Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ

Եհովան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ

«Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ» (ԵՍԱ. 58։11

ԵՐԳԵՐ. 152, 22

1, 2. ա) Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս տարբեր են ուրիշ կրօնքներէ։ բ) Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

«Ո՞Վ է ձեր առաջնորդը»։ Շատ անգամներ այս հարցումը կը հարցուի Եհովայի վկաներուն։ Ասիկա մեզ չի զարմացներ, քանի որ շատ մը կրօնքներու մէջ՝ որոշ տղամարդ մը կամ կին մը կ’ըլլայ առաջնորդը։ Բայց մենք հպարտութեամբ անոնց կ’ըսենք, որ մեր «Առաջնորդը» անկատար մարդ մը չէ։ Ան Յիսուս Քրիստոսն է, որ իր կարգին կը հետեւի իր Հօր՝ Եհովային առաջնորդութեան (Մատ. 23։10, ՆԱ

2 Նաեւ կայ խումբ մը տղամարդիկ՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որ ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ (Մատ. 24։45)։ Լաւ, ինչպէ՞ս գիտենք թէ իրապէս Եհովա՛ն է որ մեզ կ’առաջնորդէ իր Որդիին միջոցաւ։ Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ նկատի պիտի առնենք երեք պատճառներ, թէ ինչո՛ւ կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ։ Եւ հակառակ որ Եհովան որոշ անձեր գործածած է իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար, պիտի տեսնենք թէ իրականութեան մէջ ինքն էր իսկական Առաջնորդը, եւ կը շարունակէ այդպէս ըլլալ (Եսա. 58։11

ՈՅԺ ՍՏԱՑԱՆ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԷՆ

3. Մովսէս ի՞նչ ուժով առաջնորդեց իսրայէլը։

3 Սուրբ հոգին ոյժ տուաւ Աստուծոյ ներկայացուցիչներուն։ Օրինակ, Աստուած Մովսէսը նշանակեց որպէս իսրայէլացիներուն առաջնորդը։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ այս շատ կարեւոր նշանակումը կատարէ։ Եհովան «իր Սուրբ Հոգին» տուաւ Մովսէսին (կարդա՛ Եսայի 63։11-14)։ Ուրեմն, իրականութեան մէջ Եհովան էր որ իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէր, քանի որ իր հոգին էր որ կ’օգնէր Մովսէսին։

4. Ի՞նչը փաստեց թէ Մովսէս սուրբ հոգին ունէր (տե՛ս բացման նկարը)։

4 Սուրբ հոգին անտեսանելի ոյժ մըն է։ Լաւ, իսրայէլացիները ինչպէ՞ս կրնային ըմբռնել, թէ Մովսէս սուրբ հոգին ունէր։ Եհովայի սուրբ հոգին կարողութիւն տուաւ Մովսէսին, որ հրաշքներ ընէ եւ Աստուծոյ անունը ճանչցնէ փարաւոնին (Ել. 7։1-3)։ Սուրբ հոգին նաեւ օգնեց Մովսէսին որ սիրալիր, հեզ եւ համբերող առաջնորդ մը ըլլայ։ Ան շա՜տ տարբեր էր ուրիշ երկիրներու խիստ եւ անձնասէր առաջնորդներէն (Ել. 5։2, 6-9)։ Փաստը յստակ էր. Եհովան Մովսէսը զատած էր որ Իր ժողովուրդին առաջնորդը ըլլար։

5. Եհովան ուրիշ որո՞նց սուրբ հոգին տուաւ, որպէսզի իր ժողովուրդը առաջնորդեն։

5 Եհովան ուրիշ որո՞նց սուրբ հոգին տուաւ, որպէսզի իր ժողովուրդը առաջնորդեն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Նաւէին որդին Յեսու իմաստութեան հոգիով լեցուեցաւ» (Բ. Օր. 34։9)։ «Տէրոջը Հոգին Գեդէօնին վրայ հանգչեցաւ» (Դատ. 6։34)։ «Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ» (Ա. Թագ. 16։13)։ Բոլոր այս տղամարդիկը սուրբ հոգիին ուժին վստահեցան, որպէսզի ընեն բաներ որ իրենց ուժով չէին կրնար ընել (Յես. 11։16, 17. Դատ. 7։7, 22. Ա. Թագ. 17։37, 50)։ Այդ մեծ արարքներուն պատճառաւ Եհովան փառաբանուեցաւ, քանի որ ինքն էր որ անոնց զօրութիւն տուաւ։

6. Աստուած ինչո՞ւ կ’ուզէր որ իր ժողովուրդը յարգէր Իսրայէլի առաջնորդները։

6 Իսրայէլացիները ի՞նչ պէտք էր ընէին, երբ տեսան թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին զօրութիւն կու տար Մովսէսին, Յեսուին, Գեդէօնին եւ Դաւիթին։ Անոնք պէտք էր յարգէին զանոնք։ Նկատի առ թէ Եհովան ի՛նչ հարցուց, երբ ժողովուրդը գանգատեցաւ Մովսէսին մասին. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ» (Թուոց 14։2, 11Եհովան էր որ այս տղամարդիկը զատած էր իր ժողովուրդը առաջնորդելու։ Երբ ժողովուրդը անոնց հնազանդէին, իրականութեան մէջ Եհովային հետեւած կ’ըլլային որպէս իրենց Առաջնորդը։

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՕԳՆԵՑԻՆ ԱՆՈՆՑ

7. Հրեշտակները ինչպէ՞ս օգնեցին Մովսէսին։

7 Հրեշտակները օգնեցին Աստուծոյ ներկայացուցիչներուն (կարդա՛ Եբրայեցիս 1։7, 14)։ Աստուած հրեշտակներու միջոցաւ առաջնորդեց Մովսէսը։ Առաջին, հրեշտակ մը «մորենիին մէջ անոր երեւցաւ», եւ նշանակում տուաւ իրեն որ իսրայէլացիները ազատագրէ եւ առաջնորդէ (Գործք 7։35)։ Երկրորդ, Աստուած հրեշտակներ գործածեց որ Օրէնքը տայ Մովսէսին, որպէսզի իսրայէլացիներուն ցուցմունքներ փոխանցէ (Գաղ. 3։19)։ Երրորդ, Եհովան իրեն ըսաւ. «Ժողովուրդը այն տեղը տար, որ քեզի ըսի։ Ահա իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ» (Ել. 32։34)։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ իսրայէլացիները տեսան հրեշտակ մը որ այս բաները կ’ընէ։ Բայց Մովսէսին ցուցմունքներ տալու եւ առաջնորդելու կերպէն յստակ էր թէ հրեշտակները իրեն կ’օգնէին։

8. Հրեշտակները ինչպէ՞ս օգնեցին Յեսուին եւ Եզեկիային։

8 Հրեշտակները ուրիշ որո՞նց օգնեցին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «Տէրոջը զօրավարը» օգնեց Յեսուին որ քանանացիներուն յաղթէ (Յես. 5։13-15. 6։2, 21)։ Յետագային, երբ Եզեկիա թագաւորը կ’առաջնորդէր Աստուծոյ ժողովուրդը, Երուսաղէմը վտանգի մէջ էր որ կործանի ասորեստանցիներուն հզօր բանակին կողմէ։ Բայց մէկ գիշերուան մէջ՝ «Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունհինգ հազար մարդ զարկաւ» (Դ. Թագ. 19։35

9. Թէեւ Աստուծոյ ներկայացուցիչները անկատար էին, բայց ան իսրայէլացիներէն ի՞նչ կ’ակնկալէր որ ընեն։

9 Անշուշտ, հրեշտակները կատարեալ են, բայց իրենց օգնած մարդիկը՝ ո՛չ։ Օրինակ, անգամ մը Մովսէս Եհովան չպատուեց (Թուոց 20։12)։ Յեսուն Աստուծոյ կարծիքը չառաւ առաջ որ գաբաւոնացիներուն հետ համաձայնութիւն ընէ (Յես. 9։14, 15)։ Որոշ ժամանակ մը, Եզեկիային «սիրտը հպարտացաւ» (Բ. Մն. 32։25, 26)։ Բայց թէեւ այս մարդիկը անկատար էին, Եհովան իսրայէլացիներէն կ’ակնկալէր որ անոնց առաջնորդութեան հետեւին։ Իսրայէլացիները կրնային տեսնել թէ Եհովան հրեշտակները կը գործածէր որ այդ տղամարդոց կռնակ կենար։ Յստակ էր որ Եհովա՛ն իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէր։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԵՑԱՆ

10. Մովսէս ինչպէ՞ս առաջնորդուած էր Աստուծոյ Օրէնքով։

10 Աստուծոյ ներկայացուցիչները իր Խօսքով առաջնորդուեցան։ Սուրբ Գիրքը իսրայէլին տրուած օրէնքը կը կոչէ՝ «Մովսէսին օրէնքի գիրքը» (Գ. Թագ. 2։3)։ Բայց Սուրբ Գիրքը յստակ կը դարձնէ որ Եհովան էր որ Օրէնքը տուաւ, եւ Մովսէս ալ պէտք էր այդ Օրէնքին հնազանդէր (Բ. Մն. 34։14)։ Օրինակ, երբ Եհովան իրեն ըսաւ որ խորանը ինչպէ՛ս շինէ, «Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ» (Ել. 40։1-16

11, 12. ա) Աստուած Յեսուէն եւ թագաւորներէն ի՞նչ պահանջած էր որ ընեն։ բ) Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս առաջնորդեց այն տղամարդիկը որ առաջնորդութիւն առին։

11 Երբ Յեսուն առաջնորդ եղաւ, իր քով ունէր Աստուծոյ Խօսքը։ Եհովան իրեն ըսաւ. «Գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես» (Յես. 1։8)։ Յետագային, Աստուծոյ ժողովուրդին թագաւորներն ալ պէտք էր Օրէնքը կարդային ամէն օր, զայն ընդօրինակէին եւ «օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադր[էին]» (կարդա՛ Բ. Օրինաց 17։18-20

12 Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս առաջնորդեց այն տղամարդիկը որ առաջնորդութիւն առին։ Նկատի առ Յովսիա թագաւորը։ Երբ Մովսէսին օրէնքներու գիրքը գտնուեցաւ, Յովսիային դպիրը սկսաւ զայն կարդալ իրեն *։ Թագաւորը ի՞նչ ըրաւ։ «Թագաւորը օրէնքներու գրքին խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց»։ Բայց ան ասկէ աւելին ալ ըրաւ։ Աստուծոյ Խօսքը զինք մղեց որ երկրին բոլոր կուռքերը քանդէ, եւ Պասեքի այնպիսի տօնակատարութիւն մը ընէ որ ատկէ առաջ չէր կատարուած (Դ. Թագ. 22։11. 23։1-23)։ Քանի որ Յովսիան եւ ուրիշ հաւատարիմ առաջնորդներ կը հետեւէին Աստուծոյ Խօսքին, անոնք պատրաստ էին փոխելու այն ցուցմունքները որ Աստուծոյ ժողովուրդին կու տային։ Այդ փոփոխութիւնները օգնեցին Աստուծոյ ժողովուրդին որ Իրեն հնազանդի։

13. Աստուծոյ ժողովուրդին առաջնորդները ինչպէ՞ս տարբեր էին ուրիշ երկիրներու առաջնորդներէն։

13 Այդ հաւատարիմ թագաւորները որքա՜ն տարբեր էին ուրիշ երկիրներու առաջնորդներէն, որոնք մարդկային սահմանափակ իմաստութեամբ կ’առաջնորդուէին։ Օրինակ՝ քանանացի առաջնորդներն ու իրենց ժողովուրդը շատ գանելի բաներ կ’ընէին, ինչպէս՝ ազգապղծութիւն, միասեռականութիւն, անասնամոլութիւն, կռապաշտութիւն եւ մանուկները զոհել (Ղեւ. 18։6, 21-25)։ Ասկէ զատ, բաբելոնացի եւ եգիպտացի առաջնորդները չունէին այն մաքրութեան օրէնքները որ Աստուծոյ ժողովուրդը ունէր (Թուոց 19։13)։ Անդին, Աստուծոյ ժողովուրդը կրնար տեսնել թէ իր հաւատարիմ առաջնորդները ինչպէ՛ս կը քաջալերէին զիրենք, որ իրենց պաշտամունքը մաքուր պահեն, ֆիզիքապէս մաքուր մնան եւ սեռային անմաքրութենէ հեռու կենան։ Յստակ էր թէ Եհովա՛ն կ’առաջնորդէր զիրենք։

14. Եհովան իր ժողովուրդին առաջնորդներէն ոմանց ինչո՞ւ պատժեց։

14 Աստուծոյ ժողովուրդին կարգ մը թագաւորները չհետեւեցան իր ցուցմունքներուն։ Անոնք մերժեցին իր սուրբ հոգիին, իր հրեշտակներուն եւ իր Խօսքին առաջնորդութիւնը ընդունիլ։ Որոշ պարագաներու մէջ, Եհովան պատժեց զանոնք կամ անոնց տեղ ուրիշ մէկը նշանակեց (Ա. Թագ. 13։13, 14)։ Յետագային, ան նշանակեց մէկը որ կատարեալ առաջնորդ պիտի ըլլար։

ԵՀՈՎԱՆ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

15. ա) Մարգարէները ինչպէ՞ս ցուցուցին թէ կատարեալ առաջնորդ մը պիտի գար։ բ) Կատարեալ առաջնորդը ո՞վ էր։

15 Եհովան հարիւրաւոր տարիներ շարունակ մարգարէացաւ, թէ կատարեալ առաջնորդ մը պիտի նշանակէր իր ժողովուրդին։ Օրինակ, Մովսէս իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ քու եղբայրներուդ մէջէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ քեզի։ Անոր մտիկ ըրէք» (Բ. Օր. 18։15)։ Եսային ըսաւ որ ան «առաջնորդ ու հրամանատար» պիտի ըլլար (Եսա. 55։4)։ Իսկ Դանիէլ գրեց Մեսիային մասին, որ «իշխան» պիտի ըլլար (Դան. 9։25)։ Վերջապէս, Յիսուս Քրիստոս ինքզինք ներկայացուց որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին «Առաջնորդը» (ՆԱ) (կարդա՛ Մատթէոս 23։10)։ Յիսուսին աշակերտները սրտանց հետեւեցան իրեն եւ հաւատացին որ Եհովան զինք ընտրած էր (Յովհ. 6։69, 70)։ Լաւ, անոնք ինչպէ՞ս համոզուեցան որ Եհովան Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ էր որ կ’առաջնորդէր իր ժողովուրդը։

16. Ի՞նչը փաստեց թէ Յիսուս ոյժ ստացաւ սուրբ հոգիէն։

16 Յիսուս ոյժ ստացաւ սուրբ հոգիէն։ Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, Յովհաննէս Մկրտիչ «երկինքը բացուած տեսաւ եւ Հոգին աղաւնիի պէս՝ որ իր վրայ կ’իջնէր»։ Անկէ յետոյ, «Հոգին անապատը հանեց զանիկա» (Մար. 1։10-12)։ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին, սուրբ հոգին իրեն ոյժ տուաւ որ հրաշքներ ընէ եւ սորվեցնէ (Գործք 10։38)։ Ասկէ զատ, սուրբ հոգին Յիսուսին օգնեց որ սէր, ուրախութիւն եւ զօրաւոր հաւատք ցուցնէ (Յովհ. 15։9. Եբ. 12։2)։ Ուրիշ ո՛չ մէկ առաջնորդ այսքան զօրաւոր փաստ ունէր որ սուրբ հոգին ունի։ Յստակօրէն, Եհովան Յիսուսը զատած էր որպէս Առաջնորդ։

Հրեշտակները ինչպէ՞ս Յիսուսին օգնեցին իր մկրտութենէն քիչ ետք (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. Հրեշտակները ինչպէ՞ս օգնեցին Յիսուսին։

17 Հրեշտակները օգնեցին Յիսուսին։ Յիսուսի մկրտութենէն շատ չանցած, «հրեշտակները եկան ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէին» (Մատ. 4։11)։ Իր մահէն քանի մը ժամ առաջ, «երկնքէն հրեշտակ մը երեւցաւ անոր եւ զօրացուց զանիկա» (Ղուկ. 22։43)։ Յիսուս վստահ էր թէ երբոր օգնութեան պէտք ունենար, Եհովան հրեշտակներ պիտի ղրկէր իրեն (Մատ. 26։53

18, 19. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս առաջնորդեց Յիսուսին կեանքը եւ ուսուցումները։

18 Յիսուս Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուեցաւ։ Իր ծառայութեան սկիզբէն մինչեւ վերջ, Յիսուս թոյլ տուաւ որ Սուրբ Գրութիւնները ուղղեն զինք (Մատ. 4։4)։ Նոյնիսկ երբ մեռնելու վրայ էր, ան Մեսիային մասին մարգարէութիւններ մէջբերեց (Մատ. 27։46. Ղուկ. 23։46)։ Բայց իր օրուան կրօնական առաջնորդները շատ տարբեր էին իրմէ։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը կ’անտեսէին, երբ իրենց աւանդութիւններուն համաձայն չըլլար։ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքէն մէջբերելով անոնց մասին ըսաւ. «Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով» (Մատ. 15։7-9)։ Կարելի՞ էր որ Եհովան այս մարդոցմէ մէկը զատէր որ իր ժողովուրդը առաջնորդէր։

19 Յիսուս նաեւ Աստուծոյ Խօսքը գործածեց երբ ուրիշներուն կը սորվեցնէր։ Երբ կրօնական առաջնորդները կը փորձէին վէճեր բանալ իրեն հետ, ան իր իմաստութիւնը կամ փորձառութիւնը չէր գործածեր պատասխանելու համար։ Փոխարէն, ան Սուրբ Գրութիւններէն կը սորվեցնէր մարդոց (Մատ. 22։33-40)։ Եւ փոխանակ ուրիշները տպաւորելու՝ երկնային կեանքին մասին կամ ստեղծագործութեան մասին պատմութիւններ պատմելով, ան «անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան» (Ղուկ. 24։32, 45)։ Յիսուս կը սիրէր Աստուծոյ Խօսքը եւ ամբողջ սրտով կ’ուզէր ատոր մասին սորվեցնել ուրիշներուն։

20. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս պատուեց Եհովան։ բ) Ի՞նչ տարբերութիւն կար Յիսուսին եւ Հերովդէս Ագրիպպաս Ա.–ին միջեւ։

20 Թէեւ մարդոց բերանը բաց կը մնար Յիսուսին խօսածներուն վրայ, բայց ան միշտ վարկը կու տար իր Ուսուցիչին՝ Եհովային (Ղուկ. 4։22)։ Երբ հարուստ մարդ մը փորձեց Յիսուսը պատուել՝ զինք «Բարի վարդապետ» կոչելով, Յիսուս խոնարհօրէն պատասխանեց. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես։ Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած» (Մար. 10։17, 18)։ Յիսուս որքա՜ն տարբեր էր Հերովդէս Ագրիպպաս Ա.–էն, որ Հրէաստանի առաջնորդը եղաւ շուրջ ութ տարի ետք։ Անգամ մը՝ յատուկ ժողովի մը ընթացքին, Հերովդէս թագաւորական հանդերձ մը հագաւ, որ աչքի կը զարնէր եւ շատ սուղ էր։ Երբ մարդիկ զինք տեսան եւ իրեն մտիկ ըրին, պոռացին. «Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու»։ Հերովդէս յստակօրէն ինքզինք տեսաւ։ Ետքը ի՞նչ պատահեցաւ։ «Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար եւ որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ» (Գործք 12։21-23)։ Յայտնի է թէ Եհովան Հերովդէսը չէր զատած որ առաջնորդ ըլլար։ Անդին, Յիսուս փաստեց թէ Աստուած զատած էր զինք, եւ միշտ Եհովան կը պատուէր որպէս Իր ժողովուրդին Գերագոյն Առաջնորդը։

21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Եհովան մտադրած էր որ Յիսուս քանի մը տարիէն աւելի Առաջնորդ ըլլայ։ Յիսուս իր յարութենէն ետք ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ. . . Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։18-20)։ Բայց ան անտեսանելի հոգի մը ըլլալով երկնքին մէջ, ինչպէ՞ս պիտի առաջնորդէր Աստուծոյ ժողովուրդը երկրի վրայ։ Եհովան որո՞նք պիտի գործածէր որ Յիսուսը ներկայացնէին երկրի վրայ։ Իսկ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս պիտի գիտնային թէ ատոնք Իր ներկայացուցիչներն են։ Այս հարցումները պիտի պատասխանուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 12 Ասիկա թերեւս Մովսէսին բուն գրութիւնն էր։