Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճիշդ աչքով նայէ սխալներուն

Ճիշդ աչքով նայէ սխալներուն

Տան եւ Մարկրէթ * ուրախ են որ իրենց աղջիկը եւ անոր ընտանիքը իրենց կ’այցելեն։ Առաջ որ անոնք երթան, բոլորը միասին իրենց վերջին ճաշը պիտի ուտեն։ Մարկրէթ,– որ գործէ կեցած վարպետ խոհարարուհի մըն է,– պանիրով մաքարոն կը պատրաստէ, քանի որ իր երկու թոռնիկները այս ճաշը շատ կը սիրեն։

Բոլորը նստած կը սպասեն եւ Մարկրէթ կաթսան բերելով սեղանին մէջտեղը կը դնէ։ Ան կափարիչը կը վերցնէ եւ ի՜նչ տեսնէ. կաթսային մէջ միայն պանիրին տաք թացանը (սոս) կայ։ Ան մոռցած է մաքարոնը աւելցնել, որ ճաշին գլխաւոր մասն է։

Բոլորս սխալներ կ’ընենք, ինչ ալ ըլլայ մեր տարիքը կամ փորձառութիւնը։ Թերեւս անհաշիւ խօսք մը ըսինք, կամ անյարմար ժամանակին բան մը ըրինք, կամ բան մը մոռցանք ընելու։ Ինչո՞ւ սխալներ կ’ընենք։ Ի՞նչ կրնանք ընել երբ սխալինք կամ մէկը սխալի։ Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի քիչ սխալներ ընել։ Այս հարցումներուն պատասխանները առնելու համար, տեսնենք թէ ինչ աչքով պէտք է նայինք սխալներուն։

ՄԵ՛ՆՔ Ի՞ՆՉ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ՆԱՅԻՆՔ. ԱՍՏՈՒԱ՛Ծ Ի՞ՆՉ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ՆԱՅԻ

Երբ լաւ բան մը ընենք, ամենայն սիրով կ’ընդունինք գովասանքը, եւ կը զգանք որ գնահատանքի արժանի ենք։ Իսկ երբ սխալ մը ընենք, պէտք չէ՞ նմանապէս ատոր պատասխանատուութիւնը ընդունինք, նոյնիսկ եթէ անգիտակցաբար ըրինք սխալը, կամ ո՛չ մէկը անդրադարձաւ ատոր։ Ասոր մէջ խոնարհութեան պէտք ունինք։

Եթէ մենք մեզ բան մը կը կարծենք, կրնայ ըլլալ որ մեր սխալը թեթեւի առնենք, կամ ուրիշը յանցաւոր հանենք կամ նոյնիսկ չընդունինք որ սխալեցանք։ Ասիկա ընդհանրապէս գէշ արդիւնքներու կը հասցնէ։ Թերեւս խնդիրը շարունակուի, եւ ուրիշ մէկը անարդարօրէն յանցաւոր ելլէ։ Նոյնիսկ եթէ հիմա կարենանք մեր սխալը ծածկել, պէտք չէ մոռնանք որ ի վերջոյ՝ «մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար» (Հռովմայեցիս 14։12

Աստուած ճիշդ կերպով կը նայի սխալներուն։ Սաղմոսաց գիրքին մէջ, Աստուծոյ մասին կ’ըսուի որ «բարեգութ ու ողորմած է», ան «մինչեւ վերջը չի հակառակիր եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր»։ Ան գիտէ որ մարդը անկատար է, կը հասկնայ թէ ի՛նչ տկարութիւններով ծնած ենք եւ «կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (Սաղմոս 103։8, 9, 14

Աստուած գթասիրտ հօր մը կը նմանի, իսկ մենք իր զաւակներն ենք։ Ան կ’ուզէ որ իր աչքով նայինք սխալներուն (Սաղմոս 130։3)։ Իր Խօսքին մէջ կը գտնենք լեցուն խրատներ, որոնք մեզ կ’առաջնորդեն որ գիտնանք թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք երբ սխալինք կամ ուրիշ մէկը սխալի։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՎԱՐՈՒԻԼ

Շատ անգամներ, երբ մէկը սխալ մը ընէ, շատ ջանք կը թափէ որ յանցանքը ուրիշին վրայ նետէ կամ ալ պատճառաբանութիւններ գտնէ իր ըսածին կամ ըրածին համար։ Ասոր տեղ, եթէ խօսքով մէկը վիրաւորեցիր, պարզապէս ներողութիւն խնդրէ, սխալդ ճշդէ եւ բարեկամութիւնդ պահպանէ։ Սխալ մը ըրա՞ծ ես եւ խնդիրի մէջ մտցուցած ես դուն քեզ կամ ուրիշ մէկը։ Փոխանակ դուն քեզ ուտելու կամ յանցանքը ուրիշին վրայ նետելու, լաւագոյնդ ըրէ որ հարցը շտկես։ Եթէ պնդես որ դուն յանցանք չունիս, վստահաբար պրկուած վիճակը պիտի շարունակուի եւ խնդիրը պիտի մեծնայ։ Ասոր տեղ, սխալէդ սորվէ, հարցերը շտկէ եւ պէտք եղածը ըրէ։

Իսկ երբ դիմացի՛նը սխալ մը ընէ, շատ դիւրութեամբ կ’արտայայտենք մեր նեղութիւնը։ Բայց շատ աւելի լաւ կ’ըլլայ որ Յիսուսին այս խրատը գործադրենք. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Մատթէոս 7։12)։ Երբ անձամբ սխալ մը ընես,– նոյնիսկ եթէ պզտիկ սխալ մըն է,– անկասկած կ’ուզես որ ուրիշները կարեկցին քեզի կամ նոյնիսկ անտեսեն սխալդ։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ դուն ալ նոյն կերպով ազնուութեամբ վարուիս ուրիշներուն հետ (Եփեսացիս 4։32

ԱՒԵԼԻ ՔԻՉ ՍԽԱԼՆԵՐ ԸՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Բառարան մը կ’ըսէ թէ սխալները կը ծագին, երբ մէկը «սխալ դատողութիւն կամ անբաւարար տեղեկութիւն ունենայ, կամ ալ անուշադիր ըլլայ»։ Պէտք է խոստովանինք որ ամէն անձի կը պատահի, որ այս պարագաներէն մէկուն մէջ ըլլայ։ Բայց աւելի քիչ սխալներ ընելու համար նկատի առնենք Սուրբ Գիրքին կարգ մը սկզբունքները։

Առակաց 18։13–ին մէջ կը գտնենք այս սկզբունքը. «Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն»։ Եթէ առաջ որ պատասխանես՝ լման հարցը մտիկ ընես եւ լաւ մտածես, ասիկա պիտի օգնէ որ առանց հաշիւի խօսք մը չփախցնես բերնէդ։ Ուրեմն, կարեւոր է որ շատ ուշադիր ըլլաս եւ բաւարար տեղեկութիւն ունենաս, որպէսզի սխալ կերպով չդատես եւ սխալ մը չընես։

Ուրիշ սկզբունք մը կ’ըսէ. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։18)։ Լաւագոյնդ ըրէ որ խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծես, ուր բոլորը իրարու հետ կը համագործակցին։ Երբ ուրիշներուն հետ կ’աշխատիս, փափկանկատ եղիր, զանոնք յարգէ, գովէ եւ քաջալերէ։ Եթէ այսպէս վարուիս, դիւրին պիտի ըլլայ որ դիմացինը քեզի ներէ եւ ականջ չկախէ երբ անհաշիւ բան մը ըսես կամ ընես։ Իսկ երբ աւելի լուրջ կերպով սխալիս իրեն հանդէպ, ան պիտի ուզէ անուշութեամբ լուծել խնդիրը։

Սորվէ սխալներէդ դասեր առնել եւ փորձառութիւն ունենալ։ Փոխանակ ըսածիդ կամ ըրածիդ համար պատճառաբանութիւններ փնտռելու, առիթը օգտագործէ որ լաւ յատկութիւններ զարգացնես մէջդ։ Արդեօք պէտք ունի՞ս աւելի համբերող, քաղցր կամ ինքնազուսպ ըլլալու։ Կամ, պէտք ունի՞ս հեզ, խաղաղասէր եւ սիրալիր ըլլալու (Գաղատացիս 5։22, 23)։ Առնուազն կրնաս սորվիլ որ յաջորդ անգամ ի՛նչ պէտք չէ ընես։ Պատասխանատու մնալով՝ փորձէ ըրածիդ նկատմամբ խնդալու բան մը գտնել, որպէսզի յանցաւոր ըլլալու զգացումիդ վրայ չկեդրոնանաս։

ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԵՆ

Երբ ճիշդ աչքով նայինք սխալներուն, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ շինիչ կերպով գլուխ ելլենք ատոնց հետ։ Այսպիսով աւելի խաղաղութիւն պիտի ունենանք թէ՛ մեր անձին հետ եւ թէ ուրիշներուն հետ։ Եթէ ջանք թափենք որ մեր սխալներէն սորվինք, աւելի իմաստուն պիտի դառնանք եւ աւելի պիտի սիրուինք, մեր տրամադրութիւնը գետնին տակը պիտի չըլլայ եւ ծուռ աչքով պիտի չնայինք մեր անձին։ Երբ ըմբռնենք որ ուրիշներն ալ իրենց սխալներուն դէմ կը պայքարին, աւելի մօտիկ պիտի զգանք իրենց։ Ամէնէն կարեւորը, պիտի սկսինք Աստուծոյ պէս սիրով վարուիլ եւ առատապէս ներել ուրիշներուն (Կողոսացիս 3։13

Սկիզբը նշուած Մարկրէթը այդ սխալը ընելով ընտանեկան առիթը աւրեց–ձգե՞ց։ Բնա՛ւ երբեք։ Բոլորը խնդացին, մանաւանդ Մարկրէթը, եւ ճաշը կերան,– բայց առանց մաքարոնի։ Տարիներ ետք, երկու թոռնիկները իրենց պզտիկներուն պատմեցին այդ չմոռցուելիք օրուան պատմութիւնը եւ իրենց մեծ հօր ու մեծ մօր հետ ունեցած իրենց յիշատակները։ Յստակ էր թէ սխալին մէջ մեծցնելիք բան մը չկար։

^ պարբ. 2 Անունները փոխուած են։