Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երախտապարտ ենք որ Աստուծոյ շնորհքը կը ստանանք

Երախտապարտ ենք որ Աստուծոյ շնորհքը կը ստանանք

«Մենք բոլորս ստացանք շնորհք շնորհքի վրայ» (ՅՈՎՀ. 1։16, ԱԾ

ԵՐԳԵՐ. 95, 13

1, 2. ա) Պատմէ այգիին բանուորներուն առակը։ բ) Պատմութեան մէջ ինչպէ՞ս յայտնի կ’ըլլան առատաձեռնութիւնը եւ շնորհքը։

ՕՐ ՄԸ, այգեպան մը առտու կանուխ շուկայ գնաց, որպէսզի իր այգիին համար գործաւորներ բերէ։ Գործաւորները համաձայնեցան իր առաջարկած գումարին եւ գործի գացին։ Բայց օրուան ընթացքին այգեպանը աւելի գործաւորներու պէտք ունեցաւ ու քանի մը անգամ շուկայ գնաց։ Ան բոլորին խօսք տուաւ որ իրենց իրաւունքը պիտի տայ։ Երբ իրիկուն եղաւ, ան գործաւորները հաւաքեց, որպէսզի իրենց վարձքը տայ։ Ան ամէնուն նոյն գումարը տուաւ, չնայած թէ լման օրը աշխատած էին կամ միայն մէկ ժամ։ Բայց լման օրը աշխատած գործաւորները գանգատեցան։ Այգեպանը անոնցմէ մէկուն ըսաւ. «Չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ» (Մատ. 20։1-15

2 Յիսուսին այս առակը շատ յստակօրէն կը ցուցնէ Եհովային «շնորհք»ը, կամ՝ անզուգական բարութիւնը (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։1)։ Այն գործաւորները որ միայն մէկ ժամ աշխատած էին, լման վարձքին արժանի չէին, բայց այգեպանը վերջին ծայր ազնիւ գտնուեցաւ իրենց հետ։ Ուսումնական մը «շնորհք» թարգմանուած բառին մասին գրեց. «Բառին բուն գաղափարը այն է, որ ձրի նուէր մը կը տրուի մէկուն, առանց որ զայն շահելու համար բան մը ըրած ըլլայ կամ ատոր արժանի ըլլայ»։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՁԵՌՔԸ ԲԱՑ Է

3, 4. Եհովան ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս իր շնորհքը տուած է ամբողջ մարդկութեան։

3 Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ, թէ Աստուծոյ շնորհքը «պարգեւ» է, այսինքն՝ նուէր (Եփ. 3։7)։ Մենք Եհովայի շնորհքին արժանի չենք, քանի որ իրեն կատարելապէս չենք հնազանդիր։ Սողոմոն թագաւոր ըսաւ. «Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ» (Ժող. 7։20)։ Պօղոս առաքեալ ալ ըսաւ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» եւ «մեղքին վարձքը մահ է» (Հռով. 3։23. 6։23ա)։ Մենք մահուա՛ն արժանի ենք։

4 Սակայն Եհովան այնքա՛ն շատ կը սիրէ մեզ, որ «իր միածին Որդին» ղրկեց մեզի համար մեռնելու։ Ասիկա իր մեծագոյն շնորհքն է (Յովհ. 3։16)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ «Յիսուսը փառքով ու պատուով պսակուած կը տեսնենք. . . մահուան չարչարանքին համար, որպէս զի Աստուծոյ շնորհքովը ամենուն համար մահ ճաշակէ» (Եբ. 2։9)։ Իրապէս, «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք [է]՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռով. 6։23բ

5, 6. Ի՞նչ է արդիւնքը երբ՝ ա) մեղքը մեր վրայ իշխէ, բ) շնորհքին ենթակայ ենք։

5 Ինչո՞ւ մեղք կը գործենք ու կը մեռնինք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մէկ մարդու մեղքովը մահը թագաւորեց»։ Ուրեմն, քանի որ Ադամին սերունդն ենք, անկատար ենք եւ կը մեռնինք (Հռով. 5։12, 14, 17)։ Բայց կրնանք այլեւս մեղքին իշխանութեան տակ չըլլալ։ Ինչպէ՞ս։ Երբ հաւատանք Յիսուսի փրկանքին, Եհովային շնորհքէն կ’օգտուինք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ուր աւելի եղաւ մեղքը, ա՛լ աւելի եղաւ շնորհքը. որպէս զի ինչպէս մեղքը թագաւորեց մահով, այնպէս շնորհքը թագաւորէ արդարութիւնով՝ մինչեւ յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռով. 5։20, 21

6 Հակառակ որ տակաւին մեղաւոր ենք, պէտք չէ ձգենք որ մեղքը մեր վրայ իշխէ։ Ուրեմն, երբ սխալ մը ընենք, Եհովայէն ներում կը խնդրենք։ Պօղոս զգուշացում տուաւ. «Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին» (Հռով. 6։14, ՆԹ)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ շնորհքէն օգտուիլ։ Պօղոս բացատրեց. «Աստուծոյ փրկարար շնորհքը. . . մեզ կը խրատէ՝ որպէս զի ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ» (Տիտ. 2։11, 12

«ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՆՈՐՀՆԵՐ»

7, 8. Ի՞նչ կը նշանակէ՝ Եհովային «զանազան շնորհներ»ը (տե՛ս բացման պատկերները)։

7 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս» (Ա. Պետ. 4։10)։ Ի՞նչ կը նշանակէ՝ Եհովային «զանազան շնորհներ»ը։ Ատիկա կը նշանակէ թէ ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունենանք, Եհովան կրնայ մեզի օգնել որ ատոր հետ գլուխ ելլենք (Ա. Պետ. 1։6)։ Ան միշտ մեզի պիտի տայ ճի՛շդ ինչ որ պէտք ունինք, որպէսզի ամէն մէկ փորձութիւն յաղթահարենք։

8 Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Անոր լիութենէն մենք բոլորս ստացանք շնորհք շնորհքի վրայ» (Յովհ. 1։16, ԱԾ)։ Որովհետեւ Եհովան զանազան կերպերով կը ցուցնէ իր շնորհքը, զանազան օրհնութիւններ կը ստանանք։ Ատոնցմէ ոմանք ի՞նչ են։

9. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք Եհովայի շնորհքէն եւ ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ Եհովային երախտապարտ ենք։

9 Եհովան մեր մեղքերը կը ներէ։ Իր շնորհքին շնորհիւ, մեր մեղքերը կը ներուին, միայն եթէ զղջանք եւ շարունակենք մեր մեղաւոր ցանկութիւններուն դէմ պայքարիլ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 1։8, 9)։ Պօղոս օծեալ քրիստոնեաներուն բացատրեց թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը ներէ մեղքերը. «[Եհովան] մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց։ Որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն» (Կող. 1։13, 14)։ Մենք այնքան երախտապարտ ենք Եհովային, որ կ’ուզենք զինք փառաբանել։ Եւ քանի որ ան մեր մեղքերը կը ներէ, ուրիշ շատ մը հոյակապ օրհնութիւններ կրնանք վայելել։

10. Եհովայի շնորհքին շնորհիւ ի՞նչ օրհնութիւն կը վայելենք։

10 Կրնանք Աստուծոյ հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Մեր ծնած վայրկեանէն Աստուծոյ թշնամի ենք, քանի որ անկատար ենք։ Բայց Պօղոս ըսաւ. «Մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը» (Հռով. 5։10)։ Այս հաշտութիւնը կը ձգէ որ Եհովային հետ խաղաղութեան մէջ ըլլանք։ Պօղոս այս առանձնաշնորհումը կապեց Եհովայի շնորհքին հետ, ըսելով. «Մենք [օծեալները] հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք» (Հռով. 5։1, 2)։ Ասիկա ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մըն է։

Աստուծոյ շնորհները. Բարի լուրը լսելու առանձնաշնորհումը (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Օծեալները «ուրիշ ոչխարներ»ուն ինչպէ՞ս կ’օգնեն որ արդար դառնան։

11 Կրնանք Աստուծոյ աչքին արդար դառնալ։ Դանիէլ մարգարէն գրեց թէ վերջին օրերուն մէջ «իմաստունները», այսինքն՝ օծեալ մնացորդը, ‘շատերը արդարութեան պիտի առաջնորդեն’ (կարդա՛ Դանիէլ 12։3)։ Ինչպէ՞ս։ Անոնք բարի լուրը կը քարոզեն եւ միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ»ու կը սորվեցնեն Եհովայի օրէնքները (Յովհ. 10։16)։ Անոնք իրենց կ’օգնեն որ Եհովայի աչքին արդար դառնան։ Բայց այս բոլորը կարելի դարձած են Եհովայի շնորհքին շնորհիւ։ Պօղոս բացատրեց. «Անոր [Աստուծոյ] շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան» (Հռով. 3։23, 24

Աղօթելու օրհնութիւնը (տե՛ս պարբերութիւն 12)

12. Աղօթքը ինչպէ՞ս կապուած է Աստուծոյ շնորհքին հետ։

12 Կրնանք աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ։ Եհովայի շնորհքին շնորհիւ կրնանք իրեն աղօթել։ Պօղոս Եհովային գահը կը կոչէ՝ «շնորհաց աթոռ», եւ մեզ կը հրաւիրէ որ «համարձակութիւնով մօտենանք» ատոր (Եբ. 4։16աՄենք որեւէ ատեն կրնանք Յիսուսին միջոցաւ Եհովային աղօթել։ Ասիկա իրապէս մեծ պատիւ մըն է։ Պօղոս ըսաւ. «Համարձակութիւն ու մօտենալու արտօնութիւն ունինք վստահութեամբ՝ իրեն հաւատալով» (Եփ. 3։12

Պէտք եղած ատենը օգնութիւն ստանալ (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. Եհովային շնորհքը ինչպէ՞ս ‘պէտք եղած ատեն մեզի կ’օգնէ’։

13 Կրնանք պէտք եղած ատեն օգնութիւն ստանալ։ Պօղոս մեզ քաջալերեց որ Եհովային աղօթենք երբոր պէտք ունենանք, «որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու» (Եբ. 4։16բ)։ Երբոր փորձութիւն կամ դժուարութիւն ունենանք, կրնանք Եհովայէն օգնութիւն խնդրել։ Ան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ, հակառակ որ արժանի չենք։ Շատ անգամներ, ան մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը գործածէ մեզի օգնելու, «այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ’» (Եբ. 13։6

14. Եհովային շնորհքը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր սրտերուն։

14 Մեր սրտերը կրնան մխիթարուիլ։ Երբոր զգացական նեղութեան մէջ ըլլանք, Եհովան մեզ կը մխիթարէ։ Ասիկա մեծ օրհնութիւն մըն է (Սաղ. 51։17)։ Երբ Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաները հալածանքի տակ էին, Պօղոս իրենց գրեց. «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, ձեր սրտերը մխիթար[են] եւ ձեզ հաստատ[են]» (Բ. Թես. 2։15, 16)։ Որքա՜ն կը մխիթարէ գիտնալը որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ կը հոգայ։

15. Աստուծոյ շնորհքին շնորհիւ ի՞նչ յոյս ունինք։

15 Յաւիտենական կեանքի յոյսը ունինք։ Քանի որ անկատար ու մեղաւոր ենք, առանց Եհովային օգնութեամբ յոյս չունինք (կարդա՛ Սաղմոս 49։7, 8)։ Բայց Եհովան մեզի հոյակապ յոյս մը կու տայ։ Յիսուս ըսաւ. «Զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան» (Յովհ. 6։40)։ Ուրեմն, Եհովայի շնորհքին շնորհիւ՝ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունինք։ Պօղոս նշեց. «Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին» (Տիտ. 2։11, ՆԹ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՆՈՐՀՔԸ ՄԻ՛ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵՐ

16. Առաջին քրիստոնեաներէն ոմանք ինչպէ՞ս շահագործեցին Աստուծոյ շնորհքը։

16 Եհովայի շնորհքին շնորհիւ շատ մը օրհնութիւններ կը վայելենք, բայց պէտք չէ շահագործենք իր շնորհքը։ Առաջին քրիստոնեաներուն մէջ ոմանք փորձեցին ‘Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձնել’ (Յուդա 4)։ Ըստ երեւոյթին, այս անհաւատարիմ քրիստոնեաները կարծեցին որ կրնան մեղք գործել եւ Եհովան մի՛շտ իրենց պիտի ներէ։ Ասկէ աւելի գէշ, անոնք փորձեցին եղբայրներուն մեղք գործել տալ։ Այսօր ալ, ո՛վ որ ասիկա կ’ընէ, ‘շնորհներու Հոգին կը նախատէ’ (Եբ. 10։29

17. Պետրոս ի՞նչ զօրաւոր զգուշացում մը տուաւ։

17 Ներկայիս, Սատանան խաբած է կարգ մը քրիստոնեաներ, որ կարծեն թէ կրնան Աստուծոյ ողորմութիւնը թեթեւի առնել եւ մեղք գործել։ Ճիշդ է որ Եհովան կը ներէ զղջացող մեղաւորներուն, բայց ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ վերջին ծայր պայքարինք մեր մեղաւոր ցանկութիւններուն դէմ։ Ան Պետրոս առաքեալը մղեց որ գրէ. «Դուք, սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք. հապա աճեցէ՛ք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը» (Բ. Պետ. 3։17, 18

ՇՆՈՐՀՔԸ ԻՐԵՆ ՀԵՏ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ

18. Եհովային շնորհքը ի՞նչ պատասխանատուութիւններ կը դնէ մեր վրայ։

18 Եհովային շատ երախտապարտ ենք իր շնորհքին համար։ Ուրեմն, պէտք է մեր ունեցած պարգեւները գործածենք, որ իրեն պատիւ բերենք եւ ուրիշներուն օգնենք։ Մենք իրենց պարտական ենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր պարգեւները գործածել։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Մենք զանազան պարգեւներ ունենալով այն շնորհքին համեմատ որ մեզի տրուած է. . . եթէ սպասաւորութիւն՝ սպասաւորութեան մէջ ըլլանք. ան որ պիտի սորվեցնէ՝ սորվեցնելու ետեւէ ըլլայ. ան որ պիտի յորդորէ՝ յորդորելու ետեւէ. . . ան որ կ’ողորմի՝ յօժարութեամբ» (Հռով. 12։6-8)։ Եհովային շնորհքը մեր վիզին պարտականութիւն մը կը դնէ, որ ծառայութեամբ զբաղինք, Սուրբ Գիրքը սորվեցնենք ուրիշներուն, մեր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերենք եւ մեզ վիրաւորողներուն ներենք։

19. Յաջորդ յօդուածին մէջ մեր ո՞ր պատասխանատուութեան մասին պիտի խօսինք։

19 Քանի որ երախտապարտ ենք որ Եհովան առատաձեռնօրէն մեզ կը սիրէ, կ’ուզենք մեր ամէն կարելին ընել «Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու» (Գործք 20։24)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ մանրամասն պիտի խօսինք այս պատասխանատուութեան մասին։