Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Չարիքը ուրկէ՞ կու գայ։

Ո՞վ ջանաց Յիսուսին գէշ բան մը ընել տալ (Մատթէոս 4։8-10)

Սովորաբար մարդիկ կ’ուզեն խաղաղարար, պարկեշտ եւ ազնիւ ըլլալ։ Լաւ, ինչո՞ւ յաճախ կը տեսնենք բռնութիւն, անարդարութիւն եւ անգթութիւն։ Ամէն օր ահռելի լուրեր կը լսենք։ Արդեօք կա՞յ մէկը, որ մարդոց գէշ բաներ ընել կու տայ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։19

Աստուած մարդուն մէջ չարիք ընելու հակում դրա՞ծ է։ Ո՛չ։ Ան մարդը Իր պատկերով ստեղծեց, ուստի մարդը կրնայ Իր սէրը ընդօրինակել (Ծննդոց 1։27. Յոբ 34։10)։ Բայց Աստուած նաեւ մարդուն ազատ կամք շնորհեց։ Ադամն ու Եւան ընտրելով սխալը ընել, Աստուծոյ օրինակը մերժեցին եւ անկատար դարձան։ Մենք իրենցմէ ժառանգեցինք մեղք գործելու հակումը (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։4, 5

Մի՞շտ չարիք պիտի ըլլայ։

Աստուած կ’ուզէ որ մեր չար հակումներուն դէմ դնենք (Առակաց 27։11)։ Ուստի մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս սխալ չընել եւ ինչպէ՛ս իսկական երջանկութիւն գտնել։ Սակայն ներկայիս չենք կրնար հարիւր առ հարիւր Աստուծոյ սէրը ընդօրինակել (կարդա՛ Սաղմոս 32։8

Թէեւ այժմ շատ չարիք կայ, բայց Աստուած զայն կը թոյլատրէ որոշ ժամանակուան մը համար, որպէսզի բոլորը անոր գէշ հետեւանքները տեսնեն (Բ. Պետրոս 3։7-9)։ Սակայն մօտ ատենէն երկիրը պիտի լեցուի ուրախ մարդոցմով, որոնք Աստուծոյ կը հնազանդին (կարդա՛ Սաղմոս 37։9-11