Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵԶԻ Կ’ԱԶԴԵ՞Ն

Հրեշտակներուն մասին իրականութիւնները

Հրեշտակներուն մասին իրականութիւնները

Կ’ուզե՞ս հրեշտակներուն մասին իրականութիւնները գիտնալ՝ թէ անոնք ո՛վ են, ուրկէ՛ եկան եւ ի՛նչ կ’ընեն։ Լաւագոյն տեղը, ուր կրնաս պատասխաններ գտնել, Աստուծոյ Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքն է (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ մեզի։

  • Ճիշդ ինչպէս որ Աստուած Հոգի է, հրեշտակներն ալ անտեսանելի հոգիներ են, որոնք ‘մարմին ու ոսկոր չունին’։ Հաւատարիմ հրեշտակները երկինքը կ’ապրին եւ ուղղակիօրէն կրնան Աստուծոյ առջեւ ներկայանալ (Ղուկաս 24։39. Մատթէոս 18։10. Յովհաննէս 4։24

  • Ատեններ, հրեշտակները մարդու մարմինով երեւցած են, որպէսզի ընեն ինչ որ Աստուած իրենցմէ խնդրած է որ երկրի վրայ ընեն, եւ իրենց նշանակումը վերջացնելէ ետք, իրենց մարմինները լուծած են (Դատաւորաց 6։11-23. 13։15-20

  • Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքին մէջ հրեշտակներուն մասին կը խօսուի որպէս տղամարդ, ինչպէս նաեւ՝ անոնք միշտ տղամարդու մարմնով երեւցած են մարդոց, բայց անոնց մէջ արու կամ էգ չկայ։ Անոնք չեն ամուսնանար եւ պզտիկ չեն ունենար։ Ասկէ զատ, անոնք հրեշտակ ըլլալէ առաջ՝ երկրի վրայ մարդ արարած չէին, ըլլա՛յ նորածին, երեխայ կամ չափահաս։ Անոնք Եհովային կողմէ ստեղծուեցան, եւ ասոր համար Սուրբ Գիրքը զանոնք կը կոչէ՝ «Աստուծոյ որդիները» (Յոբ 1։6. Սաղմոս 148։2, 5

  • Սուրբ Գիրքը կը նշէ «մարդոց ու հրեշտակներուն լեզուները» արտայայտութիւնը։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ հոգեղէն արարածները որոշ լեզուով կը խօսին։ Թէեւ Աստուած հրեշտակները գործածած է որ մարդոց հետ խօսի, բայց ան մեզի արտօնութիւն չի տար, որ զանոնք պաշտենք կամ անոնց աղօթենք (Ա. Կորնթացիս 13։1. Յայտնութիւն 22։8, 9

  • Բիւր բիւրաւոր հրեշտակներ կան, եւ թերեւս անոնց թիւը կը հասնի միլիառներու (Դանիէլ 7։10. Յայտնութիւն 5։11) *։

  • Հրեշտակները «ուժով զօրաւոր» են,– մարդոցմէ շատ աւելի զօրաւոր,– եւ մարդոցմէ շատ աւելի ուշիմ են։ Անոնք կրնան ճամբորդել այնպիսի արագութեամբ, որ մարդ արարածը չի կրնար երեւակայել (Սաղմոս 103։20. Դանիէլ 9։20-23

  • Թէեւ հրեշտակները մտային եւ հոգեղէն հսկայ կարողութիւն ունին, բայց կան բաներ որ անոնք չեն կրնար ընել կամ չեն գիտեր (Մատթէոս 24։36. Ա. Պետրոս 1։12

  • Հրեշտակները ունին անձնաւորութիւն, աստուածային յատկութիւններ եւ ազատ կամք։ Ասոր համար, անոնք մարդոց պէս կրնան ընտրել՝ ճիշդը կամ սխալը ընել։ Ցաւօք սրտի, կարգ մը հրեշտակներ ընտրեցին Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալ (Յուդա 6

^ պարբ. 8 Մէկ բիւրը 10,000 է։ Մէկ բիւր անգամ մէկ բիւր կ’ընէ 100 միլիոն։ Յայտնութիւն գիրքին մէջ կը խօսուի «բիւր բիւրաւոր» հրեշտակներու մասին, այսինքն՝ հարիւր միլիոնաւոր, եւ թերեւս միլիառաւոր, հոգեղէն արարածներ։