Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ, ԵԹԷ ՄՏԱՀՈԳ ԵՍ

Վտանգի մասին մտահոգուիլ

Վտանգի մասին մտահոգուիլ

«Երբ ահազանգը լսեմ, սիրտս արագ–արագ կը զարնէ, եւ ապաստանարան կը վազեմ ռումբերէն պաշտպանուելու համար», կ’ըսէ Էլոնան։ «Բայց նոյնիսկ հոն ջղագրգիռ կ’ըլլամ։ Պարագան աւելի գէշ է, երբ դուրսը ըլլամ եւ պահուըտելու տեղ չըլլայ։ Անգամ մը երբ ճամբան կը քալէի, սկսայ լալ եւ չէի կրնար շնչել։ Ժամեր անցան մինչեւ որ հանդարտիմ։ Ապա՝ ահազանգը դարձեալ հնչեց»։

Էլոնա

Պատերազմէն զատ կան ուրիշ բաներ, որոնք վտանգ կը պատճառեն։ Օրինակ, երբ մէջտեղ ելլէ թէ դուն կամ քեզի սիրելի եղող անձ մը լուրջ հիւանդութիւն մը ունի, կը զգաս թէ գլխուդ ռումբ մը ինկաւ։ Իսկ ապագայէն վախնալը ոմանց մտահոգութիւն կը պատճառէ։ Անոնք կը մտածեն. «Արդեօք մեր զաւակները,– կամ իրենց զաւակները,– պատերազմով, ոճիրով, ապականութեամբ, աննպաստ կլիմայով եւ համաճարակով լեցուն աշխարհի՞ մը մէջ պիտի ապրին»։ Ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի մտահոգութիւններու հետ գլուխ ելլել։

Գիտնալով որ գէշ բաներ կրնան պատահիլ, «խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ» (Առակաց 27։12)։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ կը փորձենք ֆիզիքապէս մենք մեզ պաշտպանել, կրնանք քայլեր առնել որ մեր միտքն ու զգացումները պաշտպանենք։ Վայրագ ժամանցը եւ նոյնիսկ լուրերուն մէջ ներկայացուած ահռելի պատկերները կ’աւելցնեն մեր եւ մեր զաւակներուն մտահոգութիւնը։ Այս բաներէն աչքերնիս դարձնելը չի նշանակեր թէ մենք իրականութենէն կը փախչինք։ Աստուած մեր միտքը չէ ստեղծած այնպէս մը որ չարիքի վրայ կեդրոնանայ։ Փոխարէն, պէտք է զայն լեցնենք բաներով, որոնք ‘ճշմարտութիւնով, արդարութիւնով, մաքրութիւնով եւ սիրով են’։ Այսպիսով «խաղաղութեան Աստուածը» մեզի մտքի եւ սրտի խաղաղութիւն պիտի տայ (Փիլիպպեցիս 4։8, 9

ԱՂՕԹՔԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Իսկական հաւատքը մեզի կ’օգնէ, որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլենք։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ «աղօթքի մէջ արթուն [կենանք]» (Ա. Պետրոս 4։7)։ Կրնանք Աստուծմէ օգնութիւն, իմաստութիւն եւ քաջութիւն խնդրել, որպէսզի լաւագոյն լուծումը գտնենք, վստահ ըլլալով որ «պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ» (Ա. Յովհաննէս 5։15

Իր ամուսինին՝ Աւիին հետ

Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ Սատանա՛ն է «այս աշխարհին իշխանը», եւ ոչ թէ Աստուած (Յովհաննէս 12։31. Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Ուստի Յիսուս այլաբանօրէն չէր խօսեր երբ սորվեցուց որ աղօթենք. «Չարէն մեզ ազատէ» (Մատթէոս 6։13)։ Էլոնան կ’ըսէ. «Երբ ահազանգը հնչէ, Եհովայէն կը խնդրեմ որ զգացումներս հակակշռելու մէջ ինծի օգնէ։ Նաեւ սիրելի ամուսինս կը հեռաձայնէ ինծի եւ կ’աղօթէ։ Աղօթելը իսկապէս կ’օգտէ»։ Ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ [կամ՝ անկեղծութեամբ] զինք կը կանչեն» (Սաղմոս 145։18

ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ

Լերան քարոզին մէջ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ» (Մատթէոս 6։10)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բոլոր վնասակար մտահոգութիւնները արմատախիլ պիտի ընէ։ Յիսուսին՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ին միջոցաւ, Աստուած «պատերազմները [պիտի] դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» (Եսայի 9։6. Սաղմոս 46։9)։ «[Աստուած] շատ ժողովուրդներու մէջ դատաստան պիտի ընէ. . . ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին. . . վախցնող պիտի չըլլայ» (Միքիա 4։3, 4)։ Երջանիկ ընտանիքներ «տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն» (Եսայի 65։21)։ Եւ ո՛չ մէկը պիտի ըսէ «հիւանդ եմ» (Եսայի 33։24

Ներկայիս որչափ ալ առաջքը առնենք, միշտ չենք կրնար խուսափիլ «դիպուած»ներէն կամ սխալ ժամանակին սխալ տեղ ըլլալէն (Ժողովող 9։11)։ Դարերէ ի վեր՝ լաւ մարդիկը կը մեռնին պատերազմներէն, բռնութենէն եւ հիւանդութիւններէն։ Այս անմեղ զոհերը ի՞նչ յոյս ունին։

Անհամար միլիոնաւորներ դարձեալ պիտի ապրին։ Հիմակուհիմա անոնք կը քնանան,– Աստուծոյ յիշողութեան մէջ ապահով ըլլալով,– մինչեւ այն ժամանակը, երբ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները. . . դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Յարութեան մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Այս յոյսը] ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին» (Եբրայեցիս 6։19)։ Եւ Աստուած «ամենուն հաւատացուց՝ [Յիսուսը] մեռելներէն յարուցանելով» (Գործք 17։31

Հիմակուհիմա, նոյնիսկ անոնք որոնք կը ջանան Աստուած հաճեցնել, մտահոգութիւններ պիտի ունենան։ Գործնական քայլեր առնելով, աղօթքով Աստուծոյ մօտենալով եւ ապագային նկատմամբ Աստուածաշունչին տուած յոյսին հաւատալով՝ Փոլը, Ճանէթը եւ Էլոնան յաջողապէս գլուխ կ’ելլեն մտահոգութեան հետ։ Իրենց պարագային պէս, թող որ «յոյսի Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն» (Հռովմայեցիս 15։13