Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Իմաստուններուն հետ քալելով օգտուած եմ

Իմաստուններուն հետ քալելով օգտուած եմ

ՊԱՂ առտու մըն էր Հարաւային Տաքոթա նահանգին Պրուքինկզ քաղաքին մէջ (ԱՄՆ)։ Զգացի թէ շատ չանցած ցուրտը պիտի կոխէր։ Բայց պիտի զարմանաք որ այդ օրը պզտիկ խումբի մը հետ կը գտնուէի ախոռի մը մէջ, ուր կը դողայինք։ Մեր առջեւը կար տաշտ մը, ուրկէ կենդանիները ջուր կը խմէին։ Լաւ, քիչ մը կեանքիս մասին պատմեմ ձեզի, որպէսզի հասկնաք թէ հոն ինչ գործ ունէինք։

ԸՆՏԱՆԻՔՍ

Ալֆրէտ հօրեղբայրս եւ հայրս

Ծնած եմ 7 մարտ 1936–ին։ Մենք չորս քոյր–եղբայր էինք եւ ես ամէնէն պզտիկն էի։ Կ’ապրէինք Հարաւային Տաքոթային արեւելքը եւ պզտիկ ագարակ մը ունէինք։ Երկրագործութիւնը կարեւոր էր ընտանիքիս համար, բայց ատկէ աւելի կարեւոր բաներ կային։ Ծնողքս Եհովային նուիրուեցան եւ որպէս Եհովայի վկայ մկրտուեցան 1934–ին։ Այսպիսով, իրենց համար ամէնէն կարեւոր բանը՝ Աստուծոյ կամքը կատարելն էր։ Հայրս՝ Քլէրընս եւ յետագային հօրեղբայրս՝ Ալֆրէտ ծառայեցին որպէս միաւորի ծառայ (հիմա կը կոչուի երէցներու մարմինի համակարգող) մեր պզտիկ ժողովքին մէջ, որ կը գտնուէր Հարաւային Տաքոթայի Գանտի քաղաքին մէջ։

Ընտանիքս կանոնաւորաբար կ’երթար ժողովներու եւ տունէ տուն ծառայութեան, որպէսզի ուրիշներուն խօսէինք ապագայի նկատմամբ այն հոյակապ յոյսին մասին, որ Սուրբ Գիրքը կու տայ։ Ծնողքիս լաւ օրինակը եւ իրենց տուած մարզումը շատ լաւ ազդեցութիւն ունեցան մեր վրայ։ Քոյրս Տորոթին ու ես հրատարակիչ եղանք երբ վեց տարեկան էինք։ 1943–ին, սկսայ մասնակցիլ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին, որ տակաւին նոր հիմնուած էր։

Ռահվիրայութիւն կ’ընեմ 1952–ին

Համաժողովները շատ կարեւոր էին մեզի համար։ Տակաւին կը յիշեմ համաժողով մը Հարաւային Տաքոթայի Սու Ֆոլզ քաղաքին մէջ, որ տեղի ունեցաւ 1949–ին։ Եղբայր Կրանթ Սութըր տուաւ «Ձեր կարծածէն աւելի՞ ուշ է» բնաբանով դասախօսութիւն մը։ Ան շեշտեց որ բոլոր նուիրուած քրիստոնեաները պէտք է իրենց կեանքը վերջին ծայր գործածեն՝ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու համար։ Ատոր վրայ, կեանքս Եհովային նուիրեցի եւ մկրտուեցայ Պրուքինկզի մէջ յաջորդ շրջանային համաժողովին, 12 նոյեմբեր 1949–ին։ Այս պատճառաւ էր որ այդ պաղ ախոռին մէջն էի, ինչպէս որ սկիզբը ըսի։ Ես եւ ինծի հետ երեք հոգի կը սպասէինք որ այդ պողպատէ «աւազանին» մէջ մկրտուինք։

Ետքը, որոշեցի ռահվիրայ ըլլալ։ 1 յունուար 1952–ին սկսայ ռահվիրայութիւն ընել, երբ 15 տարեկան էի։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ», եւ ընտանիքիս մէջ շատ մը իմաստուն անհատներ կային, որոնք քաջալերեցին ռահվիրայութիւն ընելս (Առ. 13։20)։ Հօրեղբայրս՝ Ճուլեըս, որ 60 տարեկան էր, ռահվիրայական ընկերակիցս եղաւ։ Հակառակ որ մեր միջեւ տարիքի տարբերութիւն կար, ծառայութեան մէջ շատ հաճելի ժամանակներ անցուցինք։ Շատ բաներ սորվեցայ իր իմաստութենէն եւ փորձառութենէն։ Շատ չանցած, Տորոթին ալ ռահվիրայ եղաւ։

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՏԵՍՈՒՉՆԵՐԸ ԻՆԾԻ ՕԳՆԵՑԻՆ

Երբ պատանի էի, ծնողքս շատ մը շրջանային տեսուչներ եւ իրենց կիները կը հրաւիրէին մեր տունը։ Ճեսսի եւ Լին Գէնթուէլ զոյգ մըն էին որ ինծի շատ օգնեցին։ Մասամբ, իրենց քաջալերութիւնով էր որ որոշեցի ռահվիրայութիւն ընել։ Անոնց ցուցուցած անձնական հետաքրքրութիւնը ձգեց, որ ուզեմ իրենց պէս Եհովային գործով զբաղած ըլլալ։ Երբ անոնք մեր մօտ եղող ժողովքներուն կ’այցելէին, ատեններ ինծի կ’ըսէին որ իրենց հետ ծառայութեան ելլեմ։ Այդ ժամանակները որքա՜ն հաճելի եւ շինիչ էին։

Մեր յաջորդ շրջանային տեսուչն էր՝ Պըտ Միլըր։ Երբ ան եւ իր կինը Ճոան մեր ժողովքին այցելեցին, 18 տարեկան էի եւ ժամանակն էր որ ներկայանայի յանձնախումբի մը առջեւ, որ կ’որոշէ թէ ո՛վ պիտի մասնակցի զինուորութեան։ Սկիզբը, անոնք ուզեցին որ ընեմ բան մը, որ ըստ ինծի՝ Յիսուսին պատուէրին հակառակ է. Յիսուս պատուիրած էր որ քաղաքականութեան մէջ չէզոք մնանք։ Ասկէ զատ, կ’ուզէի Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել (Յովհ. 15։19)։ Այս պատճառներով, յանձնախումբէն խնդրեցի որ զիս կրօնական ծառայ սեպեն եւ այսպիսով զինուորութեան չմասնակցիմ։

Շատ ազդուեցայ երբ եղբայր Միլըր ըսաւ որ ինծի հետ պիտի գայ, երբ յանձնախումբին առջեւ ներկայանամ։ Ան ընկերային էր եւ դիւրին–դիւրին մէկէ մը չէր վախնար։ Որքա՜ն ինքնավստահ զգացի որ հետս ունէի իրեն պէս հոգեւոր անձ մը։ Այդ ժողովին հիման վրայ, 1954–ի ամրան վերջաւորութեան՝ յանձնախումբը խնդրանքս ընդունեց որ կրօնական ծառայ սեպուիմ։ Այլեւս ազատ էի որ Եհովային աւելի ծառայեմ։

Նոր բեթէլական եղած ատենս՝ ագարակին մէկ բեռնակառքին քով

Շատ չանցած, հրաւիրուեցայ որ Բեթէլի մէջ ծառայեմ։ Նշանակուեցայ «Դիտարանի ագարակ»ին մէջ, որ կը գտնուէր Նիւ Եորք նահանգի Սթէթըն կղզիին մէջ։ Առանձնաշնորհումը ունեցայ որ երեք տարի ծառայեմ հոն, ինչպէս նաեւ հոյակապ փորձառութիւններ ունեցայ, քանի որ շատ մը իմաստուն անհատներու ծանօթացայ եւ անոնց հետ աշխատեցայ։

ԲԵԹԷԼԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

WBBR շէնքերուն քով, եղբայր Ֆրանզին հետ

WBBR ռատիօկայանը կը գտնուէր ագարակին մէջ։ Ատիկա Եհովայի վկաներուն կողմէ գործածուեցաւ 1924–էն 1957։ Բեթէլի ընտանիքէն միայն 15-20 հոգի նշանակուած էին ագարակին մէջ ծառայելու։ Մեր մեծամասնութիւնը տարիքով պզտիկ եւ անփորձ էր։ Բայց մեզի հետ ունէինք տարեց օծեալ եղբայր մը՝ Էլտըն Ուուտուըրթ։ Ան իրապէս իմաստուն էր։ Ան հօր մը պէս կը հետաքրքրուէր մեզմով եւ հոգեւորապէս կը զօրացնէր մեզ։ Ատեններ, երբ իրարու հետ դժուարութիւններ կ’ունենայինք մեր անկատարութիւններուն պատճառաւ, եղբայր Ուուտուըրթ կ’ըսէր. «Հոյակապ է թէ Տէրը ի՛նչ կ’ընէ, հակառակ որ իր գործածած անձերը անկատար են»։

Հէրրի Փիթըրսըն շատ նախանձախնդիր էր ծառայութեան մէջ

Նաեւ մեզի հետ էր եղբայր Ֆրետերիք Ու. Ֆրանզը, եւ ասիկա յատուկ առանձնաշնորհում մըն էր մեզի համար։ Ան իմաստուն էր եւ Սուրբ Գիրքը շատ լաւ գիտէր, ինչպէս նաեւ մեզմով անձնապէս կը հետաքրքրուէր։ Մեր խոհարարն էր՝ Հէրրի Փափարյիրոփուլոս, բայց մեզի համար աւելի դիւրին էր զինք Հէրրի Փիթըրսըն կանչելը։ Ան ալ օծեալ էր եւ ծառայութեան մէջ շատ նախանձախնդիր էր։ Եղբայր Փիթըրսըն լաւ կերպով կը կատարէր Բեթէլի մէջ իր գործը, բայց բնա՛ւ չէր անտեսեր դաշտի ծառայութիւնը։ Ան ամէն ամիս հարիւրաւոր պարբերաթերթեր կը բաշխէր։ Ան նաեւ շատ լաւ գիտէր Սուրբ Գիրքը եւ մեր բազմաթիւ հարցումներուն կը պատասխանէր։

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՔՈՅՐԵՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑԱՅ

Ագարակին մէջ, պտուղներն ու բանջարեղէնները կը պատրաստէինք եւ պահածոյի տուփերու մէջ կը դնէինք։ Ամէն տարի, շուրջ 45,000 տուփ կը պատրաստէինք ամբողջ Բեթէլի ընտանիքին համար։ Առանձնաշնորհումը ունեցայ որ աշխատիմ Էդդա Հաթին հետ, որ շատ իմաստուն քոյր մըն էր։ Ան պատասխանատու էր չափերը տալու, որպէսզի կարենանք պտուղներն ու բանջարեղէնները պատրաստել։ Տեղացի քոյրերը կու գային մեզի ձեռք տալու եւ Էդդան կ’օգնէր անոնց գործը կազմակերպելու։ Թէեւ Էդդան մեծ դեր կը խաղար այս գործին մէջ, բայց ան միշտ կը յարգէր ագարակին տեսուչները։ Ան լաւ օրինակ էր մեր բոլորին համար։

Անժէլային ու Էդդա Հաթին հետ

Անժէլա Ռոմանոն այն երիտասարդ քոյրերէն էր, որոնք կու գային ագարակին մէջ օգնելու։ Էդդան իրեն օգնած էր երբ ճշմարտութեան եկաւ։ Անժէլան եւ ես ամուսնացանք ապրիլ 1958–ին, եւ այժմ միասին Եհովային ծառայած ենք 58 տարի։ Տարիներու ընթացքին, Եհովային հանդէպ անոր հաւատարմութիւնը զօրացուցած է մեր ամուսնութիւնը։ Ան իմաստուն է եւ ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունենանք՝ վերջին ծայր կը վստահիմ իրեն։

ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՐՋԱԳԱՅԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸ

Երբ 1957–ին Սթէթըն կղզիին մէջ WBBR–ին շէնքերը ծախուեցան, կարճ ժամանակ մը ծառայեցի Պրուքլինի Բեթէլին մէջ։ Ետքը, Անժէլային հետ ամուսնացայ ու ձգեցի Բեթէլը, եւ շուրջ երեք տարի ռահվիրայութիւն ըրինք Սթէթըն կղզիին մէջ։ Ժամանակ մը նոյնիսկ աշխատեցայ ռատիօկայանին նոր տէրերուն քով, որոնք զայն կոչած էին WPOW։

Անժէլան ու ես մեր կեանքը պարզ պահեցինք, որպէսզի կարենանք ծառայել ուր որ պէտք կայ։ Այսպիսով, 1961–ին ընդունեցինք ծառայել որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ Ֆոլզ Սիթիի մէջ, Նեպրասքա։ Շատ չանցած, հրաւիրուեցանք Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը, որ այդ ժամանակ՝ մէկ ամսուան դասընթացք մըն էր Նիւ Եորք նահանգի Սաութ Լէնսինկ քաղաքին մէջ։ Շատ ուրախացանք այդ մարզումով եւ կարծեցինք որ Նեպրասքա պիտի վերադառնանք դպրոցէն ետք։ Բայց զարմացանք երբ Քամպոտիա նշանակուեցանք որպէս միսիոնարներ։ Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ գտնուող այս գեղեցիկ երկիրին մէջ տեսանք, լսեցինք եւ համտեսեցինք բաներ, որոնք մեզի համար շատ նոր էին։ Ամբողջ սրտով ուզեցինք բարի լուրը տարածել հոն։

Բայց քաղաքական վիճակը փոխուեցաւ եւ ստիպուեցանք Հարաւային Վիեթնամ փոխադրուիլ։ Ցաւօք սրտի, երկու տարուան մէջ սկսայ առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունենալ եւ ստիպուեցանք Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ։ Ժամանակ առաւ որ կորովս տեղը գայ, բայց հազիւ որ լաւացայ՝ դարձեալ սկսանք ռահվիրայութիւն ընել։

1975–ին, Անժէլային հետ՝ առաջ որ հեռատեսիլի հարցազրոյց մը ունենանք

Մարտ 1965–ին սկսանք ժողովքներու այցելել շրջագայական գործին մէջ։ Անժէլան եւ ես 33 տարի շրջանային ու նահանգային գործ ըրինք, եւ օգնեցինք համաժողովներ կազմակերպելու։ Այս գործը հաճելի էր, քանի որ համաժողովները միշտ հետաքրքրական ժամանակներ եղած են ինծի համար։ Քանի մը տարի այցելեցինք Նիւ Եորք Սիթիի մէջ եւ շուրջը գտնուող ժողովքներուն, եւ շատ մը համաժողովներ տեղի ունեցան Եանգի Սթատիումին մէջ։

ԲԵԹԷԼ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐ

Անժէլան եւ ես շատ մը նոր եւ դժուար նշանակումներ ստացանք տարիներու ընթացքին։ Օրինակ՝ 1995–ին, ինձմէ խնդրուեցաւ որ Ծառաներու մարզումի դպրոցին մէջ դասաւանդեմ։ Երեք տարի ետք հրաւիրուեցանք Բեթէլ։ Որքա՜ն ուրախացայ երբ աւելի քան 40 տարի ետք վերադարձայ, ուր որ սկսած էի յատուկ լիաժամ ծառայութիւնս։ Ժամանակ մը, աշխատեցայ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ եւ դասաւանդեցի քանի մը դպրոցներու մէջ։ 2007–ին, Կառավարիչ մարմինը կազմեց Աստուածպետական դպրոցներու բաժանմունքը, որպէսզի հոգ տանի բոլոր այն դպրոցներուն որոնք Բեթէլին մէջ տեղի կ’ունենան, եւ ես եղայ տեսուչը քանի մը տարի։

Վերջին տարիներուն ընթացքին շատ մը փոփոխութիւններ մտցուեցան Բեթէլի մէջ տեղի ունեցող դպրոցներուն մէջ։ 2008–ին, Ժողովքի երէցներու դպրոցը սկսաւ եւ երկու տարուան մէջ աւելի քան 12,000 երէցներ մարզուեցան Փէթըրսընի մէջ եւ Պրուքլինի Բեթէլին մէջ։ Այդ դպրոցը տակաւին կը շարունակուի շատ մը ուրիշ շրջաններու մէջ։ 2010–ին, Ծառաներու մարզումի դպրոցին անունը փոխուեցաւ եւ եղաւ՝ Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոց, եւ նոր դպրոց մը կազմուեցաւ, որուն անունն է՝ Քրիստոնեայ զոյգերու աստուածաշնչական դպրոց։

Սեպտեմբեր 2014–էն սկսեալ, այդ երկու դպրոցները իրարու միանալով կազմեցին Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը։ Աշակերտները կրնան ըլլալ ամուսնացածներ կամ ամուրի եղբայրներ ու քոյրեր։ Աշխարհի տարածքին շատեր ուրախացան երբ լսեցին, թէ իրենց երկրին մէջն ալ այս դպրոցը կրնայ տեղի ունենալ։ Հետաքրքրական է որ ա՛լ աւելի անձեր առիթ պիտի ունենան, որ այս դպրոցներուն ներկայ ըլլան։ Եւ շատ երախտապարտ եմ որ ծանօթացած եմ բազմաթիւ անձերու, որոնք իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ըրած են, որպէսզի այս մարզումը ստանան։

Երբ մտածեմ կեանքիս մասին՝ այդ պաղ տաշտին մէջ մկրտուելէս առաջ մինչեւ հիմա, Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այն իմաստուն անձերուն համար, որոնք ինծի օգնեցին ճշմարտութեան մէջ։ Անոնցմէ շատեր տարիքս չէին եւ ուրիշ մշակոյթ ունէին, բայց ներսէն՝ անոնք հոգեւոր անձեր էին։ Անոնց արարքներն ու կեցուածքները ցուցուցին, որ շատ կը սիրէին Եհովան։ Շատ ուրախ եմ որ Եհովայի ժողովուրդին մէջ ունիմ իմաստուն բարեկամներ, որոնցմէ կրնամ սորվիլ։ Բոլո՛րս կրնանք իմաստուն անձերէ սորվիլ։

Ինծի համար հաճելի է ծանօթանալ աշխարհի չորս կողմէն եկող աշակերտներու