Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայիս ո՞վ կ’առաջնորդէ Աստուծոյ ժողովուրդը

Ներկայիս ո՞վ կ’առաջնորդէ Աստուծոյ ժողովուրդը

«Յիշեցէ՛ք ձեր մէջ առաջնորդութիւն առնողները» (ԵԲ. 13։7, ՆԱ

ԵՐԳԵՐ. 125, 43

1, 2. Յիսուս երկինք երթալէն ետք, առաքեալները թերեւս ի՞նչ մտածեցին։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ առաքեալները Ձիթենեաց լերան վրայ կայնած երկինք կը նայէին։ Անոնք քիչ առաջ տեսած էին թէ ինչպէ՛ս իրենց տէրը եւ բարեկամը վեր բարձրացաւ ու ամպ մը զինք ծածկեց (Գործք 1։9, 10)։ Շուրջ երկու տարի, Յիսուս իրենց սորվեցուցած, քաջալերած եւ առաջնորդած էր։ Բայց այլեւս ան իրենց հետ չէր։ Անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։

2 Յիսուս իր հետեւորդներուն պարտականութիւն մը տուած էր. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնային այդ գործը ընել։ Յիսուս խօսք տուած էր որ սուրբ հոգին իրենց պիտի օգնէր (Գործք 1։5)։ Բայց ո՞վ պիտի ուղղէր զիրենք եւ կազմակերպէր համաշխարհային քարոզչութեան գործը։ Առաքեալները գիտնալով թէ անցեալին Եհովան տղամարդիկ գործածած էր որ իր ժողովուրդը առաջնորդէր, թերեւս հարց տուին. ‘Հիմա Եհովան նոր առաջնորդ մը պիտի նշանակէ՞’։

3. ա) Յիսուս երկինք վերադառնալէ ետք, հաւատարիմ առաքեալները ի՞նչ կարեւոր որոշում առին։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Երկու շաբաթ չանցած, Յիսուսին աշակերտները Սուրբ Գրութիւնները նկատի առին, Աստուծոյ աղօթեցին որ իրենց օգնէ եւ Մատաթիան զատեցին որ Իսկարիովտացի Յուդային տեղը առնէ որպէս 12–րդ առաքեալը (Գործք 1։15-26)։ Այս ընտրութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր էր թէ՛ իրենց համար եւ թէ Եհովային համար։ Անոնք անդրադարձան որ պէտք է 12 առաքեալներ ըլլան *։ Յիսուս իր առաքեալները զատած էր ոչ թէ պարզապէս ծառայութեան մէջ իրեն ընկերակցելու համար, հապա որպէսզի շատ կարեւոր դեր մը խաղան Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Այդ դերը ի՞նչ էր, եւ Եհովան ու Յիսուս ինչպէ՞ս պատրաստեցին առաքեալները զայն կատարելու համար։ Ներկայիս, ատոր նման ի՞նչ կարգադրութիւն կայ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք ‘յիշել մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողները’, մանաւանդ՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» (Եբ. 13։7, ՆԱ. Մատ. 24։45

ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ

4. Երուսաղէմին մէջ առաքեալները եւ ուրիշ երէցներ ի՞նչ դեր ունէին։

4 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, առաքեալները սկսան առաջնորդութիւն առնել քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «Պետրոս ելաւ տասնմէկին հետ մէկտեղ» եւ շատ կարեւոր ճշմարտութիւններ ըսաւ հաւաքուող հրեաներուն եւ նորահաւատներուն (Գործք 2։14, 15)։ Անոնցմէ շատեր քրիստոնեայ դարձան։ Ատկէ սկսեալ, այս նոր քրիստոնեաները շարունակեցին առաքեալներուն սորվեցուցածներուն հետեւիլ (Գործք 2։42)։ Առաքեալները պատասխանատու էին ժողովքին դրամական հարցերուն (Գործք 4։34, 35)։ Անոնք նաեւ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր պէտքերը կը հոգային, ըսելով. «Մենք աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապինք» (Գործք 6։4)։ Եւ անոնք փորձառու քրիստոնեաներ ղրկեցին նոր թաղամասեր (Գործք 8։14, 15)։ Ժամանակի ընթացքին, ուրիշ օծեալ քրիստոնեաներ միացան առաքեալներուն, որպէսզի ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնեն։ Որպէս կառավարիչ մարմին, անոնք բոլոր ժողովքներուն ուղղութիւններ կու տային (Գործք 15։2

5, 6. ա) Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս ոյժ տուաւ կառավարիչ մարմինին (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Հրեշտակները ինչպէ՞ս օգնեցին կառավարիչ մարմինին։ գ) Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս առաջնորդեց կառավարիչ մարմինը։

5 Առաջին դարու քրիստոնեաները գիտէին թէ Եհովան Յիսուսին միջոցաւ կ’ուղղէր կառավարիչ մարմինը։ Ի՞նչը ձգեց որ անոնք այս վստահութիւնը ունենան։ Առաջին, սուրբ հոգին ոյժ կու տար կառավարիչ մարմինին (Յովհ. 16։13)։ Բոլոր օծեալ քրիստոնեաները կը ստանային սուրբ հոգին, բայց ատիկա մասնաւորաբար առաքեալներուն եւ Երուսաղէմի երէցներուն ոյժ կու տար, որ իրենց դերը կատարեն որպէս տեսուչներ։ Օրինակ, Ք.Ե. 49–ին, սուրբ հոգին առաջնորդեց կառավարիչ մարմինը, որ թլփատութեան հարցին նկատմամբ որոշում մը առնէ։ Ժողովքները հետեւեցան իրենց ուղղութեան եւ «հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար» (Գործք 16։4, 5)։ Այդ որոշումը փոխանցող նամակէն յայտնի կ’ըլլայ, թէ կառավարիչ մարմինը ունէր սուրբ հոգիին պտուղը, մէջը ըլլալով սէրը եւ հաւատքը (Գործք 15։11, 25-29. Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ

6 Երկրորդ, հրեշտակները օգնեցին կառավարիչ մարմինին։ Օրինակ, հրեշտակ մը ըսաւ Կոռնելիոսին որ Պետրոս առաքեալը կանչէ իր քով։ Երբ Պետրոս քարոզեց Կոռնելիոսին եւ անոր ազգականներուն, անոնք սուրբ հոգին ստացան, հակառակ որ տղամարդիկը անթլփատ էին։ Այսպիսով, Կոռնելիոս դարձաւ առաջին ոչ–հրեայ անթլփատ քրիստոնեան։ Երբ առաքեալները եւ ուրիշ եղբայրներ լսեցին պատահածը, Աստուծոյ կամքին համաձայն վարուեցան, եւ սկսան ժողովքին մէջ ընդունիլ հրեայ չեղող անթլփատ անհատներ (Գործք 11։13-18)։ Ասկէ զատ, հրեշտակները աշխուժօրէն օգնեցին որ կառավարիչ մարմինին կողմէ կազմակերպուած քարոզչութիւնը յառաջ երթայ (Գործք 5։19, 20)։ Երրորդ, Աստուծոյ Խօսքը առաջնորդեց կառավարիչ մարմինը։ Այս օծեալ երէցները Սուրբ Գրութիւնները կը գործածէին, որպէսզի կարենան կարեւոր որոշումներ առնել՝ քրիստոնէական հաւատալիքներու եւ ժողովքները կազմակերպելու վերաբերեալ (Գործք 1։20-22. 15։15-20

7. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Յիսուս էր որ կ’առաջնորդէր նախկին քրիստոնեաները։

7 Թէեւ կառավարիչ մարմինը ժողովքին մէջ հեղինակութիւն ունէր, բայց անոր անդամները ըմբռնած էին որ Յիսո՛ւսն էր իրենց Առաջնորդը։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ Քրիստոս «ինք մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու»։ Ան նաեւ ըսաւ որ Քրիստոս ժողովքին «գլուխ»ը՝ կամ Առաջնորդն էր (Եփ. 4։11, 15)։ Եւ փոխանակ երեւելի առաքեալի մը անունը կրելու, «աշակերտները աստուածային առաջնորդութեամբ քրիստոնեայ անուանուեցան» (Գործք 11։26, ՆԱ)։ Պօղոս գիտէր թէ կարեւոր էր հետեւիլ այն սուրբգրային ուսուցումներուն, որ առաքեալները եւ առաջնորդութիւն առնող անհատները կը սորվեցնէին։ Ասով հանդերձ, ան աւելցուց. «Բայց կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու [ներառեալ՝ կառավարիչ մարմինին իւրաքանչիւր անդամին] գլուխը Քրիստոսն է. . . եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած» (Ա. Կոր. 11։2, 3)։ Յստակ էր որ Եհովան նշանակած էր իր Որդին՝ Քրիստոս Յիսուսը որ ժողովքը առաջնորդէ։

«ԱՍԻԿԱ ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԻ ԳՈՐԾ ՉԷ»

8, 9. Եղբայր Ռասըլ ի՞նչ կարեւոր դեր խաղցաւ։

8 1870–էն սկսեալ, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ եւ իր բարեկամներէն ոմանք ուզեցին, որ թէ՛ իրենք եւ թէ ուրիշներ Սուրբ Գիրքի՛ն հիման վրայ պաշտեն Աստուած։ Ճշմարտութիւնը տարբեր լեզու խօսող անհատներու հասցնելու համար, 1884–ին՝ «Սիօնի Դիտարանի եւ թերթիկի ընկերութիւն»ը օրինականօրէն կազմուեցաւ, եւ նախագահը եղբայր Ռասըլն էր *։ Ան բծախնդրութեամբ կը սերտէր Սուրբ Գիրքը, եւ չէր վախնար ուրիշներուն ըսելու թէ որոշ եկեղեցական ուսուցումներ, ինչպէս՝ Երրորդութիւնը եւ հոգիին անմահութիւնը, սխալ են։ Ան ըմբռնեց թէ Քրիստոս անտեսանելի կերպով պիտի վերադառնար, եւ թէ «ազգերուն ժամանակները» պիտի վերջանային 1914–ին (Ղուկ. 21։24)։ Եղբայր Ռասըլ իր ժամանակը, կորովը եւ դրամը տրամադրեց որ այս ճշմարտութիւնները սորվեցնէ ուրիշներուն։ Յստակ է թէ Եհովան եւ Յիսուս կը գործածէին եղբայր Ռասըլը այդ կարեւոր ժամանակին։

9 Եղբայր Ռասըլ մարդոց յատուկ ուշադրութիւնը գրաւելու ետեւէ չէր։ 1896–ին ան գրեց. «Մեզի կամ մեր գրութիւններուն համար փառք ու պատիւ չենք փնտռեր։ Ո՛չ ալ կ’ուզենք Վերապատուելի կամ Ռաբբի կոչուիլ։ Ո՛չ ալ կը փափաքինք որ մէկը մեր անունը կրէ»։ Ան ետքը ըսաւ. «Ասիկա մարդ արարածի գործ չէ. Աստուծո՛յ գործն է»։

10. ա) Յիսուս ե՞րբ նշանակեց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ բ) Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս յստակացաւ թէ Կառավարիչ մարմինը տարբեր է Դիտարանի ընկերութենէն։

10 1919–ին, եղբայր Ռասըլի մահուընէն երեք տարի ետք, Յիսուս նշանակեց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Ի՞նչ նպատակով։ Որպէսզի ‘ատենին կերակուր տայ’ իր հետեւորդներուն (Մատ. 24։45Այդ տարիներուն ընթացքին, Նիւ Եորք նահանգի Պրուքլին քաղաքին մէջ՝ օծեալ եղբայրներու պզտիկ խումբ մը հոգեւոր սնունդ կը պատրաստէր ու կը բաժնէր Յիսուսի հետեւորդներուն։ 1940–էն ետք, «կառավարիչ մարմին» արտայայտութիւնը սկսաւ երեւիլ մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Այդ ժամանակ կը կարծուէր թէ անիկա ընդհանուր առմամբ կ’ակնարկէր «Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան» վարչականներուն։ Բայց 1971–ին յստակ դարձաւ թէ Կառավարիչ մարմինը տարբեր էր Դիտարանի ընկերութենէն, որ միայն օրինական հարցերուն պատասխանատու էր։ Այդ թուականէն սկսեալ, Կառավարիչ մարմինին մաս սկսան կազմել օծեալ եղբայրներ, որոնք Ընկերութեան վարչականներ չէին։ Վերջին տարիներուն, «ուրիշ ոչխարներ»էն պատասխանատու եղբայրներ ծառայած են որպէս վարչականներ՝ Ընկերութեան եւ Աստուծոյ ժողովուրդին գործածած ուրիշ ընկերութիւններու։ Այսպիսով, Կառավարիչ մարմինը կրցած է կեդրոնանալ հոգեւոր ցուցմունքներ եւ ուղղութիւններ տալու վրայ (Յովհ. 10։16. Գործք 6։4Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւը բացատրեց, թէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»՝ օծեալ եղբայրներու պզտիկ խումբ մըն է, որ կը կազմէ Կառավարիչ մարմինը։

Կառավարիչ մարմինը, 1950–ականներուն

11. Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս որոշումներ կ’առնէ։

11 Կառավարիչ մարմինը որպէս խումբ կարեւոր որոշումներ կ’առնէ, երբ իր անդամները ամէն շաբաթ կը հաւաքուին։ Ասիկա կը ձգէ որ հաղորդակցութիւն եւ միութիւն ըլլայ իրենց միջեւ (Առ. 20։18)։ Ամէն տարի, Կառավարիչ մարմինի անդամներէն մէկը կ’ըլլայ այդ ժողովներուն ատենապետը, քանի որ մէկը միւսէն աւելի կարեւոր չէ (Ա. Պետ. 5։1)։ Կառավարիչ մարմինի վեց յանձնախումբերուն մէջ ալ ամէն տարի Կառավարիչ մարմինի տարբեր անդամ մը կ’ըլլայ ատենապետը։ Կառավարիչ մարմինին իւրաքանչիւր անդամը առաջնորդի մը պէս չի վարուիր միւսներուն հետ։ Բոլորն ալ կը պատկանին «ծառաներուն», հոգեւոր սնունդ կը ստանան եւ հաւատարիմ ծառային ուղղութեան կը հետեւին։

Հաւատարիմ ծառան հոգեւոր սնունդ պատրաստած է Աստուծոյ ժողովուրդին, իր նշանակուելէն՝ 1919–էն ի վեր (տե՛ս պարբերութիւն 10, 11)

«Ո՞Վ Է ԱՅՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԾԱՌԱՆ»

12. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

12 Կառավարիչ մարմինը չ’ըսեր թէ սուրբ հոգին կը խօսի իրենց հետ, ոչ ալ կ’ըսէ թէ իրենք չեն սխալիր։ Ուրեմն, անոնք կրնան սխալիլ Սուրբ Գիրքը բացատրելու մէջ կամ կազմակերպչական հարցերու մէջ։ Օրինակ՝ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին մէջ կայ «Հաւատալիքները յստակացնել» բաժինը, ուր գրուած է թէ 1870–էն ի վեր ի՛նչ փոփոխութիւններ մտցուած են Սուրբ Գիրքի մեր հասկացողութեան մէջ։ Յիսուս մեզի չըսաւ թէ հաւատարիմ ծառան կատարեալ հոգեւոր կերակուր պիտի տար։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք պատասխանել Յիսուսի այս հարցումին. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» (Մատ. 24։45)։ Ի՞նչ փաստ կայ թէ Կառավարիչ մարմինն է հաւատարիմ ծառան։ Նկատի առնենք նոյն երեք բաները, որոնք կառավարիչ մարմինին օգնեցին առաջին դարուն։

13. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս օգնած է Կառավարիչ մարմինին։

13 Սուրբ հոգին կ’օգնէ Կառավարիչ մարմինին։ Սուրբ հոգին Կառավարիչ մարմինին օգնած է, որ հասկնայ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններ որոնք առաջ չէին հասկցուած։ Օրինակ՝ նկատի առ այն յստակացուած հաւատալիքները որ նախորդ պարբերութեան մէջ նշեցինք։ Չկայ անձ մը որ կրնար առանձին հասկնալ ու բացատրել այս «Աստուծոյ խորունկ բաները» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 2։10)։ Կառավարիչ մարմինը Պօղոս առաքեալին պէս կ’ըսէ. «Կը խօսինք ոչ թէ մարդկային իմաստութեան սորվեցուցած խօսքերովը, հապա Հոգիին սորվեցուցածներովը» (Ա. Կոր. 2։13)։ Հարիւրաւոր տարիներ տեւող հաւատուրացութենէն եւ հոգեւոր մթութենէն ետք, Աստուածաշունչի հասկացողութիւնը ինչո՞ւ այսքան աւելցած է 1919–էն ի վեր։ Միակ պատճառն է թէ Աստուած Կառավարիչ մարմինին օգնած է իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։

14. Ըստ Յայտնութիւն 14։6, 7–ին, հրեշտակները ինչպէ՞ս կ’օգնեն Աստուծոյ ժողովուրդին։

14 Հրեշտակները Կառավարիչ մարմինին կ’օգնեն։ Կառավարիչ մարմինը ունի այն հսկայ պատասխանատուութիւնը, որ վերահսկէ աւելի քան ութ միլիոն հրատարակիչներու կատարած քարոզչութեան վրայ համայն աշխարհի մէջ։ Լաւ, այս գործը ինչո՞ւ շատ յաջողութիւն գտած է։ Պատճառներէն մէկը՝ հրեշտակներուն օգնութիւնն է (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6, 7)։ Շատ մը պարագաներու մէջ, հրեշտակները հրատարակիչներ ուղղած են դէպի անհատներ, որոնք հազիւ աղօթքով օգնութիւն խնդրած էին Աստուծմէ *։ Քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործը կը շարունակէ աւելնալ նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր շատ հակառակութիւն կայ։ Ասիկա միայն հրեշտակներուն օգնութեամբ կարելի է։

15. Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս կը տարբերի քրիստոնէական աշխարհի առաջնորդներէն. օրինակ մը տուր։

15 Աստուծոյ Խօսքը կ’առաջնորդէ Կառավարիչ մարմինը (կարդա՛ Յովհաննէս 17։17Նկատի առ 1973–ին ի՛նչ պատահեցաւ։ Դիտարան–ի 1 յունիս թիւը (անգլերէն) հարցուց այս հարցումը. «Այն անհատները որոնք ծխախոտի իրենց մոլութիւնը չեն ձգած, մկրտուելու որակեա՞լ են»։ Պատասխանը ո՛չ էր, եւ հիմնուած էր Սուրբ Գիրքի սկզբունքներու վրայ։ Դիտարան–ը քանի մը համարներ մէջբերեց եւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ այն անձը որ ծխախոտը պիտի չձգէ՝ պէտք է վտարուի (Ա. Կոր. 5։7. Բ. Կոր. 7։1)։ Ատիկա ըսաւ որ մարդիկ չեն որ այս խիստ չափանիշը կը դնեն, հապա՝ «Աստուած, որ իր գրաւոր Խօսքին միջոցաւ կը խօսի»։ Կա՞յ կրօնական ուրիշ կազմակերպութիւն մը որ լման քալած է Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ, նոյնիսկ երբ ասիկա դժուար ըլլայ իր կարգ մը անդամներուն համար։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, կրօնքի մասին նոր հրատարակուած գիրք մը կ’ըսէ. «Քրիստոնեայ առաջնորդները միշտ իրենց ուսուցումները վերանայած են այն նպատակով, որ ատոնք համապատասխան ըլլան այն հաւատալիքներուն եւ կարծիքներուն, որոնց թիկունք կը կանգնին իրենց անդամները եւ ընդհանուր ընկերութիւնը»։ Կառավարիչ մարմինը Աստուծոյ Խօսքո՛վ առաջնորդուած է եւ ոչ թէ՝ մարդոց կարծիքներով։ Ուրեմն, Եհովա՛ն է որ իրապէս կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը։

«ՅԻՇԵՑԷ՛Ք ՁԵՐ ՄԷՋ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԱՌՆՈՂՆԵՐԸ»

16. Կառավարիչ մարմինը յիշելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

16 Կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7։ Ասիկա ընելու մէկ կերպն է՝ Կառավարիչ մարմինը յիշել մեր աղօթքներուն մէջ (Եփ. 6։18)։ Խոկա՛ անոնց պատասխանատուութիւններուն վրայ, ինչպէս՝ հոգեւոր սնունդ տալ, համաշխարհային քարոզչութեան վրայ վերահսկել եւ նուիրատուութիւններուն հոգ տանիլ։ Վստահաբար անոնք իրապէս միշտ պէտք ունին մեր աղօթքներուն։

17, 18. ա) Ինչպէ՞ս կը հետեւինք Կառավարիչ մարմինին ուղղութեան։ բ) Քարոզելով ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնինք Կառավարիչ մարմինին եւ Յիսուսին։

17 Նաեւ կրնանք Կառավարիչ մարմինը յիշել, անոր ցուցմունքներուն եւ ուղղութեան հետեւելով։ Ան մեզի ուղղութիւն կու տայ մեր հրատարակութիւններուն, ժողովներուն եւ համաժողովներուն միջոցաւ։ Ասկէ զատ, ան կը նշանակէ շրջանային տեսուչներ, որոնք իրենց կարգին կը նշանակեն երէցներ։ Շրջանային տեսուչները եւ երէցները կը յիշեն Կառավարիչ մարմինը, բծախնդրաբար հետեւելով տրուած ուղղութիւններուն։ Երբ հնազանդինք այն տղամարդոց որ ներկայիս Յիսուս կը գործածէ, յարգած կ’ըլլանք զինք որպէս մեր Առաջնորդը (Եբ. 13։17

18 Նաեւ կրնանք Կառավարիչ մարմինը յիշել՝ մեր լաւագոյնը ընելով քարոզչութեան մէջ։ Եբրայեցիս 13։7–ն կը քաջալերէ քրիստոնեաները, որ ընդօրինակեն առաջնորդութիւն առնողներուն հաւատքը։ Կառավարիչ մարմինը մեծ հաւատք ցուցուցած է, բարի լուրը նախանձախնդրօրէն քարոզելով եւ յառաջ տանելով։ Լաւ, մենք անոնց թիկունք կը կանգնի՞նք այս կարեւոր գործին մէջ։ Եթէ այո՛, որքա՜ն պիտի ուրախանանք երբ Յիսուս ըսէ. «Քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (Մատ. 25։34-40

19. Ինչո՞ւ վճռած ես հետեւիլ մեր Առաջնորդին՝ Յիսուսին։

19 Երբ Յիսուս երկինք վերադարձաւ, իր հետեւորդները երեսի վրայ չձգեց (Մատ. 28։20)։ Ան գիտէր թէ սուրբ հոգին, հրեշտակները եւ Աստուծոյ Խօսքը որքա՜ն օգնեցին իրեն, որ առաջնորդութիւն առնէր երբ երկրի վրայ էր։ Ան ներկայիս նոյն օգնութիւնը կու տայ հաւատարիմ ծառային։ Կառավարիչ մարմինը կը շարունակէ ‘Գառնուկին ետեւէն երթալ՝ ուր որ ան երթայ’ (Յայտ. 14։4)։ Ուրեմն, երբ հետեւինք Կառավարիչ մարմինին ուղղութեան, հետեւած կ’ըլլանք մեր Առաջնորդին՝ Յիսուսին։ Մօտ ատենէն, Յիսուս մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք (Յայտ. 7։14-17)։ Ո՛չ մէկ մարդկային առաջնորդ կրնայ այս մէկը ընել։

^ պարբ. 3 Յստակ է որ Եհովային նպատակն էր որ 12 առաքեալներ կազմեն Նոր Երուսաղէմի «տասներկու հիմեր»ը (Յայտ. 21։14)։ Ասոր համար, պէտք չկար փոխարինել այն հաւատարիմ առաքեալները որ յետագային մահացան։

^ պարբ. 8 1955–էն ի վեր, այդ ընկերութիւնը կը կոչուի «Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութիւն»։

^ պարբ. 14 Տե՛ս «Հիմնովին վկայութիւն տանք» Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին գիրքը, էջ 58-59 (անգլերէն)։