Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ

Ինչպէ՞ս մխիթարուիլ նեղութեան ժամանակ

Ինչպէ՞ս մխիթարուիլ նեղութեան ժամանակ

Տեսակաւոր նեղութիւններ կան։ Այս յօդուածին մէջ վստահաբար չենք կրնար խօսիլ բոլոր նեղութիւններուն մասին, բայց նկատի առնենք մեր նշած չորս օրինակները։ Տե՛ս թէ ինչպէս Աստուած մխիթարած է շատ տարբեր խնդիրներ ունեցող անհատներ։

ԱՆԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

«Սորվեցայ ընդունիլ որեւէ գործ, եւ պէտք չեղած ծախսերը թեթեւցուցինք» (Ճոնաթան)

Սէթ * կը յիշէ. «Կինս ու ես նոյն ատենը մեր գործը կորսնցուցինք։ Ստիպուեցանք երկու տարի ապրիլ ազգականներուն օգնութիւններով եւ պզտիկ–պզտիկ գործեր ընելով։ Այս պատճառով, կինս՝ Փրիսիլա ընկճուեցաւ, իսկ ես ինքզինքս անարժէք զգացի։

«Ինչպէ՞ս գլուխ ելանք։ Փրիսիլան շարունակ ինքն իրեն յիշեցուց Մատթէոս 6։34–ի Յիսուսի խօսքը, ուր ըսաւ որ պէտք չէ վաղուան համար հոգ ընենք, քանի որ իւրաքանչիւր օր ունի իր հոգերը։ Եւ կինս սրտանց աղօթքներ ընելով ունեցաւ զօրութիւն որ տոկայ։ Իսկ իմ պարագայիս, Սաղմոս 55։22–ով մխիթարուեցայ։ Սաղմոսը գրողին նման, հոգս Աստուծոյ վրայ ձգեցի եւ տեսայ որ ինծի հոգ տարաւ։ Թէեւ հիմա գործ ունիմ, մեր կեանքը պարզ կը պահենք, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս խրատեց Մատթէոս 6։20-22–ի մէջ։ Ամէնէն աւելի, Աստուծոյ եւ իրարու աւելի մօտեցած ենք ժամանակի ընթացքին»։

Ճոնաթան կը խոստովանի. «Երբ մեր ընտանեկան պզտիկ գործը մեր ձեռքէն գնաց, սկսայ ապագան վախով դիտել։ Տնտեսական տագնապի մը պատճառով, 20 տարուան մեր ծանր աշխատանքը պարապի ելաւ։ Կինս ու ես սկսանք դրամի պատճառով առնել–տալ։ Նոյնիսկ վարկաքարտով գնումներ չէինք ըներ, վախնալով որ ատիկա մերժուի։

«Բայց Աստուծոյ Խօսքը եւ սուրբ հոգին մեզի օգնեցին որ լաւ որոշումներ առնենք։ Սորվեցայ ընդունիլ որեւէ գործ, եւ պէտք չեղած ծախսերը թեթեւցուցինք։ Մեր հաւատակիցներն ալ՝ Եհովայի վկաները օգնեցին մեզի։ Անոնք մեր ինքնավստահութիւնը աւելցուցին եւ ձեռք տուին, երբ իրապէս դժուար պարագաներէ կ’անցնէինք»։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՆԴՈՒԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Ռաքէլ կը յիշէ. «Երբ ամուսինս յանկարծ զիս ձգեց գնաց, վիրաւորուած զգացի եւ բարկացայ։ Շատ գէշ տխրութիւն մը եկաւ վրաս։ Բայց Աստուծոյ մօտեցայ եւ ինք մխիթարեց զիս։ Աստուծոյ խաղաղութիւնով կը լեցուէր սիրտս, երբ օրական իրեն կ’աղօթէի։ Զգացի թէ Աստուած բուժեց կոտրուած սիրտս։

«Եւ Սուրբ Գիրքին շնորհիւ կրցայ մէկ կողմ դնել բարկութիւնս ու զայրոյթս։ Լուրջի առի Հռովմայեցիս 12։21–ի մէջ Պօղոս առաքեալին խօսքը. ‘Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին’։

«Ատեններ պէտք է ընդունինք որ ‘կորսնցուցինք’. . . Այլեւս կեանքիս մէջ նոր նպատակակէտեր դրած եմ» (Ռաքէլ)

«Իմաստուն բարեկամ մը ինծի օգնեց որ տեսնեմ թէ պէտք է նոր էջ մը բանամ։ Ան ինծի կարդաց Ժողովող 3։6–ը եւ ազնուութեամբ ըսաւ որ ատեններ պէտք է ընդունինք որ ‘կորսնցուցինք’։ Ծանր խրատ մըն էր, բայց ատոր պէտք ունէի։ Այլեւս կեանքիս մէջ նոր նպատակակէտեր դրած եմ»։

Էլիզապէթ կ’ըսէ. «Երբ ամուսնութիւնդ քանդուի, օգնութեան պէտք կ’ունենաս։ Սիրելի բարեկամուհի մը ունէի որ օրէ օր ինծի կռնակ էր։ Ան հետս կու լար, կը մխիթարէր զիս ու կը զգացնէր որ սիրուած եւ ընդունուած եմ։ Համոզուած եմ որ Եհովան զինք գործածեց որ զգացական վէրքերս բուժէ»։

ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ԾԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

«Աղօթելէ ետք կը զգամ որ սուրբ հոգին զիս կը զօրացնէ» (Լուիս)

Լուիս, որուն մասին խօսեցանք առաջին յօդուածին մէջ, սրտի լուրջ խնդիր մը ունի։ Ան երկու առիթներով քիչ մնաց որ մեռնէր։ Ան հիմա օրը 16 ժամ պէտք է թթուածին գործածէ։ Ան կ’ըսէ. «Միշտ Եհովային կ’աղօթեմ, եւ աղօթելէ ետք կը զգամ որ սուրբ հոգին զիս կը զօրացնէ։ Աղօթքը պէտք եղած քաջութիւնը կու տայ ինծի որ տոկամ, քանի որ իրեն կը հաւատամ եւ գիտեմ որ ինձմով հետաքրքրուած է»։

Փեթրա, որ 80–ական տարիքին մէջն է, կը բացատրէ. «Շատ բաներ կ’ուզեմ ընել, բայց չեմ կրնար։ Կը տխրիմ տեսնելով որ երթալէն ուժս կը քիչնայ։ Շատ յոգնած կը զգամ եւ դեղերով կ’ապրիմ։ Շատ անգամներ միտքս կը բերեմ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր Հօրմէն խնդրեց, որ որոշ դժուարութիւն մը իրմէ հեռացնէ, եթէ կարելի էր, բայց Եհովան զօրութիւն տուաւ իրեն։ Ան ինծի՛ ալ զօրութիւն կու տայ։ Աղօթքը իմ առօրեայ դարմանումս է։ Աստուծոյ խօսելէ ետք շատ աւելի լաւ կը զգամ» (Մատթէոս 26։39

Յուլիան, որ գրեթէ 30 տարիէ ի վեր բազմադիմի կարծրախտ ունի, նոյնպէս կը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Տնօրէնի աթոռի վրայ կը նստէի, իսկ հիմա հաշմանդամի կառքին վրայ կը նստիմ։ Բայց կեանքս պարապի չէ, քանի որ ուրիշներուն ծառայելու շուրջ կը դառնայ։ Տալը կը թեթեւցնէ ցաւը, իսկ Եհովան իր խոստումին տէրը ելլելով՝ պէտք եղած ատենը զօրութիւն կու տայ մեզի։ Իսկապէս կրնամ Պօղոս առաքեալին պէս ըսել. ‘Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց’» (Փիլիպպեցիս 4։13

ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Անթոնիոն կը յիշէ. «Երբ Հայրս արկածով մը մահացաւ, սկիզբը չկրցայ հաւատալ։ Զգացի որ եղածը շատ անարդար էր. ան պարզապէս ճամբան կը քալէր երբ արկածը եղաւ։ Բայց բան մը չէի կրնար ընել։ Ան հինգ օր մահաքունի մէջ մնաց եւ յետոյ մահացաւ։ Կրցայ ձեւով մը մօրս առջեւ ինքզինքս զսպել որ չլամ, բայց երբ առանձին մնացի, փրթայ։ ‘Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ’ սկսայ հարցնել ինքզինքիս։

«Այդ սոսկալի օրերուն, շարունակ Եհովայէն կը խնդրէի որ ինծի խաղաղութիւն տայ եւ օգնէ որ զգացումներս զսպեմ։ Եւ երթալէն աւելի հանդարտեցայ։ Յիշեցի որ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ, թէ ոեւէ անհատի կրնայ «դիպուած» պատահիլ։ Եւ քանի որ Աստուած չի կրնար սուտ խօսիլ, համոզուած եմ որ հայրս պիտի տեսնեմ երբ յարութիւն առնէ» (Ժողովող 9։11. Յովհաննէս 11։25. Տիտոս 1։2

«Ճիշդ է որ մեր տղան կորսնցուցինք օդանաւի արկածով, բայց տակաւին ունինք անոր հետ մեր անցուցած ժամանակներուն ուրախ յիշատակները» (Ռապըրթ)

Նախապէս նշուած Ռապըրթ նոյնպէս կը մտածէ։ Ան կ’ըսէ. «Կինս ու ես մտքի խաղաղութիւն ունեցանք, որուն մասին խօսուած է Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ին մէջ։ Ատիկա Եհովային աղօթելէն կու գար։ Այս ներքին խաղաղութեան շնորհիւ կրցանք յարութեան յոյսին մասին խօսիլ լրագրողներուն։ Ճիշդ է որ մեր տղան կորսնցուցինք օդանաւի արկածով, բայց տակաւին ունինք անոր հետ մեր անցուցած ժամանակներուն ուրախ յիշատակները։ Կը փորձենք ատոնց վրայ կեդրոնանալ։

«Երբ մեր հաւատակիցները՝ Վկաները մեզի ըսին թէ նկատեցին որ հեռատեսիլին մէջ հանդարտօրէն կը խօսէինք մեր հաւատքին մասին, իրենց ըսինք որ ատիկա անկասկած մեզի համար եղած աղօթքներուն շնորհիւ էր։ Իրապէս համոզուած եմ որ Եհովան իրենց ղրկած մխիթարական խօսքերուն միջոցաւ կռնակ կը կենար մեզի»։

Ինչպէս որ այս օրինակները կը ցուցնեն, Աստուած կրնայ մխիթարել մարդիկը, ինչ խնդիրներ ալ ունենան։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել քու մասիդ։ Ինչ նեղութիւն ալ ունենաս, կրնա՛ս մխիթարուիլ որ տոկաս *։ Ուրեմն Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէ։ Ան «ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է (Բ. Կորնթացիս 1։3

^ պարբ. 5 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 23 Եթէ կ’ուզես օգնութիւն ստանալ որպէսզի Աստուծոյ մօտենաս եւ մխիթարուիս, հաճիս կապ պահէ շրջանիդ մէջ Եհովայի վկայի մը հետ, կամ գրէ ամէնէն մօտիկ մասնաճիւղին։