ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ
Ինչո՞ւ կարեւոր է որ գիտնաս
Սուրբ Գիրքը կրօնական գիրքերուն մէջ յատուկ է։ Չկայ ուրիշ գիրք մը որ այսքա՛ն շատ մարդոց հաւատալիքներուն ազդած է, այսքան երկար ժամանակուան մը ընթացքին։ Անդին, չկայ ուրիշ գիրք մը, որուն մասին այսքան շատ պրպտում ըրած են եւ քննադատած են։
Օրինակ՝ կարգ մը ուսումնականներ կը կասկածին որ հիմակուան Սուրբ Գիրքերը վստահելի են, կարծելով որ ատոնք բուն գրութիւններուն ճիշդ նոյն օրինակները չեն։ Կրօնական ուսումի փրոֆէսոր մը կ’ըսէ. «Չենք կրնար վստահ ըլլալ որ բուն գրութիւնը ճշգրտութեամբ վերակազմած ենք։ Մեր ձեռքերուն մէջ միայն սխալներով լեցուն օրինակներ կան, եւ որոնց մեծամասնութեան ու բուն գրութիւններուն միջեւ դարեր կը բաժնեն, ինչպէս նաեւ յստակ է որ հազարաւոր կերպերով իրարմէ կը տարբերին»։
Ուրիշներու կրօնքը կը ձգէ որ կարծեն թէ Սուրբ Գիրքը փոխուած է։ Օրինակ՝ Ֆայսալ անունով մարդ մը, որուն ընտանիքը քրիստոնեայ չէ, իր ծնողքէն սորված է, որ Աստուածաշունչը սուրբ գիրք մըն է, բայց ժամանակի ընթացքին փոխուած է։ Ան կ’ըսէ. «Այս պատճառով, երբ մարդիկ ուզէին Սուրբ Գիրքին մասին խօսիլ ինծի, կասկածներ կ’ունենայի, քանի որ ունեցածնին բուն Սուրբ Գիրքը չէր, հապա՝ փոխուածը»։
Տարբերութիւն կ’ընէ՞ եթէ Սուրբ Գիրքը փոխուած է կամ ոչ։ Նկատի առ այս հարցումները. Կրնա՞ս վստահիլ Սուրբ Գիրքին մխիթարիչ խոստումներուն, եթէ չես գիտեր թէ ատոնք բուն գրութիւններուն մէջ կային կամ ոչ (Հռովմայեցիս 15։4)։ Եթէ հիմակուան Սուրբ Գիրքը պարզապէս մարդոց կողմէ գրուած ու սխալներով լեցուն ըլլար, ատոր սկզբունքները կը գործածէի՞ր երբ կարեւոր որոշումներ պիտի առնէիր՝ գործիդ, ընտանիքիդ կամ հոգեւոր բաներու մասին։
Թէեւ Աստուածաշունչին բուն գիրքերը անհետացած են, սակայն կրնանք օգտուիլ հին օրինակներէ,– Սուրբ Գիրքի հազարաւոր ձեռագիրներէ։ Այդ ձեռագիրները ինչպէ՞ս վերապրեցան, հակառակ որ դիմագրաւեցին՝ փտութիւն, հակառակութիւն եւ բովանդակութիւնը փոխելու փորձեր։ Ասիկա նկատի առնելով, ինչպէ՞ս աւելի կը վստահիս ձեռքերուդ մէջ եղած Սուրբ Գիրքին։ Այս հարցումներուն պատասխանները տեսնենք յաջորդ յօդուածներուն մէջ։