Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատանիդ մարզէ՛ որ Եհովային ծառայէ

Պատանիդ մարզէ՛ որ Եհովային ծառայէ

«Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով» (ՂՈՒԿ. 2։52

ԵՐԳԵՐ. 41, 89

1, 2. ա) Պատանի զաւակ ունեցող ծնողներէն ոմանք ի՞նչ բանով կը մտահոգուին։ բ) Զաւակները ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ պատանեկութեան տարիներէն։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ծնողներուն համար ամէնէն ուրախ առիթներէն մէկն է՝ իրենց զաւակին մկրտութիւնը տեսնել։ Պերընիս անունով մայր մը, որուն չորս զաւակներն ալ մկրտուեցան առաջ որ 14 տարեկան ըլլան, կ’ըսէ. «Շատ զգացական պահ մըն էր մեզի համար։ Անշուշտ շատ երախտապարտ էինք որ մեր զաւակները ուզեցին Եհովային ծառայել, բայց նաեւ գիտէինք որ անոնք պատանի ըլլալով շատ դժուարութիւններ պիտի ունենային»։ Եթէ քու զաւակդ պատանի է կամ պատանեկութեան կը մօտենայ, դո՛ւն ալ թերեւս նոյն մտահոգութիւնը ունենաս։

2 Պզտիկներու աճման մասնագէտ մը կ’ընդունի թէ պատանեկութիւնը կրնայ թէ՛ ծնողներուն եւ թէ պատանիներուն համար դժուար ըլլալ, բայց ան նաեւ կ’ըսէ. «Պատանեկութիւնը ‘խենթութեան’ կամ ‘անհասունութեան’ ժամանակաշրջան մը չէ։ Ատիկա շատ կարեւոր ժամանակ մըն է, երբ պատանիները շատ զօրաւոր զգացումներ կ’ունենան, մարդոց մէջ մտնելու պէտքը կը զգան եւ իրենց քով միշտ նորութիւն կ’ըլլայ»։ Մինչ պատանի է, զաւակդ կրնայ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը աւելի իմաստալից դարձնել, ծառայութեան մէջ նպատակակէտեր դնել ու անոնց ետեւէն երթալ, եւ աւելին ընելու փափաքը ունենալով՝ իր նուիրումը կատարել ու ատոր համաձայն ապրիլ։ Իրեն համար, պատանեկութիւնը կրնայ հոգեւոր աճումի ժամանակ մը դառնալ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսի պարագային էր (կարդա՛ Ղուկաս 2։52Այդ ճակատագրական տարիներուն ընթացքին դուն ի՞նչ դեր կը խաղաս որպէս ծնող։ Նկատի առ թէ Յիսուս չափահաս ըլլալէ ետք ինչպէ՛ս սէր, խոնարհութիւն եւ խորատեսութիւն ցուցուց։ Այս յատկութիւնները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել որ պատանիդ մարզես որ Եհովային ծառայէ։

ՊԱՏԱՆԻԴ ՍԻՐԷ՛

3. Յիսուս ինչո՞ւ կրնար իր առաքեալները իր բարեկամները կոչել։

3 Յիսուս սիրալիր եւ հաւատարիմ բարեկամ մըն էր (կարդա՛ Յովհաննէս 15։15)։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ընդհանրապէս տէր մը իր անձնական մտածումներն ու զգացումները չէր պատմեր իր ծառաներուն։ Սակայն Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն համար թէ՛ տէր եղաւ եւ թէ բարեկամ։ Ան իրենց հետ ժամանակ կ’անցընէր, իր զգացումները իրենց կը յայտնէր եւ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր, երբ իրենց սիրտը իր առջեւ թափէին (Մար. 6։30-32)։ Այս սիրալիր հաղորդակցութիւնը՝ Յիսուսի եւ առաքեալներուն միջեւ ջերմ կապ մը մէջտեղ բերաւ, եւ զիրենք նախապատրաստեց որ ապագային պատասխանատուութիւններ առնեն Եհովայի ծառայութեան մէջ։

4. Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակիդ բարեկամը ըլլալ, բայց նոյն ատեն ծնողական հեղինակութիւնդ պահել (տե՛ս բացման պատկերը)։

4 Երկու զաւակի հայր՝ Մայքլ կ’ըսէ. «Ճիշդ է որ մենք ծնողներս չենք կրնար մեր զաւակին հասակակիցը ըլլալ, բայց կրնա՛նք անոր բարեկամը ըլլալ»։ Բարեկամները միասին ժամանակ կ’անցընեն։ Աղօթքով մտածէ թէ արդեօք կրնա՞ս աւելի քիչ ժամանակ տալ գործիդ կամ ուրիշ բաներու, որպէսզի աւելի ժամանակ անցընես զաւակիդ հետ։ Միտքդ պահէ թէ բարեկամները նոյն հետաքրքրութիւնները կ’ունենան։ Ուրեմն, ջանա՛ պատանիիդ հաճոյք առած բաներէն դո՛ւն ալ հաճոյք առնել, ինչպէս՝ իր նախասիրած երաժշտութիւնը, ֆիլմերը կամ մարզանքը։ Իտալիոյ մէջ ապրող Իլարիա կ’ըսէ. «Ծնողքս հետաքրքրուեցաւ իմ մտիկ ըրած երաժշտութեամբս։ Հայրս նոյնիսկ ամէնէն մտերիմ բարեկամս դարձաւ եւ կը զգայի թէ ազատօրէն կրնամ զգայուն նիւթերու շուրջ իրեն հետ խօսիլ»։ Ծնողական հեղինակութենէդ քաշուած չես ըլլար, երբ պատանի զաւակիդ բարեկամը ըլլաս եւ իրեն օգնես, որ «Տէրոջը բարեկամութիւնը» վայելէ (Սաղ. 25։14)։ Ընդհակառակը, ցոյց կու տաս որ զինք կը սիրես ու կը յարգես, եւ ան կը սկսի առանց քաշուելու հետդ խօսիլ։ Եւ աւելի հաւանականութիւն կայ, որ ինքն ալ իր կարգին իր մտահոգութիւնները պատմէ քեզի։

5. Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՞ս ուրախ կեանք մը կրնային ունենալ Եհովային ծառայելով։

5 Յիսուս կ’ուզէր որ իր սիրելի աշակերտները կամ բարեկամները համտեսեն այն ուրախութիւնը, որ կու գայ Եհովային ծառայութեամբ զբաղած ըլլալէն։ Ուստի իր փափաքն էր, որ անոնք նախանձախնդրօրէն մասնակցին հոգեւոր գործունէութիւններու, յատկապէս աշակերտելու գործին մէջ։ Եւ ան սիրալիրօրէն վստահեցուց իր աշակերտներուն, որ իրենց պիտի օգնէր որ յաջողին (Մատ. 28։19, 20

6, 7. Երբ զաւակիդ սորվեցնես որ կանոնաւորաբար հոգեւոր գործունէութիւններուն մասնակցի, անոր ինչպէ՞ս սէր ցոյց տուած կ’ըլլաս։

6 Կ’ուզես որ պատանի զաւակդ հոգեւորապէս առողջ ըլլայ, եւ Աստուած կ’ուզէ որ երեխաներդ մեծցնես իր «վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Ուստի Աստուծոյ քեզի տուած այս պատասխանատուութիւնը գործածէ եւ վստահ եղիր որ կանոնաւորաբար կը մարզես զաւակդ։ Մտածէ ասոր մասին. կը պնդես որ զաւակդ ուսում առնէ, քանի որ իր ուսանիլը կարեւոր է եւ կը փափաքիս սորվելու հանդէպ սէր ցանել իր մէջ։ Նմանապէս, սիրալիր ծնողները կը պնդեն որ իրենց զաւակները ‘Տէրոջը խրատէն’ օգտուին ժողովներուն ընթացքին եւ հոգեւոր ուրիշ յայտագիրներու միջոցաւ։ Ուստի զաւակիդ օգնէ որ հոգեւոր բաները սիրէ եւ անդրադառնայ, որ Եհովան կրնայ իրեն օգնել որ իսկապէս իմաստուն ըլլայ (Առ. 24։14)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս իր աշակերտներուն օգնեց, դո՛ւն ալ պատանի զաւակիդ օգնէ որ ծառայութեան մէջ յաջողի, զինք մարզելով որ սիրէ Աստուծոյ Խօսքը ուրիշին սորվեցնել եւ կանոնաւորաբար քարոզչութեան մասնակցի։

7 Պատանիները ինչպէ՞ս կ’օգտուին, երբ կանոնաւորաբար հոգեւոր գործունէութիւններու կը մասնակցին։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ ապրող Էրըն կ’ըսէ. «Երբ պզտիկ էինք, շատ անգամ կը տզտզայինք եւ կը գանգատէինք երբ Աստուածաշունչը պիտի ուսումնասիրէինք, ժողովի պիտի երթայինք եւ ծառայութեան պիտի ելլէինք։ Ատեններ, ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը մասնաւոր կը խանգարէինք, որպէսզի փախչինք ատկէ։ Բայց մեր ծնողքը տեղի չէր տար»։ Ան կ’աւելցնէ. «Այդ մարզումէն յարատեւել սորվեցայ։ Այժմ, երբոր հոգեւոր գործունէութիւններուն չկարենամ կանոնաւորաբար մասնակցիլ, մէկ վայրկեան առաջ կ’ուզեմ առաջուան կանոնաւոր վիճակիս դառնալ։ Եթէ ծնողքս չպարտադրէր որ հոգեւոր գործունէութիւնները կանոնաւորաբար ընէինք, չեմ կարծեր որ մէջս այս մղումը պիտի ունենայի։ Եթէ անոնք տեղի տային, վստահ եմ որ հիմա ինծի համար պարզ պիտի ըլլար ժողովները կամ հոգեւոր ուրիշ գործունէութիւններ փախցնել»։

ՕՐԻՆԱԿՈՎԴ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

8. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ խոնարհ է։ բ) Յիսուսի խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց իր աշակերտներուն։

8 Թէեւ Յիսուս կատարեալ էր, սակայն խոնարհաբար կ’ընդունէր իր սահմանափակումները եւ Եհովային կը վստահէր (կարդա՛ Յովհաննէս 5։19)։ Ասիկա պատճառ դարձա՞ւ, որ իրեն հանդէպ աշակերտներուն յարգանքը պակսի։ Բնա՛ւ երբեք։ Ան որքա՛ն աւելի ապաւինէր Եհովային, այնքան աւելի աշակերտները կը վստահէին իրեն։ Յետագային, անոնք իր խոնարհութիւնը ընդօրինակեցին (Գործք 3։12, 13, 16

9. Երբ խոնարհաբար ներողութիւն խնդրես եւ սահմանափակումներդ ընդունիս, ասիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ պատանիիդ։

9 Մենք շատ սահմանափակումներ ունինք, եւ Յիսուսին հակառակը, անկատար ենք եւ սխալներ կ’ընենք։ Խոնարհաբար ընդունէ քու սահմանափակումներդ եւ խոստովանէ սխալներդ (Ա. Յովհ. 1։8)։ Վերջ ի վերջոյ, ո՞վ աւելի կը յարգես, գործատէր մը որ իր սխալը կ’ընդունի՞, թէ ոչ ան որ չ’ընդունիր։ Երբ պատանիդ լսէ որ սխալներուդ համար ներողութիւն կ’ըսես, կը սկսի աւելի յարգել քեզ։ Թերեւս ան նաեւ սորվի իր սխալները խոստովանիլ։ Երեք չափահաս զաւակի մայր՝ Ռոզմէրի կ’ըսէ. «Մեր սխալները կը խոստովանէինք, եւ այս պատճառով մեր զաւակները մեզի կը դիմէին երբ խնդիր ունենային։ Մեր սահմանափակումները գիտէինք, անոր համար՝ մեր զաւակներուն սորվեցուցինք թէ ո՛ւր կրնան գտնել իրենց խնդիրներուն լաւագոյն լուծումը։ Երբ օգնութեան պէտք ունենային, զանոնք կ’ուղղէինք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւններուն, եւ միասին կ’աղօթէինք»։

10. Երբ իր հետեւորդներուն հրամաններ կու տար, Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցուցուց։

10 Յիսուս հեղինակութիւնը ունէր, որ իր հետեւորդներուն հրամաններ տար։ Սակայն ան շատ անգամներ խոնարհաբար հրամանին հետ պատճառներ ալ կու տար։ Օրինակ՝ ան իր հետեւորդներուն ոչ միայն ըսաւ որ առաջ խնդրեն Թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ արդարութիւնը, այլեւ աւելցուց. «Ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ «Մի՛ դատէք» ըսելէ ետք, Յիսուս այս պատճառը տուաւ. «Որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք» (Մատ. 6։31–7։2

11. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է՝ ատեններ որոշ մէկ կանոնի կամ որոշումի պատճառները բացատրել։

11 Երբ յարմար ըլլայ, դրած կանոնիդ կամ առած որոշումիդ հետ պատճառներն ալ բացատրէ։ Աւելի հաւանականութիւն կայ որ պատանիդ յօժար սրտով քեզի հնազանդի, եթէ հարցի մը շուրջ մտածելակերպդ հասկնայ։ Չորս զաւակ մեծցնող Պէրի կ’ըսէ. «Պատճառներ տալը կ’օգնէ պատանիներուն որ քեզի վստահին, քանի որ կը տեսնեն թէ ուզածիդ պէս կամ խելքիդ փչածին պէս որոշումներ չես առներ, այլ՝ տրամաբանօրէն»։ Նաեւ մի՛ մոռնար որ պատանին իր տրամաբանելու կարողութիւնը զարգացնելու վրայ է եւ հասուննալով չափահաս կը դառնայ։ Պէրին կը բացատրէ. «Կարեւոր է որ պատանիները սորվին լաւ դատողութեամբ որոշումներ առնել, որոնք տրամաբանութեան վրայ հիմնուած են, եւ ոչ թէ՝ զգացումներու վրայ» (Սաղ. 119։34)։ Երբ խոնարհաբար որոշումներուդ հետ պատճառներ ալ տաս, պատանիդ կը զգացնես որ կ’անդրադառնաս, թէ ինքը երթալէն կը հասուննայ, ինչպէս նաեւ ան կը սորվի իր անձնական որոշումները առնել ի՛ր տրամաբանելու կարողութիւնով։

ԽՈՐԱՏԵՍ ԵՂԻՐ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻԴ ՀԱՍԿՑԻՐ

12. Յիսուս իր խորատեսութեամբ ինչպէ՞ս օգնեց Պետրոսին։

12 Յիսուս խորատես էր եւ գիտէր ի՛նչ բանի մէջ իր աշակերտները օգնութեան պէտք ունէին։ Օրինակ՝ երբ Յիսուս անոնց ըսաւ որ պիտի սպաննուէր, Պետրոս առաքեալ լաւ միտումով ըսաւ. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Յիսուս գիտցաւ որ Պետրոսին ըսածը, անոր սխալ մտածելակերպին արդիւնքն էր։ Իրեն եւ միւս աշակերտներուն օգնելու համար, Յիսուս անկեղծօրէն զանոնք խրատեց, ինքզինք խնայելու կեցուածքին հետեւանքները ցուցուց եւ անձնազոհ ըլլալուն օրհնութիւնները ըսաւ (Մատ. 16։21-27)։ Պետրոս դասը սորվեցաւ (Ա. Պետ. 2։20, 21

13, 14. ա) Ի՞նչ բան կրնայ ցոյց տալ, որ պատանիիդ հաւատքը կը տկարանայ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս խորատեսութեամբ հասկնալ տղադ կամ աղջիկդ եւ իրապէս անոր օգնել։

13 Եհովային աղօթէ որ քեզի խորատեսութիւն տայ, որպէսզի հասկնաս թէ պատանիդ ո՛ւր օգնութեան պէտք ունի (Սաղ. 32։8)։ Օրինակ՝ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ զաւակիդ հաւատքը կը տկարանայ։ Թերեւս իր ուրախութիւնը երթալէն կը պակսի, եղբայրներն ու քոյրերը կը քննադատէ կամ գաղտնապահ եղած է։ Շուտով մի՛ մտածեր, թէ պատանիդ գաղտնօրէն լուրջ մեղք մը կը գործէ *։ Սակայն նոյն ատեն, այսպիսի նշաններ մէկ կողմ մի՛ դներ կամ ալ մի՛ հաշուեր թէ իր առանձնանալը ժամանակ մը պիտի տեւէ եւ յետոյ պիտի անցնի։

Առիթներ ստեղծէ որ զաւակներդ քրիստոնէական ժողովքին մէջ բարեկամութիւններ հաստատեն (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14 Յիսուսին պէս, ազնուօրէն եւ յարգալից կերպով հարցումներ ուղղէ։ Ճիշդ ինչպէս որ երբ արագօրէն դոյլով ջուր քաշես հորէ մը, ջուրէն մաս մը կը կորսնցնես, նմանապէս՝ երբ պատանիդ ճնշես որ խօսի, կրնաս իր մտածումները եւ միտումները գիտնալու կարեւոր առիթ մը փախցնել (կարդա՛ Առակաց 20։5)։ Իլարիան կ’ըսէ. «Երբ պատանուհի էի, երկու քարի միջեւ մնացած էի. ճշմարտութեան մէջ քալել եւ դասընկերներուս հետ աւելի ժամանակ անցընել։ Այս ներքին պայքարս տրամադրութեանս ազդեց, եւ ասիկա ծնողքիս աչքին զարկաւ։ Իրիկուն մը, անոնք պարզապէս խօսքի մէջ ըսին, որ նկատած էին թէ տրամադրութիւնս տեղը չէր եւ ինծի հարցուցին թէ խնդիրը ի՛նչ է։ Լալու սկսայ։ Անոնց բացատրեցի պարագաս եւ օգնութիւն խնդրեցի։ Անոնք ինծի փաթթուեցան, ըսին թէ կը հասկնան զիս եւ խօսք տուին որ պիտի օգնեն»։ Իլարիայի ծնողքը անմիջապէս սկսաւ իրեն օգնել որ նոր եւ աւելի լաւ բարեկամութիւններ հաստատէ ժողովքին մէջ։

15. Բացատրէ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս ուրիշներու հետ խորատեսութեամբ վարուեցաւ։

15 Յիսուս խորատեսութեամբ ոչ միայն տեսաւ թէ աշակերտները ի՛նչ բանի մէջ օգնութեան պէտք ունէին, հապա իրենց լաւ յատկութիւններն ալ նկատեց։ Օրինակ՝ երբ Նաթանայէլ անունով մարդ մը լսեց որ Յիսուս Նազարէթէն էր, ըսաւ. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ» (Յովհ. 1։46)։ Եթէ հոն ըլլայիր, այս խօսքին վրայ Նաթանայէլին ի՞նչ անուն կը կախէիր. քննադատո՞ղ, կանխադատո՞ղ, անհաւա՞տ։ Յիսուս խորատես գտնուեցաւ եւ Նաթանայէլին մէջ լաւ բաներ փնտռեց։ Ան զինք կոչեց՝ «իրաւցնէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ» (Յովհ. 1։47)։ Յիսուս կրնար սրտերը կարդալ, եւ այս կարողութիւնը գործածեց, որպէսզի ուրիշներուն մէջ լաւ բաները փնտռէ։

16. Ինչպէ՞ս կրնաս պատանիիդ օգնել, որ լաւ յատկութիւններ զարգացնէ։

16 Չես կրնար սրտերը կարդալ, բայց Աստուծոյ օգնութեամբ կրնա՛ս խորատես ըլլալ։ Այս կարողութիւնը պիտի գործածե՞ս, որպէսզի պատանիիդ լաւ յատկութիւնները տեսնես։ Ո՛չ մէկը կ’ուզէ «գլխու ցաւ» կոչուիլ։ Տղուդ կամ աղջիկիդ բնա՛ւ «ըմբոստ զաւակ» կամ «խնդիր հանող» անունը մի՛ կախեր, ո՛չ մտքով ոչ ալ խօսքով։ Նոյնիսկ եթէ պատանիդ ներքին պայքարի մէջ է, իրեն գիտցուր որ կը տեսնես թէ կարողութիւն ունի եւ թէ սրտանց կը փափաքի ճիշդը ընել։ Նկատի առ իր յառաջդիմութիւնը եւ զինք գովէ։ Աւելի պատասխանատուութիւններ տալով օգնէ իրեն, որ իր լաւ յատկութիւնները զարգացնէ։ Յիսուս ասիկա ըրաւ։ Նաթանայէլին (նաեւ կը կոչուի Բարթողիմէոս) ծանօթանալէ մէկուկէս տարի ետք, ան զինք որպէս առաքեալ զատեց, եւ ժամանակի ընթացքին Նաթանայէլ ցոյց տուաւ որ նախանձախնդիր քրիստոնեայ մըն էր (Ղուկ. 6։13-15. Գործք 1։13, 14)։ Գովասանքն ու քաջալերութիւնը զաւակիդ պիտի օգնեն, որ տեսնէ թէ ինք ձախող անձ մը չէ, հապա՝ կարողութիւն ունեցող անձ մը, որ Եհովայի կողմէ կրնայ գործածուիլ։

ԶԱՒԱԿՆԵՐԴ ՄԱՐԶԵԼԸ ԱՆՆԿԱՐԱԳՐԵԼԻ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ

17, 18. Եթէ շարունակես պատանիդ մարզել որ Եհովային ծառայէ, արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

17 Մինչ զաւակներդ կը մեծցնես, թերեւս ատեններ զգաս Պօղոս առաքեալին պէս, որ շատերու հոգեւոր հայրը դարձաւ։ Ան «նեղութենէ եւ սրտի տագնապէ» անցաւ, որովհետեւ Կորնթոսի մէջ իր հոգեւոր զաւակներուն հանդէպ խորունկ «սէր» ունէր (Բ. Կոր. 2։4. Ա. Կոր. 4։15)։ Վիքթըր անունով հայր մը, որ երկու տղայ եւ մէկ աղջիկ մեծցուց, կ’ըսէ. «Պատանեկութեան տարիները դիւրին չէին, սակայն անոնք բան մը չէին՝ բաղդատած մեր ունեցած լաւ ժամանակներուն։ Եհովային օգնութեամբ, մեր զաւակներուն հետ մտերիմ բարեկամներ եղանք»։

18 Առանց յանձնուելու զաւակներդ մարզէ որ Եհովային ծառայեն։ Մինչ իրենց հանդէպ խոր սէրդ ցոյց կու տաս, կը մաղթենք որ համտեսես այն աննկարագրելի ուրախութիւնը, երբ տեսնես թէ կ’որոշեն Աստուծոյ ծառայել եւ շարունակ ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’ (Գ. Յովհ. 4

^ պարբ. 13 Ծնողները կրնան օգտուիլ կարդալով Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գիրքը, հատոր Ա., էջ 317, եւ հատոր Բ., էջ 136-141 (անգլերէն)։