Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ՞Ս ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՍԵՐՏԵԼ

Աստուածաշունչը սերտելու ծրագիր մը բոլորին համար

Աստուածաշունչը սերտելու ծրագիր մը բոլորին համար

Եհովայի վկաները հանրածանօթ են իրենց հանրային քարոզչութեամբ։ Բայց գիտէի՞ր որ Աստուածաշունչը սերտելու երկրապարփակ ծրագիր մըն ալ ունինք։

2014–ին, ամէն ամիս աւելի քան 8,000,000 Վկաներ շուրջ 9,500,000 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարեցին 240 երկիրներու մէջ *։ Մեզի հետ Աստուածաշունչը սերտողներուն թիւը աւելի է, քան՝ մօտ 140 երկիրներու բնակչութեան թիւը։

Այս կրթական գործունէութիւնը կատարելու համար, Եհովայի վկաները ամէն տարի կը տպագրեն մօտաւորապէս մէկուկէս միլիառ Աստուածաշունչ, գիրք, պարբերաթերթ եւ ա՛յլ սուրբգրային հրատարակութիւններ,– շուրջ 700 լեզուներով։ Հրատարակչական այս աննման ջանքերուն շնորհիւ, մարդիկ կրնան Աստուածաշունչը իրենց ընտրած լեզուով սերտել։

ՅԱՃԱԽ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՄԵՐ ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ի՞նչ է ուսումնասիրութեան մեթոտը։

Աստուածաշունչէն զանազան նիւթեր կ’առնենք եւ անոնց հետ կապ ունեցող համարներ կը քննարկենք։ Օրինակ՝ Աստուածաշունչը հետեւեալ հարցումներուն կը պատասխանէ. Ո՞վ է Աստուած, Ի՞նչ է անոր բնոյթը, Ան անուն մը ունի՞, Ո՞ւր կը բնակի, Կրնա՞նք իրեն մօտենալ։ Պատասխանները գտնելու բանալին է՝ գիտնալ ո՛ւր փնտռել Աստուածաշունչին մէջ։

Որպէսզի մարդոց օգնենք պատասխանները գտնելու, սովորաբար կը գործածենք 224 էջնոց գիրք մը, որուն խորագիրն է՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ *։ Այս գիրքը յատկապէս պատրաստուած է մարդոց օգնելու, որ Աստուածաշունչին հիմնական ուսուցումները հասկնան։ Քննարկուած նիւթերէն ոմանք են՝ Աստուած, Յիսուս Քրիստոս, մարդկային տառապանք, յարութիւն, աղօթք։

Ե՞րբ եւ ո՞ւր կրնամ ուսումնասիրել։

Կրնաս ուսումնասիրել քեզի յարմար եղող ժամուն եւ վայրին մէջ։

Ուսումնասիրութեան նիստ մը որքա՞ն ժամանակ կ’առնէ։

Շատեր ամէն շաբաթ շուրջ մէկ ժամ կը յատկացնեն Աստուածաշունչը սերտելու համար։ Բայց պարագան անձէ անձ կը տարբերի։ Կրնանք քու յայտագրիդ յարմարիլ։ Ոմանք շաբաթը միայն 10 կամ 15 վայրկեան կը տրամադրեն։

Դասընթացքին համար ի՞նչ պիտի վճարեմ։

Թէ՛ դասընթացքը եւ թէ սերտուելիք հրատարակութիւնները ձրի են, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։8

Դասընթացքը ո՞րքան կը տեւէ։

Դասընթացքին երկարութիւնը քեզմէ կախեալ է։ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը ունի 19 դաս։ Կրնաս ատոնցմէ որեւէ մէկը կամ բոլորը քննարկել քեզի յարմարող արագութեամբ։

Պայմա՞ն է որ վերջաւորութեան Եհովայի վկայ ըլլամ։

Ոչ։ Մենք կը գիտակցինք որ իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի ընտրելու թէ ինչի՛ն պիտի հաւատայ. եւ այդ իրաւունքը կը յարգենք։ Բայց եւ այնպէս, անոնք որոնք Աստուածաշունչի հիմնական գիտելիքները կը ստանան, կրնան անոնց հիման վրայ որոշում մը կայացնել։

Ուրկէ՞ կրնամ յաւելեալ տեղեկութիւններ առնել։

Կրնաս www.pr418.com/hy-latn կայքը բանալ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ առնել Եհովայի վկաներու հաւատալիքներուն եւ գործունէութիւններուն մասին։

Ինչպէ՞ս կրնամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրել։

  • Կրնաս խնդրանքդ ուղարկել համացանցի միջոցով, www.pr418.com/hy-latn կայքը գործածելով։

  •  
  • Շրջանիդ մէջ ապրող Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահէ։ Կրնաս հեռաձայնի թիւերու ուղեցոյցին մէջ «Եհովայի վկաներ» բաժինը օգտագործել։

^ պարբ. 4 Ընդհանրապէս, Վկաները Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը կը վարեն անհատական գետնի վրայ կամ պզտիկ խումբերու հետ։

^ պարբ. 9 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։ Այս գիրքը աւելի քան 260 լեզուներով թարգմանուած է եւ տպաքանակը 230 միլիոնը կը գերազանցէ։