Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»

«Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ կէս գիշերին ճամբան կը քալես։ Մէկէն կը զգաս որ անհատ մը ետեւէդ կու գայ։ Կը կենաս. ոտքի ձայներն ալ կը կենան։ Արագ–արագ կը քալես. ինքն ալ արագ կը քալէ։ Կը սկսիս վազել դէպի բարեկամիդ տունը, որ մօտ է։ Երբ ան դուռը կը բանայ եւ քեզ ներս կը մտցնէ, խորունկ շունչ մը կ’առնես։

Կրնայ ըլլալ որ այս փորձառութիւնը չես ունեցած, բայց ուրիշ բաներ կան որ քեզ կը մտահոգեն։ Օրինակ՝ թերեւս ունիս տկարութիւն մը, որմէ կ’ուզես ազատիլ, բայց շարունակ նոյն սխալը կ’ընես։ Կրնայ ըլլալ որ երկար ատենէ ի վեր անգործ ես եւ ի՛նչ ալ ընես չես կրնար գործ մը գտնել։ Թերեւս կը մտահոգուիս ծերանալու եւ առջեւդ եղած առողջապահական խնդիրներուն մասին։ Կամ թերեւս ուրիշ նեղութիւն մը ունիս։

Ի՛նչ ալ ըլլայ խնդիրդ, չե՞ս ուրախանար եթէ քովդ ունենաս բարեկամ մը որուն կը պատմես մտահոգութիւններդ, եւ երբ պէտք ունենաս՝ քեզի կրնայ օգնել։ Ասանկ մօտիկ բարեկամ մը ունի՞ս։ Այո՛, ունիս։ Եհովան այսպիսի բարեկամ մըն է քեզի համար, ճիշդ ինչպէս որ հաւատարիմ Աբրահամին բարեկամն էր, ինչպէս կը յայտնէ Եսայի 41։8-13։ 10–րդ եւ 13–րդ համարներուն մէջ, Եհովան ամէն մէկուս կը խոստանայ. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։ Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’»։

«ՔԵԶ ՊԻՏԻ ԲՌՆԵՄ»

Այս խօսքը քեզ չի՞ հանգչեցներ։ Դուն քեզ համարին գծած պատկերին մէջ դիր։ Համարը չ’ըսեր որ դուն Եհովային հետ ձեռք ձեռքի կը քալես, հակառակ որ ասիկա աղուոր բան մըն է։ Եթէ Եհովային հետ ձեռք ձեռքի քալելու ըլլաս, ան իր աջ ձեռքով քու ձախ ձեռքդ բռնած կ’ըլլայ։ Բայց ըստ համարին, Եհովան ‘իր արդարութեան աջովը’ կը բռնէ ‘քու աջ ձեռքդ’, կարծես թէ քեզ նեղութենէ մը դուրս քաշելու համար։ Մինչ այդ, ան կը զօրացնէ քեզ, ըսելով. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։

Եհովան կը նկատե՞ս սիրալիր Հայր մը եւ Բարեկամ մը, որ երբ նեղութեան մէջ ըլլաս՝ քու օգնութեանդ պիտի հասնի։ Ան քեզմով հետաքրքրուած է, կ’ուզէ որ լաւ ըլլաս եւ իրապէս կը փափաքի քեզի օգնել։ Երբ դժուարութիւններ ունենաս, Եհովան կ’ուզէ որ ապահով զգաս, քանի որ քեզի շատ կապուած է։ Ան իրապէս «նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու» (Սաղ. 46։1

ԵՐԲ ՄԵՐ ԱՆՑԵԱԼԻ ՍԽԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՅԱՆՑԱՒՈՐ ԿԸ ԶԳԱՆՔ

Ոմանք ինքզինքնին կը չարչարեն մտածելով իրենց անցեալի սխալներուն մասին եւ հարց կու տան թէ արդեօք Աստուած իրենց ներա՞ծ է։ Եթէ դուն ալ անոնցմէ ես, մտածէ հաւատարիմ Յոբին մասին, որ իր ‘երիտասարդութեան անօրէնութիւնները’ խոստովանեցաւ (Յոբ 13։26)։ Դաւիթ թագաւորն ալ այսպէս զգաց եւ Եհովային աղաչեց. «Ներէ՛ այն մեղքերն ու յանցանքները, որ իմ մատղաշ տարիներուս գործած եմ» (Սաղ. 25։7, ՆԹ)։ Քանի որ անկատար ենք, բոլորս «մեղք գործեց[ինք] եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեց[անք]» (Հռով. 3։23

Եսայի 41–րդ գլուխի խօսքերը գրուած էին իսրայէլացիներուն համար։ Անոնք այն աստիճան մեղք գործած էին, որ Եհովան որոշեց զիրենք պատժել, ձգելով որ Բաբելոն աքսորուին (Եսա. 39։6, 7)։ Նոյն ատեն, ան խոստացաւ որ պիտի ազատէր անոնք որ պիտի զղջային եւ իրեն դառնային (Եսա. 41։8, 9. 49։8)։ Այսօր ալ Եհովան իր սիրտը լայն կը բռնէ այն անհատներուն հանդէպ, որոնք անկեղծօրէն կը զղջան եւ կ’ուզեն զինք հաճեցնել (Սաղ. 51։1

Նկատի առ Թաքուիա * անունով եղբօր մը փորձառութիւնը, որ կը փորձէր իր ունեցած երկու անմաքուր սովորութիւնները ձգել. պոռնկագրութիւն դիտել եւ գիջութիւն ընել։ Ան շատ անգամներ տեղի կու տար իր սովորութիւններուն։ Ան ինչպէ՞ս կը զգար։ «Լման անարժէք կը զգայի, բայց երբ աղօթքով Եհովայէն ներում խնդրէի, զիս գէշ վիճակէս դուրս կը հանէր»։ Եհովան ինչպէ՞ս կ’ընէր այս մէկը։ Թաքուիայի ժողովքի երէցները իրեն ըսին, որ երբոր տեղի տար՝ իրենց հեռաձայն ընէր։ Ան կը խոստովանի. «Դիւրին չէր իրենց հեռաձայնելը, բայց երբոր հեռաձայնէի, զօրութիւն կ’առնէի»։ Ետքը, երէցները կարգադրեցին որ շրջանային տեսուչը հովուական այցելութիւն մը տայ Թաքուիային։ Շրջանային տեսուչը իրեն ըսաւ. «Զուգադիպութիւն չէ որ ես հոս եմ։ Եկած եմ քանի որ երէցները ուզեցին որ հոս ըլլամ։ Անոնք քե՛զ ընտրեցին որ այս հովուական այցելութիւնը ստանաս»։ Թաքուիան կը նշէ. «Հակառակ որ մեղքի մէջ թաղուած էի, Եհովան երէցներուն միջոցաւ իր ձեռքը երկնցուց ինծի օգնելու»։ Ան յառաջդիմեց եւ կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ, իսկ հիմա մասնաճիւղի մը մէջ կը ծառայէ։ Եհովան քեզի՛ ալ պիտի օգնէ որ գէշ վիճակէ մը դուրս ելլես, ճիշդ ինչպէս որ այս եղբօր օգնեց։

ԵՐԲ ԳՈՐԾԻՆ ՄԱՍԻՆ ՀՈԳ ԸՆԵՆՔ

Շատեր կը մտահոգուին երբ անգործ մնան։ Ոմանք իրենց գործը կը կորսնցնեն եւ նոր գործ մը գտնելու դժուարութիւն կ’ունենան։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ կը զգաս, եթէ գործատէրերը մէկը միւսին ետեւէն քեզ մերժեն։ Ոմանք այսպիսի պարագայի մը մէջ իրենց ինքնայարգանքը կը կորսնցնեն։ Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ օգնել քեզի։ Ան թերեւս անմիջապէս շատ լաւ գործ մը չհանէ առջեւդ, բայց կրնայ քեզի օգնել՝ միտքդ բերելով Դաւիթին խօսքը. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» (Սաղ. 37։25)։ Եհովային քով արժէքաւոր ես, եւ ան կրնայ ‘իր արդարութեան աջովը’ քեզի օգնել որ պէտք եղածը ունենաս, որպէսզի շարունակես իրեն ծառայել։

Եհովան թերեւս ինչպէ՞ս օգնէ քեզի, եթէ գործդ կորսնցնես

Քոլոմպիա ապրող Սառա տեսաւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կրցաւ իրեն օգնել։ Ան լաւ ամսականով կ’աշխատէր հռչակաւոր եւ յարգուած ընկերութեան մը մէջ։ Սակայն ան ուզեց Եհովային աւելի ծառայել, եւ ասոր համար գործէն ելաւ ու ռահվիրայութեան սկսաւ։ Բայց ան դժուարութիւն ունեցաւ կիսաժամ գործ մը գտնելու։ Ան պաղպաղակի խանութ մը բացաւ, բայց իր ունեցած դրամը քիչ–քիչ վերջացաւ եւ ստիպուեցաւ խանութը գոցել։ Սառան կ’ըսէ. «Դրամս վերջանալուն վրայ երեք երկար տարիներ անցան, բայց փառք Եհովային՝ կրցայ դիմանալ»։ Ան գիտցաւ թէ ճիշդ ինչի՛ պէտք ունէր, եւ ինչի պէտք չունէր։ Ան նաեւ սորվեցաւ յաջորդ օրուան համար հոգ չընել (Մատ. 6։33, 34)։ Ի վերջոյ, իր առաջուան գործատէրը իրեն հեռաձայնեց եւ առաջարկեց որ առաջուան գործը աշխատի։ Քոյրը ըսաւ որ կ’ընդունի միայն կիսաժամ գործ աշխատիլ, եւ միայն եթէ արտօնութիւն տրուի որ գործէն բացակայի իր հոգեւոր յայտագիրներուն համար։ Թէեւ Սառան առաջուան չափ դրամ չի շահիր, բայց ռահվիրայութիւնը տակաւին կը շարունակէ։ Ան կ’ըսէ. «Եհովային սիրալիր ձեռքը զգացի իմ վրաս»։

ԵՐԲ ԾԵՐԱՆԱԼՈՒ ՀՈԳԸ ՄԵԶ Կ’ՈՒՏԷ

Ծերանալն ալ մեծ հոգ մըն է։ Շատեր հանգստեան կոչուելու տարիքը կը հասնին եւ կը սկսին մտածել, որ արդեօք բաւարար դրամ պիտի ունենա՞ն իրենց մնացեալ կեանքը հանգիստ ապրելու։ Անոնք նաեւ կը մտահոգուին որ առողջապահական նոր խնդիրներ ունենան։ Շատ հաւանաբար Դաւիթ թագաւորն էր որ Եհովային աղաչեց. «Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր. ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր» (Սաղ. 71։9, 18

Լաւ, տարիքով մեծերուն միտքը ինչպէ՞ս կրնայ հանգիստ ըլլալ ապագային նկատմամբ։ Անոնք պէտք է շարունակեն Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը զօրացնել եւ վստահութիւն ունենան որ իրենց պէտքերը պիտի հոգայ։ Անշուշտ, եթէ ոմանք տարիներու ընթացքին ճոխութեան մէջ ապրած էին, թերեւս պէտք ունենան սորվելու պարզ կեանք մը ապրիլ եւ աւելի քիչով բաւարարուիլ։ Անոնք թերեւս անդրադառնան որ «գէր զուարակ»ին տեղ «խոտեղէն կերակուր» ուտելն ալ հաճելի է, եւ թերեւս աւելի լաւ է իրենց առողջութեան (Առ. 15։17)։ Եթէ կեդրոնացած ես Եհովային ծառայելու վրայ, ան բոլոր պէտքերդ պիտի տայ քեզի երբ տարիքով մեծնաս։

Հոսէ եւ Ռոզ՝ Թոնիի եւ Ուենտիի հետ

Նկատի առ Հոսէին եւ Ռոզին օրինակը, որոնք աւելի քան 65 տարի լիաժամ ծառայած են Եհովային։ Տարիներու ընթացքին, անոնք շատ մը դժուարութիւններ ունեցած են։ Անոնք Ռոզին հօր հոգ տարին, որ 24 ժամ հոգատարութեան պէտք ունէր։ Նաեւ Հոսէն ունեցաւ քաղցկեղի գործողութիւն եւ քիմիաբուժում։ Եհովան իր աջ ձեռքը երկարե՞ց այս հաւատարիմ զոյգին։ Այո, բայց ինչպէ՞ս։ Ժողովքին մէջ զոյգի մը միջոցաւ՝ Թոնի եւ Ուենտի։ Անոնք ունէին յարկաբաժին մը, որ կ’ուզէին առանց վարձքի տալ լիաժամ ռահվիրաներու։ Տարիներ առաջ, Թոնին իր դպրոցի պատուհանէն կը տեսնէր, թէ Հոսէն եւ Ռոզը ինչպէ՛ս կանոնաւորաբար ծառայութեան կ’ելլէին։ Ան կը սիրէր իրենց նախանձախնդրութիւնը եւ շատ տպաւորուած էր ատկէ։ Որովհետեւ Հոսէն եւ Ռոզը իրենց ամբողջ կեանքը անցուցած էին Եհովային ծառայելով, Թոնին եւ Ուենտին յարկաբաժինը տուին անոնց։ Վերջին 15 տարիներուն, անոնք Հոսէին եւ Ռոզին օգնած են, որոնք այժմ 90 տարեկան ըլլալու կը մօտենան։ Այս տարեց զոյգը կը զգայ որ Թոնիին եւ Ուենտիին տուած օգնութիւնը՝ Աստուծոյ կողմէ նուէր մըն է։

Աստուած ‘իր արդարութեան աջը’ քեզի ալ կ’երկարէ եւ կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։ Լաւ, դուն քու ձեռքդ պիտի տա՞ս իրեն։

^ պարբ. 11 Կարգ մը անուններ փոխուած են։