Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչի հին ձեռագրի մը մէջ

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուած անուն ունի՞։

ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ թէ Աստուած անուն չունի, ուրիշներ կ’ըսեն թէ իր անունը Աստուած կամ Տէր է, իսկ ուրիշներ ալ կ’ըսեն թէ ան շատ անուններ ունի։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

«Դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղմոս 83։18

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Թէեւ Աստուած շատ մը տիտղոսներ ունի, բայց միայն մէկ անուն տուած է ինքն իրեն (Ելից 3։15

  • Աստուած խորհուրդ չէ. ան կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք (Գործք 17։27

  • Աստուծոյ անունը գիտնալը կրնայ առաջին քայլը ըլլալ իր բարեկամը ըլլալու (Յակոբոս 4։8

Սխա՞լ է Աստուծոյ անունը գործածել։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՍ

  • Այո

  • Ոչ

  • Նայած պարագայէն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

«Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես» (Ելից 20։7)։ Աստուծոյ անունը գործածելը սխալ կ’ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ անարգական կերպով ըսուի (Երեմիա 29։9

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Յիսուս գիտէր եւ գործածեց Աստուծոյ անունը (Յովհաննէս 17։25, 26

  • Աստուած մեզի կ’ըսէ որ զինք իր անունով կանչենք (Սաղմոս 105։1

  • Աստուծոյ թշնամիները կը ջանան իր անունը մոռցնել տալ մարդոց (Երեմիա 23։27