը գայ, իր հաւատարիմ օծեալները երկինք պիտի հաւաքէ (Մատ. 24։31. 25։10. Յովհ. 14։1-3. Ա. Թես. 4։16)։ Դուռը անշուշտ պիտի գոցուի անհաւատարիմներուն երեսին, որոնք կը փաստեն թէ յիմար կոյսերուն պէս են։ Անոնք կարծես թէ աղաղակեն. «Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի»։ Բայց բազմաթիւ այծանման մարդոց պէս, այդ դատաստանի ժամուն նոյն պատասխանը պիտի ստանան. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար»։ Ի՜նչ ցաւալի է (Մատ. 7։21-23. 25։11, 12

13. ա) Ինչո՞ւ պէտք չկայ եզրակացնելու, թէ Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներէն շատեր անհաւատարիմ պիտի ըլլան։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, թէ տասը կոյսերուն առակը Յիսուսին վստահութիւնը կը յայտնէ օծեալ քրիստոնեաներուն վրայ (տե՛ս բացման պատկերը)։

13 Արդեօք Յիսուս ըսել ուզե՞ց, որ իր օծեալ ծառաներէն շատեր անհաւատարիմ պիտի գտնուէին եւ պիտի փոխարինուէին ուրիշներով։ Ո՛չ։ Ան դեռ նոր զգուշացուցած էր իր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որ բնաւ չար ծառայի չվերածուէր։ Այդ զգուշացումը չնշանակեց, թէ Յիսուս այդպիսի բան կ’ակնկալէր։ Նոյնանման կերպով, այս առակը մեծապէս ազդարարական է։ Ինչպէս որ հինգ կոյսեր իմաստուն էին եւ հինգ կոյսեր՝ յիմար, իւրաքանչիւր օծեալ լիովին կրնայ ընտրել կա՛մ պատրաստ եւ արթուն մնալ, եւ կամ յիմար ու անհաւատարիմ ըլլալ։ Ներշնչման ներքեւ, Պօղոս առաքեալ նոյնպիսի ազդարարութիւն մը տուաւ իր օծեալ հաւատակիցներուն (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։4-9. համեմատէ՛ Բ. Օրինաց 30։19)։ Իր ազդարարութիւնը ուժգին էր, բայց նաեւ վստահ էր որ իր եղբայրներն ու քոյրերը պիտի վարձատրուէին։ Տասը կոյսերուն առակին զգուշացումը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս նոյնանման վստահութիւն ունի օծեալներուն վրայ։ Քրիստոս գիտէ թէ իր օծեալ ծառաներէն իւրաքանչիւրը կրնայ հաւատարիմ մնալ եւ հիանալի վարձատրութիւնը ստանալ։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ «ՈՒՐԻՇ ՈՉԽԱՐՆԵՐ»Ը ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՕԳՏՈՒԻԼ

14. «Ուրիշ ոչխարներ»ը ինչո՞ւ կրնան նոյնպէս օգտուիլ տասը կոյսերուն առակէն։

14 Որովհետեւ Յիսուս տասը կոյսերուն առակը իր օծեալ հետեւորդներուն ուղղեց, պէ՞տք է եզրակացնենք թէ իր «ուրիշ ոչխարներ»ը չեն կրնար օգտուիլ ատկէ (Յովհ. 10։16)։ Ո՛չ։ Յիշէ առակին պարզ պատգամը. «Արթո՛ւն կեցէք»։ Այս խօսքը միա՞յն օծեալներուն կը կիրարկուի։ Յիսուս ատեն մը ըսաւ. «Ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’» (Մար. 13։37)։ Յիսուս իր բոլոր հետեւորդներէն կ’ակնկալէ որ պատրաստ եւ արթուն ըլլան։ Ուստի բոլոր քրիստոնեաները կը հետեւին օծեալներուն ընտիր օրինակին, ծառայութիւնը առաջին տեղը դնելով իրենց կեանքին մէջ։ Ի մտի ունեցիր որ յիմար կոյսերը իմաստուն կոյսերէն քիչ մը իւղ ուզեցին։ Իրենց այս ունայն խնդրանքէն կրնանք վերյիշել, որ մէկը չի կրնար մեր տեղը հաւատարիմ ըլլալ, մեր տեղը ճշմարտութեան մէջ մնալ կամ մեր տեղը արթուն կենալ։ Մեզմէ ամէն մէկը իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Եհովայի կողմէ նշանակուած արդար Դատաւորին։ Պէտք է պատրա՛ստ ըլլանք։ Ան գալու վրա՛յ է։

Կոյսերուն քիչ մը իւղ խնդրելը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ո՛չ ոք կրնայ մեր տեղը հաւատարիմ կամ արթուն մնալ

15. Քրիստոսի ապագայ հարսանիքը ինչո՞ւ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները կը հետաքրքրէ։

15 Յիսուսի առակին գլխաւոր դէպքը կրնայ բոլոր քրիստոնեաներուն օգտել։ Ի վերջոյ, մեզմէ ո՞վ չէ հետաքրքրուած այդ ապագայ ամուսնութեամբ։ Օծեալները երկինքը պիտի ըլլան, եւ Արմագեդոնի պատերազմէն ետք, Քրիստոսին հարսը պիտի դառնան (Յայտ. 19։7-9)։ Այդ ատեն, երկրի վրայ ամէն մարդ պիտի օգտուի այդ երկնային ամուսնութենէն, քանի որ կատարեալ կառավարութիւն կ’երաշխաւորէ բոլորին համար։ Մեր յոյսը ըլլայ երկնայի՛ն թէ երկրային, վճռենք տասը կոյսերուն առակին կարեւոր դասը սորվիլ։ Թող պատրաստ, անխախտ ու աչալուրջ մնանք, որպէսզի կարենանք վայելել այն փառաւորեալ ապագան, որ Եհովան վերապահած է մեզի համար։

^ պարբ. 9 Առակին մէջ, որոշ ժամանակամիջոց մը կայ «Ահա փեսան կու գայ» աղաղակին (6–րդ համար) եւ փեսային իսկական գալուն (10–րդ համար) միջեւ։ Վերջին օրերու ընթացքին, աչալուրջ օծեալները ըմբռնած են Յիսուսի ներկայութեան նշանը։ Արդ, անոնք գիտե՛ն թէ ան Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ կը թագաւորէ, բայց պէտք է արթուն մնան մինչեւ որ ինք գայ։