Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի խոստումներուն հաւատա՛

Եհովայի խոստումներուն հաւատա՛

«Հաւատքը. . . անտեսանելի իրողութիւններուն համոզիչ ապացոյցն է» (ԵԲ. 11։1, ՆԱ, ստորանիշ)։

ԵՐԳԵՐ. 54, 125

1. Ի՞նչ աչքով պէտք է նայինք մեր հաւատքին։

ՀԱՒԱՏՔԸ արժէքաւոր յատկութիւն մըն է եւ ամէն մարդ չունի զայն (Բ. Թես. 3։2)։ Բայց Եհովան հաւատք կու տայ բոլոր զինք պաշտողներուն (Հռով. 12։3. Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք Եհովայէն ասոր համար։

2, 3. ա) Երբ հաւատք ունենանք, ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք վայելել։ բ) Հիմա ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Եհովան իր սիրելի Որդին տուաւ որպէսզի ո՛վ որ անոր հաւատայ, իր մեղքերը ներուին։ Այսպիսով կարելի կը դառնայ որ մարդիկ Եհովայի բարեկամը ըլլան եւ յաւիտեան ապրին (Յովհ. 6։44, 66. Հռով. 6։23)։ Եհովան որքա՜ն ազնիւ է մեզի հետ։ Ան տեսաւ որ մենք կարողութիւնը ունինք որ լաւ բաներ ընենք, հակառակ որ մեղաւոր ենք եւ մեռնելու արժանի ենք (Սաղ. 103։10)։ Ան մեզի օգնեց որ բարի լուրը ճանչնանք։ Այսպիսով սկսանք Յիսուսին հաւատալ եւ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենալ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։9, 10

3 Բայց ճիշդ ի՞նչ է հաւատքը։ Եթէ պարզապէս ըմբռնենք թէ Աստուած ի՛նչ օրհնութիւններ խոստացած է, ասիկա հաւա՞տք է։ Եւ աւելի կարեւորը, ի՞նչ գործերով պէտք է ցուցնենք մեր հաւատքը։

‘ՍՐՏԻԴ ՄԷՋ ՀԱՒԱՏԱ՛’

4. Մեր հաւատքը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեզի։

4 Երբ հաւատք ունինք, ասիկա միայն ըսել չէ որ Աստուծոյ նպատակը գիտենք։ Մենք նաեւ զօրաւոր փափաք ունինք որ Աստուծոյ ուզածին պէս ապրինք եւ բարի լուրը տանք ուրիշներուն։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս. վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար» (Հռով. 10։9, 10. Բ. Կոր. 4։13

5. Հաւատքը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զայն զօրաւոր պահել. օրինակ մը տուր։

5 Յստակ է որ որպէսզի Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրինք, պէտք է հաւատք ունենանք եւ զայն զօրաւոր պահենք։ Հաւատքը բոյսի պէս է։ Պէտք է շարունակ ջուր տանք բոյսին, որպէսզի առողջ մնայ եւ աճի։ Եթէ բաւարար ջուր չտանք, ատիկա պիտի թառամի եւ մեռնի։ Նմանապէս, պէտք է ջանք թափենք որ մեր հաւատքը ‘աճի’ եւ մնանք «առողջ՝ հաւատքով» (Բ. Թես. 1։3. Տիտ. 2։2, ՆԱ. Ղուկ. 22։32. Եբ. 3։12

Ի՞ՆՉ Է ՀԱՒԱՏՔԸ

6. Եբրայեցիս 11։1–ը ո՞ր երկու կերպերով կը նկարագրէ հաւատքը։

6 Եբրայեցիս 11։1–ին մէջ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ թէ հաւատքը ի՛նչ է (կարդա՛)։ Հաւատքը կը կեդրոնանայ երկու բաներու վրայ, որոնք անտեսանելի են. 1) «յուսացուած բաներ»ը, որոնց մէջ կան ապագային նկատմամբ Աստուծոյ խոստումները, ինչպէս՝ չարութեան վերջը եւ գալիք նոր աշխարհը։ 2) «Անտեսանելի իրողութիւնները», ինչպէս՝ Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսին եւ հրեշտակներուն գոյութիւնը, նաեւ երկնային Թագաւորութեան գործունէութիւնները (Եբ. 11։3)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ իրապէս կը հաւատանք Աստուծոյ խոստումներուն եւ միւս անտեսանելի բաներուն։ Թէ՛ խօսքով ու թէ գործով, քանի որ մեր հաւատքը առանց ատոնց պակաս կը մնայ։

7. Նոյի օրինակը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ հասկնանք թէ հաւատքը ի՛նչ է (տե՛ս բացման պատկերը)։

7 Նոյէն ի՞նչ կը սորվինք հաւատքի մասին։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ «Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար» (Եբ. 11։7)։ Ան հսկայ տապանը շինելով ցուցուց իր հաւատքը։ Անկասկած իր դրացիները իրեն հարցուցին որ ինչո՛ւ այսքան հսկայ բան մը կը շինէր։ Արդեօք Նոյ բերանը գո՞ց պահեց կամ ըսա՞ւ որ իրենց գործին խառնուին։ Անշուշտ ո՛չ։ Ան մարդոց զգուշացում տուաւ, թէ Աստուած ջրհեղեղ պիտի բերէ որպէսզի չարերը կործանէ։ Ան հաւանաբար անոնց ըսաւ ճիշդ ի՛նչ որ Եհովան իրեն ըսած էր. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ. . . Ես ահա երկրի վրայ ջրհեղեղ պիտի բերեմ, երկնքի տակ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր մարմինները կորսնցնելու համար։ Երկրի վրայ ինչ որ կայ՝ պիտի սատկի»։ Ասկէ զատ, Նոյ անկասկած մարդոց բացատրեց թէ ի՛նչ պէտք է ընեն որպէսզի փրկուին, կրկնելով Աստուծոյ հրամանը. «Տապանը պիտի մտնէք»։ Այսպիսով, Նոյ «արդարութեան քարոզիչ» ալ եղաւ (Ծն. 6։13, 17, 18. Բ. Պետ. 2։5

8. Յակոբոս աշակերտ ի՞նչ ըսաւ հաւատքի մասին։

8 Հաւանաբար Պօղոս Եբրայեցիս նամակը գրելէն շատ չանցած՝ Յակոբոս աշակերտն ալ խօսեցաւ հաւատքի մասին։ Ան գրեց. «Դուն քու հաւատքդ ցուցուր ինծի առանց գործերու ու ես քեզի ցուցնեմ իմ հաւատքս իմ գործերովս» (Յակ. 2։18)։ Ան բացատրեց թէ հաւատքը միայն հաւատալ չէ, հապա գործեր ալ պարփակուած են։ Դեւերը կը հաւատան որ Աստուած գոյութիւն ունի, բայց անոնք իսկական հաւատք չունին։ Փոխարէն, անոնք շատ զօրաւոր կերպով դէմ կը դնեն Աստուծոյ (Յակ. 2։19, 20)։ Անդին, ան որ հաւատք ունի, լաւ բաներ ընելով Աստուած կը հաճեցնէ, ճիշդ ինչպէս որ Աբրահամ ըրաւ։ Յակոբոս գրեց. «Աբրահամ՝ մեր հայրը՝ գործերով չարդարացա՞ւ, երբ իր որդին Իսահակը սեղանին վրայ հանեց զոհ ընելու։ Կը տեսնե՞ս թէ հաւատքը անոր գործերուն հետ մէկտեղ գործեց ու այն գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ»։ Ետքը, Յակոբոս շեշտեց թէ հաւատքը առանց գործերու անօգուտ է, ըսելով. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակ. 2։21-23, 26

9, 10. Ի՞նչ ըսել է Որդիին հաւատալ։

9 Աւելի քան 30 տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ իր Աւետարանն ու երեք նամակները գրեց։ Աստուածաշունչի միւս գրողներուն պէս Յովհաննէս ալ հասկցած էր թէ հաւատքը ի՛նչ է։ Ան միւս գրողներէն աւելի գործածեց այն յունարէն բայը, որ ատեններ «հաւատք ի գործ դնել» կը թարգմանուի։

10 Օրինակ, Յովհաննէս բացատրեց. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ» (Յովհ. 3։36)։ Եթէ Որդիին՝ Յիսուսին կը հաւատանք, իրեն պէտք է հնազանդինք։ Յովհաննէսի գրածներէն կը տեսնենք, թէ Յիսուս շատ անգամներ ըսաւ որ պէտք է շարունակ հաւատք ցուցաբերենք (Յովհ. 3։16. 6։29, 40. 11։25, 26. 14։1, 12

11. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ շնորհակալ ենք որ ճշմարտութիւնը ճանչցանք։

11 Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի օգնեց որ ճշմարտութիւնը հասկնանք եւ հաւատք ունենանք իրեն եւ իր Որդիին հանդէպ (կարդա՛ Ղուկաս 10։21)։ Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք թէ երախտապարտ ենք Եհովային ասոր համար։ Պէտք է միշտ շնորհակալութիւն յայտնենք իրեն որ մեզ իրեն քաշած է իր Որդիին միջոցաւ, որ «մեր հաւատքին առաջնորդն ու կատարող»ն է (Եբ. 12։2)։ Նաեւ պէտք է շարունակենք մեր հաւատքը զօրացնել, միշտ աղօթելով եւ Աստուծոյ Խօսքը սերտելով (Եփ. 6։18. Ա. Պետ. 2։2

Հաւատքդ ցուցուր՝ ամէն առիթով բարի լուրին մասին խօսելով (տե՛ս պարբերութիւն 12)

12. Եթէ հաւատք ունինք, ի՞նչ պիտի ընենք։

12 Պէտք է շարունակենք մեր գործերով ցուցնել, թէ զօրաւոր հաւատք ունինք Եհովայի խոստումներուն հանդէպ։ Օրինակ՝ կը շարունակենք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզել մարդոց եւ իրենց օգնել որ Յիսուսի աշակերտը դառնան։ Նաեւ կը շարունակենք «բարիք ըն[ել] ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն» (Գաղ. 6։10)։ Ասկէ զատ, շատ ջանք կը թափենք որ ‘հին մարդը իր գործերովը մեր վրայէն հանենք’, քանի որ չենք ուզեր հոգեւորապէս տկարանալ որեւէ բանի պատճառով (Կող. 3։5, 8-10

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔԸ ՄԵՐ ՀԻՄԻՆ ՄԷԿ ՄԱՍՆ Է

13. Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը որքա՞ն կարեւոր է, եւ ատիկա ի՞նչ կը սեպուի եւ ինչո՞ւ։

13 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբ. 11։6)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ որ ‘Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը’ առաջին բաներէն է որ ճշմարիտ քրիստոնեան պէտք է ունենայ։ Ատիկա մեր «հիմ»ին մէկ մասն է (Եբ. 6։1)։ Բայց քրիստոնեաները պէտք է ‘իրենց հաւատքին վրայ աւելցնեն’ ուրիշ կարեւոր յատկութիւններ, որպէսզի ‘անձերնին Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեն’ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։5-7. Յուդա 20, 21

14, 15. Որքա՞ն կարեւոր է հաւատքը, սիրոյ հետ բաղդատած։

14 Աստուածաշունչի գրողները որեւէ յատկութենէ աւելի նշեցին հաւատքը։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ հաւատքը ամէնէն կարեւոր յատկութիւնն է որ պէտք է ունենանք։

15 Պօղոս հաւատքը բաղդատեց սիրոյ հետ եւ ըսաւ. «Եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ» (Ա. Կոր. 13։2)։ Իսկ Յիսուս ըսաւ որ Աստուած սիրելը ամէնէն ‘մեծ պատուիրանքն է օրէնքին մէջ’ (Մատ. 22։35-40)։ Սէրը մեզի կ’օգնէ որ ուրիշ շատ մը յատկութիւններ ունենանք, մէջը ըլլալով հաւատքը։ Օրինակ՝ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ սէրը «ամէն բանի կը հաւատայ»։ Ուրեմն, սէրը մեզի կ’օգնէ որ հաւատանք ամէն բանի, որ Աստուած ըսած է իր Խօսքին մէջ (Ա. Կոր. 13։4, 7

16, 17. ա) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ հաւատքին եւ սիրոյ մասին։ բ) Այդ երկու յատկութիւններէն ո՞ր մէկը աւելի մեծ է եւ ինչո՞ւ։

16 Քանի որ հաւատքն ու սէրը շատ կարեւոր են, Աստուածաշունչի գրողները յաճախ նոյն նախադասութեան մէջ նշեցին երկուքը։ Պօղոս իր եղբայրները քաջալերեց որ ‘հաւատքի ու սիրոյ զրահը իրենց վրայ հագնին’ (Ա. Թես. 5։8)։ Պետրոս գրեց. «[Յիսուսը] չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր» (Ա. Պետ. 1։8)։ Յակոբոս իր օծեալ եղբայրներուն հարցուց. «Չէ՞ որ Աստուած աշխարհի աղքատները ընտրեց, որոնք հաւատքով հարուստ են ու ժառանգորդ արքայութեանը, որը զինք սիրողներուն խոստացաւ» (Յակ. 2։5)։ Իսկ Յովհաննէս գրեց. «Ասիկա է անոր պատուիրանքը, որ իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին անուանը հաւատանք ու մէկզմէկ սիրենք» (Ա. Յովհ. 3։23

17 Բայց Պօղոս նաեւ ըսաւ. «Հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է» (Ա. Կոր. 13։13)։ Ապագային պէտք պիտի չունենանք որ Աստուծոյ խոստումներուն հաւատանք, քանի որ ատոնք իրականացած պիտի ըլլան. պիտի ապրինք այն հոյակապ կեանքը որ Սուրբ Գիրքին մէջ նկարագրուած է։ Բայց միշտ պէտք պիտի ունենանք որ մեր սէրը աւելցնենք Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ։

ԵՀՈՎԱՆ ՕՐՀՆԱԾ Է ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ

18, 19. Աստուծոյ ժողովուրդի հաւատքին արդիւնքը ի՞նչ եղած է, եւ որո՞ւ օգնութեամբ։

18 Մեր օրերուն, Եհովայի ժողովուրդը կը հաւատայ Թագաւորութեան եւ ատոր թիկունք կը կանգնի։ Անոնք իրար կը սիրեն եւ թոյլ կու տան որ սուրբ հոգին իրենց կեանքը առաջնորդէ (Գաղ. 5։22, 23)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Աշխարհի տարածքին աւելի քան ութ միլիոն եղբայրներ ու քոյրեր խաղաղութիւն ու միութիւն կը վայելեն իրենց ժողովքներուն մէջ։ Յստակ է որ հաւատքն ու սէրը հզօր յատկութիւններ են։

19 Ասիկա կարելի դարձած է Աստուծոյ օգնութեամբ եւ ոչ թէ մեր կարողութեամբ։ Ասոր ի տես, ան փառաբանութեան արժանի է (Եսա. 55։13)։ Իրապէս երախտապարտ ենք որ ան ճամբան հարթած է որ ‘հաւատքի միջոցով փրկուինք’ (Եփ. 2։8)։ Եհովան պիտի շարունակէ բազմաթիւ մարդոց օգնել որ իրեն հաւատան։ Եւ ի վերջոյ ամբողջ երկիրը պիտի լեցուի կատարեալ, արդար եւ ուրախ մարդոցմով, որոնք Եհովային անունը պիտի փառաւորեն յաւիտեան։