Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ «անպատում պարգեւ»ը մեզ կը մղէ գործելու

Աստուծոյ «անպատում պարգեւ»ը մեզ կը մղէ գործելու

«Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար» (Բ. ԿՈՐ. 9։15

ԵՐԳԵՐ. 121, 63

1, 2. ա) Աստուծոյ «անպատում պարգեւ»ը ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանենք։

ԵՀՈՎԱՆ սիրոյ մեծագոյն նուէրը տուաւ մեզի՝ իր միածին Որդին երկիր ղրկելով (Յովհ. 3։16. Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Պօղոս առաքեալ այս նուէրը կոչեց «անպատում պարգեւ» (Բ. Կոր. 9։15)։ Ան ինչո՞ւ այս արտայայտութիւնը գործածեց։

2 Պօղոս գիտէր թէ Յիսուսի զոհը երաշխիք կու տայ, թէ Աստուծոյ հոյակապ խոստումները պիտի իրականանան (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։20)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուծոյ «անպատում պարգեւ»ը կը պարփակէ Յիսուսին զոհը եւ բոլոր այն բարութիւնն ու հաւատարիմ սէրը, որ Եհովան մեզի կը ցուցնէ։ Այս պարգեւը այնքա՛ն հիանալի է, որ բառերով չի բացատրուիր։ Այս հոյակապ պարգեւը ստանալը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեր վրայ։ Եւ այս պարգեւը պէտք է մեզ մղէ որ ի՞նչ գործնական քայլեր առնենք, մինչ կը պատրաստուինք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնելու՝ չորեքշաբթի 23 մարտ 2016–ին։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՐԳԵՒԸ

3, 4. ա) Երբ մէկը քեզի նուէր տայ, ի՞նչ կը զգաս։ բ) Յատուկ նուէր մը ինչպէ՞ս կրնայ կեանքդ փոխել։

3 Երբ նուէր մը ստանաս, վստահաբար կը զգացուիս։ Սակայն կարգ մը նուէրներ այնքա՛ն յատուկ կամ իմաստալից կ’ըլլան, որ իսկապէս մէկու մը կեանքը կը փոխեն։ Օրինակ՝ երեւակայէ թէ որոշ ոճիր մը գործած ես եւ ատոր պատիժը մահ է։ Բայց յանկարծ անծանօթ անձ մը կամաւորաբար կ’ուզէ որ տեղդ ինք պատիժը կրէ։ Անիկա իրականութեան մէջ յօժար է որ տեղդ մեռնի։ Այսպիսի հոյակապ նուէր մը ինչպէ՞ս պիտի ազդէր վրադ։

4 Այսպիսի սիրալիր եւ յատուկ պարգեւ մը անկասկած քեզ պիտի մղէ որ մտածես, թէ արդեօք բան մը կա՞յ որ պէտք է փոխես կեանքիդ մէջ։ Ատիկա շատ հաւանաբար քեզ մղէ որ աւելի առատաձեռն եւ սիրալիր ըլլաս ուրիշներուն հետ եւ նոյնիսկ ներես այն անձերուն, որոնք քեզի հանդէպ սխալած են։ Մինչեւ կեանքիդ վերջը պիտի ուզես ցուցնել որ երախտապարտ ես այս անձին որ տեղդ մեռաւ։

5. Աստուծոյ նուիրած փրկանքը ինչպէ՞ս շատ աւելի արժէքաւոր է քան՝ ուրիշ որեւէ պարգեւ։

5 Աստուծոյ նուիրած փրկանքը շա՜տ աւելի արժէքաւոր է քան՝ այդ օրինակին պարգեւը (Ա. Պետ. 3։18)։ Նկատի առ թէ ինչո՛ւ։ Մեր ժառանգած անկատարութեան պատճառով, բոլորս մահապատիժի առջեւ ենք (Հռով. 5։12)։ Սէրէ մղուած, Եհովան Յիսուսը ղրկեց երկիր, որպէսզի «ամենուն համար մահ ճաշակէ» (Եբ. 2։9)։ Բայց Յիսուսի զոհը ասկէ աւելին պիտի ընէ. մահը յաւիտեան պիտի ջնջէ (Եսա. 25։7, 8. Ա. Կոր. 15։22, 26)։ Ամէն ով որ Յիսուսին հաւատայ, խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ պիտի ապրի յաւիտեան, ըլլայ որպէս թագաւոր երկնքի մէջ կամ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակ երկրի վրայ (Հռով. 6։23. Յայտ. 5։9, 10)։ Եհովայի պարգեւին մէջ ուրիշ ի՞նչ օրհնութիւններ կան։

6. ա) Եհովայի պարգեւին ո՞ր օրհնութիւններուն անհամբեր կը սպասես։ բ) Աստուծոյ պարգեւը մեզ կը մղէ որ ի՞նչ երեք բան ընենք։

6 Եհովայի պարգեւին մէկ մասը ըլլալով՝ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի, հիւանդները պիտի բժշկուին եւ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Եսա. 33։24. 35։5, 6. Յովհ. 5։28, 29)։ Մենք վստահաբար կը սիրենք Եհովան եւ իր սիրելի Որդին, քանի որ մեզի «անպատում պարգեւ» մը տուած են։ Սակայն հարցում մը կը ծագի. Աստուծոյ սէրը մեզ պէտք է մղէ որ ի՞նչ ընենք։ Ատիկա մեզ կը մղէ որ 1) Յիսուս Քրիստոսի շաւիղներուն մօտէն հետեւինք, 2) մեր եղբայրները սիրենք եւ 3) սրտանց ուրիշներուն ներենք։ Նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս։

«ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՍԷՐԸ ՄԵԶ ԿԸ ՍՏԻՊԷ»

7, 8. ա) Քրիստոսի սէրը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր վրայ։ բ) Ատիկա մեզ պէտք է մղէ ի՞նչ ընելու։

7 Առաջին, պէտք է մղուինք Քրիստոս Յիսուսին համար ապրելու։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ» (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 5։14, 15)։ Պօղոս գիտէր որ եթէ Յիսուսի հիանալի սէրը ընդունինք, ասիկա մեզ պիտի մղէ որ Իրեն համար ապրինք։ Երբ լման հասկնանք թէ Եհովան ի՛նչ ըրած է մեզի համար եւ իր ունեցած սէրը մեր վրայ ազդէ, պիտի փափաքինք Յիսուսին հաճած կերպով ապրիլ։ Այս փափաքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք։

8 Եհովան սիրողները կը մղուին Քրիստոսը ընդօրինակելու, իր շաւիղներուն մօտէն հետեւելով (Ա. Պետ. 2։21. Ա. Յովհ. 2։6)։ Աստուծոյ եւ Քրիստոսին հնազանդելով կը ցուցնենք, թէ զիրենք կը սիրենք։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ» (Յովհ. 14։21. Ա. Յովհ. 5։3

9. Ի՞նչ ճնշումներ ունինք։

9 Յիշատակատօնի շրջանին լաւ կ’ըլլայ որ մեր ապրելակերպին վրայ խոկանք։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ո՞ր մարզերուն մէջ արդէն իսկ լաւ կերպով կը հետեւիմ Յիսուսին, իսկ ո՞ր մարզերուն մէջ կրնամ բարելաւուիլ’։ Այս ինքնաքննութիւնը ընելը կարեւոր է, քանի որ միշտ ճնշումի տակ ենք որ այս աշխարհի ճամբաներուն հետեւինք (Հռով. 12։2)։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք այս աշխարհի փիլիսոփաներուն, հռչակաւոր անհատներուն կամ մարզիկներուն հետեւորդները դառնալ (Կող. 2։8. Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս ճնշումներուն դէմ դնել։

10. Այս Յիշատակատօնի շրջանին ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի հարցնել, եւ պատասխանները կրնան մեզ մղել ի՞նչ ընելու (տե՛ս բացման պատկերը)։

10 Կրնանք Յիշատակատօնի շրջանը օգտագործել աչք մը նետելու մեր պահարանին մէջիններուն վրայ, մեր ունեցած ֆիլմերուն ու երգերուն վրայ, եւ նոյնիսկ մեր համակարգիչին, սմարթֆոնին եւ թապլեթին մէջ եղածներուն վրայ։ Մինչ պահարանիդ մէջ կը նայիս, դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ պիտի երթայի տեղ մը, ուր Յիսուս ալ պիտի ըլլար, այս հագուստը հագուելով հանգիստ պիտի զգայի՞’ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10)։ ‘Եթէ այս հագուստը հագուիմ, բոլորին յայտնի պիտի ըլլա՞յ թէ Քրիստոսին հետեւորդն եմ’։ Մենք մեզի կրնանք այսպիսի հարցումներ հարցնել մեր ընտրած ֆիլմերուն եւ երգերուն մասին։ ‘Յիսուս հաճոյք պիտի առնէ՞ր այս ֆիլմը դիտելով կամ այս երգը մտիկ ընելով։ Եթէ ան հեռաձայնս կամ թապլեթս առնէր եւ նայէր մէջիններուն, ամօթ պիտի զգայի՞’։ Տեսաերիզի խաղ զատելու ատեն, դուն քեզի հարցուր. ‘Դժուար պիտի ըլլա՞ր Յիսուսին բացատրել թէ ինչո՛ւ կը սիրեմ այս խաղը խաղալ’։ Եհովային հանդէպ մեր սէրը պէտք է մեզ մղէ, որ թափենք ամէն ինչ որ քրիստոնեայի մը համար անպատշաճ է, որքան ալ սուղ ըլլայ (Գործք 19։19, 20)։ Մեր նուիրումին ատեն խօսք տուինք որ այլեւս մեր անձին համար պիտի չապրինք, այլ՝ Քրիստոսին համար։ Ուրեմն պէտք չէ մեր քով պահենք որեւէ բան, որ Քրիստոսին շաւիղներուն հետեւիլը կը դժուարացնէ (Մատ. 5։29, 30. Փլպ. 4։8

11. ա) Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ որ ինչպէ՞ս քարոզենք։ բ) Մեր սէրը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ մղել որ ժողովքին մէջ ուրիշներուն օգնենք։

11 Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ նախանձախնդրութեամբ քարոզենք եւ աշակերտենք (Մատ. 28։19, 20. Ղուկ. 4։44)։ Յիշատակատօնի շրջանին՝ առիթը պիտի ունենանք օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու, 30 կամ 50 ժամ ծառայելով։ Ասիկա ընելու համար կրնա՞ս գործերդ դասաւորել։ 84 տարեկան այրի մարդ մը զգաց թէ չի կրնար ռահվիրայութիւն ընել, քանի որ տարիքոտ է եւ առողջութիւնը չի ներեր։ Սակայն, իր շրջանի ռահվիրաները իրեն օգնեցին։ Անոնք երթեւեկը կարգադրեցին եւ մասնաւոր թաղամաս զատեցին, ուր կրնար ծառայել, որպէսզի կարենար 30 ժամ բերել։ Դուն ալ ժողովքիդ մէջ մէկու մը կրնա՞ս օգնել, որպէսզի Յիշատակատօնի շրջանին օժանդակ ռահվիրայութեան ուրախութիւնը վայելէ։ Թերեւս ոմանք չկրնան ռահվիրայութիւն ընել, սակայն բոլորս կրնանք մեր ժամանակն ու կորովը գործածել՝ Եհովային աւելի ծառայելու։ Ասիկա ընելով ցոյց կու տանք որ Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ, ճիշդ ինչպէս որ Պօղոսը մղեց։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ սէրը մեզ պիտի մղէ որ ուրիշ ի՞նչ ընենք։

ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆՔ ԶԻՐԱՐ ՍԻՐԵԼ

12. Աստուծոյ սէրը մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու։

12 Երկրորդ, Աստուծոյ սէրը պէտք է մեզ մղէ մեր եղբայրները սիրելու։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել» (Ա. Յովհ. 4։7-11)։ Եթէ Աստուծոյ սէրը կ’ընդունինք, պէտք է անդրադառնանք թէ պարտաւոր ենք մեր եղբայրները սիրել (Ա. Յովհ. 3։16)։ Ինչպէ՞ս կրնաք մեր սէրը գործնական կերպերով ցուցնել։

13. Ուրիշները սիրելու մէջ՝ Յիսուս ի՞նչ օրինակ ձգեց մեզի։

13 Յիսուսի օրինակը նկատի առ։ Երբ երկրի վրայ էր, մասնաւորաբար խոնարհներով հետաքրքրուեցաւ։ Ան բժշկեց հաշմանդամները, կոյրերը, խուլերը եւ համրերը (Մատ. 11։4, 5)։ Յիսուս հաճոյք կ’առնէր հոգեւորապէս անօթի եղողներուն սորվեցնելէ, որոնք հրեայ կրօնականներուն քով «ռամիկ ժողովուրդ» կը սեպուէին (Յովհ. 7։49)։ Ան այդ խոնարհ մարդիկը սիրեց եւ ծանր աշխատեցաւ որ անոնց սպասաւորութիւն ընէ (Մատ. 20։28

Կրնա՞ս տարեց եղբօր մը կամ քրոջ մը օգնել ծառայութեան մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Ի՞նչ կրնաս ընել որ եղբայրներուդ հանդէպ սէր ցոյց տաս։

14 Յիշատակատօնի շրջանին՝ առիթը ունիս Յիսուսը ընդօրինակելու, մտածելով թէ ինչպէ՛ս կրնաս ժողովքիդ եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնել, մանաւանդ տարեցներուն։ Կրնա՞ս այս սիրելիներուն այցելել։ Կրնա՞ս ուտելիք բերել անոնց, տան գործերուն օգնել, ժողովի հասցնել կամ առաջարկել որ հետդ ծառայութեան ելլեն (կարդա՛ Ղուկաս 14։12-14)։ Պէտք է թոյլ տանք որ Աստուծոյ սէրը մեզ մղէ, որ նախաքայլը առնենք եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու։

ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ ԹԷ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՈՂՈՐՄԱԾ ԵՍ

15. Ի՞նչ բանի պէտք է անդրադառնանք։

15 Երրորդ, Եհովային սէրը պէտք է մեզ մղէ որ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ներենք։ Բոլորս մեղքն ու մահը ժառանգած ենք Ադամէն։ Մէկը չի կրնար ըսել. «Ես փրկանքին պէտք չունիմ»։ Նոյնիսկ Աստուծոյ ամէնէն հաւատարիմ ծառան պէտք ունի փրկանքին։ Իւրաքանչիւրս պէտք է անդրադառնանք որ մեզի շատ մեծ պարտք մը ներուած է։ Ինչո՞ւ համար կարեւոր է որ ասոր անդրադառնանք։ Պատասխանը կը գտնենք Յիսուսի մէկ առակին մէջ։

16, 17. ա) Ի՞նչ պէտք է սորվինք աններող ծառային առակէն։ բ) Յիսուսի առակին վրայ խոկալէ ետք, ի՞նչ որոշած ես ընել։

16 Յիսուս պատմեց թէ ինչպէ՛ս թագաւոր մը իր ծառային ներեց մեծ պարտք մը,– 10,000 տաղանդ կամ 60,000,000 դահեկան։ Սակայն այդ ծառան չներեց իր ծառայակիցին պարտքը, որ միայն 100 դահեկան էր։ Թագաւորը ջղայնացաւ երբ լսեց թէ այն ծառան, որուն ողորմութեամբ ներած էր, որքա՜ն կարծր սիրտ ունէր։ Թագաւորը ըսաւ. «Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ» (Մատ. 18։23-35)։ Թագաւորին արտասովոր ողորմութիւնը պէտք էր որ այդ ծառան մղէր որ իր ծառայակիցին ներէր։ Նմանապէս, Եհովային սէրն ու ողորմութիւնը պէտք է մեզ մղեն որ ի՞նչ ընենք։

17 Յիշատակատօնը լաւ առիթ մըն է մտածելու, թէ արդեօք եղբօր մը կամ քրոջ մը հանդէպ լարուածութիւն ունի՛նք կամ ոչ։ Եթէ այո՛, լաւ կ’ըլլայ որ Եհովան ընդօրինակենք, որ «ներող» Աստուած է (Նէ. 9։17. Սաղ. 86։5)։ Եթէ անդրադառնանք թէ Եհովան ի՛նչ ըրած է մեզի համար՝ մեր մեծ պարտքը ներելով, մենք ալ պիտի ուզենք ուրիշներուն սրտանց ներել։ Եթէ մեր եղբայրները չսիրենք եւ անոնց չներենք, չենք կրնար ակնկալել որ Եհովան մեզ սիրէ եւ մեզի ներէ (Մատ. 6։14, 15)։ Ճիշդ է որ ներելը պիտի չփոխէ անցեալը, բայց վստահաբար պիտի փոխէ ապագան։

18. Աստուծոյ սէրը ինչպէ՞ս օգնեց քրոջ մը, որ ուրիշ քրոջ մը անկատարութեան համբերէ։

18 Թերեւս շատերուս համար դժուար է օրական եղբայրներուն եւ քոյրերուն «համբերել» (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13, 14. Եփեսացիս 4։32)։ Օրինակ՝ Լիլի անունով ամուրի քոյր մը, յօժար սրտով կ’օգնէր Քարոլ անունով այրի քրոջ մը [1]։ Լիլին Քարոլին երթեւեկը կ’ապահովէր, գնումի կը տանէր զինք եւ ուրիշ շատ մը գործնական կերպերով կ’օգնէր։ Հակառակ Լիլիին ըրած բոլոր լաւութիւններուն, Քարոլ միշտ քննադատական էր եւ իրեն հետ վարուիլը դիւրին չէր։ Սակայն Լիլին անոր լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնացաւ։ Ան շարունակեց օգնել քանի մը տարի, մինչեւ որ Քարոլ ծանր հիւանդացաւ եւ մեռաւ։ Լիլին կ’ըսէ. «Հակառակ ասոր, անհամբեր կը սպասեմ որ Քարոլը յարութիւն առած տեսնեմ։ Կ’ուզեմ զինք իր կատարեալ վիճակին մէջ ճանչնալ»։ Աստուծոյ սէրը կրնայ մեզ մղել որ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համբերենք եւ անհամբեր սպասենք այն ժամանակին, երբ մարդկային անկատարութիւնը յաւիտեան պիտի ջնջուի։

19. Աստուծոյ «անպատում պարգեւ»ը քեզ պիտի մղէ որ ի՞նչ ընես։

19 Իսկապէս «անպատում պարգեւ» մը ստացած ենք Եհովայէն։ Թող որ բնա՛ւ թեթեւի չառնենք այս արժէքաւոր պարգեւը։ Փոխարէն, մանաւանդ Յիշատակատօնի շրջանին, թող որ խոկանք բոլոր այն բաներուն վրայ, որ Եհովան եւ Յիսուսը ըրած են մեզի համար։ Թող որ իրենց սէրը մեզ մղէ որ Յիսուսի շաւիղներուն մօտէն հետեւինք, նախաքայլը առնենք եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը ցուցնելու, եւ մեր եղբայրներուն սրտանց ներենք։

^ [1] (պարբերութիւն 18) Կարգ մը անուններ փոխուած են այս յօդուածին մէջ։