Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քու ընկերդ կը սիրե՞ս քու անձիդ պէս

Քու ընկերդ կը սիրե՞ս քու անձիդ պէս

«Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (ՄԱՏ. 22։39

ԵՐԳԵՐ. 73, 36

1, 2. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ սէրը կարեւոր է։

ՍԷՐԸ Եհովա Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւնն է (Ա. Յովհ. 4։16)։ Իր առաջին ստեղծագործութիւնը Յիսուսն էր, որ երկնքի մէջ միլիառաւոր տարիներ անցուց իրեն հետ եւ իր սիրալիր ճամբաները սորվեցաւ (Կող. 1։15)։ Յիսուս իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, մէջը ըլլալով իր երկրային կեանքը, ցոյց տուաւ թէ լիովին կը հասկնայ որ Եհովան ի՜նչ սիրալիր Աստուած է։ Ան կ’ընդօրինակէ այդ սէրը։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան եւ Յիսուս միշտ սէրէ մղուած պիտի իշխեն։

2 Երբ Յիսուսին հարցուեցաւ թէ Օրէնքին մէջ ո՛ր պատուիրանքը մեծ է, ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’» (Մատ. 22։37-39

3. Ո՞վ է մեր «ընկերը»։

3 Եհովան սիրելու պատուէրէն անմիջապէս ետք, Յիսուս ըսաւ որ պէտք է մեր ընկերը սիրենք։ Ուստի կը հասկնանք որ մեր բոլոր փոխյարաբերութիւններուն մէջ պէտք է սէր ցուցնենք։ Բայց ո՞վ է մեր «ընկերը»։ Եթէ ամուսնացած ենք, մեր ամէնէն մօտիկ ընկերը մեր կողակիցն է։ Մեզի մօտիկ են նաեւ ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը։ Կան նաեւ անոնք՝ որոնց կը հանդիպինք ծառայութեան ընթացքին։ Այս յօդուածին մէջ պիտի սորվինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ցոյց տալ որ մեր ընկերը կը սիրենք։

ԿՈՂԱԿԻՑԴ ՍԻՐԷ

4. Հակառակ անկատարութեան, ամուսնութիւնը ինչո՞ւ կրնայ յաջող ըլլալ։

4 Եհովան առաջին ամուսնութիւնը ըրաւ՝ Ադամն ու Եւան ստեղծելով եւ զիրենք միաւորելով։ Իր նպատակն էր որ անոնք ուրախ եւ յաւիտեան միասին ըլլան ու երկիրը լեցնեն իրենց սերունդով (Ծն. 1։27, 28)։ Սակայն երբ Եհովային անհնազանդ գտնուեցան, իրենց ամուսնութիւնը վնասուեցաւ եւ մեղքն ու մահը ամբողջ մարդկութեան վրայ տարածուեցան (Հռով. 5։12)։ Ասով հանդերձ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ամուսնութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ յաջող ըլլալ։ Անոր մէջ Եհովան՝ ամուսնութեան Հիմնադիրը, այս նիւթին մասին ամէնէն լաւ խրատները տուած է (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

5. Ամուսնութեան մէջ սէրը որքա՞ն կարեւոր է։

5 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ որպէսզի մարդիկ ուրախ փոխյարաբերութիւններ վայելեն, ջերմ եւ քնքուշ սէրը կարեւոր է։ Ասիկա շատ ճիշդ է ամուսնութեան պարագային։ Պօղոս առաքեալ անկեղծ սէրը նկարագրեց, երբ ըսաւ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար» (Ա. Կոր. 13։4-8)։ Երբ Պօղոսի խօսքերուն վրայ մտածենք եւ զանոնք կիրարկենք, կրնանք ուրախ ամուսնութիւն ունենալ։

Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս յաջող ամուսնութիւն ունենալ (տե՛ս պարբերութիւն 6, 7)

6, 7. ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ գլխաւորութեան մասին։ բ) Քրիստոնեայ ամուսին մը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի իր կնոջ հետ։

6 Եհովան որոշեց որ ընտանիքին գլուխը ո՛վ պիտի ըլլայ։ Պօղոս բացատրեց. «Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած» (Ա. Կոր. 11։3)։ Բայց Եհովան կ’ակնկալէ որ ամուսինը սիրալիր գլուխ ըլլայ, եւ ոչ թէ բիրտ ու տիրապետող։ Օրինակ՝ Եհովան Յիսուսին գլուխը ըլլալով, իրեն հետ ազնուօրէն կը վարուի եւ անձնասէր չէ։ Ասոր համար, Յիսուս կը յարգէ Աստուծոյ սիրալիր հեղինակութիւնը, եւ ան ըսաւ. «Ես Հայրը կը սիրեմ» (Յովհ. 14։31)։ Յիսուս այդպէս պիտի չզգար, եթէ Եհովան կոշտ կամ բռնակալ ըլլար։

7 Թէեւ ամուսինը կնոջ գլուխն է, սակայն Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ պէտք է ‘պատուէ’ իր կինը (Ա. Պետ. 3։7, ԱԾ)։ Ամուսինը ինչպէ՞ս կրնայ ասիկա ընել։ Անոր պէտքերը նկատի առնելով եւ նախընտրութիւնները յարգելով։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար» (Եփ. 5։25)։ Յիսուս նոյնիսկ իր կեա՛նքը տուաւ իր հետեւորդներուն համար։ Երբ ամուսինը Յիսուսի պէս սիրալիր գլուխ ըլլայ, կնոջ համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ զինք սիրէ ու յարգէ եւ իրեն ենթարկուի (կարդա՛ Տիտոս 2։3-5

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԴ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐԴ ՍԻՐԷ

8. Մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ ի՞նչ պէտք է զգանք։

8 Աշխարհին չորս կողմը միլիոնաւոր մարդիկ Եհովան կը պաշտեն եւ իր անուանը ու նպատակին մասին կը վկայեն։ Ինչպէ՞ս պէտք է զգանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։ Աստուծոյ Խօսքը կը պատասխանէ. «Բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն» (Գաղ. 6։10. կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։10)։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ձեր անձերը մաքրեցէ՛ք Հոգիին միջոցաւ՝ ճշմարտութեանը հնազանդելով, եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլալով։ Սուրբ սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք»։ Ան հաւատակիցներուն նաեւ ըսաւ. «Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք» (Ա. Պետ. 1։22. 4։8

9, 10. Աստուծոյ ժողովուրդը ինչո՞ւ միացած է։

9 Մեր համաշխարհային կազմակերպութիւնը յատուկ է, քանի որ զօրաւոր սէր ունինք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ։ Աւելին, որովհետեւ Եհովան կը սիրենք եւ իր օրէնքներուն կը հնազանդինք, ան մեզի կ’աջակցի գործածելով տիեզերքի ամէնէն զօրաւոր ուժը՝ իր սուրբ հոգին կամ գործօն ուժը։ Աստուծոյ հոգին մեզի կ’օգնէ որ իսկապէս միացած միջազգային եղբայրութիւն մը ըլլանք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։20, 21

10 Պօղոս շեշտեց թէ քրիստոնեաները պէտք է սէր ունենան իրարու հանդէպ, երբ ըսաւ. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [«Եհովան», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է» (Կող. 3։12-14)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ ի՛նչ ենթահող ալ ունենանք կամ ո՛ր երկրէ ալ ըլլանք, մեր միջեւ սէր կայ, որ միասնութեան կատարեալ կապն է։

11. Ի՞նչը ցոյց կու տայ թէ ո՛րն է Եհովայի կազմակերպութիւնը։

11 Եհովայի ծառաներուն միջեւ անկեղծ սէրն ու միութիւնը ցոյց կու տայ, որ իրենք են որ ճշմարիտ կրօնքին կը հետեւին։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։34, 35)։ Եւ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։ Վասն զի ասիկա այն պատուիրանքն է որ դուք սկիզբէն լսեցիք, որ մէկզմէկ սիրենք» (Ա. Յովհ. 3։10, 11)։ Սէրն ու միութիւնը ցոյց կու տայ, որ Եհովայի վկաները Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդներն են։ Աստուած զիրենք կը գործածէ, որպէսզի Արքայութեան աւետարանը բովանդակ աշխարհին քարոզուի (Մատ. 24։14

«ՄԵԾ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ» ՀԱՒԱՔԵԼ

12, 13. ա) «Մեծ բազմութիւնը» ներկայիս ի՞նչ կ’ընէ։ բ) Մօտ ատենէն անոնց ի՞նչ պիտի պատահի։

12 Եհովայի ծառաներուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի ‘մեծ բազմութեան մը’, որ «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» է։ Անոնք «[Աստուծոյ] աթոռին առջեւ ու Գառնուկին [Յիսուս Քրիստոսին] առջեւ կեցեր» են։ Ո՞վ են անոնք։ «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին», Յիսուսի զոհին հաւատալով։ «Մեծ բազմութեան» հետզհետէ շատցող անդամները կը սիրեն Եհովան ու իր Որդին, եւ «[Աստուծոյ] կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր» (Յայտ. 7։9, 14, 15

13 Մօտ ատենէն Աստուած այս չար աշխարհը պիտի կործանէ «մեծ նեղութեան» ընթացքին (Մատ. 24։21. կարդա՛ Երեմիա 25։32, 33)։ Բայց քանի որ Եհովան իր ծառաները կը սիրէ, զիրենք որպէս խումբ պիտի պաշտպանէ եւ նոր աշխարհը մտցնէ։ Ճիշդ ինչպէս որ խոստացած էր գրեթէ 2000 տարի առաջ, Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ Անհամբեր կը սպասե՞ս որ Դրախտին մէջ ապրիս, ‘առաջուան բաները անցնելէ’ ետք (Յայտ. 21։4

14. Մեծ բազմութիւնը որքա՞ն շատցած է։

14 Երբ 1914–ին վերջին օրերը սկսան, ամբողջ աշխարհին մէջ միայն քանի մը հազար օծեալ ծառաներ կային։ Այդ պզտիկ խումբը շարունակեց Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել՝ հակառակ դժուարութիւններու, քանի որ ընկերի հանդէպ սէր ունէր եւ Աստուծոյ սուրբ հոգին կ’օգնէր։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ներկայիս երկրային յոյս ունեցող մեծ բազմութիւն մը կը հաւաքուի։ Շուրջ 8,000,000 Վկաներ կան, աշխարհի չորս կողմը եղող աւելի քան 115,400 ժողովքներու մէջ, եւ մեր թիւը երթալէն կը շատնայ։ Օրինակ՝ 2014 ծառայութեան տարուան ընթացքին, 275,500 հոգի մկրտուեցան, այսինքն՝ իւրաքանչիւր շաբաթ միջին հաշուով շուրջ 5300 հոգի։

15. Բազմաթիւ մարդիկ ներկայիս ինչպէ՞ս կը լսեն բարի լուրը։

15 Հոյակապ է թէ որքա՜ն մարդիկ Թագաւորութեան բարի լուրը լսած են։ Ներկայիս, մեր հրատարակութիւնները աւելի քան 700 լեզուներով մատչելի են։ Դիտարան–ը աշխարհի մէջ ամէնէն շատ բաշխուած պարբերաթերթն է. ամէն ամիս աւելի քան 52,000,000 օրինակ կը տպուի՝ 247 լեզուներով։ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքէն աւելի քան 200,000,000 օրինակ տպուած է՝ աւելի քան 250 լեզուներով։

16. Եհովայի կազմակերպութիւնը ինչո՞ւ կը շարունակէ հոգեւորապէս զարգանալ։

16 Մեր կազմակերպութիւնը երթալէն կ’աճի, քանի որ Աստուծոյ կը հաւատանք եւ կ’ընդունինք, որ Սուրբ Գիրքը իր ներշնչուած Խօսքն է (Ա. Թես. 2։13)։ Հոյակապ է մանաւանդ Եհովայի ժողովուրդին հոգեւոր զարգացումը, հակառակ Սատանային՝ «այս աշխարհի աստուած»ին ատելութեան եւ հակառակութեան (Բ. Կոր. 4։4

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ՄԻՇՏ ՍԷՐ ՑՈՒՑՈՒՐ

17, 18. Աստուծոյ ծառաները անհաւատներուն նկատմամբ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենան։

17 Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենայ այն անձերուն հանդէպ՝ որոնք միակ ճշմարիտ Աստուածը չեն պաշտեր։ Մինչ կը քարոզենք, ոմանք ականջ կու տան մեզի, ոմանք ալ թշնամաբար կը վարուին։ Ի՛նչ ալ ըլլայ մարդոց վերաբերմունքը, Աստուածաշունչին պատուէրին կը հետեւինք, որ կ’ըսէ. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ» (Կող. 4։6)։ Քանի որ կը սիրենք մեր ընկերը, մեր հաւատալիքները «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ» կը պաշտպանենք (Ա. Պետ. 3։15

18 Մեր ընկերին հանդէպ սէր ցոյց կու տանք, նոյնիսկ եթէ տանտէր մը մեր վրայ բարկանայ ու մեզ յանդիմանէ։ Մենք կ’ընդօրինակենք Յիսուսը, որ «կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին [Եհովային] կը յանձնէր» (Ա. Պետ. 2։23)։ Ըլլա՛նք եղբայրներու ու քոյրերու հետ կամ ուրիշներու հետ, հեզութեամբ կը վարուինք եւ հետեւեալ խրատը կը կիրարկենք. «Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք, այլ ընդհակառակն՝ օրհնեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 3։8, 9

19. Մեր թշնամիներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք։

19 Եհովայի ծառաները հեզ կեցուածք պահպանելով հնազանդած կ’ըլլան Յիսուսի տուած հետեւեալ կարեւոր սկզբունքին. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ. ‘Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես’։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ’» (Մատ. 5։43-45)։ Աստուծոյ ծառաները ըլլալով, պէտք է սորվինք ‘մեր թշնամիները սիրել’, չնայած թէ ինչպէ՛ս կը վարուին մեզի հետ։

20. Ինչո՞ւ Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ սէրը պիտի տիրէ նոր աշխարհին մէջ (տե՛ս բացման պատկերը)։

20 Ամէն ժամանակ, Եհովայի ծառաները պէտք է թէ՛ իրենց կեցուածքով եւ թէ գործերով ցուցնեն, որ կը սիրեն Եհովան եւ իրենց ընկերը։ Օրինակ՝ նոյնիսկ եթէ մարդիկ մեզի եւ մեր պատգամին հակառակին, իրենց կ’օգնենք երբ պէտք ունենան։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասն զի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ. վասն զի այն Մի՛ շնարը, Մի՛ սպանները, Մի՛ գողնարը, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըները, Մի՛ ցանկարը եւ ուրիշ ինչ պատուէր որ կայ՝ բոլորը այս խօսքին մէջ կը բովանդակուի. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ Սէրը ընկերին գէշութիւն չ’ըներ. ուրեմն օրէնքին լրումը սէրն է» (Հռով. 13։8-10)։ Որպէս Եհովայի վկաներ, անկեղծ սէր ցոյց կու տանք այս բաժնուած, վայրագ եւ չար աշխարհին մէջ, որ Սատանայի իշխանութեան տակ է (Ա. Յովհ. 5։19)։ Երբ Եհովան մէջտեղէն վերցնէ Սատանան, իր դեւերը եւ ըմբոստ մարդիկը, վստահաբար սէրը պիտի տիրէ ամբողջ երկրին մէջ։ Ի՜նչ օրհնութիւն պիտի ըլլայ, երբ երկրագունդին վրայ ամէն անձ սիրէ Աստուած եւ իր ընկերը։