Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԴԻՏԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

Անցեալին Աստուած պատերազմները ինչպէ՞ս կը դիտէր

Անցեալին Աստուած պատերազմները ինչպէ՞ս կը դիտէր

Ժողովուրդը կը հարստահարուէր։ Անոնք կրկին անգամ աղօթքով Աստուծմէ հանգստութիւն խնդրեցին, բայց իրենց անմիջապէս չտրուեցաւ։ Այդ ժողովուրդը իսրայէլացիներն էին,– Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը։ Հարստահարողները եգիպտացիներն էին,– հզօր ազգ մը (Ելից 1։13, 14)։ Տարիներ շարունակ, իսրայէլացիները սպասեցին որ Աստուած եգիպտական բռնակալութեան վերջ դնէ։ Ի վերջոյ Աստուծոյ գործի լծուելու ժամանակը հասաւ (Ելից 3։7-10)։ Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ ան եգիպտացիներուն դէմ անձամբ պատերազմեցաւ։ Ան Եգիպտոսը շարք մը աւերիչ պատուհասներով հարուածեց, եւ ապա Եգիպտոսի թագաւորն ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ ոչնչացուց (Սաղմոս 136։15)։ Ան փաստեց թէ իր ժողովուրդին համար “հզօր պատերազմող է” (Ելից 15։3, 4

Եգիպտացիներուն դէմ Աստուծոյ անձամբ պատերազմիլը ցոյց կու տայ, թէ ան բոլոր պատերազմներուն դէմ չէ։ Այլ առիթներով, ան իր ժողովուրդին՝ իսրայէլացիներուն, իրաւասութիւն տուաւ որ պատերազմի մասնակցին։ Օրինակ, իրենց պատուիրեց որ պատերազմին քանանացիներուն դէմ, որոնք չափազանց չար էին (Բ. Օրինաց 9։5. 20։17, 18)։ Ան Դաւիթ թագաւորը առաջնորդեց, որ կեղեքիչ փղշտացիներուն դէմ պատերազմի։ Աստուած նոյնիսկ Դաւիթին սորվեցուց ռազմավարութիւն մը, որ յաղթանակի պիտի առաջնորդէր (Բ. Թագաւորաց 5։17-25

Այս պատմութիւնները ցոյց կու տան, թէ երբ որոշ տեսակ չարութիւն եւ կեղեքում իսրայէլացիներուն կը սպառնային, Աստուած իր ժողովուրդին պատերազմելու իրաւասութիւն կու տար իրենց պաշտպանման եւ մաքուր պաշտամունքին պահպանման համար։ Բայց նկատի առ այսպիսի պատերազմներու մասին 3 կէտեր.

  1. ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՈՐՈՇԷՐ ԹԷ Ո՛Վ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԷՐ։ Առիթով մը, Աստուած իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ի՛նք իրենց համար պիտի պատերազմէր (Բ. Մնացորդաց 20։17. 32։7, 8)։ Ան շա՜տ անգամներ այդպէս ըրաւ, ինչպէս որ այս յօդուածին սկիզբը նշեցինք։ Ուրիշ անգամներ, Աստուած վաղեմի Իսրայէլի մէջ իր ժողովուրդին պատուիրեց որ մասնակցի այն պատերազմներուն, որոնց հաւանութիւն կու տար, այսինքն՝ այն պատերազմները, որոնք կը մղուէին Աւետեաց երկիրը գրաւելու եւ պաշտպանելու համար (Բ. Օրինաց 7։1, 2. Յեսու 10։40

  2. ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՈՐՈՇԷՐ ԹԷ ԱՅՍՊԻՍԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐ Ե՛ՐԲ ՊԻՏԻ ՄՂՈՒԷԻՆ։ Աստուծոյ ծառաները իրենց շուրջը եղող բռնութեան եւ չարութեան դէմ դնելու համար, պէտք էր համբերութեամբ սպասէին Աստուծոյ նշանակած ժամանակին։ Մինչ այդ, պէտք չէր իրենք իրենցմէ պատերազմներու մասնակցէին։ Ամէն անգամ որ այդպէս ընէին, Աստուծոյ հաճութիւնը կը կորսնցնէին։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ երբ իսրայէլացիները կը համարձակէին այդպէս ընել, յաճախ արդիւնքը աղէտալի կ’ըլլար *։

  3. Թէեւ Աստուած քանանացիներուն դէմ պատերազմեցաւ, բայց ան ոմանց խնայեց, ինչպէս՝ Ռախաբին եւ իր ընտանիքին

    ԱՍՏՈՒԱԾ Չ’ՈՒԶԵՐ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ, ՆԵՐԱՌԵԱԼ ԱՄԲԱՐԻՇՏՆԵՐԸ, ՄԵՌՆԻՆ։ Եհովա Աստուած կեանքի Աղբիւրը եւ մարդկութեան Ստեղծիչն է (Սաղմոս 36։9)։ Ուստի ան չ’ուզեր որ մարդիկ մեռնին։ Սակայն ցաւօք սրտի կան մարդիկ, որոնք չարամտօրէն կը ծրագրեն ուրիշները հարստահարել եւ նոյնիսկ սպաննել (Սաղմոս 37։12, 14)։ Այսպիսի չարութիւն կեցնելու համար, Աստուած երբեմն չարերուն դէմ պատերազմելու իրաւասութիւն տուած էր։ Բայց հակառակ ասոր, ան իսրայէլացիները հարստահարողներուն հանդէպ տակաւին «գթած» եւ «երկայնամիտ» էր (Սաղմոս 86։15)։ Օրինակ, ան հրամայեց որ քաղաքի մը դէմ պատերազմելէ առաջ, իսրայէլացիները ‘անոր խաղաղութիւն առաջարկէին’, որպէսզի այդ քաղաքի բնակիչներուն առիթ տրուէր իրենց ճամբաները փոխելու եւ պատերազմէն խուսափելու (Բ. Օրինաց 20։10-13)։ Այսպէս, Աստուած ցոյց տուաւ որ «ամբարշտին մեռնիլը [չ’]ուզեր, հապա կ’ուզ[է] որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզեկիէլ 33։11, 14-16) *։

Վերոնշեալ դէպքերէն կը տեսնենք թէ Աստուած անցեալին պատերազմները կը նկատէր օրինաւոր միջոց՝ տարբեր տեսակ կեղեքումի եւ չարութեան վերջ դնելու։ Բայց Աստուա՛ծ էր որ արդարացիօրէն կ’որոշէր թէ ե՛րբ այսպիսի պատերազմներ պիտի մղուէին եւ ո՛վ պիտի պատերազմէր։ Արդեօք ան պատերազմի կը տենչա՞ր,– արեան ծառա՞ւը ունէր։ Ընդհակառակը, ան կ’ատէ բռնութիւնը (Սաղմոս 11։5)։ Աստուծոյ տեսակէտը փոխուեցա՞ւ, երբ իր Որդին առաջին դարուն իր ծառայութիւնը սկսաւ։

^ պարբ. 7 Օրինակ, առիթով մը, երբ իսրայէլացիները ամաղեկացիներուն եւ քանանացիներուն դէմ պատերազմեցան՝ պարտուեցան, քանի որ Աստուած իրենց հրաման տուած էր չպատերազմիլ (Թուոց 14։41-45)։ Տարինե՜ր ետք, հաւատարիմ Յովսիա թագաւոր մասնակցեցաւ պատերազմի մը, որուն Աստուած հաւանութիւն չէր տուած։ Այս անխոհեմ արարքին պատճառաւ ան իր կեանքը կորսնցուց (Բ. Մնացորդաց 35։20-24

^ պարբ. 8 Իսրայէլացիները քանանացիներուն դէմ պատերազմելէ առաջ խաղաղութիւն չառաջարկեցին, քանի որ անոնց 400 տարի առիթ տրուած էր որ իրենց չար ճամբաները սրբագրէին։ Երբ իսրայէլացիները եկան անոնց դէմ պատերազմելու, քանանացիները որպէս խումբ անսրբագրելիօրէն չար էին (Ծննդոց 15։13-16)։ Ուստի հարկ էր որ բնաջնջուէին։ Սակայն այն քանանացիները որոնք իրենց սխալ ճամբաներէն ետ դարձան՝ խնայուեցան (Յեսու 6։25. 9։3-27