Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԱՀԱՆԱՅ

Մեռելները դա՛րձեալ պիտի ապրին

Մեռելները դա՛րձեալ պիտի ապրին

Թերեւս միտքդ բերես թէ Կէյլ, որ այս յօդուածաշարքին մէջ յիշուեցաւ, չի կարծեր թէ օր մը օրանց իր ամուսինին՝ Ռապին մահուան ցաւէն պիտի ազատի։ Սակայն, ան անհամբեր կը սպասէ որ իր ամուսինը դարձեալ տեսնէ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ամէնէն շատ սիրած համարս է Յայտնութիւն 21։3, 4–ը»։ Այդ համարը կ’ըսէ. «Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ. . . անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։

Կէյլ կ’ըսէ. «Այս խոստումը ճակատէն կը զարնէ։ Իսկապէս կը զգամ անոնց հետ, որոնք սիրելի մը կորսնցուցած են բայց զայն դարձեալ տեսնելու յոյսին մասին չեն գիտեր»։ Կէյլ իր հաւատալիքներուն համաձայն կ’ապրի՝ կամաւոր գործ ընելով որպէս լիաժամ քարոզիչ եւ մարդոց պատմելով Աստուծոյ խոստումին մասին, թէ ապագային «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»։

Յոբ վստահ էր որ դարձեալ պիտի ապրի

‘Անհաւատալի է’, թերեւս ըսես։ Սակայն նկատի առ Յոբ անունով մարդու մը օրինակը։ Ան ծանր հիւանդ էր (Յոբ 2։7)։ Թէեւ կ’ուզէր մեռնիլ, սակայն կը հաւատար որ Աստուած կրնա՛ր իրեն յարութիւն տալ։ Ան վստահութեամբ ըսաւ. «Երանի՜ թէ. . . գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս [«կարօտնաս», ԱԾ]» (Յոբ 14։13, 15)։ Յոբ վստահ էր որ Աստուած զինք պիտի կարօտնար եւ անհամբեր պիտի սպասէր որ զինք կեանքի բերէ։

Մօտ ատենէն Աստուած յարութիւն պիտի տայ թէ՛ Յոբին եւ թէ բազմաթիւ ուրիշներու, երբ երկիրը դրախտի վերածէ (Ղուկաս 23։42, 43Գործք 24։15–ը կ’ըսէ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ»։ Յիսուս կը վստահեցնէ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Յոբ պիտի տեսնէ այս խոստումին իրականանալը։ Ան իր «մանկութեան օրերուն» ուժը պիտի վերագտնէ եւ իր «մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ» յաւիտեան (Յոբ 33։24, 25)։ Նոյնը պիտի պատահի բոլոր անոնց, որոնք երկրի վրայ յարութիւն առնելու Աստուծոյ կարգադրութիւնը կը գնահատեն եւ անոր կ’ընդառաջեն։

Եթէ սիրելի մը կորսնցուցած ես, մեր քննարկած կէտերը թերեւս ցաւդ լիովին չտանին։ Բայց Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած Աստուծոյ խոստումներուն վրայ խոկալով, կրնաս իսկական յոյս ունենալ եւ զօրութիւն՝ կեանքդ շարունակելու համար (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։12

Կ’ուզե՞ս աւելի գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս գլուխ ելլել սիրելի մը կորսնցնելու ցաւին հետ։ Կամ՝ ունի՞ս ուրիշ հարցումներ, ինչպէս՝ ‘Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարութիւնն ու տառապանքը’։ Հաճիս այցելէ մեր կայքը՝ jw.org/hy-latn, որպէսզի տեսնես թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս մխիթարական եւ գործնական պատասխաններ կու տայ։