Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Ո՛վ Բրիտանիոյ հրատարակիչներ, արթնցէ՛ք»

«Ո՛վ Բրիտանիոյ հրատարակիչներ, արթնցէ՛ք»

ՎԵՐՆԱԳԻՐԸ յստակօրէն կոչ ուղղեց. «Ո՛վ Բրիտանիոյ հրատարակիչներ, արթնցէ՛ք» (Տեղեկատու *, դեկտեմբեր 1937, Լոնտոնի տարբերակը)։ Զգաստացուցիչ ենթավերնագիրը աւելցուց. «Տասը տարուան մէջ ո՛չ մէկ աչքառու աճ կայ»։ Ասոր փաստը կը գտնուէր առաջին էջին վրայ դրուած 1928-1937 տարիներուն ծառայութեան տեղեկագրութեան մէջ։

ՇԱ՞Տ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐ ԿԱՅԻՆ

Ինչո՞ւ համար Բրիտանիոյ մէջ ծառայութիւնը դանդաղած էր։ Ժողովքներուն գործունէութիւնը ռութին դարձած էր, շարունակելով տարիներ առաջ եղած նոյն ընթացքը։ Ասկէ զատ, մասնաճիւղը որոշած էր որ թաղամասը միայն շուրջ 200 ռահվիրայ կը վերցնէ, եւ անոնք հեռաւոր թաղամասերու մէջ կը ծառայէին, փոխանակ ծառայելու ժողովքներու հետ։ Ասոր համար, մասնաճիւղը ըսած էր անոնց որոնք կ’ուզէին ռահվիրայ ըլլալ, թէ Բրիտանիոյ դաշտին մէջ այլեւս տեղ չկայ, եւ զանոնք քաջալերած էր որ ուրիշ եւրոպական երկիրներու մէջ ծառայեն։ Բազմաթիւ ռահվիրաներ գացած էին ուրիշ երկիրներ, ինչպէս՝ Ֆրանսա, հակառակ որ այդտեղի լեզուն շատ լաւ չէին գիտեր, կամ նոյնիսկ բնա՛ւ չէին գիտեր։

ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ ՄԸ

1937–ի Տեղեկատու–ի այս յօդուածը 1938 տարուան համար նպատակակէտ մը դրաւ. մէկ միլիոն ժամ։ Եթէ հրատարակիչները ամիսը 15 ժամ տրամադրէին ծառայութեան, իսկ ռահվիրաները՝ 110 ժամ, դիւրութեամբ կը հասնէին այդ նպատակակէտին։ Առաջարկուեցաւ որ դաշտի ծառայութեան խումբեր կազմակերպուին, որոնք մէկ օրուան մէջ հինգ ժամ պիտի տրամադրեն եւ կեդրոնանան վերայցելութիւններուն վրայ, մասնաւորաբար միջշաբաթային երեկոներուն։

Խանդավառ ռահվիրաները նախանձախնդրութեամբ կեդրոնացան քարոզչութեան վրայ

Ծառայութեան ելլելու այս նոր քաջալերութիւնը շատերը աշխոյժ դարձուց։ Հիլտա Փէճըթ * անունով քոյր մը նշեց. «Կեդրոնատեղին կոչ կ’ուղղէր որ գործի անցնինք։ Մեր մեծամասնութիւնը ատոր կը սպասէր եւ շատ չանցած հոյակապ արդիւնքներ ձեռք բերինք»։ Քոյր Է. Ֆ. Ուոլլիս ըսաւ. «Մեծ բան մըն էր որ մէկ օրուան մէջ հինգ ժամ ծառայէինք։ Չկայ ուրիշ բան մը որ աւելի ուրախութիւն կու տայ, քան լման օր անցընելը Տէրոջ ծառայութեան մէջ. . . Ըստ ինծի, թերեւս յոգնած կը վերադառնայինք, բայց ուրա՛խ էինք»։ Երիտասարդ Սթիվըն Միլըր զգաց թէ որքան լուրջ է կոչը, եւ ինքն ալ ընդառաջեց։ Ան ուզեց որ մասնակցի մինչ առիթը ունի։ Ան յիշեց թէ ինչպէ՛ս խումբ մը եղբայրներ ու քոյրեր հեծիկներով ծառայութեան կ’երթային լման օրը, իսկ ամառնային երեկոներուն՝ ձայնագրուած դասախօսութիւններ կ’աշխատցնէին։ Անոնք նախանձախնդրութեամբ կը մասնակցէին տեղեկատուական արշաւներու՝ ծանուցագիրներ գործածելով, ինչպէս նաեւ պարբերաթերթերով փողոցի վկայութիւն կ’ընէին։

Տեղեկատու թերթիկը նաեւ այս կոչը ըրաւ. «1000 հոգիէ կազմուած ռահվիրաներու բանակի մը պէտք ունինք»։ Նոր որոշում մը ելաւ որ ռահվիրաները այլեւս ժողովքներէն անջատ պիտի չաշխատէին, այլ՝ անոնց հետ, որպէսզի ատոնց թիկունք կանգնին եւ զօրացնեն։ Ճոյս Էլըս (ծնեալ Պարպըր) կը նշէ. «Շատ մը եղբայրներ կ’անդրադառնային որ պէտք է ռահվիրայութիւն ընեն։ Թէեւ այդ ժամանակ ես միայն 13 տարեկան էի, բայց ռահվիրայութիւնը ճիշդ իմ ուզածս էր»։ Ան իր նպատակակէտին հասաւ յուլիս 1940–ին, երբ 15 տարեկան էր։ Փիթըր, որ ետքը Ճոյսին ամուսինը եղաւ, լսեց «Արթնցէ՛ք» կոչը եւ «սկսաւ ռահվիրայութիւն ընելու մասին մտածել»։ Յունիս 1940–ին, երբ ան 17 տարեկան էր, հեծիկով 105 քիլոմեթր կտրեց ու հասաւ Սգարպօրօ, որպէսզի հոն սկսի իր ծառայութիւնը որպէս ռահվիրայ։

Սիրըլ եւ Գիթի Ճոնսըն անձնազոհ նոր ռահվիրաներ էին։ Անոնք որոշեցին իրենց տունը եւ ունեցուածքը ծախել, որպէսզի կարենան իրենց պէտքերը հոգալ մինչ ռահվիրայութիւն կ’ընեն։ Ամուսինը՝ Սիրըլ իր գործը ձգեց եւ մէկ ամսուան մէջ պատրաստ եղան որ ռահվիրայութեան սկսին։ Ան ըսաւ. «Շատ վստահ էինք մեր որոշումէն։ Ասիկա սրտանց եւ ուրախութեամբ ըրինք»։

ՌԱՀՎԻՐԱՅԱԿԱՆ ՏՈՒՆԵՐ ԲԱՑՈՒԵՑԱՆ

Մինչ ռահվիրաներուն թիւը կը բարձրանար, պատասխանատու եղբայրներ սկսան մտածել թէ ի՛նչ գործնական կերպերով կրնան անոնց թիկունք կանգնիլ։ Ճիմ Քառ 1938–ին կը ծառայէր որպէս գօտիի ծառայ (հիմա կը ճանչցուի որպէս շրջանային տեսուչ)։ Իրմէ խնդրուեցաւ որ քաղաքներուն մէջ ռահվիրայական տուներ ապահովէ։ Քաջալերութիւն տրուեցաւ որ խումբ մը ռահվիրաներ միասին ապրին ու ծառայեն, որպէսզի ծախսերը քիչնան։ Շէֆիլտի մէջ, անոնք մեծ տուն մը վարձեցին եւ պատասխանատու եղբայր մը անոր վրայ վերահսկեց։ Տեղական ժողովքը դրամական օգնութիւն եւ կահկարասիներ տուաւ։ Ճիմ նշեց. «Բոլորը ջանք թափեցին որ ծրագիրը յաջողի»։ Տասը ծանր աշխատող ռահվիրաներ ապրեցան հոն, եւ անոնք հոգեւոր լաւ ռութին մը ունէին։ «Ամէն առտու՝ նախաճաշին, [օրուան] համարը նկատի կ’առնուէր» եւ «ամէն օր, ռահվիրաները իրենց թաղամասերը կ’երթային, քաղաքին զանազան մասերուն մէջ»։

Բրիտանիոյ դաշտին մէջ նոր ռահվիրաներ խուժեցին

Թէ՛ հրատարակիչները եւ թէ ռահվիրաները ընդառաջեցին կոչին, եւ 1938–ին կրցան մէկ միլիոն ժամ ծառայելու նպատակակէտին հասնիլ։ Տեղեկագրութիւնները կը ցուցնեն թէ դաշտի ծառայութեան բոլոր մարզերուն մէջ յաւելում կար։ Հինգ տարուան մէջ, Բրիտանիոյ հրատարակիչներուն թիւը եռապատիկ եղաւ։ Քարոզչութեան մասնակցելու այս նոր քաջալերութիւնը զօրացուց Եհովային ժողովուրդը գալիք պատերազմի տարիներուն դիմաց։

Այսօր ալ Բրիտանիոյ ռահվիրաներուն թիւը կ’աւելնայ, մինչ Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմը կը մօտենայ։ Անցեալ տասը տարիներուն ընթացքին, ռահվիրաներուն թիւը նոր բարձրագոյն թիւերու հասաւ, իսկ հոկտեմբեր 2015–ին՝ 13,224 էր։ Այս ռահվիրաները շատ լաւ գիտեն թէ իրենց կեանքը լաւագոյն կերպով գործածելու կերպերէն մէկն է՝ ռահվիրայութիւն ընել։

^ պարբ. 3 Ետքը կոչուեցաւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը։

^ պարբ. 8 Քոյր Փէճըթին կենսագրութիւնը եկած է Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1995 թիւին մէջ, էջ 19-24 (անգլերէն)։