Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնք սուտ կրօնքէն ազատագրուեցան

Անոնք սուտ կրօնքէն ազատագրուեցան

«Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս» (ՅԱՅՏ. 18։4

ԵՐԳԵՐ. 101, 93

1. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ազատագրուէր Մեծ Բաբելոնէն, եւ ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

ՆԱԽՈՐԴ յօդուածին մէջ տեսանք թէ հաւատարիմ քրիստոնեաները Մեծ Բաբելոնին գերի դարձան։ Բարի լուրը այն է թէ անոնք այսպէս պիտի չմնային յաւիտեան։ Եթէ կարելիութիւնը չըլլար որ օր մը օրանց մէկը ազատէր սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան ազդեցութենէն, «ելէ՛ք ատոր մէջէն» հրամանը անիմաստ պիտի ըլլար (կարդա՛ Յայտնութիւն 18։4)։ Անհամբեր կ’ուզենք գիտնալ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ե՛րբ լման ազատագրուեցաւ Մեծ Բաբելոնէն։ Բայց նախ պէտք է այս հարցումներուն պատասխանը գիտնանք. 1914–էն առաջ, Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ կեցուածք առին Մեծ Բաբելոնին հանդէպ։ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, մեր եղբայրները որքա՞ն գործունեայ էին քարոզչութեան մէջ։ Անոնք այդ ժամանակ Մեծ Բաբելոնին գերի էին քանի որ սրբագրութեան պէ՞տք ունէին։

«ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ ԻՅՆԱԼԸ»

2. Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ կեցուածք առին սուտ կրօնքին հանդէպ։

2 Համաշխարհային Ա. պատերազմէն տասնեակ տարիներ առաջ, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները անդրադարձան որ քրիստոնէական աշխարհը Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը չէր սորվեցներ։ Ասոր համար, անոնք մտքերնին դրին որ գործ պիտի չունենան սուտ կրօնքին հետ։ Նոյնիսկ 1879–ին, Սիօնի դիտարանը ըսաւ որ իւրաքանչիւր եկեղեցի որ կ’ըսէ թէ Քրիստոսին հաւատարիմ հարս է՝ բայց իրականութեան մէջ կառավարութիւններուն թիկունք կը կանգնի, իսկապէս մաս կը կազմէ Մեծ Բաբելոնին, որ Սուրբ Գիրքին կողմէ կը կոչուի պոռնիկ (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։1, 2

3. Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ ըրին որ ցուցնեն, թէ այլեւս մաս չէին կազմեր սուտ կրօնքին (տե՛ս բացման պատկերը)։

3 Աստուածավախ տղամարդիկ եւ կիներ գիտէին թէ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Անոնք չէին կրնար ակնկալել որ Աստուած զիրենք օրհնէ, եթէ շարունակէին սուտ կրօնքին թիկունք կանգնիլ։ Այս պատճառով, շատ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ իրենց եկեղեցիներուն նամակ գրեցին, ըսելով որ եկեղեցիէն կը քաշուին։ Ոմանք նոյնիսկ եկեղեցական ժողովի ընթացքին ամէնուն առջեւ կարդացին իրենց նամակը։ Ուր որ ասիկա արտօնուած չէր, ոմանք նամակ գրեցին եկեղեցիին ամէն մէկ անդամին։ Անոնք չէին ուզեր որեւէ գործ ունենալ սուտ կրօնքին հետ։ Եթէ անոնք այս բանը տարիներ առաջ ըրած ըլլային, ասիկա իրենց սուղի պիտի նայէր։ Բայց 1800–ականներուն վերջերը, շատ մը երկիրներու կառավարութիւնները այլեւս առաջուան չափ թիկունք չէին կանգներ եկեղեցիներուն։ Այսպիսի երկիրներու մէջ, մարդիկ կրնային առանց վախի խօսիլ կրօնական նիւթերու մասին եւ նոյնիսկ անհամաձայն գտնուիլ եկեղեցիներուն հետ։

4. Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ աչքով կը դիտէին Մեծ Բաբելոնը. բացատրէ։

4 Աստուածաշունչի Աշակերտները հասկցան թէ բաւարար չէ որ միայն իրենց ազգականներուն, մտերիմ բարեկամներուն եւ եկեղեցիի անդամներուն ըսեն, որ այլեւս սուտ կրօնքին մաս չեն կազմեր։ Անոնք ուզեցին որ ամբողջ աշխարհը գիտնայ, թէ Մեծ Բաբելոնը կրօնական պոռնիկ մըն է։ Այս պատճառով, դեկտեմբեր 1917–էն մինչեւ 1918–ի սկիզբը, քանի մը հազար Աստուածաշունչի Աշակերտները նախանձախնդրօրէն բաժնեցին 10,000,000 թերթիկ, որոնց մէջ կար՝ «Բաբելոնին իյնալը» վերնագրով նիւթ մը։ Այդ թերթիկը համարձակօրէն պատռեց քրիստոնէական աշխարհին դիմակը։ Կրնաս երեւակայել որ կղերականները որքա՜ն բարկացած էին։ Բայց Աստուածաշունչի Աշակերտները շարունակեցին այս կարեւոր գործը ընել։ Անոնք իրենց միտքը դրած էին որ «առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29)։ Լաւ, ասիկա ի՞նչ կը ցուցնէ։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, փոխանակ այս քրիստոնեայ տղամարդիկն ու կիները Մեծ Բաբելոնին գերի դառնալու, կ’ազատագրուէին անկէ եւ ուրիշներուն ալ կ’օգնէին որ ազատագրուին։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Ա. ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԷԻՆ

5. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին եղբայրները շատ նախանձախնդիր էին։

5 Անցեալին կ’ըսէինք որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Եհովան գոհ չէր իր ժողովուրդէն, քանի որ նախանձախնդրութեամբ չէին քարոզեր։ Ըսինք թէ այս պատճառով Եհովան արտօնեց որ Մեծ Բաբելոնը զիրենք գերի առնէ կարճ ժամանակ մը։ Բայց 1914-1918–ի ընթացքին Եհովային ծառայող հաւատարիմ եղբայրներ ու քոյրեր յետագային բացատրեցին, որ որպէս խումբ՝ իրենց ամէն կարելին ըրին որ շարունակեն քարոզել։ Ասիկա զօրաւոր փաստեր ունի։ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հետ այդ ժամանակ պատահած բաները աւելի ճշգրիտ կերպով հասկնալը մեզի օգնած է, որ յստակօրէն հասկնանք Սուրբ Գիրքի նշած կարգ մը դէպքերը։

6, 7. ա) Համաշխարհային Ա. պատերազմին, Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ դժուարութիւններ ունէին։ բ) Ի՞նչը կը ցուցնէ թէ Աստուածաշունչի Աշակերտները նախանձախնդիր էին։

6 Իրականութեան մէջ, Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին՝ Աստուածաշունչի Աշակերտները շատ զբաղած էին քարոզչութեամբ։ Բայց անոնք ունէին դժուարութիւններ. նկատի առնենք երկուքը։ Նախ, անոնք չէին գիտեր միայն Սուրբ Գիրքով քարոզել։ Անոնք վարժուած էին որ հրատարակութիւնները իրենց տեղը խօսին։ Ասոր համար, երբ 1918–ի սկիզբը՝ իշխանութիւնները արգիլեցին Կատարուած խորհուրդը գիրքը, քարոզելը դժուար եղաւ շատ մը եղբայրներու համար։ Երկրորդ դժուարութիւնն էր՝ սպանական կրիփին սկսիլը 1918–ին։ Այս հիւանդութիւնը շատ փոխանցիկ էր, եւ ատոր պատճառով դժուար էր որ եղբայրները շրջէին ու քարոզէին։ Բայց հակառակ այսպիսի դժուարութիւններու, Աստուածաշունչի Աշակերտները որպէս խումբ իրենց լաւագոյնը ըրին որ քարոզեն։

Աստուածաշունչի Աշակերտները նախանձախնդիր էին (տե՛ս պարբերութիւն 6, 7)

7 1914–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն պզտիկ խումբը ներկայացուց Ստեղծագործութեան պատկերատրամը։ Այդ ժամանակ, ատիկա նոր բան մըն էր, քանի որ պատկերներն ու սահիկները ներկայացուց ձայնի հետ։ Պատկերատրամը նկարագրեց մարդկութեան պատմութիւնը՝ Ադամէն մինչեւ Հազարամեայ իշխանութեան վերջը։ Միայն 1914–ին, աւելի քան 9,000,000 անձեր դիտեցին զայն։ Պահ մը մտածէ. այս թիւը շատ աւելի է քան ներկայիս ամբողջ աշխարհի մէջ Եհովայի վկաներուն թիւը։ Տեղեկագրութիւնները կը ցուցնեն թէ 1916–ին՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, 809,393 անհատներ ներկայ եղան հանրային ժողովներուն, իսկ 1918–ին՝ այս թիւը բարձրացաւ 949,444–ի։ Այդ Աստուածաշունչի Աշակերտները իրապէս նախանձախնդիր էին։

8. Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, առաջնորդութիւն առնող եղբայրները ինչպէ՞ս զօրացուցին հաւատակիցները։

8 Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, առաջնորդութիւն առնող եղբայրները շատ ջանք թափեցին որ հոգեւոր սնունդ հասցնեն եւ քաջալերեն բոլոր Աստուածաշունչի Աշակերտները։ Ասիկա եղբայրները զօրացուց որ շարունակեն քարոզել։ Այդ ժամանակ նախանձախնդրութեամբ քարոզող եղբայր Ռիչըրտ Հ. Պարպըր ըսաւ. «Կրցանք շարունակ ղրկել քանի մը շրջագայող տեսուչներ ու Դիտարան–ը բաժնել եւ ուղարկել Քանատա, ուր արգիլումի տակ էր։ Առանձնաշնորհում ունեցայ որ Կատարուած խորհուրդը գիրքին պզտիկ չափը փոստով ղրկեմ քանի մը բարեկամներու, որոնց օրինակը բռնագրաւուած էր։ Եղբայր Ռատըրֆորտը մեզմէ խնդրեց որ կարգադրութիւններ ընենք, որ Միացեալ Նահանգներուն արեւմուտքը եղող քանի մը քաղաքներու մէջ համաժողովներ տեղի ունենան, եւ դասախօսներ ղրկենք որպէսզի փորձեն կարելի եղածին չափ քաջալերել բարեկամները»։

ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԻ ՊԷՏՔ ԿԱՐ

9. ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ինչո՞ւ սրբագրումի պէտք ունէր 1914–ի եւ 1919–ի միջեւ։ բ) Թէեւ անոնք սրբագրումի պէտք ունէին, բայց ի՞նչ բան չենք կրնար ենթադրել։

9 1914–ի եւ 1919–ի միջեւ, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ըրած կարգ մը բաները համաձայն չէին Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն հետ։ Անոնք լման չէին հասկցած թէ ճիշդ ինչ ըսել է կառավարութիւններուն հնազանդիլ (Հռով. 13։1)։ Այս պատճառով, ատեններ անոնք որպէս խումբ չէզոք չմնացին պատերազմին ժամանակ։ Օրինակ՝ երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը խնդրեց որ 30 մայիս 1918–ին ժողովուրդը աղօթէ խաղաղութեան համար, Դիտարան–ը Աստուածաշունչի Աշակերտները քաջալերեց որ իրենք ալ մասնակցին։ Կարգ մը եղբայրներ դրամական օգնութիւն տուին պատերազմին համար, եւ ոմանք նոյնիսկ զինուոր ըլլալով ճակատ գացին։ Բայց սխալ է ըսենք որ Աստուածաշունչի Աշակերտները Մեծ Բաբելոնի գերի եղան քանի որ սրբագրումի պէտք ունէին։ Ընդհակառակը, անոնք հասկցած էին որ պէտք է զատուին սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն, եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին արդէն գրեթէ բոլորովին անջատուած էին անկէ (կարդա՛ Ղուկաս 12։47, 48

10. Աստուածաշունչի Աշակերտները ինչպէ՞ս յարգեցին կեանքը։

10 Թէեւ Աստուածաշունչի Աշակերտները լման չէին հասկցած թէ ճիշդ ինչ ըսել է չէզոք մնալ, բայց գիտէին թէ սխալ է մէկը մեռցնել։ Ասոր համար, նոյնիսկ այն եղբայրները որոնք Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին զինուելով պատերազմի գացին, մերժեցին իրենց զէնքերը գործածելով մէկը մեռցնել։ Անոնցմէ ոմանք ղրկուեցան առաջին գիծերը, ակնկալելով իրենց սպաննուիլը։

11. Իշխանութիւններուն կեցուածքը ի՞նչ էր երբ Աստուածաշունչի Աշակերտները մերժեցին պատերազմին մէջ կռուիլ։

11 Սատանան բարկացած էր քանի որ եղբայրները հաւատարիմ մնացին Եհովային։ Այս պատճառով, ան ‘օրէնքը անիրաւութեան ծառայեցուց’ (Սաղ. 94։20, ՆԹ)։ Միացեալ Նահանգներու բանակին զօրավարներէն մէկը՝ Ճէյմս Ֆրանքլին Պէլ ըսաւ եղբայր Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտին ու եղբայր Ու. Է. Վան Էմպըրկին, թէ կառավարութիւնը փորձած էր նոր օրէնք մը դնել, որուն միջոցաւ կրնար մահապատիժի ենթարկել ո՛վ որ չ’ուզեր կռուիլ պատերազմի ժամանակ։ Ան ըսել ուզեց մասնաւորաբար Աստուածաշունչի Աշակերտները։ Զօրավարը շատ բարկացած էր եւ եղբայր Ռատըրֆորտին ըսաւ, որ այդ օրէնքը չդրուեցաւ քանի որ Միացեալ Նահանգներուն նախագահը արգելք կեցաւ ատոր։ Ետքը, զօրավարը ըսաւ. «Բայց մենք գիտենք ինչպէս մեր ձեռքը պիտի իյնաք, եւ պիտի յաջողինք ասոր մէջ»։

12, 13. ա) Ինչո՞ւ ութ եղբայրներ երկար տարիներ բանտարկուելու վճիռը ստացան։ բ) Բանտարկութիւնը եղբայրներուն միտքը փոխե՞ց Եհովային հնազանդելու նկատմամբ։

12 Կառավարութիւնը վերջապէս կրցաւ ձեւով մը պատժել Աստուածաշունչի Աշակերտները։ Եղբայր Ռատըրֆորտ, եղբայր Վան Էմպըրկ եւ ուրիշ վեց եղբայրներ, որոնք բոլորն ալ կը ներկայացնէին Դիտարանի ընկերութիւնը, ձերբակալուեցան։ Այս դատը յանձն առնող դատախազը ըսաւ որ այդ եղբայրները աւելի վտանգաւոր էին քան գերմանական զօրաբաժին մը։ Ան ըսաւ որ անոնք ոչ միայն կառավարութիւնը եւ բանակը անպատուած էին, հապա նաեւ դատապարտած էին բոլոր եկեղեցիները, եւ թէ պէտք է որ ծանր պատիժ կրեն [1]։ Այդպէս ալ եղաւ. ութ եղբայրները դատավճիռ ստացան որ երկար տարիներով բանտարկուին Աթլանթայի մէջ, Ճորճիա։ Բայց երբ պատերազմը վերջացաւ, անոնք ազատ արձակուեցան եւ անոնց դէմ եղած ամբաստանութիւնները չեղեալ նկատուեցան։

13 Նոյնիսկ երբ բանտարկուած էին, այս եղբայրները մտքերնին դրած էին որ Աստուծոյ օրէնքին պիտի հնազանդին։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Երբ անոնք Միացեալ Նահանգներուն նախագահին նամակ գրելով խնդրեցին որ ազատ արձակուին, ըսին թէ Սուրբ Գիրքը կը նշէ որ պէտք չէ մէկը մեռցնենք, եւ թէ եթէ մէկը որ Աստուծոյ նուիրուած է՝ յօժար սրտով անհնազանդ գտնուի իրեն, պիտի կորսնցնէ Իր հաճութիւնը եւ կործանի։ Անոնք բացատրեցին որ ա՛յս պատճառով իրենք կը մերժեն մէկը մեռցնել։ Ի՜նչ համարձակ խօսքեր։ Յստակ է որ եղբայրները միտք չունէին տեղի տալու։

ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

14. Համարներով նկարագրէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1914–էն մինչեւ 1919։

14 Մաղաքիա 3։1-3–ը կը նկարագրէ թէ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ի՛նչ պատահեցաւ 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը (կարդա՛)։ Եհովա Աստուած՝ «Տէրը», եւ Յիսուս Քրիստոս՝ «ուխտին հրեշտակը», եկան որպէսզի քննեն «Ղեւիին որդիները»՝ օծեալները։ Եհովան զիրենք սրբագրելէ եւ մաքրելէ ետք, անոնք պատրաստ էին որ նոր նշանակում մը ստանան։ 1919–ին, Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակեց որ հոգեւոր սնունդ տայ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն (Մատ. 24։45)։ Աստուծոյ ժողովուրդը վերջապէս ազատագրուեցաւ Մեծ Բաբելոնէն։ Ատկէ ի վեր, անոնք ա՛լ աւելի սորված են Աստուծոյ կամքին մասին եւ իրեն հանդէպ իրենց սէրը խորացած է։ Անոնք որքա՜ն երախտապարտ են այս օրհնութեան համար [2]։

15. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ երախտապարտ ենք որ Մեծ Բաբելոնէն ազատագրուած ենք։

15 Որքա՜ն ուրախ ենք որ Մեծ Բաբելոնէն ազատագրուած ենք։ Սատանան չէ կրցած ճշմարիտ պաշտամունքը կործանել։ Բայց պէտք չէ մոռնանք որ Եհովան ինչո՛ւ ազատագրած է մեզ։ Իր նպատակն է որ բոլոր մարդիկ փրկուին (Բ. Կոր. 6։1)։ Սակայն սուտ կրօնքը տակաւին կ’իշխէ միլիոնաւոր անկեղծ անհատներու վրայ, եւ անոնք մեր օգնութեան պէտք ունին։ Այս պատճառով, թող որ մեր ամէն կարելին ընենք որ անցեալ դարու մեր հաւատարիմ եղբայրներուն նման օգնենք մարդոց որ ազատագրուին։

^ [1] (պարբերութիւն 12) Տե՛ս Հաւատքը գործի վրայ գիրքը, Ա. Հ. Մէգմիլընի կողմէ, էջ 99 (անգլերէն)։

^ [2] (պարբերութիւն 14) Բաբելոնի մէջ հրէական գերութիւնը շատ կը նմանի քրիստոնեաներուն հետ պատահածներուն, հաւատուրացութիւնը սկսելէ ետք։ Բայց չենք կրնար ըսել որ հրէական գերութիւնը կը խորհրդանշէր ի՛նչ որ պատահեցաւ օծեալներուն։ Ասոր համար, պէտք չէ փորձենք մարգարէական իմաստ գտնել ատոր ամէն մէկ մանրամասնութեան մէջ։ Երկուքին միջեւ տարբերութիւններ կան։ Օրինակ՝ հրեաները 70 տարի գերի էին, բայց քրիստոնեաները աւելի երկար ժամանակ գերութեան մէջ էին։