Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Յիսուս ինչո՞ւ տառապեցաւ ու մեռաւ

Յիսուս ինչո՞ւ տառապեցաւ ու մեռաւ

«Մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը» (Հռովմայեցիս 5։12)

Եթէ քեզի հարցնէին. «Կ’ուզե՞ս յաւիտեան ապրիլ», ի՞նչ կը պատասխանէիր։ Մարդոց մեծամասնութիւնը հաւանաբար «այո» պատասխանէր, բայց մտածէր թէ ասիկա իրականութեան հետ կապ չունի։ Ըստ իրենց, մահը կեանքի բնական բաժին մըն է, մեր գոյութեան բնական վախճանը։

Բայց եթէ հարցումը հակառակէն հարցուէր քեզի. «Պատրա՞ստ ես մեռնելու»։ Բնական պայմաններու տակ, մարդոց մեծ մասը «ոչ» պիտի պատասխանէր։ Կէտը ո՞ւր է։ Մեր բնական փափաքն է ապրիլ, ինչ նեղութիւններ ու դժուարութիւններ ալ ունենանք։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած մարդիկը ստեղծեց ապրելու փափաքով ու տենչով։ Ժողովող 3։11–ը կ’ըսէ թէ Աստուած «մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ»։

Սակայն, իրականութիւնը այն է որ մարդիկ ներկայիս յաւիտեան չեն ապրիր։ Ի՞նչ բան ծուռ գնաց։ Աւելին, Աստուած բան մը ըրա՞ծ է, որ այս պարագան շտկէ։ Աստուածաշունչը քաջալերական պատասխաններ կու տայ, որոնք ուղղակի կապ ունին այն բանին հետ, թէ Յիսուս ինչո՛ւ տառապեցաւ ու մեռաւ։

Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԾՈՒՌ ԳՆԱՑ

Աստուածաշունչի Ծննդոց գրքին առաջին երեք գլուխներուն մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուած առաջին մարդկային զոյգին՝ Ադամին ու Եւային, անվերջ կեանք մը ունենալու առիթը տուաւ եւ ըսաւ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն յաւիտեան ապրելու համար։ Ետքը կը կարդանք որ անոնք չհնազանդեցան Աստուծոյ ու այդ յոյսը կորսնցուցին։ Պատմութիւնը այնքան պարզ կերպով գրուած է, որ ոմանց կարծիքով իրական չէ, հապա՝ առասպել։ Բայց Ծննդոց գիրքը, Աւետարաններուն պէս, շատ կերպերով ցոյց կու տայ, թէ փաստացի եւ պատմական արձանագրութիւն մըն է *։

Ադամի անհնազանդութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Ինչպէս մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Ադամ մեղանչեց, երբ Աստուծոյ մտիկ չըրաւ։ Այսպէս, ան յաւիտենական կեանքի առիթը կորսնցուց եւ ի վերջոյ մահացաւ։ Իր սերունդէն սերած ըլլալով, բոլորս ալ իր մեղաւոր վիճակը ժառանգած ենք, որուն պատճառով կը հիւանդանանք, կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Մահուան պատճառի այս բացատրութիւնը համապատասխան է այժմու գիտնականներու յայտնաբերումին հետ, թէ պզտիկները ինչպէ՛ս իրենց ծնողներուն կարգ մը յատկանիշները կը ժառանգեն։ Բայց Աստուած բան մը ըրա՞ծ է, որ այս պարագան շտկէ։

ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՛ՆՉ ԸՐԱԾ Է

Աստուած կարգադրութիւններ ըրաւ, որպէսզի ապահովէ ինչ որ մարդկութիւնը Ադամի երեսէն կորսնցուց, այսինքն՝ յաւիտեան ապրելու առիթը։ Աստուած ինչպէ՞ս այդ մէկը իրագործեց։

Հռովմայեցիս 6։23–ը կ’ըսէ. «Մեղքին վարձքը մահ է»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մահը մեղքին հետեւանքն է։ Ադամ մեռաւ, քանի որ մեղանչեց։ Նմանապէս, մենք մեղքի վարձքին՝ մահուան, ենթակայ ենք, քանի որ կը մեղանչենք։ Բայց առանց մեր յանցանքը ըլլալու, մենք այս մեղաւոր վիճակին մէջ ծնանք։ Ուստի Աստուած սէրէ մղուած՝ իր Որդին Յիսուսը ղրկեց, որպէսզի ան մեր փոխարէն հատուցանէ «մեղքին վարձքը»։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ըլլայ։

Յիսուսի մահը ուրախ եւ անվերջ կեանքի մը ճամբան կը բանայ

Քանի որ մէկ կատարեալ մարդու՝ Ադամին անհնազանդութեամբ մեղքն ու մահը աշխարհ մտաւ, պէտք կար ուրիշ կատարեալ մարդու մը, որ հնազանդ պիտի ըլլար նոյնիսկ մինչեւ մահ, որպէսզի մեզ ազատէ այդ բեռէն։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան» (Հռովմայեցիս 5։19)։ Այս երկրորդ մարդը Յիսուսն էր։ Ան երկինքը թողուց, կատարեալ մարդ մը եղաւ *, եւ մեզի համար մեռաւ։ Այս բանին շնորհիւ, կարելի է որ Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք մը վայելենք եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենանք։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՛Ւ ՏԱՌԱՊԵՑԱՒ ՈՒ ՄԵՌԱՒ

Սակայն ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր, որ Յիսուս մեռնէր այս բանը իրագործելու համար։ Ամենակալ Աստուած չէ՞ր կրնար պարզապէս որոշում մը կայացնել, արտօնելով որ Ադամէն սերած մարդկութիւնը յաւիտեան ապրի։ Կասկած չկայ թէ ան ասիկա ընելու հեղինակութիւնը ունէր։ Բայց եթէ այս ըլլար պարագան, Աստուած անտեսած պիտի ըլլար իր նշած օրէնքը, թէ մեղքին վարձքը մահ է։ Այս օրէնքը պզտիկ կանոն մը չէ, որ կարելի է զանց ընել կամ ըստ յարմարութեան փոխել։ Ատիկա շատ կարեւոր է իսկական արդարութիւն ըլլալու համար (Սաղմոս 37։28

Եթէ Աստուած այս պարագային արդարութիւնը մէկ կողմ դրած ըլլար, մարդիկ թերեւս մտածէին թէ արդեօք ուրիշ առիթներով ալ այդպէս պիտի վարուէր կամ ոչ։ Օրինակի համար, Աստուած արդարութեա՞մբ պիտի որոշէր, թէ Ադամի սերունդէն որո՛նք որակեալ են յաւիտեան ապրելու։ Իր խոստումները վստահելի պիտի ըլլայի՞ն։ Աստուած մեր փրկութիւնը կարգադրելու ատեն արդարութիւնը զանց չըրաւ, ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մի՛շտ պիտի ընէ ինչ որ ճիշդ է։

Յիսուսի մահուան միջոցով, Աստուած կարելի դարձուց որ մարդիկ յոյս ունենան դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու։ Նկատէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ Յովհաննէս 3։16–ի մէջ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Աստուած Յիսուսի մահուան շնորհիւ ո՛չ միայն ցուցուց թէ միշտ արդար է, այլեւ՝ թէ որքա՜ն շատ կը սիրէ մարդկութիւնը։

Սակայն Յիսուս ինչո՞ւ պէտք էր տառապանք կրէր եւ դաժանօրէն մեռնէր, ինչպէս որ նկարագրուած է Աւետարաններուն մէջ։ Ան ծայրայեղ փորձութեան տակ հաւատարիմ մնալով, մէկ անգամ ընդմիշտ փաստեց թէ Սատանան սխալ էր, երբ ըսաւ թէ մարդիկ փորձութեան ներքեւ Աստուծոյ հաւատարիմ չեն մնար (Յոբ 2։4, 5)։ Կատարեալ Ադամի մեղանչելէն ետք, թերեւս թուէր թէ Սատանային ըսածը ճիշդ է։ Բայց Յիսուս, որ Ադամին պէս կատարեալ էր, հնազանդ մնաց նոյնիսկ ծանր տառապանքի ներքեւ (Ա. Կորնթացիս 15։45)։ Այսպիսով, ան փաստեց թէ Ադամ եթէ ուզէր, կրնա՛ր Աստուծոյ հնազանդ մնալ։ Յիսուս փորձութեան ներքեւ տոկալով՝ ընտիր օրինակ մը թողուց մեզի համար (Ա. Պետրոս 2։21)։ Յիսուս ամէն բանի մէջ հաւատարիմ մնալով, Աստուած զինք վարձատրեց՝ երկնքին մէջ անմահ կեանք տալով իրեն։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՍ ՕԳՏՈՒԻԼ

Յիսուսի մահը իրապէս պատահեցաւ։ Անվերջ կեանքի ճամբան բաց է։ Կ’ուզե՞ս յաւիտեան ապրիլ։ Յիսուս ըսաւ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3

Այս պարբերաթերթի հրատարակիչները քեզ կը քաջալերեն, որ աւելին գիտնաս ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովային եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին մասին։ Շրջանիդ մէջ ապրող Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու։ Նաեւ կրնաս օգտակար տեղեկութիւններ ստանալ, այցելելով մեր կայքը՝ www.pr418.com/hy-latn։

^ պարբ. 8 Տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ գրքի «Ծննդոց գրքի պատմական ճշգրտութիւնը» յօդուածը, հատոր Ա., էջ 922, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ (անգլերէն)։

^ պարբ. 13 Աստուած իր Որդիին կեանքը երկինքէն Մարիամին արգանդը փոխադրեց, ինչ որ յղութիւն պատճառեց, իսկ Աստուծոյ սուրբ հոգին պաշտպանեց Յիսուսը, որպէսզի Մարիամէն անկատարութիւն չժառանգէ (Ղուկաս 1։31, 35