Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՆՈՒԷՐԸ Ի՞ՆՉ Է

Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն նուէրը զատել

Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն նուէրը զատել

Դիւրին չէ որ մէկը իտէալ նուէր մը զատէ, քանի որ նուէրը արժէքաւոր պէտք է ըլլայ մասնաւորաբար ստացողի՛ն աչքին։ Ասկէ զատ, անձէ անձ կը տարբերի, թէ ո՛ր նուէրը լաւագոյնը կը սեպուի։

Օրինակ, թերեւս պատանիի մը համար լաւագոյն նուէրը՝ ամէնէն արդի ելեկտրոնային սարքն է։ Անդին, չափահաս մը շատ կը գնահատէ զգացումներուն դպչող նուէր մը, ինչպէս՝ ընտանիքին մէջ սերունդէ սերունդ ժառանգուած առարկայ մը։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ մեծերուն համար լաւագոյն նուէրը դրամն է, քանի որ այսպիսով ստացողը առիթ կ’ունենայ որ դրամը իր ուզած բանին համար գործածէ։

Բազմաթիւ սիրալիր անհատներ վազ չեն անցնիր ամէնէն յարմար նուէրը զատելէ յատուկ անձի մը, նոյնիսկ երբ զատելը դժուար ըլլայ։ Ատեններ ամէնէն յարմար նուէրը չենք գտներ, բայց եթէ մեր միտքը պահենք կարգ մը կէտեր, աւելի հաւանական կ’ըլլայ որ ձեռք ձգենք զայն։ Նկատի առնենք չորս կէտեր։

Ստացողին փափաքները։ Հիւսիսային Իրլանտայի Պելֆասթ քաղաքին մէջ մարդ մը ըսաւ, որ 10-11 տարեկանին մրցումի հեծիկ մը ստացաւ, եւ ատիկա իր կեանքին մէջ ստացած լաւագոյն նուէրն էր։ Ինչո՞ւ։ Ան կը բացատրէ. «Քանի որ իրապէս կ’ուզէի այդ հեծիկը ունենալ»։ Այս խօսքը կը ցուցնէ թէ որպէսզի նուէր ստացողը սիրէ նուէրը, շատ կարեւոր է որ ատիկա իր փափաքածին համաձայն ըլլայ։ Ուրեմն մտածէ այն անձին մասին, որուն կ’ուզես նուէր մը տալ։ Փորձէ գիտնալ թէ ան ի՛նչ բաներ կ’արժեւորէ իր կեանքին մէջ, քանի որ ատոր հիման վրայ կրնաս գիտնալ թէ ան ի՛նչ կ’ուզէ։ Օրինակ, ընդհանրապէս մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն քով մեծ արժէք ունի՝ ընտանիքին հետ ժամանակ անցընելը։ Անոնք կ’ուզեն իրենց զաւակները եւ թոռնիկները տեսնել որքան որ կարելի է։ Ասոր համար, երբ անոնք իրենց ընտանիքին հետ արձակուրդի երթան, ասիկա որեւէ ուրիշ նուէրէ աւելի կը գնահատեն։

Եթէ մէկը լաւ մտիկ ընող է, կրնայ գիտնալ որ անձի մը ուզածը ի՛նչ է։ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու» (Յակոբոս 1։19)։ Մինչ ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ խօսակցութիւններ կ’ունենաս բարեկամներուդ կամ ազգականներուդ հետ, լաւ մտիկ ըրէ անոնց, որպէսզի պզտիկ բաներէն գիտնաս որ անոնք ի՛նչ կը սիրեն եւ ի՛նչ չեն սիրեր։ Այսպիսով, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, որ անոնց տաս նուէր մը որ պիտի սիրեն։

Ստացողին պէտքերը։ Եթէ նուէրը դիմացինին մէկ պէտքը կը գոցէ, ան շատ պիտի սիրէ նուէրը, նոյնիսկ եթէ պզտիկ ըլլայ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ որ անձ մը ինչի՞ պէտք ունի։

Թերեւս գիտնալուն ամէնէն դիւրին կերպը՝ անհատին հարցնելն է թէ ինչի՛ պէտք ունի կամ ի՛նչ կ’ուզէ։ Բայց շատ մը անհատներ կը զգան որ ասիկա ձեւով մը նուէրին համը կը տանի, քանի որ կ’ուզեն անակնկալ ընել դիմացինին՝ ճիշդ նուէրը տալով։ Ասկէ զատ, կարգ մը մարդիկ չեն արտայայտուիր թէ ի՛նչ բանի պէտք ունին, մինչ խնդիր չունին ըսելու որ ի՛նչ կը սիրեն եւ ի՛նչ չեն սիրեր։

Ասոր համար, աչքդ չորս բաց եւ նկատէ անձին պարագաները։ Ան պատանի՞ է, ծե՞ր է, ամուրի՞ է, ամուսնացա՞ծ է, ամուսնալուծուա՞ծ է, այրի՞ է, կ’աշխատի՞ կամ գործէ կեցա՞ծ է։ Ետքը մտածէ թէ ո՛ր նուէրը դիմացինին որոշ մէկ պէտքը կը գոցէ։

Որպէսզի գիտնաս թէ դիմացինը ճիշդ ինչի պէտք ունի, գաղափար առ այն անհատներէն, որոնք նոյն պարագան ունեցած են։ Անոնք կրնան քեզի խօսիլ կարգ մը պէտքերու մասին, որ ուրիշներ ընդհանրապէս չեն գիտեր։ Այսպիսով, կրնաս տալ նուէր մը որ իրապէս կը գոցէ պէտք մը որ մէկու մը միտքէն չ’անցնիր։

Ժամանակը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է» (Առակաց 15։23)։ Այս համարը կը ցուցնէ որ շատ կարեւոր է որ գիտնանք, թէ ե՛րբ պէտք է խօսինք։ Նաեւ պէտք է գիտնանք, թէ ե՛րբ որոշ բան մը պէտք է ընենք։ Ճիշդ ինչպէս որ յարմար ատենին ըսուած խօսքը շատ հաճելի կու գայ մէկու մը ականջին, յարմար ատենին կամ առիթին տրուած նուէրն ալ կրնայ շատ ուրախացնել ստացողը։

Բարեկամ մը պիտի ամուսնանայ։ Պատանի մը վկայական պիտի առնէ։ Ամուսնացած զոյգ մը պզտիկ պիտի ունենայ։ Ասոնցմէ զատ ուրիշ շատ մը առիթներ կան, երբ մարդիկ նուէր կը տանին ուրիշին։ Ոմանք իրենց քով նոթ կ’առնեն, թէ եկող տարին ինչ յատուկ առիթներ պիտի ունենան։ Այսպիսով, անոնք կրնան սկիզբէն մտածել, որ ամէն մէկ առիթին ո՛ր նուէրը լաւագոյնն է *։

Անշուշտ պայման չէ որ միայն որոշ առիթներով նուէր տանիս։ Որեւէ ատեն կրնաս այս ուրախութիւնը վայելել։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլաս։ Օրինակ, եթէ տղամարդ մը նուէր տայ աղջիկի մը առանց որեւէ պատճառի, աղջիկը թերեւս կարծէ որ ան կ’ուզէ մօտէն ճանչնալ զինք։ Բայց եթէ պարագան այդպէս չէ, այդ նուէրը կրնայ պատճառ դառնալ, որ անհասկացողութիւններ եւ խնդիրներ ծագին։ Ուրեմն, կարեւոր է որ նուէր բերողը իր շարժառիթը քննէ։

Տուողին շարժառիթը։ Ինչպէս որ վերի օրինակը կը ցուցնէ, լաւ կ’ըլլայ որ նուէր տուողը մտածէ թէ դիմացինը զինք սխալ պիտի հասկնայ կամ ոչ։ Անդին, նուէր բերողը պէտք է ինք իր շարժառիթը քննէ։ Ճիշդ է որ ընդհանրապէս մարդիկ կը կարծեն որ լաւ շարժառիթով նուէր կը տանին ուրիշներուն, բայց շատեր նուէր կը տանին տարուան որոշ օրերու մէջ, քանի որ ստիպուած կը զգան։ Իսկ ուրիշներ նուէր տանելով կը յուսան որ փոխարէն բան մը ստանան, կամ դիմացինը յատուկ կերպով վարուի իրենց հետ։

Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի վստահ ըլլաս որ լաւ շարժառիթով կու տաս նուէրը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ձեր ամէն բաները սիրով ըլլան» (Ա. Կորնթացիս 16։14)։ Եթէ դիմացինին նուէր կու տաս քանի որ անկեղծօրէն կը սիրես զինք ու հետաքրքրուած ես իրմով, ան վստահաբար պիտի ուրախանայ, իսկ դուն ա՛լ աւելի պիտի ուրախանաս, քանի որ առատաձեռն գտնուեցար։ Մեր երկնաւոր Հայրն ալ կ’ուրախանայ երբ սրտանց տաս։ Երբ Կորնթոսի քրիստոնեաները առատաձեռնօրէն եւ ուրախութեամբ օգնութիւն ղրկեցին իրենց հաւատակիցներուն Հրէաստանի մէջ, Պօղոս առաքեալ զիրենք գովելով ըսաւ. «Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կորնթացիս 9։7

Մինչեւ հիմա մեր նկատի առած կէտերը քեզի կ’օգնեն որ ուրիշներուն տաս նուէր մը, որ զիրենք պիտի ուրախացնէ։ Այս եւ ուրիշ բաներու հիման վրայ Աստուած մարդկութեան տուած է ամէնէն մեծ նուէրը։ Քեզ կը քաջալերենք որ յաջորդ յօդուածը կարդաս եւ տեսնես թէ ի՛նչ է այս մեծ նուէրը։

^ պարբ. 13 Շատեր նուէր կը տանին ուրիշներու տարեդարձին եւ տօներու ատեն։ Բայց շատ անգամներ այս առիթներուն ընթացքին կ’ըլլան սովորութիւններ, որոնք Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածին հակառակ են։ Տե՛ս այս պարբերաթերթին մէջ՝ «Ընթերցողները կը հարցնեն. Քրիստոնեաները պէ՞տք է Սուրբ Ծնունդը տօնեն» յօդուածը։