Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Արմագեդոնը ի՞նչ է։

Ոմանք կը հաւատան՝

թէ ատիկա ամբողջ աշխարհին կործանումն է կորիզային զէնքերով կամ բնութիւնը ապականուելով։ Դո՛ւն ի՞նչ կը կարծես։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Արմագեդոնը՝ չարերուն դէմ «Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին» այլաբանական տեղն է (Յայտնութիւն 16։14, 16

Աստուածաշունչէն այլ կէտեր

  • Աստուած Արմագեդոն պատերազմը պիտի մղէ ո՛չ թէ երկիրը կործանելու համար, հապա երկիրը մարդոց ձեռքէն ազատելու համար, որպէսզի զայն չկործանեն (Յայտնութիւն 11։18

  • Արմագեդոն պատերազմը բոլոր պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ (Սաղմոս 46։8, 9

Կարելի՞ է Արմագեդոնէն ողջ անցնիլ։

Ի՞նչ կ’ըսես

  • Այո

  • Ոչ

  • Թերեւս

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Բոլոր ազգերէն եկող մարդոց «մեծ բազմութիւն մը» ողջ պիտի անցնի «մեծ նեղութենէն», որուն վերջաւորութեան պիտի ըլլայ Արմագեդոն պատերազմը (Յայտնութիւն 7։9, 14

Աստուածաշունչէն այլ կէտեր

  • Աստուած կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ ողջ անցնին Արմագեդոնէն։ Ան չարերը կը մեռցնէ միայն որպէս վերջին քայլ (Եզեկիէլ 18։32

  • Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ թէ մէկը ինչպէ՛ս կրնայ ողջ անցնիլ Արմագեդոնէն (Սոփոնիա 2։3