Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնն է

Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնն է

‘Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնն է’ (Ա. ԿՈՐ. 1։24

1. Պօղոս ինչո՞ւ կրցաւ ըսել թէ ‘Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնն է’։

ԵՀՈՎԱՆ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Իր զօրութիւնը ցոյց տուաւ արտասովոր կերպերով։ Չորս Աւետարաններուն մէջ կը գտնենք Քրիստոսի կարգ մը հրաշքներուն հաւատք զօրացնող մանրամասնութիւնները։ Վստահաբար ան շատ աւելի հրաշքներ գործեց (Մատ. 9։35. Ղուկ. 9։11)։ Արդարեւ Աստուծոյ զօրութիւնը Յիսուսի մէջ յայտնի եղաւ։ Ուրեմն տեղին ըլլալով Պօղոս առաքեալ ըսաւ. ‘Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնն է’ (Ա. Կոր. 1։24)։ Լաւ, Յիսուսի հրաշքները ի՞նչ կրնան նշանակել մեզի համար։

2. Յիսուսի հրաշքներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

2 Պետրոս առաքեալ ըսաւ որ Յիսուս «հրաշքներ» գործեց (Գործք 2։22)։ Երկրի վրայ Յիսուսի ըրած հրաշալի գործերը, իր իշխանութեան ներքեւ ըլլալիք աւելի ճոխ օրհնութիւններու նախանմոյշ էին։ Անոնք կը նախապատկերացնեն այն հրաշքները, որ Յիսուս Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ համաշխարհային տարողութեամբ պիտի գործէ։ Իր հրաշքները մեզի խոր հասկացողութիւն կու տան իր եւ իր հօր անձնաւորութեան մասին։ Նկատի առնենք Յիսուսի կարգ մը հրաշքները եւ տեսնենք թէ անոնք ի՛նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր կեանքին վրայ հիմա եւ ապագային։

ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆՈՂ ՀՐԱՇՔ ՄԸ

3. ա) Յիսուս ինչո՞ւ իր առաջին հրաշքը գործեց։ բ) Յիսուսի առատաձեռնութիւնը ինչպէ՞ս յայտնի եղաւ Կանայի մէջ։

3 Յիսուս իր առաջին հրաշքը ըրաւ Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ՝ հարսանեկան խնճոյքի մը ընթացքին։ Կրնայ ըլլալ որ ներկայ գտնուողները ակնկալուածէն աւելի էին։ Ամէն պարագայի, գինին պակսեցաւ։ Յիսուսի մայրը՝ Մարիամն ալ ներկայ էր։ Ան անկասկած տարիներէ ի վեր կը խոկար բոլոր այն մարգարէական խոստումներուն վրայ, որոնք իր որդիին կը վերաբերէին, եւ գիտէր թէ «Բարձրեալին Որդի» պիտի կոչուէր (Ղուկ. 1։30-32. 2։52)։ Արդեօք ան կը կարծէ՞ր որ Յիսուս իր մէջ պահուած ուժեր ունէր։ Մէկ բան յստակ է, թէ Կանայի մէջ Մարիամ եւ Յիսուս կարեկցեցան նոր ամուսնացած զոյգին եւ ուզեցին որ անոնք ամօթով չելլեն։ Յիսուս գիտէր թէ հիւրասիրութիւնը պարտականութիւն էր։ Ուստի ան հրաշալիօրէն շուրջ 380 լիդր ջուր «աղէկ գինի»ի վերածեց (կարդա՛ Յովհաննէս 2։3, 6-11)։ Յիսուս ստիպուա՞ծ էր այս հրաշքը կատարել։ Ո՛չ։ Ան պարզապէս հետաքրքրուած էր մարդոցմով եւ իր առատաձեռն երկնաւոր Հայրը կ’ընդօրինակէր։

4, 5. ա) Ի՞նչ դաս կը քաղենք Յիսուսի առաջին հրաշքէն։ բ) Կանայի մէջ եղած հրաշքը ապագային նկատմամբ ի՞նչ կը յայտնէ։

4 Յիսուս հրաշալիօրէն մեծ քանակով ընտիր գինի հայթայթեց, ինչ որ մեծ խումբի մը բաւարար էր։ Այս հրաշքէն ի՞նչ դաս կրնաս քաղել։ Այսպիսի հոյակապ գործ մը յօժարակամ կատարելով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ մարդոց զգացումները կարեւոր են իրեն եւ իր Հօր համար։ Ո՛չ Եհովան եւ ոչ Յիսուս կծծի են։ Պահ մը երեւակայէ, թէ ինչպէ՛ս Եհովան նոր աշխարհին մէջ իր զօրութիւնը առատաձեռնօրէն պիտի գործածէ, որպէսզի աշխարհի տարածքին «բոլոր ազգերուն» առատ ուտելիք հայթայթէ (կարդա՛ Եսայի 25։6

5 Պահ մը մտածէ։ Ժամանակը կու գայ, երբ իւրաքանչիւր անհատի պատշաճ կարիքներն ու փափաքները պիտի գոհացուին,– ինչպէս՝ սննդարար կերակուր եւ յարմար բնակարան։ Որքան կ’ուրախանանք երբ կը մտածենք թէ Եհովան ի՜նչ բարիքներ պիտի տեղացնէ մեր վրայ երկրային Դրախտին մէջ։

Յիսուսի առատաձեռնութիւնը ընդօրինակած կ’ըլլանք, երբ ուրիշներուն ժամանակ տրամադրենք (տե՛ս պարբերութիւն 6)

6. ա) Յիսուս իր հրաշալի զօրութիւնը որո՞նց օգտին գործածեց։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

6 Նկատէ որ երբ Սատանան Յիսուսին ըսաւ որ քարերը հացի վերածէ, ան չուզեց իր հրաշալի զօրութիւնը գործածել իր անձնական շահին համար (Մատ. 4։2-4)։ Միւս կողմէ, ան յօժար էր իր զօրութեամբ ուրիշներուն կարիքները գոհացնելու։ Ինչպէ՞ս կրնանք իրեն պէս անձնուրաց ըլլալ։ Ան իր հետեւորդները քաջալերեց որ ‘տալը’ սովորութիւն դարձնեն (Ղուկ. 6։38)։ Կրնա՞նք առատաձեռնութեան ոգի ցուցաբերել՝ ուրիշները մեր տունը ճաշի հրաւիրելով եւ անոնց հետ հոգեւոր ընկերակցութիւն վայելելով։ Կրնա՞նք ժողովէն ետք ժամանակ տրամադրել անհատի մը օգնելու, ինչպէս՝ եղբօր մը մտիկ ընել մինչ իր բաժինը փորձ կ’ընէ։ Կրնա՞նք ուրիշներուն օգնել եւ մարզել ծառայութեան մէջ։ Յիսուսին առատաձեռնութիւնը ընդօրինակած կ’ըլլանք, երբ մեր ձեռքէն եկածին չափ ֆիզիքապէս եւ հոգեւորապէս ուրիշներուն կ’օգնենք։

«ԿԵՐԱՆ ՈՒ ԿՇՏԱՑԱՆ»

7. Ի՞նչ բան պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ Սատանային աշխարհը կը գոյատեւէ։

7 Աղքատութիւնը նորութիւն չէ։ Վաղեմի ժամանակներուն, Եհովան իսրայէլին ըսաւ որ երկրին մէջ աղքատ պակաս պիտի չըլլայ (Բ. Օր. 15։11)։ Դարե՜ր ետք, Յիսուս նշեց. «Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք» (Մատ. 26։11)։ Բայց արդեօք ան ըսել ուզե՞ց որ երկրի վրայ միշտ աղքատներ պիտի ըլլան։ Ո՛չ, ան ըսել ուզեց որ աղքատութիւնը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ Սատանային աշխարհը կը գոյատեւէ։ Ուստի որքա՜ն կ’ոգեւորուինք, գիտնալով որ Յիսուսին հրաշքները նախանշան մըն են Թագաւորութեան ներքեւ ըլլալիք այն ուրախ ժամանակին, երբ ամէնքը լեցուն ուտելիք պիտի ունենան ու կշտանան։

8, 9. ա) Յիսուս ինչո՞ւ հազարաւորները կերակրեց։ բ) Այս հրաշքը քեզի ինչպէ՞ս կ’ազդէ։

8 Սաղմոսերգուն Եհովային ըսաւ. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես» (Սաղ. 145։16)։ Իր Հօր անձնաւորութիւնը արտացոլելով, «Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը», յաճախ իր ձեռքը բացաւ եւ իր հետեւորդներուն փափաքները գոհացուց։ Ան ասիկա չըրաւ պարզապէս իր զօրութիւնը ցուցադրելու, այլ՝ քանի որ սրտա՛նց մարդոցմով հետաքրքրուած էր։ Նկատի առնենք Մատթէոս 14։14-21–ը (կարդա՛)։ Շատ մը քաղաքներէ մարդիկ բազմութիւն մը կազմած՝ հետիոտն Յիսուսին ետեւէն գացած էին (Մատ. 14։13)։ Աշակերտները այդ յոգնած եւ անօթեցած բազմութեամբ մտահոգ էին։ Ուստի Յիսուսէն խնդրեցին որ ժողովուրդը արձակէ, որ կերակուր գնեն։ Ան ի՞նչ պիտի ընէր։

9 Յիսուս հինգ նկանակով եւ երկու ձուկով մօտ 5000 տղամարդ կերակրեց, կիներէն եւ երեխաներէն զատ։ Չե՞ս ազդուիր երբ կը կարդաս որ Յիսուս իր հրաշալի զօրութիւնը կարեկցութեամբ գործածեց՝ ընտանիքներ կերակրելու համար։ Ամէնքն ալ «կերան ու կշտացան»։ Ասկէ կը գիտնանք որ լեփ–լեցուն ուտելիք կար։ Իրենց կերածը ո՛չ թէ պատառ մը հաց էր, այլ՝ ճաշ,– ճաշ մը որ իրենց պէտք եղած ուժը պիտի տար իրենց տունը վերադառնալու (Ղուկ. 9։10-17)։ Եւ տասներկու կողով ուտելիք աւելցաւ։

10. Մօտ ատենէն, աղքատութեան ի՞նչ պիտի ըլլայ։

10 Կառավարիչներու անարդարութեան պատճառով, այսօր միլիոնաւորնե՜ր աղքատութենէ կը տառապին։ Նոյնիսկ մեր եղբայրներէն ոմանք բաւականաչափ ուտելիք չունին։ Բայց շուտով պիտի գայ այն ժամանակը, երբ հնազանդ մարդկութիւնը փտածութենէ եւ աղքատութենէ զերծ աշխարհ մը պիտի վայելէ։ Եթէ պէտք եղած զօրութիւնը ունենայիր, մարդ արարածին կարիքները պիտի չգոհացնէի՞ր։ Ամենակալ Աստուած թէ՛ զօրութիւնը եւ թէ փափաքը ունի այդ մէկը ընելու։ Ան խոստացած է տառապանքը մօտ ատենէն վերցնել (կարդա՛ Սաղմոս 72։16

11. ա) Ինչո՞ւ վստահ ես, որ Քրիստոս իր զօրութիւնը շուտով աշխարհի տարածքին պիտի գործածէ։ բ) Առ ի արդիւնք, ի՞նչ կը մղուիս ընելու։

11 Երկրի վրայ եղած ատեն, Յիսուս միայն երեքուկէս տարի աշխատեցաւ՝ համեմատաբար պզտիկ թաղամասի մը մէջ (Մատ. 15։24)։ Բայց ապագային, փառաւորեալ Թագաւորը ամբողջ երկիրը պիտի առնէ որպէս թաղամաս (Սաղ. 72։8)։ Իր հրաշքները մեզի կը վստահեցնեն, որ կարող է եւ կ’ուզէ իր զօրութիւնը մօտ ատենէն գործածել մեր օգտին համար։ Թէեւ չենք կրնար հրաշքներ գործել, բայց կրնանք խանդավառօրէն մարդոց ուշադրութեան յանձնել Աստուծոյ Խօսքը, որ հիանալի ապագայ մը կը մարգարէանայ։ Մենք, որպէս Եհովայի նուիրուած վկաներ, պարտական չե՞նք զգար այս գիտութիւնը ուրիշներուն փոխանցելու (Հռով. 1։14, 15)։ Մինչ կը խոկանք թէ Քրիստոս շուտով ինչե՜ր պիտի ընէ, պիտի մղուինք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու (Սաղ. 45։1. 49։3

ԵՐԿՐԻ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱԿԱԿՇՌԵԼ

12. Ինչո՞ւ վստահ ենք որ Յիսուս լիովին կը հասկնայ երկրին կենսոլորտը։

12 Երբ Աստուած երկիրն ու անոր վրայի բաները կը ստեղծէր, իր միածին Որդին իր քով «ճարտարապետ» էր (Առ. 8։22, 30, 31. Կող. 1։15-17)։ Ուստի Յիսուս լիովին կը հասկնայ երկրին կենսոլորտը։ Ան գիտէ բնութեան բոլոր տարրերը ինչպէ՛ս գործածել եւ հակակշռել։

Յիսուս ի՞նչ շարժառիթով հրաշքներ գործեց (տե՛ս պարբերութիւն 13, 14)

13, 14. Օրինակ մը տուր, թէ Քրիստոս ինչպէ՛ս կրնայ բնութեան ուժերը հակակշռել։

13 Երկրի վրայ եղած ատեն, Յիսուս ցոյց տուաւ որ «Աստուծոյ զօրութիւնն» է, բնութեան ուժերը հակակշռելով։ Նկատէ թէ ան ինչպէ՛ս սանձեց փոթորիկ մը, որ կրնար աշակերտներուն կեանքը խլել (կարդա՛ Մարկոս 4։37-39)։ Աստուածաշնչագէտ մը կը նշէ. «[Մարկոս 4։37–ի մէջ «փոթորիկ» թարգմանուած] յունարէն բառը կատաղի փոթորկահով կամ ոլորամրրիկ կը նշանակէ։ Անիկա բնաւ չ’ակնարկեր պարզ հովի մը. . . հապա՝ կայծակնախառն թուխ ամպերէն ժայթքած փոթորիկի մը, տեղատարափներով եւ ամէն բան տակնուվրայ ընելով»։ Մատթէոսի Աւետարանը այս փոթորիկը «մեծ ալեկոծութիւն» կը կոչէ (Մատ. 8։24

14 Տեսարանը մտապատկերէ։ Փրփրադէզ ալիքները կը հարուածեն ջրաթաթախ նաւակը, մինչ Յիսուս աղմուկն ու ուժգին ցնցումները անտեսելով կը քնանայ, քանի որ յոգնած է եւ հանգիստի պէտք ունի։ Սարսափահար աշակերտները զինք կ’արթնցնեն պոռալով. «Ահա կը կորսուինք» (Մատ. 8։25)։ Ուստի Յիսուս ոտքի կ’ելլէ եւ փոթորիկին ու ծովուն կը հրամայէ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր» (Մար. 4։39)։ Առ ի արդիւնք, փոթորկահովը կը դադրի եւ «մեծ խաղաղութիւն» կ’ըլլայ։ Այս ի՜նչ զօրութիւն ցոյց տուաւ Յիսուս։

15. Ամենակալ Աստուած ինչպէ՞ս փաստած է, որ կրնայ բնութեան ուժերը հակակշռել։

15 Քրիստոսի զօրութեան Աղբիւրը Եհովան է, ուստի կրնանք ըսել որ Ամենակալ Աստուած լիովին կարող է բնութեան ուժերը հակակշռել։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։ Ջրհեղեղէն առաջ, Եհովան ըսաւ. «Եօթը օրէն ետքը երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ պիտի բերեմ» (Ծն. 7։4Ելից 14։21–ի մէջ կը կարդանք որ «Տէրը արեւելեան սաստիկ հովով ետ դարձուց ծովը»։ Իսկ Յովնան 1։4–ը կը նշէ. «Տէրը ծովուն մէջ մեծ հով մը հանեց ու ծովուն մէջ մեծ փոթորիկ մը եղաւ, այնպէս որ նաւը խորտակուելու վտանգին մէջ էր»։ Քաջալերական է գիտնալ, որ Եհովան կրնայ տարերքները հակակշռել։ Յստակ է որ Երկիր մոլորակի ապագան լաւ ձեռքերու մէջ է։

16. Ինչո՞ւ հանգստացուցիչ է գիտնալ, որ Արարիչն ու իր Անդրանիկը զօրութիւն ունին բնութեան ուժերը հակակշռելու։

16 Որքան կը հանգստանանք, գիտնալով որ Արարիչը եւ իր «ճարտարապետը» կրնա՛ն բնութեան ուժերը հակակշռել։ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, ամէն մարդ ապահովութեամբ պիտի բնակի։ Նոր աշխարհին մէջ, պիտի չվախնանք փոթորկահովերէ, ցունամիներէ, հրաբուխներէ կամ երկրաշարժներէ։ Անոնք պիտի չսպաննեն մեզ, ոչ ալ վնասեն, որովհետեւ «Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ» պիտի ըլլայ (Յայտ. 21։3, 4)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Քրիստոս Աստուծոյ զօրութեամբ պիտի հակակշռէ բնութեան ուժերը Հազարամեակի ընթացքին։

ՀԻՄԱ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾ ՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԸ

17. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որով կրնանք Աստուած ու Քրիստոսը հիմա ընդօրինակել։

17 Ի տարբերութիւն Եհովայի եւ Յիսուսի, մենք չենք կրնար բնական աղէտները արգիլել։ Բայց եւ այնպէս, կրնանք մեր ունեցած զօրութիւնը գործածել՝ կիրարկելով Առակաց 3։27–ը (կարդա՛)։ Երբ մեր եղբայրները դժուար պահերէ անցնին, կրնանք մխիթարել եւ աջակցիլ իրենց՝ ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ (Առ. 17։17)։ Օրինակի համար, կրնանք իրենց օգնել երբ բնական աղէտի մը հանդիպին։ Այրի կին մը, որուն տունը ոլորամրրիկի մը պատճառով շատ վնաս կրեց, սրտանց հետեւեալը ըսաւ. «Ես շա՜տ երախտապարտ եմ որ Եհովայի կազմակերպութեան կը պատկանիմ եւ որ ինծի օգնութիւն կը տրուի ոչ միայն ֆիզիքական, այլեւ հոգեւոր գետնի վրայ»։ Ամուրի քոյր մը, որ անյոյս վիճակի մատնուեցաւ երբ փոթորիկ մը իր տունին վնասեց, օգնութիւն ստանալէ ետք ըսաւ. «Չեմ կրնար նկարագրել իմ զգացումներս. . . Շնորհակա՛լ եմ Եհովա»։ Որքան ուրախ ենք որ մաս կը կազմենք եղբայրութեան մը, որ անկեղծօրէն հոգ կը տանի ուրիշներուն։ Իսկ աւելի մեծ ուրախութիւն է, որ Եհովան եւ Յիսուս Քրիստոս ի՛րապէս հոգ կը տանին մեզի։

18. Յիսուս ի՞նչ շարժառիթով հրաշքներ գործեց։

18 Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին փաստեց որ «Աստուծոյ զօրութիւնն» է։ Բայց իր շարժառիթը ի՞նչ էր։ Ան իր զօրութիւնը բնաւ չգործածեց ուրիշները տպաւորելու կամ իր անձին օգուտ բերելու համար։ Մարդոց հանդէպ ունեցած իր սէրն էր, որ ցցուն եղաւ իր կատարած հրաշքներով։ Յաջորդ յօդուածը այս կէտը պիտի քննարկէ։