Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Քրիստոնեաները պէ՞տք է Սուրբ Ծնունդը տօնեն

Քրիստոնեաները պէ՞տք է Սուրբ Ծնունդը տօնեն

Աշխարհին շուրջ միլիոնաւորներ կը հաւատան, որ Սուրբ Ծնունդի աւանդութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տարեդարձն է։ Բայց օր մը օրանց միտքէդ անցա՞ծ է, որ արդեօք առաջին քրիստոնեաները, որոնք ամէնէն մօտն էին Յիսուսին, Սուրբ Ծնունդը տօնեցի՛ն կամ ոչ։ Իսկ գիտե՞ս Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ ծննդեան տարեդարձներուն մասին։ Այս հարցումներուն պատասխանները գտնելը մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք, թէ քրիստոնեաները պէ՛տք է Սուրբ Ծնունդը տօնեն կամ ոչ։

Առաջին, Սուրբ Գիրքին մէջ չէ ըսուած որ Յիսուս կամ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն մէկը, ծննդեան տարեդարձ տօնեց։ Սուրբ Գիրքը միայն երկու անհատներու մասին կ’ըսէ, որ իրենց ծննդեան տարեդարձը տօնեցին, եւ երկուքն ալ չէին պաշտեր Եհովա Աստուած՝ Սուրբ Գիրքին Հեղինակը (Ծննդոց 40։20. Մարկոս 6։21)։ Երկուքին ծննդեան տարեդարձներուն ատեն գէշ բան մը պատահեցաւ։ Անդին, ըստ համայնագիտարանի մը, առաջին քրիստոնեաները դէմ էին «ծննդեան տարեդարձը տօնելու հեթանոս սովորութեան» (Encyclopædia Britannica

Յիսուս ո՞ր թուականին ծնաւ

Սուրբ Գիրքը որեւէ տեղ չ’ըսեր, որ Յիսուս ճիշդ երբ ծնաւ։ ՄքԳլինթոքի եւ Սթրոնկի համայնագիտարանը (Cyclopedia) կ’ըսէ. «Քրիստոսին ծննդեան օրը կարելի չէ հաստատել Նոր Կտակարանէն, կամ որեւէ ուրիշ աղբիւրէ»։ Վստահաբար, եթէ Յիսուս ուզէր որ իր հետեւորդները իր ծննդեան տարեդարձը տօնեն, անպայման իր ծննդեան թուականը անոնց կը գիտցնէր։

Երկրորդ, Սուրբ Գիրքին մէջ չէ գրուած որ Յիսուս կամ իր աշակերտներէն մէկը տօնեց Սուրբ Ծնունդը։ Ըստ համայնագիտարանի մը, Սուրբ Ծնունդը տօնելը առաջին անգամ նշուած է «Ֆիլոքալոսին Ժամանակացոյց–ին մէջ, որ հռոմէական օրացոյց մըն է եւ որուն նիւթերուն աղբիւրները հաւանաբար կը պատկանէին Ք.Ե. 336–ին» (New Catholic Encyclopedia)։ Յստակ է թէ ատիկա Սուրբ Գիրքը ամբողջովին գրուելէն բաւական վերջ էր եւ՝ Յիսուսին երկիր գալէն դարեր ետք։ Այս պատճառով, ՄքԳլինթոք եւ Սթրոնկ կը նշեն, թէ «Սուրբ Ծնունդը Աստուծոյ կողմէ չէ հիմնուած, ոչ ալ Նոր Կտակարանէն ծագում առած է» *։

Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց ո՞ր դէպքը յիշատակել

Սուրբ Գիրքին մէջ յստակօրէն գրուած է, թէ Մեծ Ուսուցիչ Յիսուս ի՛նչ պատուիրած է որ իր հետեւորդները ընեն։ Բայց չէ նշուած որ Սուրբ Ծնունդը պէտք է տօնեն։ Ճիշդ ինչպէս որ դպրոցի ուսուցիչը չ’ուզեր որ իր աշակերտները իր ըսածներէն դուրս բաներ ընեն, Յիսուս չ’ուզեր որ իր հետեւորդները Սուրբ Գիրքին մէջ ‘գրուածէն աւելի բան մը խորհին’ (Ա. Կորնթացիս 4։6

Անդին, կայ կարեւոր առիթ մը որ առաջին քրիստոնեաներուն շատ ծանօթ էր. Յիսուսին մահուան յիշատակը։ Յիսուս անձամբ ըսաւ իր աշակերտներուն, որ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պէտք է տօնեն այդ առիթը։ Այդ մասնայատուկ ցուցմունքները եւ իր մահուան ճիշդ թուականը գրուած են Սուրբ Գիրքին մէջ (Ղուկաս 22։19. Ա. Կորնթացիս 11։25

Ինչպէս որ տեսանք, Սուրբ Ծնունդը՝ ծննդեան տարեդարձի տօնակատարութիւն մըն է, եւ առաջին քրիստոնեաները չհետեւեցան այս հեթանոսական սովորութեան։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած չէ, որ Յիսուս կամ ուրիշ մէկը տօնեց Սուրբ Ծնունդը։ Այս պատճառներուն համար, աշխարհի չորս կողմը միլիոնաւոր քրիստոնեաներ տեսած են որ իրենք պէտք չէ Սուրբ Ծնունդը տօնեն։

^ պարբ. 6 Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, թէ Սուրբ Ծնունդին սովորութիւններուն մեծամասնութիւնը ուրկէ եկած է, տե՛ս «Ընթերցողները կը հարցնեն. Սուրբ Ծնունդի շուրջ ի՞նչ իրողութիւններ կան» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2014 թիւին մէջ, որ կրնաս գտնել www.pr418.com/hy-latn կայքին մէջ։