Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատանինե՛ր, պատրա՞ստ էք մկրտուելու

Պատանինե՛ր, պատրա՞ստ էք մկրտուելու

«Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞» (ՂՈՒԿ. 14։28

ԵՐԳԵՐ. 120, 64

Հետեւեալ երկու յօդուածները ուղղուած են այն պատանիներուն, որոնք կը մտածեն մկրտուիլ

1, 2. ա) Ներկայիս ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառաները կ’ուրախացնէ։ բ) Քրիստոնեայ ծնողներն ու երէցները ինչպէ՞ս կրնան պատանիներուն օգնել, որ մկրտութեան իմաստը հասկնան։

ԵՐԷՑ մը 12 տարեկան Քրիստոֆըրին ըսաւ. «Ծնած օրէդ գիտեմ քեզ, եւ ուրախ եմ որ կ’ըսես թէ կ’ուզես մկրտուիլ։ Հարցում մը ունիմ քեզի. ‘Ինչո՞ւ կ’ուզես այս քայլը առնել’»։ Երէցին հարցումը տեղին էր։ Բոլորս ալ անշուշտ կ’ուրախանանք, տեսնելով թէ ամէն տարի հազարաւոր պատանիներ աշխարհի տարածքին կը մկրտուին (Ժող. 12։1)։ Բայց ծնողներն ու երէցները կ’ուզեն վստահ ըլլալ, որ պատանիները անձա՛մբ առած են այդ որոշումը եւ գիտեն թէ ի՛նչ կը նշանակէ մկրտուիլ։

2 Աստուածաշունչէն կը գիտնանք, թէ երբ անհատ մը կը նուիրուի ու կը մկրտուի, նոր կեանք մը կը սկսի, որուն մէջ Եհովայէն օրհնութիւններ պիտի ստանայ, իսկ Սատանային կողմէ՝ հակառակութիւն (Առ. 10։22. Ա. Պետ. 5։8)։ Ասոր համար է որ քրիստոնեայ ծնողները ժամանակ պէտք է տրամադրեն իրենց զաւակներուն սորվեցնելու համար, թէ իրապէս ի՛նչ կը նշանակէ Քրիստոսի աշակերտ ըլլալ։ Իսկ եթէ պատանիին ծնողքը հաւատացեալ չէ, ժողովքի երէցները սէրէ մղուած պիտի օգնեն իրեն, որ նուիրուելու ու մկրտուելու իմաստը հասկնայ (կարդա՛ Ղուկաս 14։27-30)։ Ինչպէս որ շէնք մը շինելու համար նախապատրաստութիւն պէտք է, նմանապէս՝ պատանիները պէտք է մկրտուելէ առաջ պատրաստուին, որպէսզի «մինչեւ վերջը» կարենան Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել (Մատ. 24։13)։ Բայց պատանիները անձնապէս ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի վճռեն մինչեւ վերջ Եհովային ծառայել։ Տեսնե՛նք։

3. ա) Ըստ Յիսուսի եւ Պետրոսի խօսքերուն, մկրտութիւնը որքա՞ն կարեւոր է (Մատ. 28։19, 20. Ա. Պետ. 3։21)։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ։

3 Մկրտուիլ ուզող պատանի՞ մըն ես։ Եթէ այո՛, ուրեմն գովասանքի՛ արժանի ես։ Մեծ առանձնաշնորհում է մկրտուիլ որպէս Եհովայի վկայ։ Աւելին, մկրտուիլը քրիստոնեաներէն պահանջուած է եւ կարեւոր քայլ մըն է մեծ նեղութենէն փրկուելու համար (Մատ. 28։19, 20. Ա. Պետ. 3։21)։ Մկրտուելով ցոյց կու տաս, թէ խոստացած ես Եհովային յաւիտեան ծառայել։ Եւ քանի որ սրտանց կ’ուզես այդ խոստումը պահել, հետեւեալ երեք հարցումները քեզի պիտի օգնեն, որ գիտնաս թէ մկրտուելու պատրաստ ես կամ ոչ։ 1) Բաւական հասունցա՞ծ եմ, որ այս որոշումը առնեմ։ 2) Անձնակա՞ն փափաքս է մկրտուիլը։ 3) Կը հասկնա՞մ թէ ի՛նչ կը նշանակէ Եհովային նուիրուիլ։ Նկատի առնենք այս հարցումները։

ԵՐԲ ԲԱՒԱԿԱՆ ՀԱՍՈՒՆՑԱԾ ԵՍ

4, 5. ա) Ինչո՞ւ համար մկրտութիւնը միայն մեծերուն համար չէ։ բ) Ի՞նչ կը նշանակէ քրիստոնեայի մը հասուն ըլլալը։

4 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ միայն մեծերը կամ որոշ տարիքի հասած անհատները կրնան մկրտուիլ։ Առակաց 20։11–ը կ’ըսէ. «Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնը անոր գործերէն կը հասկցուի»։ Ուստի նոյնիսկ տղայ մը կամ երեխայ մը կրնայ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ շիտակ բաներ ընել եւ իր Ստեղծիչին նուիրուած ըլլալ։ Ուրեմն, մկրտուիլը կարեւոր եւ տեղին քայլ մըն է այն պատանիին համար, որ փաստած է թէ որոշ չափով հասունցած է եւ իր անձը Եհովային նուիրած է (Առ. 20։7

5 Ի՞նչ կը նշանակէ հասուն ըլլալ։ Հասունութիւնը միայն տարիքին կամ մարմինի աճումին չ’երթար։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ հասուն անհատներուն «զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել» (Եբ. 5։14)։ Ուստի հասուն անձը գիտէ, թէ Եհովային աչքին ի՛նչն է ճիշդը եւ սրտին մէջ որոշած է միշտ ճիշդը ընել։ Ասոր արդիւնքը կ’ըլլայ որ ան դիւրութեամբ չի խաբուիր սխալ բան մը ընելու համար, ո՛չ ալ պէտք կ’ըլլայ որ ամէն անգամ մէկը իրեն ըսէ թէ ի՛նչն է ճիշդը։ Ուստի տրամաբանական է մկրտուած պատանիէ մը ակնկալել, որ շարունակէ շիտակ բաներ ընել, նոյնիսկ եթէ իր ծնողքը կամ ուրիշ չափահասներ ներկայ չըլլան (համեմատէ՛ Փիլիպպեցիս 2։12

6, 7. ա) Նկարագրէ՛ թէ Դանիէլ ինչ դժուարութիւններ ունէր Բաբելոնի մէջ։ բ) Դանիէլ ինչպէ՞ս փաստեց թէ հասուն էր։

6 Պատանիները իրապէս կրնա՞ն այս տեսակ հասունութիւն ունենալ։ Նկատի առ Դանիէլի օրինակը։ Ան թերեւս նոր պատանի եղած էր, երբ իր ծնողքէն զատուեցաւ եւ Բաբելոն տարուեցաւ որպէս գերի։ Յանկարծ, ան ինքզինք գտաւ այնպիսի մարդոց մէջ, որոնք Եհովայի պատուիրանները մտիկ չէին ըներ։ Ասկէ զատ, բաբելոնացիները իրեն հետ յատուկ կերպով վարուեցան, քանի որ ինք այն պատանիներէն էր, որոնք մասնաւոր ընտրուած էին թագաւորի՛ն ծառայելու համար (Դան. 1։3-5, 13)։ Այնպէս կը թուի թէ Դանիէլ Բաբելոնի մէջ աւելի լաւ վիճակ մը ունէր քան ինչ որ կրնար Իսրայէլի մէջ ունենալ, ինչ որ իրեն համար յաւելեալ դժուարութիւն մըն էր։

7 Ուստի ան ի՞նչ ըրաւ։ Թոյլ տուա՞ւ որ բաբելոնացիները իր միտքը փոխեն կամ հաւատքը տկարացնեն։ Ո՛չ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Դանիէլ Բաբելոնի մէջ եղած ատեն «որոշեց որ. . . չպղծուի», այսինքն՝ հեռու մնայ որեւէ բանէ, որ կապ ունի սուտ պաշտամունքի հետ (Դան. 1։8)։ Այսպիսով, ան փաստեց թէ հասուն էր։

Հասուն պատանի մը դերասանութիւն չ’ըներ, Թագաւորութեան սրահին մէջ Աստուծոյ բարեկամ ձեւանալով, իսկ դպրոցին մէջ աշխարհի բարեկամ ըլլալով (տե՛ս պարբերութիւն 8)

8. Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Դանիէլի օրինակէն։

8 Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Դանիէլի օրինակէն։ Հասուն պատանի մը իր հաւատալիքները չի փոխեր, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։ Ան չի նմանիր գետնառիւծին (քամելիոն), որ իր շուրջի եղածներուն գոյնը կ’առնէ։ Ան դերասանութիւն չ’ըներ, Թագաւորութեան սրահին մէջ Աստուծոյ բարեկամ ձեւանալով, իսկ դպրոցին մէջ աշխարհի բարեկամ ըլլալով. հապա՝ հաւատարիմ կը մնայ, նոյնիսկ երբ իր հաւատքը փորձի տակ դրուի (կարդա՛ Եփեսացիս 4։14, 15

9, 10. ա) Պատանի մը ինչպէ՞ս կ’օգտուի, եթէ մտածէ թէ վերջին անգամ ի՛նչ ըրաւ երբ իր հաւատքը փորձի տակ դրուեցաւ։ բ) Ի՞նչ ցոյց կու տաս, երբ կը մկրտուիս։

9 Ճիշդ է որ կատարեալ չենք,– ատենէ ատեն բոլորս ալ՝ պատանի թէ տարեց՝ կը սխալինք (Ժող. 7։20)։ Բայց եթէ կ’ուզես մկրտուիլ, լաւ կ’ըլլայ որ անդրադառնաս թէ որքանո՛վ միտքդ դրած ես Եհովայի պատուէրներուն հնազանդիլ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Որոշ ժամանակէ ի վեր Եհովային կը հնազանդի՞մ’։ Մէկ հատ մտածէ թէ ի՛նչ ըրիր, երբ վերջին անգամ հաւատքդ փորձի տակ դրուեցաւ։ Կրցա՞ր գիտնալ թէ ընելիք շիտակ բանը ի՛նչ է։ Ինչպէս որ Դանիէլին ըրին, քեզ ալ մէկը քաջալերա՞ծ է, որ տաղանդներդ Սատանայի աշխարհին մէջ գործածես։ Երբ այսպիսի փորձութեան մը հանդիպիս, կրնա՞ս գիտնալ թէ Եհովայի կամքը ի՛նչ է (Եփ. 5։17

10 Այս անձնական հարցումներուն պատասխանելը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Քանի որ ասոնք քեզի պիտի օգնեն, որ տեսնես թէ մկրտութիւնը որքա՜ն լուրջ քայլ մըն է։ Երբ կը մկրտուիս, ուրիշներուն ցոյց կու տաս թէ կարեւոր խոստում մը տուած ես Եհովային։ Կը խոստանաս որ զինք պիտի սիրես եւ ամբողջ սրտովդ յաւիտեան իրեն պիտի ծառայես (Մար. 12։30)։ Ամէն ով որ կը մկրտուի, պէտք է վճռէ Եհովային տուած իր խոստումը յարգել (կարդա՛ Ժողովող 5։4, 5

ԱՆՁՆԱԿԱ՞Ն ՓԱՓԱՔԴ Է

11, 12. ա) Մկրտուիլ ուզող անձը ի՞նչ բանէ վստահ պէտք է ըլլայ։ բ) Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ, որ մկրտութեան հարցը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտես։

11 Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Եհովայի ժողովուրդը, մէջը ըլլալով պատանիները, «յօժարակամ» պիտի ծառայեն իրեն (Սաղ. 110։3)։ Ուստի մկրտուիլ ուզող անձը պէտք է վստահ ըլլայ, որ ասիկա իր անձնակա՛ն փափաքն է։ Թերեւս ասիկա քեզմէ պահանջէ, որ ուշադրութեամբ ինքնաքննութիւն մը ընես, մա՛նաւանդ եթէ ճշմարտութեան մէջ մեծցած ես։

12 Տարիներու ընթացքին, շատ հաւանաբար տեսած ես շատերու մկրտութիւնը,– մէջը ըլլալով քու ընկերներէդ ոմանք եւ թերեւս քու եղբայրդ կամ քոյրդ։ Բայց զգուշացիր, որ չզգաս թէ ստիպուած ես մկրտուիլ, այն պատճառով որ որոշ տարիքի մը հասած ես կամ քանի որ ամէն մարդ կը մկրտուի։ Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, թէ մկրտութեան հարցը Եհովայի տեսանկիւնէն կը դիտես։ Ժամանակ տրամադրէ մտածելու համար, թէ մկրտութիւնը ինչո՛ւ շատ կարեւոր է։ Շատ մը լաւ պատճառներ պիտի գտնես այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ։

13. Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ սրտա՛նց որոշած ես մկրտուիլ։

13 Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ սրտա՛նց որոշած ես մկրտուիլ։ Կերպերէն մէկը՝ աղօթքներդ քննելն է։ Օրը քանի՞ անգամ կ’աղօթես Եհովային։ Աղօթքներուդ մէջ մասնայատուկ բաներ կ’ըսե՞ս։ Այս հարցումներուն պատասխանելով կրնաս գիտնալ, թէ ո՛ր աստիճան մօտիկ ես Եհովային (Սաղ. 25։4)։ Եհովան մեր աղօթքներուն շատ յաճախ կը պատասխանէ իր Խօսքին միջոցով։ Ուստի եթէ ջանք կը թափես Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու, ասկէ կրնաս հասկնալ որ կ’ուզես Եհովային մօտենալ եւ սրտանց իրեն ծառայել (Յես. 1։8)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնս որքա՞ն կանոնաւորաբար կ’ընեմ։ Յօժարակամ սրտով կը մասնակցի՞մ մեր ընտանեկան պաշտամունքին’։ Այս հարցումներուն պատասխանելով կրնաս գիտնալ, թէ անձամբ որոշած ես մկրտուիլ կամ ոչ։

ՆՈՒԻՐՈՒԵԼՈՒՆ ԻՄԱՍՏԸ

14. Ի՞նչ տարբերութիւն կայ նուիրուելուն եւ մկրտուելուն միջեւ։

14 Պատանիներէն ոմանք թերեւս չգիտնան նուիրուելուն եւ մկրտուելուն տարբերութիւնը։ Օրինակ՝ ոմանք կ’ըսեն թէ արդէն իրենց անձը նուիրած են Եհովային, բայց տակաւին պատրաստ չեն մկրտուելու։ Բայց ասիկա կարելի՞ բան է։ Նուիրումը աղօթք մըն է, որուն մէջ Եհովային խօսք կու տաս, որ յաւիտեան իրեն պիտի ծառայես։ Իսկ երբ կը մկրտուիս, ուրիշներուն ցոյց կու տաս թէ արդէն նուիրուած ես Եհովային։ Ուստի մկրտուելէդ առաջ պէտք է հասկնաս, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ նուիրուիլ։

15. Եհովային նուիրուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

15 Երբ Եհովային կը նուիրուիս, իրեն կ’ըսես թէ այլեւս իրե՛ն կը պատկանիս։ Եհովային խօսք կու տաս, որ իր կամքը առաջին տեղը պիտի դնես կեանքիդ մէջ (կարդա՛ Մատթէոս 16։24)։ Ասիկա շա՜տ լուրջ խոստում մըն է որ Աստուծոյ կ’ընես (Մատ. 5։33)։ Սակայն ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, թէ այլեւս դուն քեզի չես պատկանիր, հապա՝ Եհովային կը պատկանիս (Հռով. 14։8

16, 17. ա) Օրինակով մը բացատրէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ անձդ քեզի չպատկանիլ, հապա՝ Եհովային։ բ) Նուիրուող անձը կարծես թէ ի՞նչ կ’ըսէ Եհովային։

16 Բացատրելու համար, երեւակայէ թէ ընկերներէդ մէկը քեզի ինքնաշարժ մը կը նուիրէ։ Ան ինքնաշարժին պաշտօնական փաստաթուղթերը քեզի կու տայ եւ կ’ըսէ. «Ինքնաշարժը քեզի է»։ Բայց յետոյ կ’աւելցնէ. «Բանալիները քովս պիտի պահեմ։ Եւ միայն ե՛ս պիտի քշեմ, եւ ոչ թէ դուն»։ Ասիկա, ըստ քեզի, նուէր կ’ըլլա՞յ։ Ի՞նչ կարծիք կազմած կ’ըլլաս տուողին մասին։

17 Իսկ հիմա մտածէ թէ Եհովա՛ն ինչ կը սպասէ անհատէ մը, որ իրեն կը նուիրուի ըսելով. «Ես կեանքս քեզի կու տամ։ Ես քեզի կը պատկանիմ»։ Եթէ այդ անձը սկսի Եհովային չհնազանդիլ, թերեւս անհաւատի մը հետ գաղտնաբար ժամադրուելով, կամ ընդունելով գործ մը՝ որուն պատճառով ետ պիտի մնայ կարգ մը ժողովներէ եւ ծառայութենէն, ասիկա նման չ’ը՞լլար ինքնաշարժին բանալիները պահելուն։ Եհովային նուիրուող անձը կարծես թէ կ’ըսէ. «Կեանքս աւելի քեզի կը պատկանի, քան՝ ինծի։ Եթէ որեւէ ժամանակ ուզածդ իմ ուզածիս համաձայն չըլլայ, միշտ քո՛ւ ուզածդ է որ պիտի ընեմ»։ Ասիկա կը նմանի Յիսուսի մտածելակերպին, որ ըսաւ. «Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց» (Յովհ. 6։38

18, 19. ա) Ռոզի եւ Քրիստոֆըրի խօսքերէն ինչպէ՞ս կ’երեւնայ, թէ մկրտուիլը օրհնութիւններ բերող առանձնաշնորհում մըն է։ բ) Մկրտուելու առանձնաշնորհումին նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

18 Յստակ է որ մկրտուիլը լուրջ որոշում մըն է եւ պէտք չէ թեթեւի առնուի։ Եհովային նուիրուիլն ու մկրտուիլը մեծ առանձնաշնորհում է։ Այն պատանիները, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ նուիրումի իմաստը հասկցած են, երկու մտքի վրայ չեն ըլլար, հապա կը նուիրուին ու կը մկրտուին։ Անոնք իրենց այս որոշումին վրայ չեն զղջար։ Ռոզ անունով մկրտուած պատանուհի մը կ’ըսէ. «Ես կը սիրեմ Եհովան եւ չկայ բան մը, որ Եհովային ծառայելէն աւելի ուրախութիւն կու տայ ինծի։ Կեանքիս մէջ ամէնէն վստահ որոշումը որ առած եմ՝ մկրտուիլս է»։

19 Իսկ այս յօդուածին սկիզբը նշուած Քրիստոֆըրը ի՞նչ կը զգայ։ 12 տարեկանին մկրտուելու իր որոշումը տեղի՞ն էր։ Ան կ’ըսէ թէ շա՜տ ուրախ է որ այդ որոշումը առաւ։ Ան 17 տարեկանէն սկսաւ կանոնաւոր ռահվիրայութիւն ընել, 18 տարեկանին օգնական ծառայ եղաւ, իսկ ներկայիս Բեթէլի մէջ կը ծառայէ։ Ան կ’ըսէ. «Մկրտուիլս ճիշդ որոշում մըն էր։ Կեանքս լեցուն է գոհացուցիչ գործերով, որոնք կ’ընեմ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան համար»։ Եթէ կ’ուզես մկրտուիլ, ինչպէ՞ս կրնաս նախապատրաստուիլ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ։