Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բախումները սէրէ մղուած լուծէ

Բախումները սէրէ մղուած լուծէ

«Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք» (ՄԱՐ. 9։49

ԵՐԳԵՐ. 39, 77

1, 2. Ծննդոց գիրքին մէջ ի՞նչ բախումներու մասին գրուած է, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։

ԵՐԲԵՔ մտածա՞ծ ես որ Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ անձնական բախումներ գրուած են։ Նկատի առ միայն Ծննդոց գիրքին առաջին քանի մը գլուխները։ Կայէն կը մեռցնէ Աբէլը (Ծն. 4։3-8)։ Ղամէք երիտասարդ մը կը սպաննէ՝ զինք վիրաւորելուն համար (Ծն. 4։23)։ Աբրահամին (Աբրամին) հովիւները եւ Ղովտի հովիւները իրարու հետ կը վիճին (Ծն. 13։5-7)։ Հագար կ’անարգէ Սառան (Սարան), իսկ Սառան ալ Աբրահամէն կը նեղուի (Ծն. 16։3-6)։ Իսմայէլին ձեռքը ամէնուն վրայ է ու ամէնուն ձեռքն ալ՝ իր վրայ (Ծն. 16։12

2 Աստուածաշունչին մէջ ինչո՞ւ գրուած է այսպիսի բախումներու մասին։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ ասիկա մեզի կ’օգնէ գիտնալու, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ խաղաղութիւն պահպանենք, մենք որ անկատար ենք, եւ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։ Կ’օգտուինք երբ կը կարդանք իրական անհատներու մասին, որոնք իրական խնդիրներու դէմ պայքարեցան։ Երբ նման խնդիրներու առջեւ ըլլանք, կրնանք Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած լաւ օրինակներուն հետեւիլ եւ գէշ օրինակներուն պէս չըլլալ (Հռով. 15։4

3. Այս յօդուածը ի՞նչ նիւթերու մասին պիտի խօսի։

3 Այս յօդուածը պիտի խօսի, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ բախումները լուծենք եւ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք Սուրբ Գիրքին կարգ մը սկզբունքները, որ մեզի կ’օգնեն խնդիրները լուծելու ու Եհովային եւ ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պահպանելու։

ԻՆՉՈ՛Ւ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՈՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵՆ

4. Ո՞ր կեցուածքը տարածուած է աշխարհին մէջ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

4 Մարդոց բաժնուած ըլլալուն եւ բախումներ ունենալուն գլխաւոր պատճառը Սատանան է։ Ինչո՞ւ։ Եդեմին մէջ, ան ըսաւ որ ամէն անձ ի՛նք կրնայ եւ պէտք է որոշէ, թէ ինչ բան բարի է եւ ինչ բան չար, Աստուծմէ անկախ (Ծն. 3։1-5)։ Ներկայիս շատ յստակ կը տեսնենք, թէ այս կեցուածքին արդիւնքները ինչ եղած են։ Շատեր կը կարծեն թէ իրաւունք ունին անձնապէս որոշելու ճիշդն ու սխալը։ Անոնք հպարտ եւ ինքնասէր են, մրցակցական ոգի ունին եւ հոգերնին չէ թէ իրենց որոշումները ուրիշներուն կը վնասեն կամ ոչ։ Այս անձնասէր ընթացքին պատճառաւ վէճերը կը շատնան։ Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք, թէ «բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ» (Առ. 29։22

5. Յիսուս մարդոց սորվեցուց որ ինչպէ՞ս անհամաձայնութիւնները լուծեն։

5 Ասոր հակառակը, Յիսուս մարդոց սորվեցուց որ խաղաղութիւն ընեն, նոյնիսկ եթէ ասիկա իրե՛նց հաշւոյն պիտի ըլլայ։ Լերան քարոզին մէջ, ան հոյակապ խրատներ տուաւ իր աշակերտներուն, թէ ինչպէ՛ս թոյլ չտան որ անհամաձայնութիւններ կամ բախումներ ըլլան։ Օրինակ՝ ան ըսաւ որ հեզ եւ խաղաղարար ըլլան, բարկութիւնը մէկ կողմ դնեն, հարցերը շուտով լուծեն եւ իրենց թշնամիները սիրեն (Մատ. 5։5, 9, 22, 25, 44

6, 7. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ շուտով լուծենք անձնական բախումները։ բ) Եհովայի բոլոր ծառաները ո՞ր հարցումներուն վրայ պէտք է խոկան։

6 Եթէ ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն չընենք, Աստուծոյ ծառայելու համար ինչ ջանք ալ թափենք՝ պարապ է,– ըլլան աղօթքները, ժողովներու երթալը, քարոզչութիւնը եւ ուրիշ բաներ (Մար. 11։25)։ Եհովային բարեկամը կ’ըլլանք միայն եթէ պատրաստ ենք ուրիշներուն սխալները ներելու (կարդա՛ Ղուկաս 11։4. Եփեսացիս 4։32

7 Եհովան կ’ակնկալէ որ իր բոլոր ծառաները ներողամիտ ըլլան եւ իրարու հետ խաղաղութեան մէջ ըլլան։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Եղբայրներուն շուտով կը ներե՞մ։ Իրենց հետ ըլլալով ուրա՞խ եմ’։ Եթէ անդրադառնաս որ պէտք է աւելի ներող ըլլաս, աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրէ, որ այս կէտին վրայ աշխատիս։ Մեր երկնաւոր Հայրը այսպիսի խոնարհ աղօթքներ պիտի լսէ եւ պատասխանէ (Ա. Յովհ. 5։14, 15

ԿՐՆԱ՞Ս ԱՆՏԵՍԵԼ

8, 9. Երբ մէկը մեզ նեղացնէ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

8 Քանի որ բոլորս ալ անկատար ենք, ուշ կամ կանուխ՝ մէկը բան մը պիտի ընէ կամ ըսէ, որ քեզ կը նեղացնէ։ Ասկէ փախուստ չկայ (Ժող. 7։20. Մատ. 18։7)։ Այս պարագային ի՞նչ պիտի ընես։ Հետեւեալ փորձառութենէն կարեւոր դաս մը կրնանք սորվիլ. հաւաքոյթի մը ընթացքին քոյր մը բարեւ տուաւ երկու եղբայրներու։ Անոնցմէ մէկը նեղացաւ անոր բարեւ տուած կերպէն։ Երբ երկուքը առանձին էին, նեղացող եղբայրը սկսաւ քրոջը վրայ խօսիլ։ Սակայն միւս եղբայրը իրեն յիշեցուց, որ քոյրը 40 տարի հաւատարմօրէն Եհովային ծառայած է դժուար պարագաներու տակ. ան վստահ էր որ քրոջ նպատակը չէր զինք վիրաւորել։ Պահ մը ասոր վրայ մտածելէ ետք, առաջին եղբայրը ըսաւ. «Ճիշդ ես»։ Այսպիսով նիւթը գոցուեցաւ։

9 Այս փորձառութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ Երբ մէկը մեզ նեղացնէ, մեր ձեռքն է թէ ինչպէ՛ս կը հակազդենք։ Սիրալիր անձը պզտիկ սխալները կը ծածկէ (կարդա՛ Առակաց 10։12. Ա. Պետրոս 4։8)։ Եհովան կը սեպէ թէ մեզի ‘պարծանք է յանցանքը անտեսելը’ (Առ. 19։11, ԱԾ. Ժող. 7։9)։ Ուստի, հազիւ որ մէկը քեզի հետ վարուի կերպով մը, որ ազնիւ կամ յարգալից չես սեպեր, դուն քեզի հարցուր. ‘Կրնա՞մ անտեսել եղածը։ Իրապէս պէտք ունի՞մ հարցը մեծցնելու’։

10. ա) Քոյր մը սկիզբը ինչպէ՞ս հակազդեց քննադատութիւններուն։ բ) Աստուածաշնչական ո՞ր գաղափարը քրոջ օգնեց, որ իր ներքին խաղաղութիւնը չկորսնցնէ։

10 Քննադատութիւնը անտեսելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Նկատի առ ռահվիրայի մը պարագան, որ Լուսի պիտի կոչենք։ Ոմանք ժխտականօրէն նշեցին թէ իր ծառայութիւնը ազդու չէ եւ քննադատեցին իր ժամանակը գործածելու կերպը։ Լուսին վիրաւորուած զգաց եւ հասուն եղբայրներէ խրատ խնդրեց։ Ան կը պատմէ. «Աստուածաշունչէն իրենց տուած խրատները ինծի օգնեցին, որ գիտնամ թէ ի՛նչ աչքով պէտք է նայիմ ուրիշներուն կարծիքին եւ կեդրոնանամ Եհովային վրայ, որ ուրիշներէն աւելի կարեւոր է»։ Ան քաջալերուեցաւ երբ կարդաց Մատթէոս 6։1-4–ը (կարդա՛)։ Այդ համարները իրեն յիշեցուցին, որ իր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ Եհովան ուրախացնել։ Ան կ’ըսէ. «Նոյնիսկ եթէ ուրիշներ քննադատեն ըրածներս, ուրախութիւնս չեմ կորսնցներ, քանի որ գիտեմ որ լաւագոյնս կ’ընեմ, որպէսզի Եհովային դէմքին վրայ հաճութեան ժպիտ դնեմ»։ Այս եզրակացութեան հասնելէ ետք, Լուսին իմաստունօրէն որոշեց քննադատութիւնները անտեսել։

ԵՐԲ ՉԵՍ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԵՍԵԼ

11, 12. ա) Քրիստոնեան ի՞նչ պէտք է ընէ, երբ զգայ թէ իր եղբայրը իրեն դէմ բան մը ունի։ բ) Ի՞նչ կը սորվինք Աբրահամէն, երբ իր եւ Ղովտին հովիւներուն միջեւ վէճ եղաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։

11 «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (Յակ. 3։2)։ Հաշուէ թէ ըսած կամ ըրած մէկ բանդ եղբայր մը նեղացուց։ Այս պարագային ի՞նչ պէտք է ընես։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես» (Մատ. 5։23, 24)։ Յիսուսի խրատը կիրարկելով, եղբօրդ հետ խօսէ։ Նկատէ թէ նպատակդ պէտք է ըլլայ յանցանքդ ընդունիլ եւ խաղաղութիւն ընել եղբօրդ հետ, եւ ոչ թէ՝ յանցանքին մէկ մասը իր վրայ նետել։ Ամէնէն կարեւոր բանն է, որ եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք։

12 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՛ս կրնան խաղաղութիւնը պահել, երբ անհամաձայնութիւններ ըլլան։ Օրինակ՝ թէ՛ Աբրահամ եւ թէ իր եղբօրորդին՝ Ղովտ, շատ անասուններ ունէին, եւ իրենց հովիւները սկսան իրարու հետ վիճիլ, քանի որ երկիրը բաւարար չէր որ նոյն տեղը բնակէին։ Որովհետեւ Աբրահամ կ’ուզէր խաղաղութիւն ընել, Ղովտէն խնդրեց որ ի՛նք նախ զատէր ուր որ կ’ուզէր բնակիլ (Ծն. 13։1, 2, 5-9)։ Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։ Աբրահամ իր շահը չէր փնտռեր, հապա խաղաղութեան ետեւէ էր։ Լաւ, Աբրահամ մնայուն վնասով ելա՞ւ իր առատաձեռնութեան պատճառաւ։ Բնա՛ւ։ Այս դէպքէն անմիջապէս ետք, Աստուած Աբրահամին շատ օրհնութիւններ խոստացաւ (Ծն. 13։14-17)։ Ուրեմն, երբ անհամաձայնութիւնները սիրով լուծենք, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ, նոյնիսկ եթէ որոշ չափով վնաս կրենք [1]։

13. Երբ տեսուչի մը ծանր խօսքեր ըսուեցան, ան ի՞նչ ըրաւ, եւ մենք այս օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

13 Նկատի առ արդի օրինակ մը։ Երբ համաժողովի բաժանմունքի մը նոր տեսուչը հեռաձայնեց եղբօր մը եւ հարցուց եթէ կը փափաքի բաժանմունքին մէջ աշխատիլ, եղբայրը քանի մը վիրաւորական խօսքեր ըսաւ եւ գիծը երեսին գոցեց, քանի որ տակաւին բարկացած էր առաջուան տեսուչին դէմ։ Նոր տեսուչը այս պատահածէն չվիրաւորուեցաւ, բայց նաեւ չկրցաւ անտեսել եղածը։ Մէկ ժամ ետք, նորէն հեռաձայնեց եւ խնդրեց որ միասին տեսնուին եւ լուծեն հարցը։ Մէկ շաբաթ ետք, երկուքը Թագաւորութեան սրահի մը մէջ տեսնուեցան, եւ աղօթք մը ընելէ ետք մէկ ժամ խօսեցան։ Եղբայրը պատմեց թէ ի՛նչ պատահած էր առաջուան տեսուչին եւ իր միջեւ։ Նոր տեսուչը ազնուութեամբ մտիկ ըրաւ եւ կարգ մը օգտակար համարներ քննարկեց։ Այսպիսով երկուքը հեշտութեամբ բաժնուեցան եւ եղբայրը համաժողովին համար ծառայեց։ Հիմա եղբայրը շնորհակալ է տեսուչէն, որ իրեն հետ հանդարտութեամբ եւ ազնուութեամբ վարուեցաւ։

ՊԷՏՔ ԿԱ՞Յ ԵՐԷՑՆԵՐԸ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՄՏՑՆԵԼՈՒ

14, 15. ա) Մատթէոս 18։15-17–ի խրատը ե՞րբ պէտք է կիրարկենք։ բ) Յիսուս ի՞նչ երեք քայլեր տուաւ, եւ ի՞նչ նպատակով պէտք է այդ քայլերը առնենք։

14 Քրիստոնեաներուն միջեւ եղած բախումներուն մեծամասնութիւնը կրնայ առանձնաբար լուծուիլ, եւ ասիկա կարեւոր է, բայց միշտ կարելի չէ, քանի որ կարգ մը պարագաներու մէջ ուրիշներու օգնութեան պէտք կ’ըլլայ (կարդա՛ Մատթէոս 18։15-17)։ Յիսուս ‘մեղանչել’ ըսելով չէր խօսեր պզտիկ անհամաձայնութեան մը մասին։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Ան ըսաւ որ եթէ մեղանչողը մտիկ չընէ իր եղբօր, վկաներուն եւ պատասխանատու եղբայրներուն, այն ատեն «հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս» պէտք է սեպուի։ Ներկայիս ասոր կ’ըսենք վտարուիլ։ Կատարուած մեղքը 1) երկու անձերու միջեւ կրնայ լուծուիլ, բայց նաեւ 2) վտարումի հասցնելու չափ լուրջ է, եթէ չլուծուի։ Այսպիսի մեղքերու մէջ կրնայ ըլլալ՝ խարդախութիւն կամ զրպարտութեամբ մէկու մը անունը աւրել։ Բայց ատոնց մէջ չկան ուրիշ մեղքեր, ինչպէս՝ շնութիւն, միասեռականութիւն, հաւատուրացութիւն, կռապաշտութիւն կամ այլ լուրջ մեղքեր, որոնց մասին անպայման պէտք է երէցները տեղեկանան։

Թերեւս պէտք ըլլայ որ քանի մը անգամ եղբօրդ հետ խօսիս, որպէսզի զինք շահիս (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15 Այս խրատը տալուն մէջ Յիսուսի նպատակն էր որ մեզի ցուցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք սէրէ մղուած՝ եղբօր մը օգնել (Մատ. 18։12-14)։ 1) Պէտք է փորձես հարցը լուծել առանց ուրիշներուն դիմելու։ Թերեւս հարկ ըլլայ որ մեղանչողին հետ քանի մը անգամ խօսիս։ Եթէ ասիկա չյաջողի, 2) անոր հետ խօսէ ականատեսներու կամ ուրիշներու ներկայութեամբ, որոնք կրնան օգնել գիտնալու թէ սխալ մը իրապէս գործուա՞ծ է։ Եթէ իրենց օգնութեամբ կրցար հարցը լուծել, «շահեցար քու եղբայրդ»։ 3) Հարցը երէցներուն պէտք է հասնի միայն երբ քանի մը անգամներ փորձեցիր եղբօրդ հետ խաղաղութիւն ընել բայց չյաջողեցար։

16. Ի՞նչ բան յայտնի կ’ընէ թէ Յիսուսի խրատին հետեւիլը գործնական եւ սիրալիր է։

16 Ընդհանրապէս պէտք չըլլար որ Մատթէոս 18։15-17–ի նշած երեք քայլերն ալ առնուին։ Ասիկա քաջալերական է, քանի որ կը ցուցնէ թէ ընդհանրապէս հարցին լուծում մը կը գտնուի, եւ պէտք չըլլար որ մեղանչողը վտարուի։ Շատ անգամներ, յանցագործը իր սխալը կ’ընդունի եւ եղածը կը ճշդէ, իսկ եղբայրը թերեւս տեսնէ թէ այլեւս պէտք չկայ որ հարցը երկնցնէ, եւ անոր կը ներէ։ Ինչ ալ ըլլայ պարագան, Յիսուսի խօսքը կը ցուցնէ թէ պէտք չէ ժամանակէն առաջ երէցները հարցին մէջ մտցնել։ Անոնց լուր կու տանք միայն երբ առաջին երկու քայլերը առած ենք եւ իսկական փաստ կայ որ սխալ մը գործուած է։

17. Եթէ ‘խաղաղութեան ետեւէ ըլլանք’, ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։

17 Այնքան ատեն որ անկատար ենք, պիտի շարունակենք ուրիշներուն հանդէպ սխալիլ։ Յակոբոս աշակերտ տեղին ըլլալով գրեց. «Եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել» (Յակ. 3։2)։ Բախումները լուծելու համար պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք որ ‘խաղաղութիւն փնտռենք ու անոր ետեւէն երթանք’ (Սաղ. 34։14)։ Երբ շարունակենք ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ընել, մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ լաւ բարեկամութիւններ պիտի ունենանք, ինչ որ մեզ միացած պիտի պահէ (Սաղ. 133։1-3)։ Ամէնէն կարեւորը, մօտիկ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենանք Եհովային հետ՝ «խաղաղութեան Աստուածը» (Հռով. 15։32)։ Բոլոր այս օրհնութիւնները պիտի վայելենք, երբ բախումները սէրէ մղուած լուծենք։

^ [1] (պարբերութիւն 12) Ուրիշներ ալ խնդիրները խաղաղութեամբ լուծեցին, ինչպէս՝ Յակոբ, Եսաւին հետ (Ծն. 27։41-45. 33։1-11). Յովսէփ, իր եղբայրներուն հետ (Ծն. 45։1-15). եւ Գեդէօն, եփրեմեաններուն հետ (Դատ. 8։1-3)։ Թերեւս Աստուածաշունչի ուրիշ օրինակներ ալ միտքդ կու գան։