Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՛նք անարատ մնալ

Կրնա՛նք անարատ մնալ

«Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ. . . եւ մաքրեցէք սրտերնիդ» (ՅԱԿ. 4։8

1. Անարատութեան նկատմամբ աշխարհին տեսակէտը ի՞նչ է։

ՇԱ՜Տ անբարոյ աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ միասեռականութիւնը եւ ամուսնութենէ դուրս սեռային յարաբերութիւնը բնական կը նկատուին։ Նոյնիսկ գովազդներ եւ ժամանցներ այս ապրելակերպերը կը քաջալերեն (Սաղ. 12։8)։ Անբարոյութիւնը այնքան համատարած է որ հարց կու տաս. «Արդեօք կարելի՞ է անարատ մնալ»։ Մենք վստահութեամբ կը պատասխանենք. «Այո՛։ Եհովային օգնութեամբ ճշմարիտ քրիստոնեաները կրնա՛ն անարատ մնալ» (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-5

2, 3. ա) Ինչո՞ւ պէտք է անմաքուր ցանկութիւններու դէմ պայքարինք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Սակայն նախ պէտք է ըմբռնենք, թէ անարատ կեանք վարելու համար պէտք է անբարոյ ցանկութիւնները մերժենք։ Ճիշդ ինչպէս որ խայծը կը հրապուրէ ձուկը, անբարոյ մտածումները եւ անվայել ցանկութիւնները կրնան հրապուրել քրիստոնեան, եթէ անմիջապէս չմերժէ զանոնք։ Անբարոյ ցանկութիւնը կրնայ մեր անկատար մարմնին հաճոյալի թուիլ եւ մեզ անբարոյ արարքներու առաջնորդել։ Ժամանակի ընթացքին անիկա այնքան կը զօրանայ որ երբ առիթը ներկայանայ, հակամէտ կ’ըլլանք մեղք գործելու։ Արդարեւ, «ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի» (կարդա՛ Յակոբոս 1։14, 15

3 Կը զգաստանանք գիտնալով որ սխալ ցանկութիւնը կրնայ զարգանալ եւ լուրջ մեղքի առաջնորդել։ Սակայն որքա՜ն կը քաջալերուինք գիտնալով որ եթէ թոյլ չտանք որ անմաքուր ցանկութիւնները մեր սրտին մէջ արմատ կապեն, կրնա՛նք խուսափիլ անբարոյ արարքներէ եւ անոնց դառն հետեւանքներէն (Գաղ. 5։16)։ Նկատի առնենք երեք բաներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն անմաքուր ցանկութիւններու դէմ պայքարելու. Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը, իր Խօսքին բովանդակած խրատները եւ հասուն հաւատակիցներու աջակցութիւնը։

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԷ՛Ք»

4. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Եհովային մօտենանք։

4 Աստուածաշունչը հետեւեալ ուղղութիւնը կու տայ անոնց որ կ’ուզեն ‘Աստուծոյ մօտենալ’. «Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ. . . եւ մաքրեցէք սրտերնիդ» (Յակ. 4։8)։ Երբ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը թանկարժէք կը նկատենք, ջանքերնիս կ’ընենք զինք հաճեցնելու մեր կեանքին բոլոր երեսակներուն մէջ, ներառեալ՝ մեր մտածումները։ Նաեւ կ’ուզենք ‘մաքուր սիրտ’ ունենալ, մեր միտքը կեդրոնացնելով մաքուր, առաքինի եւ գովելի բաներու վրայ (Սաղ. 24։3, 4. 51։6. Փլպ. 4։8)։ Ճիշդ է որ Եհովան կը հասկնայ մեր անկատար բնոյթը եւ գիտէ թէ հակամէտ ենք անպատշաճ ցանկութիւններ ունենալու։ Բայց կը գիտակցինք թէ ան կը նեղանայ երբ տեսնէ, թէ մեր սխալ մտածումները կը սնուցանենք, փոխանակ մեր լաւագոյնը ընելու որ զանոնք մերժենք (Ծն. 6։5, 6)։ Այս իրողութեան վրայ խորհրդածելը մեզ կը մղէ վճռելու որ մեր մտածումները անարատ պահենք։

5, 6. Աղօթքը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ անբարոյ ցանկութիւններուն դէմ պայքարելու։

5 Երբ մեր անմաքուր մտածումներուն առնչութեամբ Եհովային աղօթենք, ցոյց կու տանք որ լիովին իրեն կը վստահինք, եւ հետեւաբար ան մեզի կը մօտենայ։ Ան առատաձեռնօրէն սուրբ հոգին կու տայ, որպէսզի աւելի վճռենք անբարոյ մտածումները մերժել եւ անարատ մնալ։ Ուստի Աստուծոյ գիտցնենք որ կ’ուզենք մեր սրտին խորհուրդներով զինք հաճեցնել (Սաղ. 19։14)։ Աստուծմէ խոնարհաբար կը խնդրե՞նք որ մեզ քննէ եւ նայի թէ արդեօք մեր սրտին մէջ ‘չար ճամբայ’ կա՛յ,– որեւէ անպատշաճ ցանկութիւն կամ հակում,– որ կրնայ մեզ մեղքի առաջնորդել (Սաղ. 139։23, 24)։ Շարունակ իրմէ կը խնդրե՞նք, որ մեզի օգնէ մեր ուղղամտութիւնը պահպանելու երբ փորձութիւն դիմագրաւենք (Մատ. 6։13

6 Առաջ որ Եհովային մասին սորվինք, թերեւս կը սիրէինք ընել բաներ, որոնք Եհովան կը դատապարտէ, եւ կրնայ ըլլալ որ տակաւին այդ սխալ ցանկութիւններուն դէմ կը պայքարինք։ Նոյնիսկ այս պարագային ան մեզի կ’օգնէ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու, որպէսզի շարունակենք ընդունելի կերպով իրեն ծառայել։ Դաւիթ թագաւոր այս մէկը ըմբռնեց։ Ան Բերսաբէի հետ շնութիւն գործելէ ետք Եհովային աղերսեց. «Իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ» (Սաղ. 51։10, 12)։ Մեր անկատար մարմնին պատճառով կրնանք զօրաւոր անբարոյ ցանկութիւններ ունենալ, բայց Եհովան կրնայ մեր մէջ իրեն հնազանդելու փափաք արթնցնել։ Նոյնիսկ եթէ սխալ ցանկութիւնները խոր արմատ կապած են եւ մեր անարատ մտածումները դուրս կը քշեն, Եհովան կրնայ մեր քայլերը առաջնորդել, որպէսզի կարենանք իր պատուիրաններուն հնազանդիլ եւ յաջողապէս անոնց համաձայն ապրիլ։ Ան կրնայ թոյլ չտալ որ որեւէ վնասակար բան մեզի տիրէ (Սաղ. 119։133

Եթէ սխալ ցանկութիւն մը սկսի արմատ կապել, պէտք է անմիջապէս զայն արմատախիլ ընենք (տե՛ս պարբերութիւն 6)

«ԽՕՍՔԸ ԿԱՏԱՐԵՑԷ՛Ք»

7. Աստուծոյ Խօսքը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ անմաքուր մտածումները մերժելու։

7 Եհովան կրնայ մեր աղօթքներուն պատասխանել իր Խօսքին միջոցաւ։ Աստուածաշունչին բովանդակած իմաստութիւնը «նախ՝ սուրբ է» (Յակ. 3։17)։ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալը մեզի կ’օգնեն անբարոյ մտածումներուն դէմ դնելու (Սաղ. 19։7, 11. 119։9, 11)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք օրինակներ եւ մասնայատուկ խրատներ, որոնք մեզի կ’օգնեն անմաքուր ցանկութիւններու զոհը չերթալու։

8, 9. ա) Ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ երիտասարդ մը անբարոյ կնոջ մը հետ անբարոյութիւն գործէ։ բ) Առակաց 7–րդ գլուխի ազդարարական օրինակը ներկայիս ո՞ր պարագաներուն կը կիրարկուի։

8 Առակաց 5։8–ին մէջ կը կարդանք. «[Անբարոյ] կնոջմէն ճամբադ հեռացուր ու անոր տանը դրանը մի՛ մօտենար»։ Այս խրատը անտեսելուն վտանգը նկարագրուած է Առակաց 7–րդ գլուխին մէջ, ուր կը կարդանք երիտասարդի մը մասին, որ գիշերուան մութին անբարոյ կնոջ մը տան մօտ կը պտըտէր։ Փողոցին անկիւնը կինը իր առջեւ ելաւ, հաւանաբար բաց հագուստներ հագած։ Կինը բռնեց եւ համբուրեց զինք ու իր հրապուրիչ խօսքերով անոր մէջ արթնցուց սխալ ցանկութիւն մը, որուն ան չկրցաւ դէմ դնել։ Հետեւաբար անոնք սեռային անբարոյութիւն գործեցին։ Ըստ երեւոյթին, երիտասարդը չէր ծրագրած անբարոյութիւն գործել. ան անփորձ էր եւ լաւ դատողութիւն չունէր։ Այսուհանդերձ, իր արարքներուն ցաւալի հետեւանքները պիտի կրէր։ Եթէ միայն վտանգը տեսած ըլլար, կրնար այդ կնոջմէն հեռու մնալ (Առ. 7։6-27

9 Կրնա՞յ ըլլալ որ երբեմն մենք ալ լաւ դատողութեան պակաս ցոյց տանք, ինքզինքնիս դնելով վտանգաւոր կացութիւններու մէջ, որոնք կրնան սխալ ցանկութիւններ արթնցնել։ Օրինակ, իրիկունները կարգ մը հեռատեսիլի կայաններ անբարոյ յայտագիրներ կը ցուցադրեն։ Լաւ, ի՞նչ կը պատահի երբ ետեւ–ետեւի կայանները փոխենք, պարզապէս որպէսզի նայինք թէ ինչ յայտագիրներ կը ցուցադրուին։ Կամ, թերեւս առանց նպատակի համացանցին վրայ նաւարկենք, կամ ալ յաճախ այցելենք կայքէջեր եւ ցանցազրոյցի սենեակներ, որոնք անբարոյ ծանուցումներ եւ պոռնկագրական յղումներ կը պարունակեն։ Այսպիսի պարագաներու, կրնա՞յ ըլլալ որ հանդիպինք բանի մը, որ մեր մէջ անպատշաճ ցանկութիւններ արթնցնէ եւ պատճառ դառնայ որ Եհովայի չհնազանդինք։

10. Անլուրջ սիրախօսութիւնը ինչո՞ւ վտանգաւոր է (տե՛ս բացման պատկերը)։

10 Աստուածաշունչը նաեւ մեզի կ’ըսէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք հակառակ սեռի պատկանող անձերու հետ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։2)։ Այս խրատը կը յստակացնէ թէ անլուրջ սիրախօսութիւնը ընդունելի չէ։ Շատեր ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուող մարմնի շարժուձեւերը եւ նայուածքները անվնաս կը նկատեն, ըսելով որ անոնք ֆիզիքական հպում չեն պարունակեր։ Սակայն, անլրջօրէն սիրախօսիլը կամ անոր փոխադարձելը կրնայ անմաքուր մտածումներ արթնցնել, ինչ որ ի վերջոյ կրնայ սեռային անբարոյութեան առաջնորդել։ Ասիկա պատահած է եւ դարձեալ կրնայ պատահիլ։

11. Յովսէփ ի՞նչ լաւ օրինակ մը ձգեց մեզի։

11 Այս ուղղութեամբ Յովսէփ իմաստուն գտնուեցաւ։ Իր տիրոջ՝ Պետափրէսին կինը կը փորձէր զինք հրապուրել, բայց Յովսէփ անոր առիթ չէր տար։ Կինը չյանձնուելով, օրէ օր իրմէ կը խնդրէր որ «հետը ըլլայ» (Ծն. 39։7, 8, 10)։ Ըստ աստուածաշնչագէտի մը, Պետափրէսին կինը կարծես թէ կ’ըսէր. «Եկուր քիչ մը առանձին մնանք» եւ կը յուսար որ Յովսէփ առաջին քայլը առնէ։ Բայց Յովսէփ վճռած էր բնա՛ւ չընդառաջել անոր հրապուրիչ առաջարկներուն եւ նոյնիսկ զանոնք չհանդուրժել։ Ան անլուրջ սիրախօսութեան տեղի չտուաւ, եւ հետեւաբար թոյլ չտուաւ որ սխալ ցանկութիւն մը իր սրտին մէջ արմատ կապէ։ Երբ կինը փորձեց զինք ստիպել որ իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ, Յովսէփ վճռականօրէն վարուեցաւ. «իր հանդերձը անոր ձեռքը թողուց ու փախաւ, դուրս ելաւ» (Ծն. 39։12

12. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ մեր նայած բաները կրնան մեր սրտին ազդել։

12 Աստուածաշունչը նաեւ կը զգուշացնէ, թէ մեր նայած բաները կրնան մեր սրտին ազդել եւ սեռային սխալ ցանկութիւններ արթնցնել։ Յիսուս զգուշացուց թէ «ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ» (Մատ. 5։28)։ Յիշէ ի՛նչ պատահեցաւ Դաւիթ թագաւորին։ «[Ան] տանիքին վրայէն կին մը տեսաւ, որ կը լուացուէր», բայց չդադրեցաւ անոր նայելէ եւ անոր մասին մտածելէ (Բ. Թագ. 11։2)։ Հետեւաբար ան այդ ամուսնացած կնոջ ցանկաց ու ծրագրեց շնութիւն գործել։

13. Ինչո՞ւ պէտք է ‘մեր աչքերուն հետ ուխտ ընենք’, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

13 Անբարոյ երազանքներու դէմ դնելու համար, պէտք է հաւատարիմ Յոբի նման ‘մեր աչքերուն հետ ուխտ ընենք’ (Յոբ 31։1, 7, 9)։ Պէտք է լրջօրէն որոշենք, որ անբարոյ ցանկութեամբ ուրիշի մը չնայինք։ Ասիկա կը պարփակէ՝ մեր աչքերը ետ դարձնել տռփագրգիռ նկարներէ, որոնց թերեւս հանդիպինք համակարգիչի պաստառին վրայ, ազդատախտակներու վրայ, պարբերաթերթերու մէջ կամ այլուր։

14. Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի անարատ մնանք։

14 Մինչեւ հիմա քննարկուած կէտերուն վրայ մտածելով թերեւս նկատես թէ կան մարզեր, որոնց մէջ պէտք է աւելին ընես, որպէսզի անբարոյ ցանկութիւններու դէմ դնես։ Այս պարագային, անմիջապէս գործի լծուէ։ Յօժարաբար հնազանդէ Աստուծոյ Խօսքին, որ քեզի կ’օգնէ սխալ արարքներէ խուսափելու եւ անարատ մնալու (կարդա՛ Յակոբոս 1։21-25

‘ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԿԱՆՉԷ’

15. Եթէ անմաքուր ցանկութիւններու դէմ կը պայքարինք, ինչո՞ւ կարեւոր է օգնութիւն խնդրել։

15 Եթէ կը պայքարինք սեռային սխալ ցանկութիւններու դէմ, հաւատակիցները օգնութեան աղբիւր կրնան ըլլալ։ Անշուշտ, ուրիշներու հետ այսպիսի անձնական խնդիրներու մասին խօսիլը դիւրին չէ։ Սակայն երբ հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեայի մը օգնութիւնը խնդրենք, ան կրնայ օգնել որ մեր սխալ ցանկութիւնները չարդարացնենք (Առ. 18։1. Եբ. 3։12, 13)։ Ինչպէս նաեւ մեզի կ’օգնէ անդրադառնալու, թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք։ Ապա, այս փոփոխութիւնները ընելով՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ կրնանք մնալ։

16, 17. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել անոնց, որոնք անմաքուր ցանկութիւններու դէմ կը պայքարին. օրինակ մը տուր։ բ) Ինչո՞ւ լաւ է որ պոռնկագրութիւն դիտողները անմիջապէս օգնութիւն խնդրեն։

16 Երէցները յատկապէս որակեալ են մեզի օգնելու (կարդա՛ Յակոբոս 5։13-15)։ Պրազիլի մէջ երիտասարդ մը տարիներ շարունակ սխալ ցանկութիւններու դէմ պայքարեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Գիտէի որ մտածումներս Եհովան չէին հաճեցներ, բայց կ’ամչնայի զգացածս ուրիշին պատմելու»։ Բարեբախտաբար, հոգածու երէց մը նկատեց թէ երիտասարդը օգնութեան պէտք ունի, եւ զինք քաջալերեց որ երէցներուն դիմէ։ Երիտասարդը կը նշէ. «Երէցներուն ազնուութիւնը զիս զարմացուց։ Անոնք իմ կարծածէս աւելի ազնիւ ու հասկցող գտնուեցան։ Անոնք ուշադրութեամբ մտիկ ըրին երբ խնդիրներս պատմեցի, եւ Աստուածաշունչը գործածելով ինծի վստահեցուցին թէ Եհովան տակաւին կը սիրէ զիս։ Անոնք նաեւ աղօթեցին ինծի հետ։ Այսպիսով, աւելի դիւրին եղաւ որ իրենց տուած աստուածաշնչական խրատը ընդունիմ»։ Տարիներ ետք, հոգեւորապէս յառաջդիմած ըլլալով ան կ’ըսէ. «Հիմա կ’անդրադառնամ թէ որքա՜ն կարեւոր է որ օգնութիւն խնդրենք, քան թէ փորձենք մեր բեռը առանձին կրել»։

17 Եթէ պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութեան պատճառով անբարոյ ցանկութիւններ ունիս, օգնութիւն խնդրելը անհրաժեշտ է։ Որքա՛ն ուշ օգնութիւն խնդրես, այնքան աւելի վտանգ կ’ըլլայ, որ անմաքուր ցանկութիւնները ‘յղանալով մեղք ծնանին’. ինչ որ իր կարգին ուրիշներուն պիտի վնասէ եւ Եհովային անուան անարգանք պիտի բերէ։ Եհովայի բազմաթիւ ծառաներ ընդունած են երէցներուն սիրալիր օգնութիւնը, քանի որ ուզած են զինք հաճեցնել եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ մնալ (Յակ. 1։15. Սաղ. 141։5. Եբ. 12։5, 6

ՎՃՌԷ ԱՆԱՐԱՏ ՄՆԱԼ

18. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Մինչ Սատանայի աշխարհին բարոյական մակարդակը կը ցածնայ, Եհովան որքա՜ն հպարտ զգալու է տեսնելով ինչպէ՛ս իր նուիրուած ծառաները շատ ջանք կը թափեն, որպէսզի իրենց մտածումները մաքուր պահեն եւ իր բարոյական բարձր չափանիշներուն կառչին։ Ուստի թող որ իւրաքանչիւրս վճռենք Եհովային մօտիկ մնալ եւ ընդունիլ իր Խօսքին ու ժողովքին միջոցաւ տուած ուղղութիւնները։ Անարատ մնալը ներկայիս մեզի գոհունակութիւն եւ մտքի խաղաղութիւն կու տայ (Սաղ. 119։5, 6)։ Ապագային՝ երբ Սատանան մէջտեղէն վերցուի, առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք Աստուծոյ մաքուր նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրելու։