Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՐԻՆԱ՞Ծ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

Գիտութիւնը իր սահմանափակումները ունի

Գիտութիւնը իր սահմանափակումները ունի

Վերջերս, այժմու անաստուածներուն գաղափարները բացատրող շատ մը գիրքեր հրատարակուեցան։ Այս հրատարակութիւնները շատերու ուշադրութիւնը գրաւած են եւ շատ մը բանավէճերու դուռ բացած են։ Ասոր առնչութեամբ, ջղագէտ Տէյվիտ Իկըլմէն գրեց. «Ընթերցողներէն ոմանք այն տպաւորութիւնը ունին թէ գիտնականները ամէն բան գիտեն»։ Ապա աւելցուց. «Բայց լաւ գիտնականները միշտ լայնամիտ կ’ըլլան, եւ անոնց գործը անակնկալներով լեցուն է»։

Դարերու ընթացքին, հմուտ գիտնականներ բնութեան առնչուող շփոթեցուցիչ հարցումներու պատասխանները գտնելու նկատմամբ հոյակապ իրագործումներ ըրած են։ Սակայն ուրիշներ՝ մեծ սխալներ ըրած են։ Իսահակ Նեւտոն պատմութեան մէջ ամէնէն անուանի գիտնականներէն մէկը եղած է։ Ան ցոյց տուաւ թէ ձգողական ուժը ինչպէ՛ս մոլորակները, աստղերը եւ աստղախումբերը կը համախմբէ։ Ան հնարեց համարողութիւնը (calculus),– ուսողութեան մէջ մարզ մը, որ կը գործածուի համակարգիչ շինելու, անջրպետ երթալու եւ հիւլէական բնագիտութեան մէջ։ Սակայն Նեւտոն նաեւ հետապնդեց ալքիմիա,– կեղծ գիտութիւն մը, որ աստղաբաշխութիւն ու կախարդական ձեւանիշներ կը գործածէ կապարը եւ այլ մետաղներ ոսկիի վերածելու համար։

Նեւտոնէն աւելի քան 1500 տարի առաջ, յոյն աստղաբաշխ Պտղոմէոս երկինքին մասին փորձեց գիտնալ միայն զայն դիտելով։ Ան գիշերները մոլորակներուն ընթացքը կը դիտէր եւ հմուտ քարտէս շինող էր։ Բայց ան կը հաւատար թէ երկրագունդը ամէն բանի կեդրոնն է։ Աստղաբնագէտ Քարլ Սէյկըն Պտղոմէոսի մասին գրեց. «Անոր այն սխալ գաղափարը թէ երկրագունդը ամէն բանի կեդրոնն է, 1500 տարի ընդունուած էր, եւ ասիկա կը փաստէ թէ նոյնիսկ երբ անհատ մը խելացի է, ան կրնայ մեծապէս սխալած ըլլալ»։

Այժմ գիտնականներ իրենց հետապնդումներուն մէջ համանման մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Արդեօք օր մը օրանց անոնք պիտի կարենա՞ն տիեզերքին մասին լիովին բացատրութիւն տալ։ Ճիշդ է որ գիտութիւնը յառաջդիմած է եւ մեզի օգուտներ բերած է, բայց միեւնոյն ատեն պէտք չէ մոռնանք որ անիկա սահմանափակումներ ունի։ Բնագէտ Փոլ Տէյվիզ դիտել տուաւ. «Անկարելի է տիեզերքին մասին տրամաբանական եւ ներդաշնակ բացատրութիւն տալ»։ Այս խօսքերը կը յայտնեն անժխտելի իրողութիւն մը. մարդիկ չեն կրնար բնութիւնը լիովին հասկնալ։ Ուստի երբ գիտութիւնը կը հաստատէ թէ կարող է բանի մը մասին բացատրութիւն տալ, լաւ կ’ըլլայ որ վերապահ ըլլանք նախքան որ զայն ընդունինք։

Յստակ է որ Աստուածաշունչը մեր կարիքները կը գոհացնէ այնպիսի կերպերով, որ գիտութիւնը կարող չէ զանոնք գոհացնել

Աստուածաշունչը բնութեան հրաշալիքներուն մասին կ’ըսէ. «Ահա ասոնք են [Աստուծոյ] ճամբաներուն ծայրերը, բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է» (Յոբ 26։14)։ Տակաւին շա՜տ գիտելիքներ կան, որոնք մարդը չի կրնար ըմբռնել ու հասկնալ։ Շուրջ 2000 տարի առաջ գրուած Պօղոս առաքեալի խօսքերը որքա՛ն ճիշդ են, երբ ըսաւ. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները» (Հռովմայեցիս 11։33