Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եթէ կանխազգուշացումին ականջ տաս, կրնաս կեա՛նքդ փրկել

Եթէ կանխազգուշացումին ականջ տաս, կրնաս կեա՛նքդ փրկել

ՍԻՄՈՒԼՈՒ կղզին կը գտնուի Ինտոնեզիոյ Սումադրայի ծովեզերքին հիւսիս–արեւմտեան կողմը։ 2004–ի դեկտեմբեր 26–ին, 9,1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց զայն։ Ծովափի ժողովուրդին աչքը ծովուն վրայ էր։ Ծովուն ջուրը անբնական կերպով կը հեռանար ցամաքէն։ Բոլորն ալ անմիջապէս սկսան դէպի բլուրները վազել, աղաղակելով. «Սմո՜նկ, սմո՜նկ», որ իրենց բնիկ լեզուով՝ ցունամի կը նշանակէ։ 30 վայրկեանուան մէջ, հսկայ ալիքներ հարուածեցին ծովափը, տուներուն ու գիւղերուն մեծ մասը կործանելով։

Սիմուլու կղզին առաջին վայրն էր, որ ցունամիէն հարուած կերաւ։ Սակայն 78,000 բնակիչներէն միայն եօթն մահացան։ Ինչո՞ւ այդքան քիչ *։ Կղզեբնակներուն մէջ ասացուածք մը կայ, որ կ’ըսէ. ‘Եթէ մեծ ցնցում մը ըլլայ եւ ծովը ետ քաշուի, բլուրները փախիր, որովհետեւ ծովը շուտով ցամաք պիտի գայ’։ Սիմուլուի ժողովուրդը անցեալէն սորված էր, որ եթէ ծովուն մէջ փոփոխութիւն ըլլայ, հաւանական է որ ցունամի մը կը մօտենայ։ Ուստի կանխազգուշացումին ականջ տալը իրենց կեանքը փրկեց։

Աստուածաշունչը կը խօսի մօտալուտ աղէտի մը մասին, «այնպիսի մեծ նեղութիւն» մը, որուն «նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։21)։ Բայց ասիկա Երկիր մոլորակին վերջը չէ, ինչպէս որ շատեր կ’ըսեն թէ պիտի ըլլայ մարդոց անպատասխանատու գործերուն կամ հսկայ բնական աղէտի մը միջոցով,– Աստուած նպատակադրած է որ երկիրը յաւիտեա՛ն մնայ (Ժողովող 1։4)։ Այս գալիք նեղութիւնը Աստուա՛ծ է որ պիտի բերէ, ‘երկիրը ապականողները ապականելու համար’։ Ատիկա ամէն չարիքի եւ տառապանքի վերջ պիտի դնէ (Յայտնութիւն 11։18. Առակաց 2։22)։ Որքան մեծ օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ ասիկա։

Ասկէ զատ, ի տարբերութիւն ցունամիներուն, երկրաշարժներուն կամ հրաբուխներու ժայթքումներուն, գալիք կործանումը անմեղ մարդոց կեանքը պիտի չխլէ։ «Աստուած սէր է», կ’ըսէ Սուրբ Գիրքը, եւ Աստուած, որուն անունը Եհովա է, կը խոստանայ որ «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Ա. Յովհաննէս 4։8. Սաղմոս 37։29)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս մեծ նեղութենէն վերապրիլ եւ խոստացուած օրհնութիւնները վայելել։ Ակա՛նջ տալով կանխազգուշացումին։

ՆԿԱՏԷ «ԾՈՎՈՒՆ» ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Չենք կրնար որոշել թէ ճիշդ ե՛րբ ամէն չարութիւն եւ տառապանք վերջ պիտի գտնէ, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս»։ Հակառակ ասոր, Յիսուս մեզ քաջալերեց. «Արթուն կեցէք» (Մատթէոս 24։36. 25։13)։ Ի՞նչ բանի նկատմամբ։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ թէ աշխարհը ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլար, առաջ որ Աստուած վերջը բերէ։ Ինչպէս որ ծովուն յանկարծական փոփոխութիւնը զգուշացուց Սիմուլուի բնակիչները, որ ցունամի մը պիտի հարուածէ, նմանապէս, աշխարհի դէպքերուն հսկայական փոփոխութիւնը մեզ պիտի զգուշացնէր թէ վերջը մօտ է։ Յարակից շրջանակը նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչին նկարագրած այս հսկայական փոփոխութիւններէն ոմանք։

Ճիշդ է որ շրջանակին նշած դէպքերէն կամ վիճակներէն ոմանք,– առանձնապէս,– որոշ չափով տեղի ունեցած են անցեալին։ Սակայն Յիսուս ըսաւ որ «երբ այս ամէն բաները» տեսնենք, կը գիտնանք թէ վերջը մօտեցած է (Մատթէոս 24։33)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Պատմութեան մէջ ե՞րբ այս բոլոր նկարագրուած բաները 1) աշխարհածաւալ գետնի վրայ եղած են, 2) միեւնոյն ժամանակ պատահած են, եւ 3) աննախընթաց տարողութեամբ վատթարացած են’։ Յստակ է որ այդ ժամանակուան մէջ կ’ապրինք։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹԷ ՔԵԶ ԿԸ ՍԻՐԷ

«Կանխազգուշացման համակարգերը. . . իրապէս կեանք կը փրկեն», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ մը։ 2004–ի ցունամիէն ետք, տուժած շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման սարքեր դրին, որպէսզի նման մարդկային կորուստներ չպատահին, եթէ ապագային դարձեալ ցունամի ըլլայ։ Նմանապէս, Աստուած կարգադրած է որ մարդոց կանխաւ զգուշացում մը տրուի, առաջ որ վերջը գայ։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14

Անցեալ տարի, Եհովայի վկաները աւելի քան 1,9 միլիառ ժամ տրամադրեցին բարի լուրը 240 երկիրներու մէջ քարոզելու համար, աւելի քան 700 լեզուներով։ Այս արդի զարգացումը մեծ փաստ կու տայ, թէ վերջը մօտ է։ Եհովայի վկաները ընկերոջ հանդէպ սէրէ մղուած՝ որեւէ ջանք չեն խնայեր մարդիկը զգուշացնելու Աստուծոյ դատաստանի օրէն, որ արագօրէն կը մօտենայ (Մատթէոս 22։39)։ Ձեռքիդ մէջ այս տեղեկութիւնները ունենալը ինքնին կը փաստէ, որ Եհովան քեզ կը սիրէ։ Միտքդ պահէ որ Աստուած «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետրոս 3։9)։ Աստուծոյ սիրոյն պիտի ընդառաջե՞ս, կանխազգուշացումին ականջ տալով։

ԱՊԱՀՈ՛Վ ՏԵՂ ՄԸ ՓԱԽԻՐ

Յիշէ որ Սիմուլուի ծովեզերեայ գիւղաբնակները ծովուն փոփոխութիւնը տեսնելո՛ւն պէս բլուրները ելան ապահովութեան համար,– անոնք չսպասեցին որ ծովուն հեռացած ջուրերը վերադառնան ցամաք։ Քանի՛ որ արագ որոշեցին ի՛նչ ընել, իրենց կեանքերը փրկեցին։ Գալիք նեղութենէն վերապրելու համար, պէտք է այլաբանօրէն բլուրները ելլես, առաջ որ շատ ուշ ըլլայ։ Ինչպէ՞ս։ Եսայի մարգարէն ներշնչման ներքեւ գրեց ոգեւորիչ հրաւէր մը, որ այս «վերջին օրեր»ուն մէջ, այսինքն՝ մեր օրերուն, կը տրուի։ Ատիկա կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը. . . ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք» (Եսայի 2։2, 3

Լերան գագաթը ելլելով, կրնաս վերէն դիտել ամէն բան եւ վտանգներէ հեռացած ըլլալ։ Նմանապէս, համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ Աստուածաշունչին միջոցով Աստուծոյ ճամբաները սորվելով, իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնեն (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Ասիկա իրենց կ’օգնէ որ Աստուծոյ «շաւիղներուն մէջ» քալեն եւ իր հաճութիւնը, հոգատարութիւնն ու պաշտպանութիւնը ունենան։

Պիտի ընդառաջե՞ս այս հրաւէրին՝ այս չար ժամանակներուն մէջ Աստուծոյ սիրալիր պաշտպանութիւնը շահելով։ Քեզ կը քաջալերենք որ ուշադրութեամբ քննես Աստուածաշունչէն բերուած «վերջին օրեր»ուն ապացոյցը, որ կը գտնուի այս յօդուածի շրջանակին մէջ (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Շրջանիդ մէջ ապրող Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու, որ այդ համարները յստակ հասկնաս եւ բաղդատես հիմակուան աշխարհին դէպքերուն հետ։ Նաեւ, կրնաս հարցումներուդ պատասխանը գտնել մեր կայքին մէջ www.pr418.com։

^ պարբ. 3 Այս 2004–ի ցունամին պատմութեան մէջ արձանագրուած ամէնէն կործանիչ ցունամիներէն մէկն էր, որովհետեւ աւելի քան 220,000 կեանքեր խլեց։