Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Սատանան ո՞վ է կամ ի՞նչ է։

ԸՍՏ ՔԵԶԻ, Սատանան. . .

  • հոգեղէն ա՞նձ է։

  • մարդոց մէջ եղած չարութեան խորհրդանի՞շն է։

  • մարդոց երեւակայութեան արդի՞ւնքն է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ.

Սատանան Յիսուսին հետ խօսեցաւ եւ ‘փորձեց’ զինք (Մատթէոս 4։1-4)։ Ուստի Սատանան երեւակայական չէ, ոչ ալ չարութեան խորհրդանիշ։ Ան հոգեղէն չար անձ մըն է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Սատանան սկիզբը սուրբ հրեշտակ մըն էր, բայց «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ» (Յովհաննէս 8։44)։ Ան ստախօս եղաւ եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստացաւ։

  • Ուրիշ հրեշտակներ ալ Սատանային պէս ըմբոստացան (Յայտնութիւն 12։9

  • Սատանան շատերուն միտքը կը կուրցնէ, որ կարծեն թէ ինք գոյութիւն չունի (Բ. Կորնթացիս 4։4

Սատանան կրնա՞յ մարդոց վրայ ազդել։

ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ թէ խաբուած կ’ըլլանք, եթէ կարծենք թէ Սատանան կրնայ մեր վրայ ազդել, իսկ ուրիշներ կը սարսափին չար ոգիներու իշխանութեան տակ ըլլալէն։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ.

«Ամբողջ աշխարհը Չարին իշխանութեան տակ է» (Ա. Յովհաննէս 5։19, ՆԱ)։ Սատանան մարդկութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի, բայց ամէն անհատի վրայ չ’ազդեր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Սատանան կը խաբէ մարդիկը, որպէսզի աւելի ազդեցութիւն ունենայ (Բ. Կորնթացիս 11։14

  • Չար ոգիները որոշ պարագաներու ներքեւ կրնան մարդոց ազդել (Մատթէոս 12։22

  • Աստուծոյ օգնութեամբ, կրնա՛ս յաջողապէս ‘հակառակ կենալ Սատանային’ (Յակոբոս 4։7