Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ըրած ուխտդ կատարէ՛»

«Ըրած ուխտդ կատարէ՛»

«Ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը» (ՄԱՏ. 5։33

ԵՐԳԵՐ. 63, 59

1. ա) Յեփթայէ դատաւորը եւ Աննան ի՞նչ նմանութիւններ ունէին (տե՛ս բացման նկարները)։ բ) Ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։

ՅԵՓԹԱՅԷՆ քաջ առաջնորդ մըն էր եւ անվախ պատերազմող մը։ Աննան խոնարհ կին մըն էր եւ լաւ հոգ կը տանէր իր ամուսինին եւ տան։ Երկուքն ալ Եհովան կը պաշտէին։ Ասկէ զատ, երկուքն ալ Աստուծոյ ուխտ մը ըրած էին եւ հաւատարմօրէն կատարած էին զայն։ Անոնցմէ շատ լաւ օրինակ կրնան առնել այն տղամարդիկն ու կիները, որոնք ուխտ կ’ընեն Եհովային։ Բայց կարգ մը հարցումներ կը ծագին. ուխտը ի՞նչ է, Աստուծոյ ուխտ ընելը որքա՞ն լուրջ է, Յեփթայէէն եւ Աննայէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

2, 3. ա) Ուխտը ի՞նչ է։ բ) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուծոյ ուխտ ընելու մասին։

2 Սուրբ Գիրքին մէջ, ուխտը՝ Աստուծոյ տրուած լուրջ խոստում մըն է։ Օրինակ, մէկը Եհովային կը խոստանայ բան մը ընել, նուէր մը տալ, որոշ ծառայութեան մը սկսիլ կամ որոշ բաներէ հեռու մնալ։ Ուխտը բան մըն է, որ մէկու մը սրտէն կը բխի եւ իր ուզելով կ’ընէ։ Կարելի չէ մէկը ստիպել որ ուխտ մը ընէ, բայց եթէ որոշէ ընել՝ Աստուած կ’ուզէ որ զայն յարգէ եւ կատարէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ուխտը երդումին չափ կարեւոր է։ Երդումին մէջ, անձը կը խոստանայ որոշ բան մը ընել կամ չընել (Ծն. 14։22, 23. Եբ. 6։16, 17)։ Ըստ Սուրբ Գիրքին, Աստուծոյ ուխտ ընելը որքա՞ն լուրջ է։

3 Մովսիսական օրէնքը ըսաւ. «Եթէ մարդ մը Տէրոջը ուխտ ընէ կամ երդում ըն[է]. . . իր խօսքը պարապ թող չհանէ, բոլոր իր բերնէն ելածին պէս թող ընէ» (Թւ. 30։2)։ Յետագային, Սողոմոն գրեց. «Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես, զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ, քանզի Աստուած անմիտներուն չի հաճիր։ Ըրած ուխտդ կատարէ՛» (Ժող. 5։4)։ Իսկ Յիսուս հաստատեց որ Աստուծոյ ուխտ ընելը լուրջ բան մըն է, երբ ըսաւ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը’» (Մատ. 5։33

4. ա) Աստուծոյ ուխտ ընելը որքա՞ն լուրջ է։ բ) Յեփթայէին եւ Աննային մասին ի՞նչ պիտի սորվինք։

4 Ուրեմն, յստակ է որ Աստուծոյ խոստում տալը շատ լուրջ բան մըն է։ Մեր ուխտերը ինչ աչքով դիտելը կ’ազդէ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան։ Դաւիթ գրեց. «Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը, կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։ . . .Սրտով մաքուրը, որ ստութեան անձնատուր չեղաւ ու նենգութեամբ երդում չըրաւ» (Սաղ. 24։3, 4)։ Յեփթայէն եւ Աննան ի՞նչ ուխտ ըրին, եւ իրենց ուխտը կատարելը դիւրի՞ն էր։

ԱՆՈՆՔ ՀԱՒԱՏԱՐՄՕՐԷՆ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՈՒԽՏԸ

5. Յեփթայէն ի՞նչ ուխտ ըրաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

5 Յեփթայէն Եհովային խոստում մը տուաւ, երբ ամմոնացիներուն դէմ պատերազմելու կ’երթար։ Այդ ազգը Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամի էր։ Յեփթայէն Եհովային աղաչեց որ անոնց յաղթէ (Դատ. 10։7-9)։ Ան ուխտեց. «Եթէ Ամմոնին որդիները բոլորովին իմ ձեռքս մատնես ու Ամմոնի որդիներէն խաղաղութեամբ ետ դառնամ, այն ատեն իմ տանս դռնէն զիս դիմաւորելու ելլողը Տէրոջը թող ըլլայ»։ Աստուած պատասխանեց անոր աղօթքին եւ օգնեց որ պատերազմը շահի։ Երբ ան տուն վերադարձաւ, իր սիրելի աղջիկը զինք դիմաւորեց։ Ան էր որ ‘Տէրոջը պիտի ըլլար’ (Դատ. 11։30-34)։ Ինչպէ՞ս։

6. ա) Յեփթայէին եւ իր աղջիկին համար դիւրի՞ն էր ուխտը կատարելը։ բ) Բ. Օրինաց 23։21, 23–էն եւ Սաղմոս 15։4–էն ի՞նչ կը սորվիս Աստուծոյ ուխտ ընելու մասին։

6 Որպէսզի իր հօր ուխտը կատարէ, Յեփթայէին աղջիկը պէտք էր երթար եւ խորանին մէջ Եհովային լիաժամ ծառայէր։ Արդեօք Յեփթայէն առա՞նց մտածելու ըրած էր այս ուխտը։ Ո՛չ, քանի որ ան գիտէր թէ զինք դիմաւորող առաջին անձը կրնար իր աղջիկը ըլլալ։ Հակառակ ասոր, պարագան զգացականօրէն դժուար էր թէ՛ Յեփթայէին եւ թէ իր աղջիկին համար։ Երկուքն ալ պէտք էր զոհողութիւն ընէին։ Երբ Յեփթայէն տեսաւ իր աղջիկը, «իր լաթերը պատռեց» եւ ըսաւ որ իր սիրտը կոտրուեցաւ։ Իսկ աղջիկը ‘իր կուսութեանը վրայ լացաւ’, քանի որ Յեփթայէն տղայ չունէր եւ իր մէկ հատիկ աղջիկը այլեւս չէր կրնար ամուսնանալ եւ զաւակներ ունենալ։ Մէկը պիտի չըլլար որ ընտանիքին անունը եւ ժառանգը փոխանցէր։ Բայց թէ՛ Յեփթայէն եւ թէ իր աղջիկը գիտէին որ իրենց զգացումներէն աւելի կարեւոր բան մը կար։ Յեփթայէն ըսաւ. «Բերանս բացի Տէրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել»։ Իսկ իր աղջիկը պատասխանեց. «Բերնէդ ելածը ըրէ ինծի» (Դատ. 11։35-39)։ Յեփթայէն եւ իր աղջիկը հաւատարիմ անձեր էին, որոնք նոյնիսկ իրենց միտքին ծայրէն չէին անցըներ Աստուծոյ ըրած իրենց ուխտը կտրել, որքան ալ սուղի պայթէր իրենց (կարդա՛ Բ. Օրինաց 23։21, 23. Սաղմոս 15։4

7. ա) Աննան ինչո՞ւ ուխտ ըրաւ, եւ ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Աննային ուխտը ինչպէ՞ս պիտի ազդէր Սամուէլին (տե՛ս ստորանիշը)։

7 Աննան ալ Եհովային ուխտ մը ըրաւ երբ դժուար նեղութենէ մը կ’անցնէր։ Ան յուսախաբ էր քանի որ պզտիկ չէր կրնար ունենալ, որուն պատճառաւ միշտ վիրաւորական խօսքեր կը լսէր (Ա. Թագ. 1։4-7, 10, 16)։ Ան իր սիրտը Աստուծոյ բացաւ եւ ուխտեց. «Ո՛վ Տէր զօրութեան, եթէ քու աղախինիդ նեղութեանը նայիս ու զիս յիշես եւ քու աղախինդ չմոռնալով՝ քու աղախինիդ արու զաւակ մը տաս, զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրեմ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ու անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չզարնուի» (Ա. Թագ. 1։11) *։ Եհովան պատասխանեց Աննայի աղօթքին եւ ան ունեցաւ իր անդրանիկ տղան՝ Սամուէլը։ Աննան որքա՜ն ուրախ էր. բայց չմոռցաւ Աստուծոյ ըրած իր ուխտը։ Երբ իր տղան ծնաւ, ան ըսաւ. «Զանիկա Տէրոջմէն խնդրեցի» (Ա. Թագ. 1։20

8. ա) Աննային համար դիւրի՞ն էր իր ուխտը կատարելը։ բ) Սաղմոս 61–ը ինչպէ՞ս քեզի կը յիշեցնէ Աննային լաւ օրինակը։

8 Երբ Սամուէլ շուրջ երեք տարեկան էր, Աննան ըրաւ ճիշդ ինչ որ Աստուծոյ ուխտած էր։ Ան Սամուէլը տարաւ Հեղի քահանայապետին, որ Սելովի խորանին մէջ կը ծառայէր, ու անոր ըսաւ. «Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի ու Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։ Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ. անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ» (Ա. Թագ. 1։24-28)։ Այդ օրուընէ սկսեալ, Սամուէլ խորանին մէջ ապրեցաւ եւ «Տէրոջը առջեւ մեծցաւ» (Ա. Թագ. 2։21)։ Աննան շատ կը սիրէր իր տղան, բայց այլեւս չէր կրնար ամէն օր իրեն հետ ժամանակ անցընել։ Ան պիտի չտեսնէր անոր մեծնալը։ Երեւակայէ թէ ան որքա՜ն կ’ուզէր զինք գրկել, իրեն հետ խաղալ եւ զինք խնամել։ Բայց ան չզղջաց իր ըրած ուխտին համար, հապա պատրաստ էր իրեն համար կարեւոր եղող բաներ զոհելու, որպէսզի Աստուծոյ ըրած իր ուխտը կատարէր (Ա. Թագ. 2։1, 2. կարդա՛ Սաղմոս 61։1, 5, 8

Եհովային ըրած ուխտերդ կը կատարե՞ս

9. Ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

9 Հիմա որ կը հասկնանք թէ որքա՛ն լուրջ է Աստուծոյ ուխտ ընելը, նկատի առնենք այս հարցումները. ներկայիս ի՞նչ ուխտեր թերեւս ընենք, եւ զանոնք կատարելու համար որքա՞ն վճռական պէտք է ըլլանք։

ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՈՒԽՏԴ

Նուիրումի ուխտը (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Ի՞նչ է ամէնէն կարեւոր ուխտը որ քրիստոնեայ մը կրնայ ընել, եւ ատիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

10 Ամէնէն կարեւոր ուխտը, որ քրիստոնեայ մը կրնայ ընել, այն ուխտն է՝ որուն մէջ իր կեանքը կը նուիրէ Եհովային։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան աղօթքով Եհովային կը խոստանայ, որ իր կեանքը պիտի գործածէ իրեն յաւիտեան ծառայելու, ինչ ալ պատահի։ Յիսուս ըսաւ որ մենք ‘մեր անձը կ’ուրանանք’, այսինքն՝ կը խոստանանք Եհովան առաջին տեղը դնել եւ ոչ թէ մեր անձը (Մատ. 16։24)։ Այդ օրուընէ սկսեալ «Տէրոջն ենք» (Հռով. 14։8)։ Ան որ նուիրումի ուխտը կ’ընէ, պէտք է զայն շատ լուրջի առնէ, ճիշդ ինչպէս որ սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։ Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ» (Սաղ. 116։12, 14

11. Մկրտութեանդ օրը ի՞նչ ցոյց տուիր։

11 Կեանքդ նուիրա՞ծ ես Եհովային եւ ջուրի մկրտութեամբ նուիրումդ խորհրդանշա՞ծ ես։ Որքա՜ն հոյակապ է եթէ ըրած ես։ Միտքդ բեր թէ մկրտութեանդ օրը եղբայրը քեզի հարցուց, որ եթէ անձդ նուիրած ես Եհովային եւ հասկցած ես, թէ «նուիրումդ եւ մկրտութիւնդ քեզ կը բնորոշեն որպէս՝ հոգիէն առաջնորդուած Աստուծոյ կազմակերպութեան ընկերակցող Եհովայի վկաներէն մէկը»։ Երբ այո՛ պատասխանեցիր, բոլոր ներկաները գիտցան թէ կեանքդ նուիրած ես եւ որակեալ ես մկրտուելու որպէս Եհովայի ձեռնադրուած ծառայ։ Վստահաբար Եհովան շատ ուրախացաւ։

12. ա) Ո՞ր հարցումները լաւ կ’ըլլայ որ հարցնենք մենք մեզի։ բ) Պետրոս քաջալերեց ո՞ր յատկութիւնները ունենալ։

12 Բայց մկրտութիւնը միայն սկիզբն է։ Ատկէ ետք, բոլորս պէտք է մեր նուիրումին համաձայն ապրինք, Եհովային հաւատարմօրէն ծառայելով։ Մինչ ժամանակը կը սահի, պէտք է շարունակենք մենք մեզ քննել։ Կրնանք հարցնել. ‘Մկրտութենէս ի վեր ի՞նչ յառաջդիմութիւն ըրած եմ հոգեւոր կեանքիս մէջ։ Տակաւին լման սրտով կը ծառայե՞մ Եհովային (Կող. 3։23)։ Յաճախ կ’աղօթե՞մ, Սուրբ Գիրքը ամէն օր կը կարդա՞մ, կանոնաւորաբար ժողովներուն կ’երթա՞մ, ծառայութեան կ’ելլե՞մ որքան որ կրնամ, թէ ոչ քիչ մը ետեւ գացած եմ այս բաներուն մէջ’։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց թէ որպէսզի ծառայութեան մէջ անգործունեայ չըլլանք, պէտք է շատ ջանք թափենք որ աւելցնենք մեր հաւատքը, գիտութիւնը, համբերութիւնը եւ աստուածպաշտութիւնը (կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։5-8

13. Նուիրուած եւ մկրտուած անձը ի՞նչ պէտք է ըմբռնէ։

13 Մէյ մը որ նուիրումի ուխտը ընենք, չենք կրնար զայն ետ քաշել։ Այն անձը որ կը յոգնի Եհովայի ծառայելէն կամ քրիստոնէական ապրելակերպը ունենալէն, չի կրնար ըսել որ արդէն օրէն իրապէս չէր նուիրուած եւ թէ իր մկրտութիւնը վաւերական չէր *։ Բայց ինչ ալ ըլլայ պարագան, ան ինքզինք ներկայացուց որպէս Աստուծոյ լման նուիրուած անձ մը։ Ուրեմն, եթէ լուրջ մեղք մը գործէ, հաշիւ պիտի տայ Եհովային եւ ժողովքին (Հռով. 14։12)։ Բնա՛ւ չենք ուզեր ըլլալ անձ մը, որուն մասին Յիսուս կ’ըսէ. «Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր»։ Ընդհակառակը, կ’ուզենք որ ան մեր մասին ըսէ. «Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են» (Յայտ. 2։4, 19)։ Կ’ուզենք Եհովան ուրախացնել, մեր նուիրումի ուխտին համաձայն նախանձախնդրաբար ապրելով։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԴ

Ամուսնութեան ուխտը (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Ի՞նչ է ամէնէն կարեւոր երկրորդ ուխտը որ անձ մը կրնայ ընել, եւ ինչո՞ւ։

14 Երկրորդ ամէնէն կարեւոր ուխտը որ մէկը կրնայ ընել՝ ամուսնութեան ուխտն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամուսնութիւնը սուրբ է։ Հարսն ու փեսան Աստուծոյ եւ ներկաներուն առջեւ կ’ընեն իրենց ուխտը։ Անոնք ընդհանրապէս կը խոստանան որ իրար պիտի սիրեն եւ յարգեն «այնքան ատեն որ երկրի վրայ միասնաբար [կ’ապրին] Աստուծոյ ամուսնական կարգադրութեան հետ ներդաշնակ»։ Ուրիշներ թերեւս ճիշդ այս բառերը չգործածեն, բայց անոնք ալ ուխտ կ’ընեն Աստուծոյ առջեւ։ Ետքը, կը յայտարարուի որ անոնք ամուսին ու կին եղան, եւ անոնց ամուսնութիւնը մինչեւ կեանքին վերջը տեւող կապ մը կը դառնայ (Ծն. 2։24. Ա. Կոր. 7։39)։ Յիսուս ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ»։ Ուրեմն, այն զոյգերը որ կ’ամուսնանան, պէտք է ըմբռնած ըլլան որ պիտի չամուսնալուծուին (Մար. 10։9

15. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք չէ աշխարհի նայուածքով նային ամուսնութեան։

15 Անշուշտ, ճիշդ ինչպէս որ կատարեալ անձեր չկան, կատարեալ ամուսնութիւններ ալ չկան։ Այս պատճառով, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ամուսնացողները ատեններ «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան» (Ա. Կոր. 7։28)։ Ցաւօք սրտի, աշխարհին մէջ շատեր թեթեւի առած են ամուսնութիւնը։ Երբ անոնք խնդիրներ ունենան ամուսնութեան մէջ, կը յանձնուին եւ իրենց կողակիցը կը ձգեն։ Բայց քրիստոնեայ տղամարդն ու կինը այսպէս չեն։ Անոնք գիտեն թէ ամուսնութեան ուխտը զանց ընելը հաւասար է Աստուծոյ սուտ խօսելուն, եւ Աստուած կ’ատէ ստախօսները (Ղեւ. 19։12. Առ. 6։16-19)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կապուա՞ծ ես կնոջ, մի՛ փնտռեր արձակուիլ» (Ա. Կոր. 7։27)։ Ան կրնար ասիկա ըսել, քանի որ գիտէր թէ Եհովան նաեւ կ’ատէ խաբեբայութեամբ կատարուած ամուսնալուծումը (Մաղ. 2։13-16

16. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ ամուսնալուծման եւ բաժանումին մասին։

16 Յիսուս սորվեցուց որ ամուսնալուծման միակ պատճառն է, եթէ կողակիցներէն մէկը շնութիւն ընէ եւ անմեղ կողակիցը չուզէ ներել (Մատ. 19։9. Եբ. 13։4)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել բաժանումին մասին։ Սուրբ Գիրքը ասոր ալ յստակ պատասխան կու տայ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։10, 11)։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ բաժանումին պատճառները ի՛նչ կրնան ըլլալ, բայց կան որոշ պարագաներ, ուր քրիստոնեան կը զգայ թէ անպայման պէտք է բաժնուի իր կողակիցէն, ինչպէս՝ երբ իր կեանքը կամ հոգեւորութիւնը վերջին ծայր վտանգի մէջ ըլլայ, իր վայրագ կամ հաւատուրաց կողակիցին պատճառով *։

17. Քրիստոնեայ զոյգ մը ինչպէ՞ս կրնայ իր ամուսնութիւնը մնայուն դարձնել։

17 Երբ զոյգ մը երէցներէն խրատ ուզեն ամուսնական խնդիրներու մասին, լաւ կ’ըլլայ որ երէցները հարցնեն անոնց, թէ արդեօք վերջերս դիտա՞ծ են Ի՞նչ է իսկական սէրը վիտէոն, եւ միասին սերտա՞ծ են Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ գրքոյկը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատոնց մէջ կան Սուրբ Գիրքի սկզբունքներ, որոնք շատերու օգնած են որ իրենց ամուսնութիւնը զօրացնեն։ Զոյգ մը ըսաւ. «Այս գրքոյկը սերտելու սկսանք–չսկսանք, մեր ամուսնութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի ուրախ դարձաւ»։ Քոյր մը, որ 22 տարիէ ամուսնացած է, զգաց որ իր ամուսնութիւնը վերջ գտնելու վրայ է։ Ետքը, ան վիտէոն դիտեց։ Ան ըսաւ. «Երկուքս մկրտուած ենք, բայց զգացական գետնի վրայ լեռ ու ձոր կար մեր միջեւ։ Վիտէոն ճիշդ ժամանակին եկաւ։ Հիմա շատ աւելի ուրախ զոյգ մըն ենք»։ Ամուսնացա՞ծ ես։ Ամէն գնով Եհովային սկզբունքները գործադրէ ամուսնութեանդ մէջ, որպէսզի կարենաս ուրախ ու զօրաւոր ամուսնութիւն մը ունենալ։

ՅԱՏՈՒԿ ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ՈՒԽՏԸ

18, 19. ա) Շատ մը քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչ ըրած են։ բ) Ի՞նչ կրնանք ըսել յատուկ լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողներուն մասին։

18 Յեփթայէին եւ Աննային պարագաները ուրիշ նմանութիւն մըն ալ ունին։ Անոնց ըրած ուխտին պատճառով, թէ՛ Յեփթայէին աղջիկը եւ թէ Աննային տղան իրենց կեանքը գործածեցին յատուկ ծառայութիւն ընելու խորանին մէջ։ Անոնք ամէնէն շատ ուրախութիւն պատճառող կեանքը վայելեցին։ Այսօր, բազմաթիւ քրիստոնեայ ծնողներ իրենց զաւակները քաջալերած են, որ լիաժամ ծառայութեան սկսին եւ իրենց կեանքը կեդրոնացնեն Աստուծոյ ծառայութեան վրայ։ Այսպիսի երիտասարդներ անկեղծ գովասանքի արժանի են (Դատ. 11։40, ՆԱ. Սաղ. 110։3

Յատուկ լիաժամ ծառայութեան ուխտը (տե՛ս պարբերութիւն 19)

19 Ներկայիս, «Եհովայի վկաներու՝ յատուկ լիաժամ ծառաներու համաշխարհային միաբանութիւն»ը ունի շուրջ 67,000 անդամ։ Անոնցմէ ոմանք կը ծառայեն Բեթէլի մէջ, շինարարական գործին մէջ կամ շրջանային գործին մէջ։ Ուրիշներ կը ծառայեն որպէս դասաւանդողներ, մասնաւոր ռահվիրաներ, միսիոնարներ, համաժողովի սրահներու ծառաներ կամ աստուածաշնչական դպրոցներու շէնքերու ծառաներ։ Իւրաքանչիւրը ըրած է «Հնազանդութեան եւ չքաւորութեան ուխտը»։ Այս ուխտին մէջ անոնք կը համաձայնին, որ պիտի ընեն որեւէ նշանակում որ իրենց կը տրուի Եհովայի ծառայութեան մէջ, պարզ կեանք մը պիտի ունենան եւ աշխարհային գործ մը պիտի չաշխատին առանց արտօնութեան։ Անոնց նշանակումն է որ յատուկ է, եւ ոչ թէ անոնք անձամբ։ Անոնք կ’անդրադառնան որ պէտք է խոնարհութեամբ կատարեն իրենց ուխտը, այնքան ատեն որ լիաժամ ծառայութեան մէջ են։

20. Ի՞նչ աչքով պէտք է նայինք մեր ուխտերուն, եւ ինչո՞ւ։

20 Այս յօդուածին մէջ մեր նկատի առած ուխտերէն քանի՞ հատը ըրած ես։ Մէ՞կ հատը, երկո՞ւ հատը կամ երե՞քն ալ։ Վստահաբար հասկցած ես որ պէտք չէ թեթեւի առնես ըրած ուխտերդ (Առ. 20։25)։ Եթէ մեր ուխտերը չկատարենք, թերեւս լուրջ հետեւանքներ կրենք (Ժող. 5։6)։ Ուրեմն, թող որ ‘սաղմոս երգենք Եհովայի անուան յաւիտեան, մինչ ամէն օր մեր ուխտերը կը կատարենք’ (Սաղ. 61։8

^ պարբ. 7 Աննան խոստացաւ որ եթէ տղայ մը ունենայ, տղան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ուխտաւոր պիտի ըլլար։ Ասիկա նշանակեց թէ իր տղան նուիրուած պիտի ըլլար Եհովայի ծառայութեան (Թւ. 6։2, 5, 8

^ պարբ. 13 Երէցները շատ մը բաներ նկատի կ’առնեն անձին հետ, որպէսզի գիտնան թէ ան որակեալ է մկրտուելու կամ ոչ։ Ասոր համար, շատ հազուագիւտ է որ մէկու մը մկրտութիւնը վաւերական չըլլայ։

^ պարբ. 16 Տե՛ս «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքին «Աստուածաշունչին տեսակէտը ամուսնալուծումի եւ բաժանումի նկատմամբ» յաւելուածը։