Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալը տակաւի՞ն իրապաշտական է

‘Միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալը տակաւի՞ն իրապաշտական է

«Ժողովքին մէջ կեանքի ընկեր չեմ գտներ. կը վախնամ որ առանձին ծերանամ»։

«Աշխարհի մէջ կարգ մը տղամարդիկ քաղցրաբարոյ, սիրալիր ու կարեկից են։ Անոնք կրօնքիս չեն հակառակիր, եւ կարգ մը եղբայրներէ աւելի գրաւիչ յատկութիւններ ունին»։

Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք այսպիսի մեկնաբանութիւններ ըրած են կողակից մը գտնելու շուրջ։ Բայց եւ այնպէս, անոնք քաջածանօթ են Պօղոս առաքեալի խրատին, թէ ամուսնութիւնը ‘միայն Տէրոջմով’ ըլլայ,– խրատ մը որ բոլոր քրիստոնեաներուն վարքը պէտք է ղեկավարէ (Ա. Կոր. 7։39)։ Ուստի, անոնք ինչո՞ւ այդպէս կ’արտայայտուին։

ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈՒ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՆ

Այսպիսի մեկնաբանութիւններ ընողները թերեւս կը խորհին որ թեկնածու եղբայրներուն ու քոյրերուն թիւը հաւասար չէ։ Արդարեւ այս է պարագան բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Նկատի առ երկու օրինակ. Քորէայի մէջ, միջին հաշուով, ամէն 100 ամուրի Վկաներէն 57–ն քոյրեր են, իսկ 43–ը՝ եղբայրներ։ Քոլոմպիոյ մէջ, Վկաներուն 66 առ հարիւրը քոյրեր են, իսկ 34 առ հարիւրը՝ եղբայրներ։

Կարգ մը երկիրներու մէջ բարդացնող ազդակ մը առկայ է. անհաւատ ծնողներ կը պահանջեն սուղ մահր, համեստ միջոցներ ունեցող եղբայրներուն համար ամուսնութիւնը դժուարացնելով։ Այսպիսի խոչընդոտներ նկատի առնելով, քոյր մը կրնայ խորհիլ թէ «Տէրոջմով» ամուսնանալու հաւանականութիւնը տկար է։ Ուստի, ան թերեւս հարց տայ. «Արդեօք իրապաշտակա՞ն է կարծել թէ կրնամ հաւատակիցներուս մէջ յարմար կողակից մը գտնել» *։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԻԼԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է

Եթէ երբեք այդպէս մտածած ես, վստահ եղիր որ Եհովան կացութիւնդ գիտէ, ինչպէս նաեւ՝ թէ ինչպէ՛ս կը զգաս հարցին շուրջ (Բ. Մն. 6։29, 30

Այսուհանդերձ Եհովան իր Խօսքին մէջ նշած է, թէ ամուսնութիւնը միայն Տէրոջմով ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէ թէ ի՛նչ բան իր ժողովուրդին համար օգտակար է։ Ան ոչ միայն կ’ուզէ անխոհեմ ընթացքի մը առթած ցաւէն զերծ պահել իր ծառաները, այլեւ կ’ուզէ որ ուրախ ըլլան։ Նէեմիան Սողոմոնի գէշ օրինակին ակնարկեց, երբ տեսաւ որ բազմաթիւ հրեաներ կ’ամուսնանային Եհովան չպաշտող օտար կիներու հետ։ Սողոմոն «իր Աստուծոյն սիրելի էր. . . սակայն օտարազգի կիները անոր ալ մեղանչել տուին» (Նէ. 13։23-26)։ Ուրեմն, իր ծառաներուն բարիքի՛ն համար, Աստուած մեզի ուղղութիւն տուած է որ ամուսնանանք միայն ճշմարիտ երկրպագուներու հետ (Սաղ. 19։7-10. Եսա. 48։17, 18)։ Հարազատ քրիստոնեաները երախտապարտ են Աստուծոյ սիրալիր հոգատարութեան համար եւ իր ուղղութեան կ’ապաւինին։ Այսպէս իրեն ենթարկուելով որպէս Կառավարիչ, զինք կը ճանչնան որպէս տիեզերքի Գերիշխան (Առ. 1։5

Վստահաբար չես ուզեր «անհաւասար լծակից» ըլլալ անհատի մը հետ, որ կրնայ քեզ Աստուծմէ հեռացնել (Բ. Կոր. 6։14, ՆԱ)։ Ներկայիս, բազմաթիւ քրիստոնեաներ հնազանդած են Աստուծոյ ուղղութեան, որ երկար ժամանակ փաստած է պաշտպանական ըլլալ, եւ գիտակցած են թէ իմաստուն ընթացքին հետեւած են։ Բայց ոմանք որոշած են ուրիշ ուղի բռնել։

ՏԱԿԱՒԻՆ ԻՐԱՊԱՇՏԱԿԱՆ

Աւստրալիոյ մէջ Մակի * անունով քոյր մը կը բացատրէ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ սկսաւ անհաւատի մը հետ ժամադրուիլ. «Շատ մը ժողովներ փախցուցի, պարզապէս անոր հետ ըլլալու համար։ Հոգեւորութեանս մակարդակը արագօրէն ցածցաւ»։ Հնդկաստանի մէջ, Ռաթանան ռոմանթիկ զգացումներ զարգացուց դասընկերոջ մը հանդէպ, որ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ժամանակի ընթացքին, ան ցոյց տուաւ որ իր շարժառիթն էր քրոջ մօտենալ։ Ռաթանան ի վերջոյ ճշմարտութիւնը լքեց ու այլ կրօնքի պատկանեցաւ, որպէսզի ամուսնանայ։

Գամերունի մէջ յաւելեալ օրինակ մըն է՝ Նտենկէյ։ Անոր նշանածը խոստացաւ որ իր պաշտամունքին արգելք պիտի չհանդիսանար։ Նտենկէյ 19 տարեկանին ամուսնացաւ. բայց հարսանիքէն միայն երկու շաբաթ ետք, ամուսինը զինք արգիլեց քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ ըլլալէ։ Ան կ’ըսէ. «Մինակութիւնը զիս պատեց ու անդադար լացի։ Անդրադարձայ թէ այլեւս կեանքիս ղեկը ձեռքս չէ։ Յարատեւ խիղճի խայթ զգացի»։

Անշուշտ, ո՛չ բոլոր անհաւատ կողակիցները անգութ եւ անբանաւոր կ’ըլլան։ Սակայն, նոյնիսկ եթէ անհաւատի մը հետ ամուսնանալով այդ հետեւանքները չկրես, սիրառատ երկնաւոր Հօրդ հետ փոխյարաբերութիւնդ ինչպէ՞ս պիտի ազդուի։ Ի՞նչ պիտի զգաս, գիտնալով որ բարիքիդ նպաստող իր խրատը մտիկ չես ըրած։ Իսկ կարեւորագոյնը, ան որոշումիդ նկատմամբ ինչպէ՞ս պիտի զգայ (Առ. 1։33

Աշխարհի տարածքին եղբայրներ ու քոյրեր կրնան վկայել, թէ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալը լաւագոյն ընթացքն է։ Ամուրիները վճռած են Աստուծոյ սիրտը ուրախացնել, յօժարելով ամուսնանալ միայն իր երկրպագուներէն մէկուն հետ։ Ճափոնի մէջ, երբ Միչիքոն ամուրի էր, իր ազգականները փորձեցին զինք համոզել որ անհաւատի մը հետ ամուսնանայ։ Այս ճնշումէն զատ, անոր կարգ մը բարեկամներն ու ծանօթները ամուսնացան, ժողովքին մէջ կողակիցներ գտնելով։ Ան կ’ըսէ. «Շարունակ իմ անձիս կ’ըսէի, որ Եհովան ‘երանելի Աստուած’ է, ուրեմն մեր երջանկութիւնը կախեալ չէ մեր ամուսնացած ըլլալէն կամ չըլլալէն։ Նաեւ կը հաւատամ որ ան մեզի կը շնորհէ մեր սրտին փափաքները։ Ուստի, ամուսնանալ ուզելով հանդերձ, եթէ կեանքի ընկեր չենք գտներ, լաւագոյն բանն է՝ հիմակուհիմա ամուրի մնալ» (Ա. Տիմ. 1։11)։ Ի վերջոյ, Միչիքօ ամուսնացաւ լաւ եղբօր մը հետ, եւ ուրախ է որ սպասեց։

Կարգ մը եղբայրներ յարմար կողակից մը գտնելու համար նմանապէս սպասած են։ Անոնցմէ մէկն է՝ Պիլ, Աւստրալիոյ մէջ։ Ան կը խոստովանի թէ երբեմն ժողովքէն դուրս եղող կիներով հրապուրուեցաւ։ Բայց հաստատօրէն մերժեց անոնց հետ բարեկամանալ։ Ինչո՞ւ։ Չուզեց առնել առաջին քայլը, որ կ’առաջնորդէ անհաւատի մը հետ «անհաւասար լծակից» ըլլալու։ Տարիներու ընթացքին, կարգ մը քոյրեր իր ուշադրութիւնը գրաւեցին, բայց այս մէկը փոխադարձ չէր։ 30 տարի սպասելէ ետք, ան յարմար քրոջ մը ծանօթացաւ։ Պիլ կ’ըսէ. «Բնաւ չեմ ափսոսար», եւ կը բացատրէ. «Օրհնուած եմ, քանի որ միասնաբար քարոզչութեան կը մասնակցինք, միասնաբար կ’ուսումնասիրենք եւ միասնաբար կը պաշտենք։ Ուրախութեամբ կը ծանօթանամ ու կ’ընկերակցիմ կնոջս բարեկամներուն, քանի որ բոլորն ալ Եհովայի երկրպագուներ են։ Մեր ամուսնութիւնը կ’ամրացնենք՝ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործածելով»։

ՄԻՆՉ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՍ

Ի՞նչ կրնաս ընել, մինչ հարցը հոգածու երկնաւոր Հօրդ յանձնած ես։ Կէտերէն մէկն է՝ մտածել թէ ինչո՛ւ չես ամուսնացած։ Եթէ գլխաւոր պատճառը հիմնուած է ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալու աստուածաշնչական ուղղութեան վրայ, գովելի ես՝ այս աստուածային պատուէրը յարգելուդ համար։ Վստահաբար Եհովան կը հաճի հաստատ որոշումիդ, որ իր Խօսքին հնազանդիս (Ա. Թագ. 15։22. Առ. 27։11)։ Շարունակէ աղօթքով ‘Աստուծոյ առջեւ սիրտդ բանալ’ (Սաղ. 62։8)։ Աղօթքներդ կրնան ա՛լ աւելի իմաստալից դառնալ, մինչ լրջօրէն ու անդադար կ’աղաչես։ Ներքին եւ արտաքին ճնշումներու դիմաց անխախտ մնալով, Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ օրէ օր պիտի զօրանայ։ Մի՛ մոռնար որ Բարձրեալը իր բոլոր հաւատարիմ ծառաներով հետաքրքրուած է եւ դուն թանկարժէք ես իր աչքին։ Ան կարիքներդ ու տենչանքներդ նկատի կ’առնէ։ Ճիշդ է որ ոեւէ անհատի չի խոստանար կողակից մը հայթայթել, բայց եթէ իսկապէս կողակիցի մը կարիք ունիս, Ան գիտէ պատշաճ ցանկութիւններդ գոհացնելու լաւագոյն կերպը (Սաղ. 145։16. Մատ. 6։32

Երբեմն թերեւս բաժնես Դաւիթի զգացումները, որ ըսաւ. «Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր. իմ հոգիս մարեցաւ. քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինձմէ» (Սաղ. 143։5-7, 10)։ Այս պարագային, երկնաւոր Հօրդ ժամանակ տուր, որ ցոյց տայ թէ ի՛նչ է իր կամքը քեզի համար։ Այս մէկը կրնաս ընել՝ իր Խօսքը կարդալով եւ կարդացածիդ վրայ խոկալով։ Քաջածանօթ պիտի ըլլաս իր պատուէրներուն եւ պիտի նկատես թէ անցեալին ինչպէ՛ս գործեց ի նպաստ իր ժողովուրդին։ Եհովային մտիկ ընելով, ա՛լ աւելի վստահ պիտի ըլլաս, թէ իրեն հնազանդիլը իմաստութիւն է։

Ժողովքին մէջ ամուրիները պիտանի են. յաճախ ընտանիքներուն եւ երեխաներուն կ’օգնեն

Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ ամուրիութեան տարիներդ ուրախ եւ արդիւնաբեր դարձնել։ Ջանա՛ մշակել հոգեւոր խորատեսութիւն, առատաձեռնութիւն, աշխատասիրութիւն, զուարթամտութիւն, աստուածպաշտութիւն եւ բարի համբաւ,– բոլորն ալ ուրախ ընտանեկան կեանքի համար անգին են (Ծն. 24։16-21. Հռութ 1։16, 17. 2։6, 7, 11. Առ. 31։10-27)։ Թագաւորութեան առաջնահերթութիւն տուր, քարոզչութեան եւ քրիստոնէական այլ գործունէութիւններու մէջ լիակատար բաժին բերելով, եւ ասիկա իբրեւ պաշտպանութիւն պիտի ծառայէ։ Նախապէս նշուած Պիլ կ’ըսէ այն տարիներուն մասին, երբ կ’ուզէր ամուսնանալ. «Անոնք շատ արագ անցան։ Ժամանակը գործածեցի Եհովայի ծառայութեան մէջ որպէս ռահվիրայ»։

Այո, ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալը տակաւի՛ն իրապաշտական է։ Այս ուղղութեան հնազանդիլը կրնայ քեզի օգնել որ Եհովան պատուես ու մնայուն գոհունակութիւն հնձես։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։ Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ» (Սաղ. 112։1, 3)։ Արդ, վճռէ կառչիլ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալու աստուածային պատուէրին։

^ պարբ. 7 Այս յօդուածին մէջ հարցը կը քննարկենք քրոջ մը տեսանկիւնէն դիտուած, թէեւ նոյն սկզբունքները եղբայրներուն ալ կը կիրարկուին։

^ պարբ. 13 Կարգ մը անուններ փոխուած են։