Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Պանդուխտներ»ուն օգնենք որ ‘ուրախութեամբ ծառայեն Տէրոջը’

«Պանդուխտներ»ուն օգնենք որ ‘ուրախութեամբ ծառայեն Տէրոջը’

«Տէրը կը պահէ պանդուխտները» (ՍԱՂ. 146։9

ԵՐԳԵՐ. 84, 73

1, 2. ա) Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք ի՞նչ դժուարութիւններ ունին։ բ) Ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

«ԵՐԲ Պուրունտիին մէջ քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ, ընտանեօք համաժողովի էինք», կ’ըսէ Լիճէ անունով եղբայր մը։ «Աչքերնուս առջեւ մարդիկ կը վազէին, կը կրակէին։ Ծնողքս իրենց 11 զաւակները առնելով փախան։ Մեզի հետ տարինք միայն ինչ որ անհրաժեշտ է։ Ընտանիքիս մէկ մասը աւելի քան 1600 քմ. կտրելով կրցաւ հասնիլ գաղթակայան մը Մալաուիի մէջ։ Իսկ մնացածը ցիրուցան եղաւ»։

2 Աշխարհի տարածքին աւելի քան 65,000,000 գաղթականներ կան, որոնք իրենց տունը–տեղը ձգած են պատերազմի կամ հալածանքի պատճառով։ Պատմութեան մէջ մինչեւ հիմա այսքան շատ գաղթականներ չեն եղած *։ Անոնց մէջ կան հազարաւոր Եհովայի վկաներ։ Շատեր կորսնցուցած են իրենց սիրելիները եւ գրեթէ ամէն ինչ որ ունին։ Ոմանք ուրիշ ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցած են։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, որ ‘ուրախութեամբ ծառայեն Տէրոջը’, հակառակ իրենց փորձութիւններուն (Սաղ. 100։2)։ Եւ ի՞նչ է լաւագոյն կերպը որ բարի լուրը տանք այն գաղթականներուն, որոնք տակաւին չեն ճանչնար Եհովան։

ԳԱՂԹԱԿԱՆԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

3. Յիսուս եւ իր աշակերտներէն շատեր ինչպէ՞ս գաղթական եղան։

3 Երբ Եհովային հրեշտակը Յովսէփին զգուշացում տուաւ, որ Հերովդէս թագաւորը կ’ուզէր Յիսուսը սպաննել, Յիսուս եւ իր ծնողքը գաղթեցին Եգիպտոս։ Անոնք հոն մնացին մինչեւ որ Հերովդէս մահացաւ (Մատ. 2։13, 14, 19-21)։ Տարիներ ետք, Յիսուսին աշակերտները «ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ», քանի որ հալածանք կար (Գործք 8։1)։ Յիսուս գիտէր թէ իր հետեւորդներէն շատեր ստիպուած պիտի ըլլային իրենց տունը ձգել։ Ան ըսաւ. «Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք փախէք» (Մատ. 10։23)։ Փախչիլը դիւրին չէ, ինչ ալ ըլլայ պատճառը։

4, 5. Ի՞նչ վտանգներ կան երբ գաղթականները ա) կը փախչին, բ) գաղթակայանի մը մէջ կ’ապրին։

4 Գաղթականները վտանգներու առջեւ կ’ըլլան, երբ կը փախչին կամ գաղթակայանի մը մէջ կ’ապրին։ Լիճէին պզտիկ եղբայրը՝ Կատ կը պատմէ. «Շաբաթներով քալեցինք, հարիւրաւոր դիակներու քովէն անցնելով։ 12 տարեկան էի։ Ոտքերս այնքա՛ն ուռեցան որ ընտանիքիս ըսի, որ զիս ձգեն եւ ճամբանին շարունակեն։ Հայրս միտք չունէր զիս ըմբոստներուն ձեռքը ձգել. ան զիս շալկեց եւ քալեց։ Օրը օրին դիմացանք՝ Եհովային աղօթելով ու վստահելով, եւ ատեններ միայն մանգ ուտելով» (Փլպ. 4։12, 13

5 Լիճէին ընտանիքին մեծամասնութիւնը տարիներով ապրեցաւ ՄԱԿ–ի գաղթակայաններու մէջ։ Բայց անոնք ապահով չէին հոն։ Լիճէ, որ հիմա շրջանային տեսուչ է, կ’ըսէ. «Այդտեղի մարդոց մեծամասնութիւնը անգործ էր։ Անոնք կը բամբասէին, կը խմէին, բախտախաղ կը խաղային, կը գողնային եւ անբարոյ էին»։ Գաղթակայաններու մէջ ապրող Վկաները պէտք էր հոգեւոր բաներով զբաղած մնային, որպէսզի այդ չար ազդեցութիւններէն չազդուէին (Եբ. 6։11, 12. 10։24, 25)։ Անոնք իմաստութեամբ գործածեցին իրենց ժամանակը, որպէսզի ճշմարտութեան մէջ զօրաւոր մնան, եւ շատեր ռահվիրայութիւն ըրին։ Անոնք դրական մնալու համար ինքզինքնին յիշեցուցին, որ մինչեւ վերջ գաղթակայանին մէջ պիտի չմնան, ճիշդ ինչպէս որ իսրայէլացիները մինչեւ վերջ անապատին մէջ չմնացին (Բ. Կոր. 4։18

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՍԷՐ ՑՈՒՑՈՒՐ

6, 7. ա) «Աստուծոյ սէրը» կը մղէ քրիստոնեաները որ ինչպէ՞ս վարուին այն եղբայրներուն հետ որ նեղութեան մէջ են։ բ) Օրինակ մը տուր։

6 «Աստուծոյ սէրը» մեզ կը մղէ որ սէր ցուցնենք մեր եղբայրներուն, մանաւանդ դժուարութիւններու ժամանակ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։17, 18)։ Օրինակ՝ առաջին դարուն, երբ Հրէաստանի քրիստոնեաները ուտելիքի պէտք ունէին սովի պատճառաւ, հաւատակիցները կարգադրութիւններ ըրին որ անոնց օգնեն (Գործք 11։28, 29)։ Նաեւ Պօղոս առաքեալը եւ Պետրոս առաքեալը քրիստոնեաները քաջալերեցին, որ հիւրասէր ըլլան (Հռով. 12։13. Ա. Պետ. 4։9)։ Եթէ ազնուութեամբ պէտք է ընդունինք այցելու եղբայրները, ուր մնաց այն եղբայրները՝ որոնց կեանքը վտանգի տակ է կամ հաւատքի համար կը հալածուին (կարդա՛ Առակաց 3։27) *։

7 Վերջերս, Ուքրանիոյ արեւելքը հազարաւոր Եհովայի վկաներ ստիպուեցան իրենց տուները ձգել պատերազմի եւ հալածանքի պատճառով։ Ցաւօք սրտի, անոնցմէ ոմանք իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Բայց մեծամասնութիւնը գնաց ուրիշ շրջաններու մէջ եղող եղբայրներու քով, թէ՛ Ուքրանիա եւ թէ Ռուսիա։ Անոնք երկու երկիրներուն մէջ ալ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կը մնան, քանի որ ‘աշխարհէն չեն’, եւ նախանձախնդրօրէն ‘խօսքը կը քարոզեն’ (Յովհ. 15։19. Գործք 8։4

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ԻՐԵՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԶՕՐԱՑՆԵՆ

8, 9. ա) Գաղթականները ի՞նչ դժուարութիւններ կրնան ունենալ նոր երկրին մէջ։ բ) Ինչո՞ւ պէտք կայ որ համբերութեամբ օգնենք անոնց։

8 Կարգ մը գաղթականներ կը ստիպուին ապրիլ ուրիշ շրջան մը նոյն երկրին մէջ։ Իսկ ուրիշներ կը ստիպուին երթալ լման տարբեր երկիր մը։ Կառավարութիւնները թերեւս գաղթականներուն ապահովեն ուտելիք, հագուելիք եւ ապրելու տեղ, բայց ուտելիքները թերեւս անծանօթ ըլլան։ Կրնայ ըլլալ որ այն գաղթականները որոնք տաք երկիրներէ կու գան, պաղ օդին վարժուած չըլլան եւ չգիտնան ի՛նչ հագուին։ Իսկ գիւղական շրջաններէ եկողները թերեւս չգիտնան տունի նոր գործիքները գործածել։

9 Կարգ մը կառավարութիւններ յայտագիրներ դրած են, որպէսզի գաղթականներուն օգնեն իրենց նոր պայմաններուն վարժուելու։ Բայց շատ անգամներ գաղթականներէն կ’ակնկալուի, որ քանի մը ամսուան մէջ իրենց ոտքին վրայ կենան, եւ ասիկա կրնայ շատ դժուար ըլլալ։ Երեւակայէ որ անոնք միեւնոյն ատեն ի՛նչ նոր բաներ պէտք է սորվին. նոր լեզու, նոր սովորութիւններ եւ նոր օրէնքներ՝ մուրհակ եւ տուրք վճարելու, դպրոց երթալու եւ նոյնիսկ պզտիկ մեծցնելու մասին։ Կրնա՞ս համբերութեամբ եւ յարգալից կերպով օգնել այսպիսի դժուարութիւններ ունեցող եղբայրներու եւ քոյրերու (Փլպ. 2։3, 4

10. Ինչպէ՞ս կրնանք գաղթականներուն հաւատքը զօրացնել երբ հասնին (տե՛ս բացման նկարը)։

10 Ատեններ, իշխանութիւնները կը դժուարացնեն գաղթական եղբայրներուն, որ տեղական ժողովքին հետ կապ պահեն։ Կարգ մը կառավարական կազմակերպութիւններ կ’ըսեն որ պիտի չօգնեն եղբայրներուն, եթէ չընդունին աշխատիլ գործ մը որուն պատճառաւ պիտի չկարենան ժողովներու երթալ։ Կարգ մը եղբայրներ վախնալով եւ անօգնական զգալով ընդունած են այսպիսի գործեր։ Ասոր համար, երբ մեր գաղթական եղբայրները հասնին, շատ կարեւոր է որ կարելի եղածին չափ շուտ այցելենք անոնց։ Երբ անոնց կարեկցինք եւ գործնական կերպով օգնենք, անոնց հաւատքը կրնայ զօրանալ (Առ. 12։25. 17։17

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԿԵՐՊՈՎ ՕԳՆԷ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

11. ա) Գաղթականները սկիզբը ինչի՞ պէտք կ’ունենան։ բ) Գաղթականները ինչպէ՞ս կրնան իրենց երախտապարտութիւնը ցուցնել։

11 Սկիզբը թերեւս պէտք ըլլայ որ եղբայրներուն տանք ուտելիք, հագուելիք կամ ուրիշ հիմնական պէտքեր *։ Նոյնիսկ պզտիկ նուէրները, ինչպէս՝ եղբօր մը փողկապ տալը, կրնան մեծ արժէք ունենալ։ Իսկ երբ գաղթականները իրենց երախտապարտութիւնը ցուցնեն եւ բնա՛ւ բան մը չպահանջեն, կը ձգեն որ տեղական եղբայրները ուրախութեամբ օգնեն։ Բայց կարեւոր է որ գաղթականները ի վերջոյ իրենց պէտքերուն անձամբ հոգ տանին։ Ասիկա կ’օգնէ որ իրենց ինքնայարգանքը չկորսնցնեն եւ եղբայրներուն հետ իրենց կապը լաւ ըլլայ (Բ. Թես. 3։7-10)։ Բայց անոնք ա՛նկասկած պէտք ունին գործնական օգնութեան։

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնել (տե՛ս պարբերութիւն 11-13)

12, 13. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք գործնական կերպով օգնել գաղթականներուն։ բ) Օրինակ մը տուր։

12 Պէտք չունինք շատ դրամ ունենալու որ գաղթականներուն օգնենք։ Անոնք ամէնէն շատ պէտք ունին մեր ժամանակին ու հետաքրքրութեան։ Օրինակ, կրնաս անոնց ցուցնել թէ ինչպէս կրնան հանրային փոխադրամիջոցները գործածել, կամ ուտելիքներ գնել որ թէ՛ առողջապահական են եւ թէ սուղ չեն։ Նաեւ կրնաս անոնց օգնել որ գործիքներ գնեն, ինչպէս՝ կարելու մեքենայ կամ մարգախուզիչ, որպէսզի սկսին դրամ շահիլ։ Աւելի կարեւորը, կրնաս անոնց օգնել որ իրենց նոր ժողովքին մէկ մասը դառնան։ Եթէ պարագադ կը ներէ, առաջարկէ որ զանոնք ժողովի հասցնես։ Նաեւ կրնաս բացատրել թէ ինչ է լաւագոյն կերպը, որ մարդոց քարոզեն թաղամասին մէջ, եւ անոնց հետ ծառայութեան ել։

13 Երբ չորս պատանի գաղթականներ եկան իրենց նոր ժողովքը, երէցները իրենց սորվեցուցին ինքնաշարժ քշել, համակարգիչով տպել եւ ինչպէս գործի դիմել։ Անոնք նաեւ ցուցուցին թէ ինչպէս կրնան իրենց ժամանակը դասաւորել, որպէսզի կարենան Եհովային ծառայութիւնը առաջին տեղը դնել (Գաղ. 6։10)։ Շատ չանցած, չորսն ալ ռահվիրայ եղան։ Երէցներուն օգնութիւնը եւ հոգեւոր նպատակակէտեր դնելու իրենց անձնական ջանքերը ձգեցին, որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն եւ Սատանայի աշխարհին մէջ չկորսուին։

14. ա) Գաղթականները ո՞ր փոսին մէջ պէտք չէ իյնան։ բ) Օրինակ մը տուր։

14 Ինչպէս որ բոլոր քրիստոնեաներուն պարագան է, գաղթականները պէտք չէ իյնան այն փոսին մէջ, որ նիւթական բաները աւելի առաջ դնեն քան՝ Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը *։ Լիճէ, որ նախապէս նշեցինք, եւ իր եղբայրներն ու քոյրերը կը յիշեն հաւատքի այն դասերը, որ իրենց հայրը սորվեցուց մինչ կը փախչէին։ «Ան մէկ–մէկ թափեց մեր կրած բաները, որոնք կարեւոր չէին։ Ի վերջոյ, ան պարապ պայուսակը վեր բռնեց եւ ժպիտով մը ըսաւ. ‘Տեսէ՛ք. միայն ասոր պէտք ունիք’» (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։8

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՄԷՆԷՆ ՄԵԾ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳ ՏԱՐ

15, 16. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք գաղթականներուն հաւատքը զօրացնել։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք զգացականօրէն օգնել անոնց։

15 Գաղթականները դրամէ եւ այլ նիւթական բաներէ աւելի պէտք ունին հոգեւոր եւ զգացական օգնութեան (Մատ. 4։4)։ Երէցները կրնան գաղթականներուն լեզուով հրատարակութիւններ ապահովել եւ անոնց օգնել որ կապ պահեն եղբայրներու հետ, որոնք իրենց լեզուն կը խօսին։ Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ շատ մը գաղթականներ ստիպուած ետեւ ձգած են բոլոր այն բաները, որոնց շատ կապուած են, ինչպէս՝ իրենց ընտանիքը, շրջանակը եւ ժողովքը։ Անոնք պէտք ունին որ Եհովային սէրն ու կարեկցութիւնը զգան եղբայրներուն մէջ։ Եթէ ասիկա չզգան, անոնք թերեւս դիմեն իրենց ազգականներուն կամ հայրենակիցներուն, որոնք Եհովան չեն պաշտեր (Ա. Կոր. 15։33)։ Երբ անոնց զգալ տանք որ ժողովքին մէկ մասն են, Եհովային հետ աշխատած կ’ըլլանք որ ‘պանդուխտները պահենք’ (Սաղ. 146։9

16 Թերեւս գաղթականները չկրնան իրենց երկիրը վերադառնալ այնքան ատեն որ զիրենք հալածողները տակաւին կ’իշխեն, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսին եւ իր ընտանիքին պատահեցաւ։ Ուրիշներ ալ թերեւս անձամբ չուզեն վերադառնալ։ Ինչո՞ւ։ Լիճէն կ’ըսէ թէ «շատ մը ծնողներ որոնք իրենց աչքով տեսան իրենց ընտանիքին անդամի մը բռնաբարուիլը կամ սպաննուիլը, իրենց սիրտը չի դիմանար որ իրենց զաւակները վերադարձնեն ուր որ այդ ցաւալի բաները պատահեցան»։ Այսպիսի եղբայրներու օգնելու համար պէտք է «կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» ըլլանք (Ա. Պետ. 3։8)։ Հալածանքը ձգած է որ կարգ մը գաղթականներ մարդոցմէ հեռու մնան, եւ անոնք թերեւս կ’ամչնան իրենց չարչարանքներուն մասին խօսելու, մանաւանդ իրենց պզտիկներուն առջեւ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ իրենց տեղը ըլլայի, ինչպէ՞ս կ’ուզէի որ ուրիշները հետս վարուին’ (Մատ. 7։12

ՎԿԱՅ ՉԵՂՈՂ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՔԱՐՈԶԵԼ

17. Գաղթականները ինչպէ՞ս կը հանգստանան մեր քարոզչութեան միջոցաւ։

17 Հիմակուան գաղթականներէն շատեր կու գան երկիրներէ, ուր մեր քարոզչութեան գործը ազատ չէ։ Նախանձախնդիր Վկաներու շնորհիւ, ներկայիս հազարաւոր գաղթականներ առաջին անգամ ըլլալով կը լսեն «թագաւորութեան խօսքը» (Մատ. 13։19, 23)։ Շատեր որոնք «բեռնաւորուած» են, մխիթարութիւն եւ հանգստութիւն կը գտնեն մեր ժողովներուն մէջ, եւ կ’ըսեն. «Իրաւցնէ Աստուած ձեր մէջ է» (Մատ. 11։28-30. Ա. Կոր. 14։25

18, 19. Ինչպէ՞ս կրնանք իմաստութեամբ վարուիլ երբ գաղթականներու կը քարոզենք։

18 Անոնք որոնք գաղթականներու կը քարոզեն, պէտք է ուշադիր եւ «խորագէտ» ըլլան (Մատ. 10։16. Առ. 22։3)։ Համբերութեամբ մտիկ ըրէ իրենց մտահոգութիւնները, բայց քաղաքականութեան մասին մի՛ խօսիր։ Հետեւէ մասնաճիւղին եւ տեղական հեղինակութիւններուն ուղղութիւններուն, որպէսզի վտանգի մէջ չդնես անձդ կամ ուրիշները։ Որովհետեւ գաղթականները կու գան տարբեր կրօնքներէ եւ մշակոյթներէ, գաղափար մը առ թէ անոնց զգացումներն ու տեսակէտները ինչ են եւ զանոնք յարգէ։ Օրինակ՝ կարգ մը երկիրներէ եկողները խիստ կեցուածք ունին, թէ կիները ինչ պէտք է հագուին։ Ասոր համար, երբ գաղթականներուն պիտի քարոզես, այնպէս մը հագիր որ անոնք չնեղանան։

19 Կ’ուզենք չարչարուող մարդոց օգնել, մէջը ըլլալով Վկայ չեղողները, ճիշդ ինչպէս որ բարի սամարացին օգնեց (Ղուկ. 10։33-37)։ Ասիկա ընելու լաւագոյն կերպն է՝ բարի լուրը քարոզել անոնց։ Երէց մը, որ բազմաթիւ գաղթականներու օգնած է, կ’ըսէ. «Կարեւոր է որ մէկ կտոր ըսենք թէ Եհովայի վկայ ենք, եւ յստակ դարձնենք որ մեր գլխաւոր նպատակն է՝ հոգեւորապէս օգնել իրենց, եւ ոչ թէ նիւթական գետնի վրայ։ Եթէ չըսենք, թերեւս կարգ մը մարդիկ մեզի հետ ընկերակցին միայն մեզմէ օգտուելու համար»։

ԱՂՈՒՈՐ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ

20, 21. ա) Երբ անկեղծ սէր ցուցնենք գաղթականներուն, ի՞նչ լաւ արդիւնքներ մէջտեղ կու գան։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

20 Երբ անկեղծ սէր ցուցնենք «պանդուխտներ»ուն, լաւ արդիւնքներ մէջտեղ կու գան։ Քոյր մը պատմեց թէ Էրիթրիոյ մէջ հալածանքի պատճառով իր ընտանիքը երկրէն փախաւ։ Իր զաւակներէն չորսը ութ օր անապատին մէջ քալելէ ետք, վերջին ծայր յոգնած հասան Սուտան։ Քոյրը ըսաւ. «Այդտեղի եղբայրները այնպէս մը վարուեցան անոնց հետ՝ կարծես թէ իրենց ազգականներն են։ Անոնք տուին ուտելիք, հագուելիք ու բնակելու տեղ, եւ զիրենք տարին–բերին։ Եհովայի վկաներէն զատ ո՞վ օտարներ կ’ընդունի իր տունը պարզապէս քանի որ նոյն Աստուածը կը պաշտեն» (կարդա՛ Յովհաննէս 13։35

21 Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել այն պզտիկներուն մասին որ իրենց ծնողներուն հետ ուրիշ երկիր կ’երթան։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս բոլորս կրնանք օգնել այս ընտանիքներուն որ ուրախութեամբ ծառայեն Եհովային։

^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջ «գաղթականներ» բառը կ’ակնարկէ անոնց՝ որոնք պատերազմի, հալածանքի կամ բնական աղէտի պատճառով ստիպուած տուն–տեղ ձգած են, եւ ուրիշ շրջան մը կամ երկիր մը կ’ապրին։ Ըստ «ՄԱԿ–ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակ»ին (UNHCR), ներկայիս աշխարհի տարածքին ամէն 113 հոգիէն 1–ը բռնի տեղահան եղած է։

^ պարբ. 6 Տես «Մի՛ մոռնաք օտարներու հանդէպ ազնուութիւնը» յօդուածը, Դիտարան–ի հոկտեմբեր 2016 թիւին մէջ, էջ 8-12։

^ պարբ. 11 Երբ գաղթական մը հասնի, երէցները կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է սկսին կիրարկել ինչ որ գրուած է Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքին 8–րդ գլուխին 30–րդ պարբերութեան մէջ (անգլերէն)։ Երէցները կրնան jw.org կայքը գործածելով նամակ գրել իրենց երկրի մասնաճիւղին, եւ այսպիսով կապ պահել ուրիշ երկիրներու մէջ եղող ժողովքներու հետ։ Մինչ այդ, անոնք կրնան գաղթականին հոգեւոր վիճակը գիտնալ, անոր փափկանկատ հարցումներ հարցնելով իր ժողովքին եւ ծառայութեան մասին։

^ պարբ. 14 Տես «Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ» եւ «Քաջասի՛րտ եղիր. Եհովան օգնականդ է» յօդուածները, Դիտարան–ի 15 ապրիլ 2014 թիւին մէջ, էջ 17-26։