Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ցոյց տուր որ կը գնահատես Եհովայի առատաձեռնութիւնը

Ցոյց տուր որ կը գնահատես Եհովայի առատաձեռնութիւնը

ԵՀՈՎԱՆ առատաձեռն Աստուած է (Յակ. 1։17)։ Աստղազարդ երկնքին տարածութենէն բռնէ մինչեւ երկրին կանանչ ծածկոցը, Եհովային ստեղծագործութիւնը իր առատաձեռն ըլլալը կը պատմէ (Սաղ. 65։12, 13. 147։7, 8. 148։3, 4

Սաղմոսերգուն այնքա՛ն կը գնահատէր Ստեղծիչը, որ մղուեցաւ Եհովայի ձեռքին գործերը փառաբանող երգ մը յօրինելու։ 104–րդ սաղմոսը կարդալով պիտի տեսնես թէ իր զգացումները կը բաժնես։ Ան ըսաւ. «Տէրոջ պիտի երգեմ բոլոր կեանքիս մէջ. սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս՝ քանի որ ողջ եմ» (Սաղ. 104։33)։ Քու սրտիդ փափա՞քն ալ այս է։

ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ

Եհովան կ’ուզէ որ իրեն պէս առատաձեռն ըլլանք։ Ան նաեւ առատաձեռն ըլլալու լաւ պատճառներ կու տայ։ Նկատի առ թէ ան Պօղոս առաքեալը մղեց որ գրէ. «Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու, բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։ Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն» (Ա. Տիմ. 6։17-19

Երբ Պօղոս ներշնչման ներքեւ իր երկրորդ նամակը գրեց Կորնթոսի ժողովքին, աչքառու դարձուց թէ ի՛նչ ոգիով պէտք է տանք։ Ան ըսաւ. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կոր. 9։7)։ Ետքը, Պօղոս նշեց այն անձերը, որոնք առատաձեռնութենէն կ’օգտուին. ստացողները, որոնց պէտքերը կը գոհացուին, եւ տուողները, որոնք հոգեւոր օրհնութիւններով կը հարստանան (Բ. Կոր. 9։11-14

Պօղոս իր նամակին այս մասը կ’եզրափակէ, նշելով Աստուծոյ առատաձեռնութեան ամէնէն զօրաւոր փաստը. «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար» (Բ. Կոր. 9։15)։ Եհովային պարգեւը կը պարփակէ բոլոր այն բարիքները, որ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով իր ժողովուրդին կու տայ։ Այդ պարգեւը այնքա՛ն վեհ է որ չկան բառեր, որոնք կրնան լիովին նկարագրել իր արժէքը։

Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ կը գնահատենք Եհովային եւ իր Որդիին մեզի համար ըրած եւ ընելիք բոլոր բաները։ Կերպերէն մէկն է՝ Եհովայի մաքուր պաշտամունքը յառաջ տանելու համար մեր ժամանակէն, կորովէն եւ նիւթականէն առատաձեռնօրէն տալ, մեր տուածը ըլլայ քիչ թէ շատ (Ա. Մն. 22։14. 29։3-5. Ղուկ. 21։1-4