Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Իմաստութիւն»ը քովդ կը պահե՞ս

«Իմաստութիւն»ը քովդ կը պահե՞ս

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ մը կայ, թէ աղքատ տղայ մը կ’ապրէր հեռաւոր գիւղի մը մէջ։ Մարդիկ իրեն վրայ կը խնդային, կարծելով որ ան խելքով տկար է։ Երբ այցելուներ գային, կարգ մը գիւղացիներ զինք կը ծաղրէին իրենց բարեկամներուն դիմաց։ Անոնք երկու մետաղադրամ կը բռնէին, մէկը՝ խոշոր արծաթէ դրամ, իսկ միւսը՝ պզտիկ ոսկիէ դրամ, որուն արժէքը արծաթէ դրամին երկու անգամն էր։ Անոնք կ’ըսէին. «Զատէ մէկ հատ»։ Տղան արծաթէ դրամը կը զատէր եւ կը փախչէր։

Օր մը, այցելուներէն մէկը հարցուց տղուն. «Չե՞ս գիտեր թէ ոսկիէ դրամին արժէքը՝ արծաթէ դրամին երկու անգամն է»։ Պզտիկ տղան ժպտաց ու ըսաւ. «Այո՛, գիտեմ»։ Այցելուն հարցուց. «Լաւ, ինչո՞ւ արծաթէ դրամը կ’առնես։ Եթէ ոսկիէ դրամը առնես, երկու անգամը կը շահիս»։ Տղան պատասխանեց. «Եթէ ոսկիէ դրամը առնեմ, այլեւս մարդիկ հետս այս խաղը չեն ըներ։ Դուն գիտե՞ս քանի հատ արծաթէ դրամ հաւաքած եմ մինչեւ հիմա»։ Այս պատմութեան մէջի պզտիկ տղան ունէր յատկութիւն մը, որմէ չափահասները կրնան օգտուիլ։ Ատիկա իմաստութիւնն է։

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ. այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես եւ քու ոտքդ պիտի չսահի» (Առ. 3։21, 23)։ Ուրեմն, մեր լաւութեան համար կարեւոր է որ գիտնանք «իմաստութիւն» ի՛նչ ըսել է եւ ինչպէ՛ս կրնանք զայն գործադրել։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ հոգեւոր գետնի վրայ մեր «ոտք»ը չսահի, հապա՝ հաստատ մնայ։

Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ Է

Իմաստութիւնը կը տարբերի գիտութենէն եւ հասկացողութենէն։ Գիտութիւն ունեցողը՝ տեղեկութիւններ կամ իրողութիւններ կը հաւաքէ։ Ան որ հասկացողութիւն ունի, կրնայ տեսնել թէ մէկ իրողութիւնը ինչպէ՛ս կապուած է միւսին։ Ան որ իմաստութիւն ունի, կրնայ գիտութիւնը եւ հասկացողութիւնը միացնել եւ զանոնք գործնական կերպով գործադրել։

Օրինակ՝ թերեւս անհատ մը կրնայ կարճ ժամանակուան մը մէջ կարդալ եւ հասկնալ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ան կրնայ ըլլալ որ ճիշդ պատասխաններ կու տայ իր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Ան թերեւս սկսի ժողովի երթալ եւ նոյնիսկ լաւ պատասխաններ տայ։ Այս բոլորը կը ցուցնեն թէ ան հոգեւորապէս կը յառաջդիմէ։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ իմաստուն դարձած է։ Պայման չէ։ Թերեւս ան պարզապէս շուտ ըմբռնող է։ Բայց երբ ան ճշմարտութիւնը գործադրէ, ճիշդ կերպով գործածելով գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը, ասիկա կը ցուցնէ թէ ան երթալէն իմաստուն կը դառնայ։ Եթէ լաւ մտածելէ ետք իր որոշումները յաջողին, յստակ կը դառնայ թէ ան իմաստուն կերպով գործած է։

Մատթէոս 7։24-27–ին մէջ Յիսուս տուաւ երկու անձերու օրինակը։ Ամէն մէկը շինեց տուն մը։ Անոնցմէ մէկուն համար կ’ըսուի թէ «խելացի» է։ Ան մտածեց թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եւ իր տունը շինեց վէմի վրայ։ Ան հեռատես եւ գործնական էր։ Ան հաշիւ չըրաւ որ եթէ աւազի վրայ շինէ, աւելի աժանի կը նայի կամ աւելի շուտ կը վերջանայ։ Ան իմաստութեամբ մտածեց իր ըրածներուն երկարատեւ հետեւանքներուն մասին։ Ուստի երբ փոթորիկ ելաւ, տունին բան մը չեղաւ։ Լաւ, հարցում մը կը ծագի. «Ինչպէ՞ս կրնանք այս արժէքաւոր յատկութիւնը ունենալ»։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ՈՒՆԵՆԱԼ

Առաջին, նկատէ թէ Առակաց 9։10–ը կ’ըսէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է»։ Աստուծոյ հանդէպ վախ ունենալ կը նշանակէ՝ յարգել զինք եւ իր չափանիշները։ Պէտք է մէկու մը մտածելակերպը գիտնանք որ զինք յարգենք։ Այն ատեն է որ կրնանք իրեն վստահիլ եւ իրմէ սորվիլ ու իրեն պէս յաջողիլ։ Եթէ հաշուի կ’առնենք թէ մեր ըրածները ի՛նչ երկարատեւ հետեւանքներ պիտի ունենան Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան վրայ, եւ եթէ մեր որոշումները կ’առնենք իր չափանիշներուն հիման վրայ, ուրեմն մեր իմաստութիւնը երթալէն կ’աւելնայ։

Երկրորդ, «Զատուող մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ» (Առ. 18։1, ստորանիշ)։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք մենք մեզ հեռացնել Եհովայէն եւ իր ժողովուրդէն։ Որպէսզի զատուած չըլլանք, պէտք է ժամանակ անցընենք անձերու հետ, որոնք Աստուծոյ հանդէպ վախ ունին եւ իր չափանիշները կը յարգեն։ Պէտք է անձնապէս ժողովի երթանք, եթէ կարելի է, եւ կանոնաւորաբար ընկերակցինք ժողովքին հետ։ Եւ մինչ ժողովի մէջ ենք, պէտք է մեր միտքն ու սիրտը բանանք եւ ձգենք որ մեր լսածը մեզի ազդէ։

Ասկէ զատ, եթէ մեր սիրտը աղօթքով Եհովային առջեւ թափենք, իրեն աւելի պիտի մօտենանք (Առ. 3։5, 6)։ Երբ մեր միտքն ու սիրտը բանանք, մինչ կը կարդանք Աստուածաշունչը եւ սուրբգրային հրատարակութիւնները, կրնանք գաղափար մը ունենալ թէ մեր ըրածներուն երկարատեւ արդիւնքը ի՛նչ կրնայ ըլլալ, եւ ատոր հիման վրայ կը գործենք։ Նաեւ պէտք է մեր սիրտը բաց ըլլայ հասուն եղբայրներուն տուած խրատներուն (Առ. 19։20)։ Այսպիսով, փոխանակ ‘ամէն խորհուրդի դէմ կենալու’, մեր իմաստութիւնը պիտի աւելցնենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ԸՆՏԱՆԻՔԻՍ

Իմաստութիւնը ընտանիքները կը պաշտպանէ։ Օրինակ՝ Սուրբ Գիրքը կնոջ կ’ըսէ որ «իր այրէն ակնածի», կամ խոր յարգանք ունենայ (Եփ. 5։33)։ Ամուսինը ինչպէ՞ս կրնայ կնոջ խոր յարգանքը շահիլ։ Եթէ ան զօռելով կամ կոշտութեամբ պահանջէ զայն, երկարատեւ արդիւնքի պիտի չհասնի։ Այսպիսի ամուսինի մը կինը թերեւս զինք յարգէ իր ներկայութեան, որպէսզի վէճի դուռ չբանայ։ Բայց արդեօք անոր բացակայութեան՝ իր մէջէն պիտի գա՞յ իր ամուսինը յարգել։ Շատ հաւանաբար ո՛չ։ Ամուսինը պէտք է մտածէ թէ ի՛նչը պիտի ձգէ որ կինը միշտ յարգէ զինք։ Եթէ ան հոգիին պտուղը ունենայ, սիրալիր եւ քաղցր ըլլալով, պիտի շահի իր կնոջ խոր յարգանքը։ Անշուշտ, քրիստոնեայ կինը պէտք է իր ամուսինը յարգէ, չնայած թէ ան արժանի է կամ ոչ (Գաղ. 5։22, 23

Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ որ ամուսինը պէտք է սիրէ իր կինը (Եփ. 5։28, 33)։ Թերեւս կինը մտածէ թէ աւելի լաւ է որ իր ամուսինին չըսէ անախորժ բաները (մինչ ամուսինը իրաւունք ունի գիտնալու), որպէսզի իր ամուսինը շարունակէ զինք սիրել։ Բայց ասիկա իսկապէս իմաստութի՞ւն է։ Ետքը ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը, երբ ամուսինը գիտնայ ի՛նչ պահուած է իրմէ։ Զինք աւելի պիտի սիրէ՞։ Միւս կողմէ, եթէ կինը յարմար ժամանակ զատէ որ իր ամուսինին հանդարտօրէն բացատրէ անախորժ բաներ, ամուսինը շատ հաւանաբար պիտի գնահատէ իր անկեղծութիւնը։ Այս պարագային, ամուսինը աւելի պիտի սիրէ իր կինը։

Եթէ կ’ուզես ապագային զաւակիդ հետ հաղորդակցութիւնդ լաւ ըլլայ, գիտցիր այսօ՛ր ինչպէս պիտի կրթես զինք

Պզտիկները պէտք է հնազանդին իրենց ծնողներուն եւ Եհովայի ճամբաներուն մէջ մեծնան (Եփ. 6։1, 4)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ծնողները պէտք է երկար ցանկ մը պատրաստեն, թէ պզտիկը ի՛նչ կրնայ ընել եւ ի՛նչ չի կրնար ընել։ Չի բաւեր որ պզտիկը գիտնայ տունին օրէնքները կամ պատիժները, երբ սխալի։ Իմաստուն ծնողը իր պզտիկին կ’օգնէ որ հասկնայ թէ ինչո՛ւ պէտք է հնազանդի։

Օրինակ, հաշուէ թէ պզտիկը առանց յարգանքի խօսեցաւ իր ծնողին հետ։ Եթէ ծնողը կոշտութեամբ խօսի կամ ջղայնութեամբ պատիժ տայ, թերեւս պզտիկը ամչնայ եւ բերանը գոցէ։ Բայց ան կրնայ իր սրտին մէջ բարկացած մնալ, ինչ որ կը մղէ իր ծնողքէն հեռանալու։

Իմաստուն ծնողները կը մտածեն թէ ի՛նչ կերպով կը կրթեն իրենց պզտիկները, եւ թէ ատիկա ապագային ինչպէ՛ս պիտի ազդէ պզտիկներուն։ Ծնողները պէտք չէ շուտով հակազդեն քանի որ ամօթ զգացին։ Թերեւս անոնք կրնան հանդարտօրէն եւ սիրալիրօրէն տրամաբանել պզտիկին հետ երբ առանձին ըլլան, բացատրելով թէ ի՛ր մնայուն լաւութեան համար Եհովան կ’ուզէ որ ծնողքը յարգէ։ Ետքը, երբ պզտիկը իր ծնողքը յարգէ, պիտի ըմբռնէ թէ Եհովան կը պատուէ (Եփ. 6։2, 3)։ Այս քաղցր վարուելակերպը կրնայ պզտիկին սրտին դպչիլ, եւ ան պիտի զգայ որ իր ծնողքը անկեղծօրէն հետաքրքրուած են իրմով։ Այսպիսով, ան կը սկսի աւելի յարգել զիրենք, եւ պատրաստ կ’ըլլայ անոնցմէ օգնութիւն խնդրելու երբ կարեւոր հարցեր ծագին։

Կարգ մը ծնողներ կը վախնան որ իրենց պզտիկին զգացումները վիրաւորեն, եւ այս պատճառով զինք չեն սրբագրեր։ Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ պզտիկը մեծնայ։ Ան Եհովային հանդէպ վախ պիտի ունենա՞յ եւ ըմբռնած պիտի ըլլա՞յ որ Աստուծոյ չափանիշները ընդունիլը իմաստութիւն է։ Ան պիտի ուզէ՞ իր սիրտը Եհովային առջեւ թափել եւ իր միտքը յայտնել, թէ ոչ հոգեւորապէս պիտի զատուի (Առ. 13։1. 29։15

Վարպետ քանդակագործ մը սկիզբէն կը ծրագրէ թէ ի՛նչ պիտի ձեւէ։ Ան աջէն–ձախէն չի տաշեր, յուսալով որ շատ լաւ պիտի ելլէ։ Իմաստուն ծնողները ժամեր կը տրամադրեն որ Եհովայի չափանիշները սորվին ու կիրարկեն, եւ այսպէս Եհովային հանդէպ վախ ունենան։ Երբ անոնք չզատուին Եհովայէն եւ իր կազմակերպութենէն, իրենց իմաստութիւնը կ’աւելնայ եւ զայն կը գործածեն որ իրենց ընտանիքը զօրացնեն։

Օրական մեր առջեւ կան այնպիսի որոշումներ, որ կրնան տարիներով ազդել մեր կեանքին։ Փոխանակ արագ մը հակազդելու կամ շապիկէդ ելած ատեն որոշում մը առնելու, կրնաս պահ մը կենալ ու մտածել։ Երկարատեւ հետեւանքներուն մասին լաւ մտածէ, Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռէ եւ իր իմաստութիւնը գործադրէ։ Այսպիսով իմաստութիւնը մեր քով պահած պիտի ըլլանք եւ ատիկա մեզի կեանք պիտի տայ (Առ. 3։21, 22