Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշե՞ս

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Քրիստոնեաները պէ՞տք է Յիսուսին աղօթեն։

Ո՛չ։ Յիսուս ի՛նք մեզի սորվեցուց որ Եհովային աղօթենք, եւ իր Հօր աղօթելով մեզի օրինակ հանդիսացաւ (Մատ. 6։6-9. Յովհ. 11։41. 16։23)։ Ըստ այնմ, Յիսուսի նախկին հետեւորդները Աստուծոյ աղօթեցին եւ ոչ թէ իրեն (Գործք 4։24, 30. Կող. 1։3. 1/1, էջ 14

Ամէն տարի ի՞նչ կրնանք ընել առ ի պատրաստութիւն Յիսուսի մահը յիշատակելու։

Կրնանք Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին հետեւիլ, ջանալ մեր դաշտի ծառայութիւնը աւելցնել, եւ մեր աստուածատուր յոյսին մասին աղօթքով մտածել (1/15, էջ 14-16

Ի՞նչ պատահեցաւ այն երկու եգիպտացի բանտարկեալներուն, որոնք իրենց շփոթեցուցիչ երազը Յովսէփին պատմեցին։

Յովսէփ փարաւոնի մատռուակին ըսաւ, որ իր պաշտօնին պիտի վերադառնայ, իսկ հացագործին ըսաւ որ փարաւոնը զինք պիտի մեռցնէ ու ծառէ մը կախէ։ Երկու մեկնաբանութիւններն ալ կատարուեցան (Ծն. 40։1-22. 2/1, էջ 12-14

Ճափոնի մէջ եղբայրները ի՞նչ անակնկալ նուէր մը ստացան։

Անոնք Նոր աշխարհի թարգմանութեան Մատթէոսի Աւետարանը պարունակող գրքոյկ մը ստացան։ Անիկա այժմ կը ներկայացուի դաշտի ծառայութեան մէջ, եւ Աստուածաշունչին ծանօթ չեղող բազմաթիւ մարդիկ զայն կ’ընդունին (2/15, էջ 3

Առաջին դարու ո՞ր պայմանները բարի լուրին տարածման նպաստեցին։

«Հռոմէական խաղաղութիւն»ը օգնեց որ աւելի նուազ բախումներ ըլլան։ Նախկին աշակերտները կրնային լաւ ճամբաներու վրայ ճամբորդել։ Յունարէն լեզուին համատարած ըլլալը նպաստեց քարոզչութեան, նոյնիսկ այն հրեաներուն՝ որոնք կայսրութեան չորս կողմը ցրուած էին։ Ինչպէս նաեւ աշակերտները կրնային հռոմէական օրէնքը օգտագործել, բարի լուրը պաշտպանելու համար (2/15, էջ 20-23

Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ Զատիկը չեն տօներ։

Յիսուս իր հետեւորդներէն խնդրեց որ իր մահը յիշատակեն եւ ոչ թէ իր յարութիւնը (Ղուկ. 22։19, 20. 3/1, էջ 8

Վերջերս, ինչո՞ւ աստուածաշնչական տիպերն ու հակատիպերը քիչ անգամ քննարկուած են մեր հրատարակութիւններուն մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ կարգ մը անհատներ ծառայեցին իբրեւ աւելի մեծ բանի մը տիպ։ Գաղատացիս 4։21-31–ի մէջ կը գտնենք օրինակ մը։ Այլապէս, լաւագոյն բանն է չենթադրել թէ որոշ անձ մը կամ դէպք մը հակատիպ ունի։ Սակայն, կրնանք Աստուածաշունչին մէջ նշուած անձերէն ու դէպքերէն դասեր քաղել (Հռով. 15։4. 3/15, էջ 17-18

Եգիպտոսի մէջ աղբակոյտի մը մէջ գտնուած պապիրոսի պատառիկը ինչո՞ւ կարեւորութիւն ունի։

Անիկա Յովհաննէսի Աւետարանէն հատուածներ կը պարունակէ։ Անիկա գրուած է՝ Յովհաննէս իր գիրքը գրելէն միայն քանի մը տասնամեակ ետք։ Անոր բովանդակութիւնը կը յայտնէ թէ Աստուածաշունչի գրութիւնը ճշգրտութեամբ փոխանցուած է մեզի, աչքառու դարձնելով թէ Աստուածաշունչը վստահելի է (4/1, էջ 10-11

Անզեղջ յանցագործի մը վտարումը ինչո՞ւ սիրալիր քայլ մըն է։

Աստուածաշունչը վտարումի լուրջ քայլը կ’ուրուագծէ (Ա. Կոր. 5։11-13)։ Անիկա օգուտներ կը բերէ. Աստուծոյ անունը կը պատուէ, մաքուր ժողովքը կը պաշտպանէ եւ կրնայ յանցագործը զգաստացնել (4/15, էջ 29-30