Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան սիրոյ Աստուածն է

Եհովան սիրոյ Աստուածն է

«Աստուած սէր է» (Ա. ՅՈՎՀ. 4։8, 16

ԵՐԳԵՐ. 18, 91

1. Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւնը ի՞նչ է, եւ ասիկա գիտնալով ի՞նչ կը զգաս իրեն հանդէպ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ մեզի կ’ըսէ, որ «Աստուած սէր է»։ Ատիկա պարզապէս չ’ըսեր թէ սէրը իր հիանալի յատկութիւններէն մէկն է, հապա՝ թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Սէրը իր գլխաւոր յատկութիւնն է։ Եհովան ոչ թէ պարզապէս ունի՛ սէր. ան սիրոյ մարմնացումն է։ Որքա՜ն հոյակապ է որ գիտնանք թէ տիեզերքին եւ բոլոր ապրող էակներուն Ստեղծիչը՝ սիրոյ Աստուած է։ Ան ի՛նչ որ ընէ, սէրէ մղուած կ’ընէ։

2. Աստուծոյ սէրը մեզի ի՞նչ վստահութիւն կու տայ (տե՛ս բացման պատկերը)։

2 Աստուած իր ստեղծագործութեան վրայ ջերմօրէն կը գուրգուրայ։ Մեզի հանդէպ իր սէրը մեզի կը վստահեցնէ, թէ մարդկութեան նկատմամբ իր բոլոր նպատակները լաւագոյն կերպով պիտի կատարէ։ Ասոր արդիւնքը պիտի ըլլայ, որ բոլոր անոնք որոնք իրեն կը հնազանդին, շատ օգուտներ պիտի քաղեն։ Օրինակ, Եհովան սէրէ մղուած՝ «օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց», այսինքն Յիսուս Քրիստոս (Գործք 17։31)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ասիկա պիտի պատահի։ Հնազանդողները այս դատաստանէն պիտի օգտուին, հոյակապ ապագայ մը ունենալով, որ յաւիտեան պիտի տեւէ։

Ի՛ՆՉ ՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍՏԱԾ Է

3. Եթէ Աստուած մարդկութիւնը չսիրէր, կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլար։

3 Երեւակայէ թէ մեր ապագան ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ Աստուած մարդկութիւնը չսիրէր։ Մարդիկ պիտի շարունակէին իրարու վրայ իշխել եւ ազդուիլ այս աշխարհի անսիրալիր եւ կատաղի աստուծմէ՝ Բանսարկու Սատանայէն (Բ. Կոր. 4։4. Ա. Յովհ. 5։19. կարդա՛ Յայտնութիւն 12։9, 12)։ Ապագան սոսկալի պիտի ըլլար, եթէ Եհովան մեզ չսիրէր։

4. Եհովան ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ իր արդար իշխանութեան դէմ ըմբոստութիւնը շարունակուի։

4 Երբ Սատանան Աստուծոյ իշխանութեան դէմ ըմբոստացաւ, առաջին մարդկային զոյգն ալ դրդեց որ նոյնը ընեն։ Ան Աստուծոյ գերիշխանութեան արդարացի ըլլալը հարցականի տակ դրաւ։ Կարծես թէ ան ըսել ուզեց որ իր իշխանութիւնը Ստեղծիչին իշխանութենէն աւելի լաւ պիտի ըլլար (Ծն. 3։1-5)։ Ճիշդ է որ Եհովան Սատանային թոյլ տուաւ որ փորձէ իր ըսածը փաստել, բայց ասիկա ժամանակաւոր էր։ Եհովան իմաստութեամբ թոյլ տուած է որ բաւարար ժամանակ անցնի, որպէսզի ցոյց տայ թէ իր իշխանութենէն զատ ուրիշ որեւէ իշխանութիւն անատակ է։ Մարդկութեան ցաւալի պատմութիւնը կը յայտնէ, թէ ո՛չ մարդիկը ոչ ալ Սատանան կրնան լաւ իշխաններ ըլլալ։

5. Մարդկային պատմութիւնը ի՞նչ բան յստակօրէն փաստած է։

5 Միայն անցեալ 100 տարուան ընթացքին, աւելի քան 100 միլիոն մարդ մեռած է պատերազմներէն։ Ներկայիս, աշխարհին վիճակը երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլայ։ Աստուծոյ Խօսքը մարգարէացած էր թէ այս աշխարհի «վերջին օրեր»ուն ընթացքին ասիկա պիտի պատահէր եւ թէ «չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանա[յին]» (Բ. Տիմ. 3։1, 13)։ Պատմութիւնը անկասկած փաստած է թէ Աստուածաշունչին այս ըսածը ճիշդ է. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Եր. 10։23)։ Իսկապէս ալ, Եհովան մարդիկը չստեղծեց այն կարողութիւնով կամ իրաւունքով, որ իրմէ անկախ իրենք իրենց վրայ իշխեն։

6. Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուած է, որ չարութիւնը ժամանակաւորապէս շարունակուի։

6 Աստուած թոյլ տուած է որ չարութիւնը ժամանակաւորապէս շարունակուի։ Ասիկա ոչ միայն ցուցուցած է թէ մարդկային իշխանութիւնը ունայն է, այլեւ փաստած է թէ միայն Աստուծոյ իշխանութիւնը կրնայ յաջող ըլլալ։ Այս փաստը մնայուն է։ Եհովան չարութիւնը եւ չարերը մէջտեղէն վերցնելէ ետք, եթէ մէկը ելլէ եւ Իր սիրալիր իշխանութիւնը հարցականի տակ դնէ, ինք պէտք պիտի չունենայ որ հարցը կախուած ձգէ։ Եհովան պիտի կարենայ մարդկային պատմութեան մէջ պատահածները որպէս օրինակ գործածել եւ պատճառ ունենալ, որ այսպիսի ըմբոստներ անմիջապէս բնաջնջէ, թոյլ չտալով որ չարութիւնը դարձեալ արմատ կապէ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՐ ՍԷՐԸ ՑՈՒՑՈՒՑԱԾ Է

7, 8. Եհովան ի՞նչ կարգ մը կերպերով իր մեծ սէրը ցուցուցած է։

7 Եհովան իր մեծ սէրը շատ մը կերպերով ցուցուցած է։ Օրինակ՝ մտածէ տիեզերքի չափին եւ գեղեցկութեան մասին։ Միլիառաւոր աստղախումբեր կան, եւ իւրաքանչիւրին մէջ՝ միլիառաւոր աստղեր եւ մոլորակներ։ Ծիր Կաթինի աստղերէն մէկը արեւն է։ Առանց արեւին, երկրագունդին վրայ կեանք չ’ըլլար։ Բոլոր այս ստեղծագործութիւնները կը փաստեն Եհովային աստուածութիւնը եւ կը յայտնեն իր յատկութիւնները, ինչպէս՝ զօրութիւն, իմաստութիւն եւ սէր։ Արդարեւ, «աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը» (Հռով. 1։20, ՆԹ

8 Եհովան երկրագունդը մասնաւորաբար ստեղծեց՝ մէջը կեանք ըլլալու համար։ Ան դրախտային գեղեցիկ պարտէզ մը ըրաւ մարդոց համար, եւ անոնց կատարեալ միտք ու մարմին տուաւ, որպէսզի կարենան յաւիտեան ապրիլ (կարդա՛ Յայտնութիւն 4։10բ)։ Ասկէ աւելի, ան «բոլոր մարմիններուն հաց [կու տայ], վասն զի անոր ողորմութիւնը [«հաւատարիմ սէրը», ՆԱ] յաւիտեան է» (Սաղ. 136։25

9. Սիրոյ Աստուածը ըլլալով հանդերձ, Եհովան ի՞նչ բան կ’ատէ։

9 Եհովան սիրոյ Աստուածն է, սակայն նոյն ատեն կ’ատէ չարութիւնը։ Օրինակ՝ Սաղմոս 5։4-6–ը Եհովային մասին կ’ըսէ. «Դուն անօրէնութիւն ուզող Աստուած չես. . . բոլոր անօրէնութիւն գործողները կ’ատես»։ Ատիկա նաեւ կ’աւելցնէ. «Տէրը արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդէն կը զզուի»։

ՉԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԸ ՄՕՏ Է

10, 11. ա) Չարերուն ի՞նչ պիտի պատահի։ բ) Եհովան հնազանդները ինչպէ՞ս պիտի վարձատրէ։

10 Յարմար ժամանակին, Եհովան ամբողջ տիեզերքէն չարութիւնը պիտի վերցնէ, քանի որ սիրոյ Աստուած է եւ չարութիւնը կ’ատէ։ Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ. «Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ. . . Տէրոջը թշնամիները գառնուկներու ճարպին պէս պիտի սպառին, մուխի պէս պիտի ցնդին» (Սաղ. 37։9, 10, 20

11 Անդին, Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը խոստանայ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։29)։ Անոնք «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղ. 37։11)։ Ասիկա իրապէս պիտի պատահի, քանի որ մեր սիրալիր Աստուածը իր հաւատարիմ ծառաներուն համար լաւագոյնը կ’ընէ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտ. 21։4)։ Հոյակապ ապագայ մը կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք իրապէս կ’արժեւորեն Եհովայի սէրը եւ իրեն կը հնազանդին որպէս Գերիշխան։

12. Ո՞վ է «անմեղադրելի անհատը»։

12 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարը [«անմեղադրելի անհատը», ՆԱ] տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ, իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ» (Սաղ. 37։37, 38)։ «Անմեղադրելի անհատը» Եհովան եւ իր Որդին կը ճանչնայ եւ հնազանդութեամբ Եհովայի կամքը կ’ընէ (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3)։ Այսպիսի անհատ մը Ա. Յովհաննէս 2։17–ի խօսքը լուրջի կ’առնէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ Մինչ աշխարհին վերջը կը մօտենայ, շատ կարեւոր է որ ‘Տէրոջը համբերենք ու անոր ճամբան պահենք’ (Սաղ. 37։34

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԻՐՈՅՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱՐԱՐՔԸ

13. Աստուծոյ սիրոյն մեծագոյն արարքը ի՞նչ էր։

13 Թէեւ անկատար ենք, սակայն կրնանք ‘Եհովային ճամբան պահել’։ Նաեւ կրնանք իրեն հետ անձնական մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենալ՝ իր սիրոյ մեծ արարքին շնորհիւ։ Ան Յիսուս Քրիստոսը զոհեց, ճամբան բանալով որ հնազանդ մարդիկը մեղքէն եւ մահէն ազատուին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։12. 6։23)։ Յիսուս երկնքին մէջ շա՜տ երկար ժամանակ հաւատարիմ մնացած էր Եհովային, ուստի Եհովան լման կը վստահէր իր միածին Որդիին։ Սիրալիր Հայր ըլլալով, ան անկասկած ցաւեցաւ, երբ մարդիկ Յիսուսի հետ անարդարութեամբ վարուեցան։ Սակայն, Յիսուս հաւատարմօրէն թիկունք կանգնեցաւ Եհովայի իշխելու իրաւունքին, եւ փաստեց որ կատարեալ մարդ մը կրնա՛յ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ, նոյնիսկ ամէնէն դժուար պարագաներուն։

Աստուած սիրալիրօրէն իր յօժարակամ Որդին երկիր ղրկեց (տե՛ս պարբերութիւն 13)

14, 15. Յիսուսի մահը մարդկութեան համար ի՞նչ իրագործեց։

14 Յիսուս մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց եւ Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնեց, նոյնիսկ ամէնէն դժուար պարագաներուն մէջ։ Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք, որ Յիսուս իր մահովը նաեւ պէտք եղած փրկագինը վճարեց, որպէսզի մարդկութիւնը փրկէ եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրելու ճամբան բանայ։ Պօղոս առաքեալ նկարագրեց այն սէրը, որ թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուս ցուցուցին փրկանքին միջոցով, ըսելով. «Երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։ Վասն զի արդարի մը համար հազիւ կրնայ մէկը մեռնիլ. բայց բարի մարդու մը համար՝ կարելի է որ մէկը համարձակի մեռնիլ. սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռով. 5։6-9)։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու» (Ա. Յովհ. 4։9, 10

15 Յիսուս ըսաւ որ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Աստուած այնքա՛ն շատ կը սիրէ մարդիկը, որ ոչ մէկ լաւ բան կը խնայէ անոնցմէ, նոյնիսկ եթէ ատիկա իրեն սուղի պիտի նայի։ Իր սէրը յաւիտենական է։ Պօղոս գրեց. «Ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է» (Հռով. 8։38, 39

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄԱ Կ’ԻՇԽԷ

16. Մեսիական Թագաւորութիւնը ի՞նչ է, եւ Եհովան ո՞վ նշանակած է որպէս Թագաւոր։

16 Աստուծոյ կառավարութիւնը՝ մեսիական Թագաւորութիւնը, նոյնպէս կը փաստէ թէ Եհովան մարդկութիւնը կը սիրէ։ Եհովան արդէն իսկ թագադրած է իր Որդին, որ մարդկութիւնը կը սիրէ եւ իշխելու որակեալ է (Առ. 8։31)։ Ան նաեւ որոշած է որ 144,000 հոգի Քրիստոսի հետ իշխեն երկնքի մէջ։ Երբ անոնք յարութիւն կ’առնեն, իրենց հետ կը տանին մարդկային կեանքի փորձառութիւնը (Յայտ. 14։1)։ Յիսուսի ուսուցումին գլխաւոր նիւթը՝ Թագաւորութիւնն էր, եւ ան իր աշակերտներուն սորվեցուց որ այսպէս աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։9, 10)։ Երբ այսպիսի աղօթքներ կատարուին, ի՜նչ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։

17. Յիսուսի իշխանութիւնը բաղդատէ մարդկային իշխանութեան հետ։

17 Որքա՜ն տարբերութիւն կայ Յիսուսի սիրալիր իշխանութեան եւ մարդկային իշխանութեան միջեւ։ Մարդկային իշխանութիւնը պատճառ դարձած է որ միլիոնաւորներ պատերազմի մէջ մեռնին։ Մեր Թագաւորը իրապէս հետաքրքրուած է մեզմով եւ Աստուծոյ հոյակապ յատկութիւնները կ’ընդօրինակէ, ինչպէս՝ սէրը (Յայտ. 7։10, 16, 17)։ Ան ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատ. 11։28-30)։ Ասիկա որքա՜ն սիրալիր խոստում մըն է։

18. ա) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը 1914–էն ի վեր ի՞նչ կ’ընէ։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

18 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը 1914–ին սկսաւ երկնքի մէջ իշխել։ Անկէ ի վեր կը հաւաքուին Յիսուսի հետ երկնքի մէջ իշխողներուն մնացորդը եւ «մեծ բազմութիւն մը», որ այս աշխարհին «վերջ»էն վերապրելով պիտի մտնէ նոր աշխարհը (Յայտ. 7։9, 13, 14)։ Մեծ բազմութիւնը որքա՞ն շատ է ներկայիս։ Այս խումբին անդամներէն ի՞նչ պահանջուած է։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։