Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լիովին օգտուէ Եհովային ըրած կարգադրութիւններէն

Լիովին օգտուէ Եհովային ըրած կարգադրութիւններէն

«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ» (ԵՍԱ. 48։17

ԵՐԳԵՐ. 117, 114

1, 2. ա) Եհովայի վկաները ի՞նչ կը զգան Սուրբ Գիրքին հանդէպ։ բ) Աստուածաշունչին ո՞ր մասը շատ կը սիրես։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ կը սիրեն Սուրբ Գիրքը։ Ատիկա վստահելի ուղղութիւն, մխիթարութիւն եւ յոյս կու տայ մեզի (Հռով. 15։4)։ Մեզի համար Սուրբ Գիրքը մարդոց կարծիքներու գիրք մը չէ, հապա՝ «Աստուծոյ խօսք»ը (Ա. Թես. 2։13

2 Անկասկած Աստուածաշունչին մէջ մասեր կան որ շատ կը սիրենք։ Ոմանք մեծ հաճոյքով կը կարդան Աւետարանները, որոնք ցոյց կու տան Եհովայի գեղեցիկ անձնաւորութիւնը Յիսուսի միջոցաւ (Յովհ. 14։9)։ Ուրիշներ կը նախընտրեն մարգարէական գիրքերը, ինչպէս՝ Յայտնութիւն գիրքը, որ կը ցուցնէ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (Յայտ. 1։1)։ Եւ ո՞վ չի մխիթարուիր երբ կարդայ Սաղմոսաց գիրքը, կամ ո՞վ գործնական դասեր չ’առներ կարդալով Առակաց գիրքը։ Սուրբ Գիրքը իրապէս բոլորի՛ն համար է։

3, 4. ա) Մեր հրատարակութիւններուն հանդէպ ի՞նչ կը զգանք։ բ) Մասնայատուկ խումբերու ուղղուած ի՞նչ հրատարակութիւններ կը ստանանք։

3 Սուրբ Գիրքը կը սիրենք, ուստի մեր հրատարակութիւններն ալ կը սիրենք, քանի որ անոր վրայ հիմնուած են։ Օրինակ՝ կ’արժեւորենք այն հոգեւոր սնունդը որ կը ստանանք գիրքերու, գրքոյկներու, պարբերաթերթերու եւ ուրիշ հրատարակութիւններու միջոցաւ։ Գիտենք որ Եհովային կողմէ եղող այս կարգադրութիւնները մեզի կ’օգնեն, որ հոգեւորապէս արթուն մնանք, իրեն մօտիկ ըլլանք եւ մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք (Տիտ. 2։2

4 Մեր հրատարակութիւններուն մեծ մասը Եհովայի վկաներուն համար գրուած է, բայց ոմանք մասնայատուկ խումբերու ուղղուած են, ինչպէս՝ պատանիները կամ ծնողները։ Տպուած հրատարակութիւններուն եւ մեր կայքին մէջ եղած նիւթերուն մեծամասնութիւնը պատրաստուած է անոնց համար, որոնք Վկայ չեն։ Այսպիսի առատ հոգեւոր սնունդ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան բոլոր ազգերուն բազմաթիւ ուղղութիւններ տալու իր խոստումը պահած է (Եսա. 25։6

5. Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան ի՞նչ բան կը գնահատէ։

5 Շատ հաւանաբար, մեր մեծամասնութիւնը կ’ըսէ թէ երանի՜ աւելի ժամանակ ունենար որ Սուրբ Գիրքը եւ հրատարակութիւնները կարդար։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը գնահատէ մեր ջանքերը, երբ ‘ժամանակը ծախու կ’առնենք’ ու կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կը կարդանք եւ անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընենք (Եփ. 5։15, 16)։ Իրականութիւնը այն է, որ միշտ չենք կրնար նո՛յնքան ժամանակ տրամադրել բոլոր հրատարակութիւններուն։ Բայց պէտք է որոշ վտանգէ մը զգուշանանք։ Ո՞ր վտանգը։

6. Ի՞նչը կրնայ պատճառ ըլլալ որ կարգ մը օգուտներ մեր վրայէն երթան։

6 Եթէ կարծենք որ կարգ մը հոգեւոր նիւթեր մեզի չեն կիրարկուիր, վտանգ կայ որ կարգ մը օգուտներ մեր վրայէն երթան։ Օրինակ՝ եթէ թուի թէ Սուրբ Գիրքի կարգ մը համարներ մեր պարագային գործնական չեն, կամ հրատարակութիւն մը ուղղակի մեզի չէ ուղղուած, ի՞նչ կ’ընենք։ Տեղեկութիւններուն վրայ աչք մը նետելով կ’անցնինք կամ նոյնիսկ անոնց վրայէն կը ցատկե՞նք։ Եթէ ասանկ ընենք, թերեւս մենք մեզ զրկենք այն տեղեկութիւններէն, որ մեզի կրնան շատ օգտակար ըլլալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս ծուղակին մէջ չիյնալ։ Նախ եւ առաջ, ամէն մէկս պէտք է յիշէ թէ հոգեւոր կարգադրութիւններուն Աղբիւրը Եհովա՛ն է։ Ան Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ» (Եսա. 48։17)։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք երեք բաներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ հոգեւոր սնունդին բոլոր տեսակներէն օգտուինք։

ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ

7. Ինչո՞ւ պէտք է որ Սուրբ Գիրքը բաց միտքով կարդանք։

7 Բաց միտքով կարդա՛։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքին կարգ մը մասերը ուղղուած էին անհատի մը կամ որոշ խումբի մը, բայց Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (Բ. Տիմ. 3։16)։ Այս պատճառաւ պէտք է որ բաց միտքով կարդանք։ Եղբայր մը կ’ըսէ. «Երբ Սուրբ Գիրքը կարդամ, կը փորձեմ միտքս պահել որ որոշ հատուածէ մը զանազան դասեր կրնամ քաղել»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ասիկա միտքս պահելով կը մղուիմ որ երեւցածէն անդին նայիմ»։ Առաջ որ Աստուծոյ Խօսքը կարդանք, լաւ կ’ըլլայ որ աղօթենք որ Եհովան մեզի բաց միտք եւ իմաստութիւն տայ, որպէսզի ըմբռնենք այն դասերը որ կ’ուզէ սորվինք (Եզր. 7։10. կարդա՛ Յակոբոս 1։5

Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն լաւագոյն կերպով կ’օգտուի՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 7)

8, 9. ա) Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք, մենք մեզի ի՞նչ կրնանք հարցնել։ բ) Երէցներէն պահանջուած որակումները մեզի ի՞նչ կ’ըսեն Եհովային մասին։

8 Հարցումներ հարցուր։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս, պահ մը կեցիր եւ դուն քեզի այսպիսի հարցումներ ուղղէ. ‘Ասիկա ինծի ի՞նչ կ’ըսէ Եհովային մասին։ Ինչպէ՞ս կրնամ այս տեղեկութիւնը կիրարկել կեանքիս մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնամ կարդացածս գործածել ուրիշներուն օգնելու համար’։ Երբ այսպիսի հարցումներու վրայ կը խոկանք, աւելի կ’օգտուինք Սուրբ Գիրքի ընթերցանութենէն։ Նկատի առնենք օրինակ մը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ քրիստոնեայ երէցները կարգ մը որակումներ պէտք է ունենան (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 3։2-7)։ Բայց մեր մեծամասնութիւնը երէց չըլլալով, թերեւս սկիզբը մտածենք որ այս հատուածը շատ չի կիրարկուիր մեզի։ Լաւ, վերի երեք հարցումները գործածելով տեսնենք թէ այս որակումներու շարքը ինչպէ՛ս կրնայ շատ մը ձեւերով մեր բոլորին օգտակար ըլլալ։

9 Ասիկա ինծի ի՞նչ կ’ըսէ Եհովային մասին։ Եհովան որակումներու այս շարքը տալով կը ցուցնէ, որ բարձր չափանիշներ կը պահանջէ այն տղամարդոցմէ որ ժողովքին հոգ կը տանին։ Ան անոնցմէ կ’ակնկալէ որ լաւ օրինակ ըլլան, եւ անոնցմէ հաշիւ կ’ուզէ թէ ինչպէ՛ս կը վարուին ժողովքին հետ, որ «իր Որդիին արիւնովը գնեց» (Գործք 20։28, ՆԱ)։ Եհովան կ’ուզէ որ ապահով զգանք անոնց հոգատարութեան տակ (Եսա. 32։1, 2)։ Ուստի որակումներու այս շարքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան իսկապէս շատ հետաքրքրուած է մեզմով։

10, 11. ա) Երբ երէցներէն պահանջուած որակումները կը կարդանք, ինչպէ՞ս կրնանք տեղեկութիւնները մեր կեանքին մէջ կիրարկել։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք կարդացածնիս գործածել ուրիշներուն օգնելու համար։

10 Ինչպէ՞ս կրնամ այս տեղեկութիւնը կիրարկել կեանքիս մէջ։ Երէց մը ատեն–ատեն պէտք է այս հոգեւոր որակումները աչքէ անցընէ եւ փորձէ բարելաւուիլ։ Իսկ այն եղբայրը որ «տեսուչ ըլլալու կը ձգտի», պէտք է այս որակումները շատ լաւ նկատի առնէ եւ ամէն կարելին ընէ որ զանոնք ունենայ (Ա. Տիմ. 3։1, ՆԱ)։ Բայց բոլորս կրնանք այս որակումներէն օգտուիլ, քանի որ ատոնց մեծամասնութիւնը բաներ են որ Եհովան բոլոր քրիստոնեաներէն կը խնդրէ։ Օրինակ՝ բոլորս պէտք է դրամին եւ նիւթական բաներուն հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք եւ հիւրասէր ըլլանք (Ա. Տիմ. 6։9, 10. Հռով. 12։13)։ Մինչ երէցները կը ջանան «հօտին օրինակ ըլլալ», կրնանք իրենցմէ սորվիլ եւ ‘իրենց հաւատքին նմանիլ’ (Ա. Պետ. 5։3. Եբ. 13։7

11 Ինչպէ՞ս կրնամ կարդացածս գործածել ուրիշներուն օգնելու համար։ Կրնանք որակումներու ցանկը գործածել որ հետաքրքրուած անհատներուն եւ մեր աշակերտներուն օգնենք տեսնելու, թէ երէցները ինչպէ՛ս կը տարբերին կղերականներէն։ Նաեւ, այս ցանկը կ’օգնէ որ մեր միտքը պահենք, թէ մեր ժողովքի երէցները ծանր աշխատանք կը տանին մեր շահին համար։ Երբ մտածենք թէ անոնք իրենց անձէն որքա՛ն կու տան, կը սկսինք աւելի ‘յարգել մեր մէջ ժրաջանօրէն աշխատողները’ (Ա. Թես. 5։12, ՆԱ)։ Եւ որքա՛ն աւելի ցուցնենք թէ անկեղծօրէն կը յարգենք այս երէցները, այնքան աւելի անոնք ուրախ կ’ըլլան իրենց նշանակումին մէջ (Եբ. 13։17

12, 13. ա) Ինչպիսի՞ պրպտում կրնանք ընել, գործածելով մեզի մատչելի եղող գործիքները։ բ) Օրինակ մը տուր թէ ինչպէ՛ս յաւելեալ տեղեկութիւնները մէջտեղ կը հանեն յայտնի չեղող դասեր։

12 Պրպտումներ ըրէ՛։ Մեզի մատչելի եղող գործիքները գործածելով, կրնանք հետեւեալներուն պէս տեղեկութիւններ գտնել.

  • Այս հատուածը ո՞վ գրեց։

  • Ատիկա ո՞ւր եւ ե՞րբ գրուեցաւ։

  • Երբ Աստուածաշունչին որոշ մէկ գիրքը կը գրուէր, ի՞նչ աչքառու դէպքեր պատահեցան։

Այսպիսի տեղեկութիւններ մեզի կ’օգնեն, որ շատ յայտնի չեղող դասեր քաղենք։

13 Օրինակ՝ նկատի առ Եզեկիէլ 14։13, 14, որ կ’ըսէ. «Եթէ երկիր մը անհաւատարմութիւն ընելով ինծի դէմ մեղանչէ ու ես անոր վրայ իմ ձեռքս երկնցնեմ ու անոր հացին ցուպը կոտրեմ եւ անոր վրայ սով ղրկեմ ու մարդը եւ անասունը անկէ կոտորեմ։ Եթէ այս երեք մարդիկը, Նոյը, Դանիէլը ու Յոբն ալ անոր մէջ ըլլան, անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց հոգին պիտի ազատեն»։ Եթէ քիչ մը պրպտում ընենք, կը տեսնենք թէ Եզեկիէլ գիրքի այս հատուածը գրուած է շուրջ Ք.Ա. 612–ին։ Այդ թուականին արդէն Նոյի եւ Յոբի մահուան վրայ դարեր անցած էին, եւ իրենց հաւատարմութիւնը Եհովային յիշողութեան մէջ էր։ Բայց Դանիէլ տակաւի՛ն ողջ էր։ Եւ թերեւս շուրջ 20 տարեկան էր, երբ Եհովան ըսաւ որ ինք Նոյին եւ Յոբին չափ արդար էր։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եհովան կը նկատէ եւ կ’արժեւորէ իր բոլոր ծառաներուն հաւատարմութիւնը, մէջը ըլլալով պատանիները (Սաղ. 148։12-14

ԶԱՆԱԶԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՕԳՏՈՒԷ

14. Պատանիներուն համար գրուած նիւթերը ինչպէ՞ս կ’օգնեն իրենց, իսկ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ ատոնցմէ (տե՛ս բացման պատկերը)։

14 Ճիշդ ինչպէս որ կ’օգտուինք երբ Աստուծոյ Խօսքին բոլոր մասերը կարդանք, կրնանք օգտուիլ բոլո՛ր հրատարակութիւններէն։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։ Պատանիներուն համար նիւթեր։ Վերջերս՝ պատանիները հետաքրքրող շատ մը հրատարակութիւններ ելան [1]։ Ատոնցմէ ոմանք պատանիներուն կ’օգնեն որ գլուխ ելլեն դպրոցական կամ պատանեկան դժուարութիւններուն հետ։ Ինչպէ՞ս կրնանք բոլորս օգտուիլ այսպիսի նիւթեր կարդալով։ Երբ կարդանք, կ’անդրադառնանք որ հաւատարիմ պատանիները ինչ բաներու առջեւ են։ Եւ այսպիսով աւելի կարող կը դառնանք որ իրենց օգնենք ու քաջալերենք։

15. Չափահասները ինչո՞ւ համար պէտք է հետաքրքրուին այն տեղեկութիւններով, որոնք պատանիներուն համար գրուած են։

15 Միայն պատանիները չեն որ կ’ունենան այն խնդիրները, որոնց մասին կը խօսին պատանիներուն ուղղուած հրատարակութիւնները։ Շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր նոյն խնդիրներէն կ’անցնին։ Բոլորս պէտք կ’ունենանք որ մեր հաւատքը պաշտպանենք, մեր զգացումները զսպենք, հասակակիցներու ճնշումին դէմ դնենք եւ գէշ ընկերակցութիւններն ու ժամանցը մերժենք։ Այս նիւթերուն եւ շատ մը ուրիշ նիւթերու մասին խօսուած է՝ պատանիներուն ուղղուած հրատարակութիւններուն մէջ։ Չափահասները պէ՞տք է հպարտութեան պատճառաւ այսպիսի հրատարակութիւններ չկարդան։ Բնա՛ւ երբեք։ Ճիշդ է որ հրատարակութիւնները այնպէս մը ներկայացուած են որ պատանիներուն ուշադրութիւնը գրաւեն, բայց մէջի տեղեկութիւնները հիմնուած են Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն վրայ եւ բոլորս կրնանք ատոնցմէ օգտուիլ։

16. Մեր հրատարակութիւնները ուրիշ ի՞նչ բանի մէջ կ’օգնեն պատանիներուն։

16 Մեր հրատարակութիւնները ոչ միայն կ’օգնեն պատանիներուն որ խնդիրներու հետ գլուխ ելլեն, այլեւ՝ որ հոգեւորապէս աճին եւ Եհովային մօտենան (կարդա՛ Ժողովող 12։1, 13)։ Չափահասներն ալ ասկէ կրնան օգտուիլ։ Օրինակ՝ Զարթի՛ր–ի ապրիլ 2009 թիւին մէջ կար՝ «Պատանիները կը հարցնեն. Աստուածաշունչը կարդալը ինչպէ՞ս կրնամ աւելի հաճելի դարձնել» յօդուածը։ Ատիկա շատ մը թելադրութիւններ տուաւ, եւ ունէր շրջանակ մը որ կրնայինք կտրել եւ Սուրբ Գիրքին մէջ դնել, որպէսզի միշտ գործածենք։ Լաւ, չափահասներն ալ օգտուա՞ծ են այս յօդուածէն։ 24 տարեկան մայր մը գրեց. «Ինծի համար միշտ դժուար եղած է Սուրբ Գիրքը կարդալ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Այս յօդուածին մէջի թելադրութիւնները փորձեցի եւ շատ կը գործածեմ այն շրջանակը, որ կրնանք կտրել եւ պահել։ Այլեւս հաճոյքով կը կարդամ Սուրբ Գիրքը։ Կրնամ տեսնել թէ Աստուածաշունչին գիրքերը ինչպէ՛ս զիրար կը բռնեն եւ գեղեցիկ գորգի մը պէս իրարու հիւսուած են։ Չէ եղած որ այսքան խանդավառօրէն կարդամ Սուրբ Գիրքը»։

17, 18. Հանրութեան համար գրուած հրատարակութիւնները կարդալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք. օրինակ մը տուր։

17 Հանրութեան համար հրատարակութիւններ։ 2008–էն ի վեր լոյս կը տեսնէ Դիտարան–ի ուսումնասիրական հրատարակութիւնը, որ գլխաւորաբար Եհովայի վկաներուն համար գրուած է։ Բայց նաեւ ունինք պարբերաթերթեր, որոնք մեծաւ մասամբ հանրութեան համար գրուած են։ Լաւ, ասոնցմէ ալ կրնա՞նք օգտուիլ։ Օրինակ մը առնենք. երեւակայէ թէ օր մը դասախօսութիւնը սկսելէ առաջ, կը նկատես որ Թագաւորութեան սրահ եկած է անհատ մը, որ հրաւիրած էիր։ Անկասկած շատ կ’ուրախանաս։ Եւ մինչ դասախօսը կը խօսի, շատ հաւանաբար կը մտածես այդ անհատին մասին։ Կարծես թէ դասախօսութիւնը իր ականջներով կը լսես, եւ այսպիսով դասախօսութենէն ետք տարբեր գնահատանք կը զգաս նիւթին հանդէպ։

18 Նոյն բանը կրնայ պատահիլ, երբ կարդանք հանրութեան համար գրուած հրատարակութիւններ։ Օրինակ՝ Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութիւնը կը բացատրէ Սուրբ Գիրքի նիւթերը այնպիսի կերպով մը, որ Վկայ չեղողները հասկնան։ Նոյնն է պարագան jw.org կայքին մէջ հրատարակուած շատ մը յօդուածներու, ինչպէս՝ ատոնք որոնք կը գտնուին «Յաճախ ուղղուած հարցումներ» բաժինին մէջ։ Երբ այս տեղեկութիւնները կարդանք, կը սկսինք աւելի հասկնալ եւ սիրել այն ճշմարտութիւնները որ արդէն գիտենք։ Ասկէ զատ, թերեւս ծառայութեան մէջ մեր հաւատալիքները բացատրելու նոր կերպեր սորվինք։ Նմանապէս, Զարթի՛ր պարբերաթերթը մեզ աւելի կը համոզէ որ Արարիչ մը կայ, եւ մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս մեր հաւատալիքները պաշտպանել (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։15

19. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ցուցնել, թէ երախտապարտ ենք իր կարգադրութիւններուն համար։

19 Յստակ է որ Եհովան մեր օգտին համար լեցուն խրատներ եւ ցուցմունքներ տուած է մեզի (Մատ. 5։3)։ Թող որ բոլոր հոգեւոր տեղեկութիւնները կարդանք ու կիրարկենք, եւ այսպիսով Եհովային ցուցնենք թէ երախտապարտ ենք որ բոլոր այս կարգադրութիւնները ըրած է (Եսա. 48։17

^ [1] (պարբերութիւն 14) Այս հրատարակութիւններուն մէջ կան՝ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր Ա. եւ Բ., ինչպէս նաեւ «Պատանիները կը հարցնեն» յօդուածաշարքը, որ այժմ լոյս կը տեսնէ միմիայն կայքին մէջ։